Հայ օգնութեան միութիւնը այս տարի եւս ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախաձեռնութիւններու` կազմակերպութեամբ ՄԱԿ-ի` Կիներու կարգավիճակի յանձնաժողովին 70-րդ նստաշրջանին:
Առաջին հերթին, ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կայացաւ Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 70-րդ խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական նիստը` հետեւեալ բնաբանով. «Կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովում եւ ամրապնդում, յատկապէս` ներառական եւ իրաւական արդար համակարգերու խթանման, խտրական օրէնքներու, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի վերացման, ինչպէս նաեւ` կառուցային խոչընդոտներու յաղթահարման միջոցով»:
Տեղին է նշել, որ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Թաունհոլին մէջ կայացած ընդհանուր հանդիպման մը` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ: ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպական Միութեան հետ ստեղծուած` «Կիներու եւ աղջիկներու դէմ վայրագութեան կանխարգիլման գործընկերներու խումբ»-ին նախարարական մակարդակի հանդիպման:
Իսկ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնին եւ Հայկական իրաւաբանական միութեան հետ գործակցաբար` ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի յանձնախումբին կազմակերպած նիստը կայացաւ երեքշաբթի, 17 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ՄԱԿ-ի եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս` «Տեղահանումէն դէպի արդարութիւն: Պաշտպանութեան ամրացում, իրաւունքներ եւ ապաքինում` տագնապի գօտիներու մէջ ապրող կիներու» խորագիրով: Նիստին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան զեկուցաբերներ` Գէորգ Յակոբճեան, Գեւ Էսքիճեան եւ Արէնի Համբարեան: Նիստը վարեց Դալար Ապտալեան:
ՄԱԿ-ի աշխատանքներու երկու շաբթուան ընթացքին ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան միացան Կեդրոնական վարչութեան 6 անդամներ, Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, ինչպէս նաեւ` Քանատայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն ՀՕՄ-ականներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան հանդիպումներու, որոնցմէ կ՛արժէ յիշել «Բարգաւաճ, առողջ եւ արժանապատիւ. քաղաքականութեան ուղիներ` զարգացող երկիրներու մէջ տարեց կիներու համար» բնաբանով նիստը:
Հայ օգնութեան միութիւնը 1976-էն ի վեր իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ` իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցին աշխատանքներուն: ՀՕՄ-ը 1988-էն ի վեր խորհրդատու անդամի կարգավիճակ ունի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին ցանկին մէջ:
Միւս կողմէ` ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւն մը մարտ 16, 17 եւ 18, 2026-ին Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ








