Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Վանքուվըրի Մէջ Արժանավայել Կերպով Նշուեցաւ ՀՅԴ 135-Ամեակը
Ուրբաթ, 6 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով` խմբերգութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» պատանեկան միութեան ընկերներուն, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն: Հայերէն եւ անգլերէն բացման խօսքեր արտասանեցին Կարօ Եղիայեանը եւ Աննա Պաղչէճեանը, որոնք շեշտեցին. «Դաշնակցութիւնը ծնաւ այն պահուն, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր գոյութենական վտանգի առաջ: Շունչ առաւ, որ շունչ եւ կեանք տայ արհամարհուած եւ անտեսուած ժողովուրդի մը` մղելով զայն արժանապատիւ եւ արժանավայել պայքարի դաշտ»:
ՔԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» երիտասարդականի ընկերները ներկայացուցին ՀՅԴ զինանշանի մեկնաբանութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Նուպար Փամփալեան ներկայացուց օրուան պատգամաբեր, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հակիրճ կենսագրականը:
Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք միշտ ՀՅԴ օրը նշելը առիթ ենք դարձնում մեր ժողովրդի առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, անցած ճանապարհը վերլուծելու եւ ապագայ անելիքների մասին խօսելու համար: Այս տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ է, ես կ՛ասէի նաեւ` պատմական, որովհետեւ համընկնում է մեր ժողովրդի համար բախտորոշ ժամանակահատուածի հետ, եւ ամէն տեղ այս տրամաբանութեամբ ենք 135-ամեակը նշել: Սա մեր համար նորից մեր ուխտի թարմացումն է, մեր երդման թարմացումը, առաջին հերթին` դաշնակցականի կերպարի վերահաստատումը», ապա աւելցուց. «Մենք միշտ մեր ժողովրդի հետ ենք եղել, մեր ժողովրդի կողքին ենք եղել, երբ անհրաժեշտ է եղել նրա իրաւունքները եւ ինքնութիւնը պաշտպանել: Այսօր վտանգուած է հէնց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշտպանող չկայ»:
Ռուստամեան անդրադարձաւ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն կործանարար քաղաքականութեան եւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, միաւորուելու եւ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն` ըսելով. «Ես վստահ եմ, որ մեր ուժերի միաւորումը, ինչպէս եղաւ հայ յեղափոխականների միաւորումը 135 տարի առաջ, նոյն ձեւով մեր ժողովրդին դաժան փորձութիւնները յաղթահարելով` կը բերի լուսաւոր ապագայ: Նոյն բանն է տեղի ունեցել Աւարայրում 451 թուականին, երբ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, եւ մահ ոչ իմացեալ` մահ» կարգախօսով վասն հաւատի եւ վասն հայրենեաց մեր նախնիները միաւորուեցին, ելան պայքարի եւ պահպանեցին մեր ինքնութիւնը: Նոյն խնդիրն այսօր էլ է առաջացել: Մենք պարտաւոր ենք վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի միաւորուել եւ այս վիճակից մեր ժողովրդին դուրս բերել»:
Վանքուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սօսի Թերզեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որ սերունդներ դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել նուիրումի` անձնուիրութեան ոգիով: ՀՅԴ-ն ծնած է այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր իր գոյութեան, իր արժանապատուութեան եւ իր ազատութեան համար, ու ահա՛ այսօր, մեր ազգի այս դժուարին ու մթագնած օրերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային ինքնութեանն ու արժանապատուութեան:
Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Վարդան ծ. վրդ. Թաշճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բնական ծնունդն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն: Դաշնակցութեան ծննդեան եւ կեանքի նպատակն էր ծառայութիւնը: Ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս` ազատութիւնը: Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կ՛ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի` պահելու իր ազատութիւնը. նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը դրսեւորէ եւ կ՛արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ: ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 135 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Քանատայի ՀՅԴ ընտանիքը` յատկապէս, եւ կը մաղթեմ, որ շարունակէ ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման»:
Տօնակատարութեան աւարտին ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ճորճ Թեփիրճեանի:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» խմբերգով:
Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ղեկավար Տոն Տէյվիսի Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան մարտ 6-ին Վանքուվըրի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան (NDP) ժամանակաւոր ղեկավար Տոն Տէյվիսի հետ:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան եւ Յակոբ Տէր Յակոբեան:
Հանդիպման ընթացքին Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի եւ տարածաշրջանին վերաբերող վերջին զարգացումները` շեշտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած յարձակումէն բխող չլուծուած բազմաթիւ քաղաքական եւ մարդասիրական հարցերու կարեւորութիւնը: Ան մասնաւորապէս ընդգծեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հրամայականը, ինչպէս նաեւ` Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու վերահաստատումը:
Ռուստամեան նաեւ ներկայացուց այս հարցերուն շուրջ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէյվիսին, ինչպէս նաեւ Նոր դեմոկրատական կուսակցութեան` հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ իրենց ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան եւ սկզբունքային կեցուածքին համար: Իր կարգին, Տէյվիս վեր առնելով քանատահայութեան դերակատարութիւնը Քանատայի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ, անգամ մը եւս վերահաստատեց իր եւ իր կուսակցութեան աջակցութիւնը հայութեան եւ Հայ դատին վերաբերող հարցերու ուղղութեամբ:
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Այցելեց Սենթ Քաթրինզ Եւ Համիլթըն
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան փետրուար 28-ին այցելեց Սենթ Քաթրինզ եւ Համիլթըն:
Ան Սենթ Քաթրինզի մէջ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ Համիլթընի մէջ` ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէի անդամներուն կողմէ:
Այցելութիւններուն ընթացքին Ռուստամեան մօտէն ծանօթացաւ երկու շրջաններու կազմակերպական կեանքին, գործունէութեան եւ առաքելութեան, նաեւ` այդ շրջաններու հարուստ պատմութեան եւ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու անցեալին, որոնք հիմնուած են 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու աւելի քան հարիւր տարուան արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթերու, որոնք կը վկայեն Քանատայի մէջ ՀՅԴ կազմակերպական ներկայութեան սկզբնական շրջանին մասին:
Ռուստամեան նաեւ զեկոյց ներկայացուց տեղական ներկայացուցիչներուն` Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ դիրքորոշումներուն մասին, յատկապէս` յառաջիկայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ:
Միացեալ Նահանգներ
Քննարկում` Հայ Սփիւռքի Ազգակերտումի Կարելիութիւնները 21-րդ Դարուն
Հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ յատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան դժուար, սակայն անհրաժեշտ հարցեր, որոնք դիւրին պատասխաններ չունին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի «Սփիւռք» խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբին նախաձեռնած եւ իբրեւ սփիւռքի նուիրուած խորհրդաժողովին նախաբան` «Հայ սփիւռքի ազգակերտումի կարելիութիւնները 21-րդ դարուն» նիւթով հանրային բանավէճ-քննարկումը ի մի բերաւ` համայնքի անդամներ, գիտնականներ, գործիչներ եւ ղեկավարներ, որոնք համոզուած էին, թէ որեւէ քայլէ առաջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելը կենսական է:
Հաւաքի լայնածաւալ քննարկումը հիմնուած էր այն համոզումին վրայ, որ հայկական սփիւռքը նախ պէտք է իր ռազմավարական կարողութիւնները հասկնայ եւ սահմանէ նախքան ազգակերտումի գործին մէջ վճռորոշ դեր ստանձնելը: Երեկոն նախատեսուած չէր անմիջական պատասխաններ տալու, այլ անիկա նպատակ ունէր ձեւաւորելու այն պայմանները` հայութեան ապագան ձեւաւորելու գործին մէջ սփիւռքը հաւաստի եւ հաւասար գործընկեր դարձնելու համար, յատկապէս` այս օրերուն, երբ աւելի մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին Հայաստանէն դուրս, քան` անոր սահմաններէն ներս, իրականութիւն մը, որ սփիւռքը կը դնէ ոչ թէ Հայոց պատմութեան լուսանցքին վրայ, այլ` անոր սրտին մէջ:
Հաւաքը կառուցուած էր ոչ թէ ճգնաժամի կամ ողբի, այլ կարելիութիւններ քննելու սկզբունքին շուրջ: Հեղինակաւոր հինգ մասնակցողներն էին` սփիւռքագէտ դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեան, միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան եւ յայտնի իրաւաբան ու համայնքային իրաւանց պաշտպան Լարա Երէցեան. անոնց տարբեր տեսանկիւնները մօտեցան քննարկուած հարցերուն: Բանավէճը վարեց փոքրամասնութիւններու իրաւունքների մասնագէտ եւ իրաւաբան դոկտոր Գէորգ Յակոբճեան, որ առաւել քան երկու սփիւռքի տարածքին տասնամեակներու փորձառութիւն ունի:
Քննարկումը սկսաւ հետեւեալ հարցումով. ի՞նչ է հայկական սփիւռքի ամէնէն կարեւոր ներուժը, որ 2026-ին կրնայ տրամադրել ազգակերտումի նպատակին, որ նախորդ սերունդներէն ոչ մէկը ունեցած է: Պատասխանները բացայայտեցին համայնք մը, որ շատ առումներով աւելի հարուստ է, քան երբեւէ, համաշխարհային ցանցերով, հիմնարկութիւններու փորձառութեամբ, տնտեսապէս կայացած եւ աւելի սերտօրէն կապուած զինք ընդունող երկիրներու քաղաքացիական եւ քաղաքական կառոյցներուն: Մասնակցողները մատնանշեցին սփիւռքի աննախադէպ կարողութիւնը յատկապէս արդի արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ, կենսական նկատելով ներդրումը երիտասարդ հայերու այն սերունդին, որուն ինքնութեան եւ զարգացման ծարաւը կը ներկայացնէ խոր, սակայն տակաւին մեծ մասամբ չօգտագործուած հարստութիւն մը:
Հետաքրքրական էին յատկապէս սփիւռքի բնոյթին մասին մտորումները: Քննարկումին մասնակցողները ընդգծեցին, որ չկայ սփիւռք` առանց հայրենիքի: Սփիւռք ըլլալը պարզապէս արտասահմանի մէջ ապրիլ չէ, այլ հայրենիքի հետ կապը միշտ պահելն է, եւ վերադառնալու կամ ներդրում ունենալու փափաքը միշտ վառ պահելն է: Այս բոլորն են, որոնք սփիւռքը կը զանազանեն ներգաղթեալ համայնքէն:
Այս հիմքին վրայ տեղի ունեցաւ երեկոյի ամէնէն անկեղծ զրոյցներէն մէկը, այն մասին, թէ սփիւռքի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուածութենէ զերծ չեն: Քննարկումը մրցակցութեան մասին չէր, այլ` ինքնավարութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ռազմավարական գործընկերութեան: Մասնակցողները շեշտեցին, որ սփիւռքի ազգակերտումի դերը իմաստալից կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ անիկա կը նկատուի իբրեւ ռազմավարական իսկական գործընկեր` իր սեփական ձայնով, իր սեփական կազմակերպչական տրամաբանութեամբ եւ համատեղ ապագայ մը սահմանելու գործին մէջ իր ներդրումով: Այս մէկը ինքնաբերաբար պիտի չըլլայ, այլ պիտի հաստատուի ծրագրուած կերպով, փոխադարձ ճանաչման եւ հաւասար գործընկերութեան մը հիման վրայ:
Սփիւռքի ինքնութեան եւ նպատակին շուրջ քննարկումին ընթացքին հարց բարձրացաւ, թէ սփիւռքը պէ՞տք է մշակէ իր առանձին օրակարգը` ներդրումներ կատարելով իր համայնքներուն եւ իր հաստատութիւններուն մէջ, իր սեփական պայմաններով, թէ՞ անոր հիմնական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ այն ռազմավարական ուժը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի հզօրացման եւ աշխարհի մէջ անոր դիրքին ամրապնդման գործին: Յստակացաւ այն, որ Հայաստանի համար իսկապէս արդիւնաւէտ գործընկեր դառնալու համար սփիւռքը նախ պէտք է վերագնահատէ ինքզինք` սահմանելով իր ներուժը եւ կազմակերպչական կարողութիւնները:
Զրոյցը ընդգծեց, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը ունի մասնագիտական, մտաւոր եւ ձեռնարկատիրական կարողութիւններ, որոնք կրնան մեզ առաջնորդել դէպի ընդհանուր ազգային նպատակ: Խօսուեցաւ նաեւ այն իրողութեան մասին, որ ներգրաւուած եւ ցանցային կապեր հաստատած սերունդի կողքին, կայ նաեւ աւելի անհատական, ձուլուած կամ անջատուած սերունդ մը: Հետեւաբար մարտահրաւէրը ոչ միայն երիտասարդութիւնը «փրկել»-ն է, այլեւ` անոր իրական ներուժին մէջ ներդրում կատարելը, անոնց անհատական յաջողութեան ուղիները յարգելը եւ այդ յաջողութիւնները հայկական ընդհանուր նախագիծներու հետ կապելն է:
Շեշտուեցաւ, որ հայկական աւանդական հաստատութիւնները արժէքաւոր են, բայց չեն կրնար յոյսը կապել պարզապէս ժառանգուած օրինականութեան վրայ: Եթէ անոնք կը փափաքին քայլ պահել արդի ժամանակներուն հետ, պէտք է արդիականացնեն` իրենց աշխատանքի ոճը, լեզուն, ղեկավարման մշակոյթը եւ հաղորդակցելու ձեւերը: Կարեւոր նկատուեցաւ աւելի լայն շրջանակներու հետ գործակցութիւն հաստատելը, որովհետեւ կարելի չէ ապագան կառուցել նեղ շրջանակներու մէջ: Աւելի ազդու սփիւռքի մը համար պէտք է աւելի լայն մասնակցութիւն եւ բազմազանութիւն ապահովել:
Կարեւոր էր նաեւ զինք ընդունող երկիրներուն հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքի ներկայութեան նուիրուած քննարկումը: Հոն շեշտուեցաւ, որ ազգակերտումը կ՛իրականանայ ոչ միայն հայկական համայնքային տարածքներուն` դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն մէջ, այլ նաեւ` հանրային կեանքը եւ արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորող աւելի լայն քաղաքացիական, իրաւական եւ քաղաքական կառոյցներու մէջ:
Քննարկուեցաւ նաեւ լեզուի հարցը: Մտահոգութիւնը յստակ էր. մինչ հիմնարկներու ուժը, քաղաքական ցանցերը եւ նիւթական նեցուկը կարելի է միշտ վերականգնել, սակայն սերունդի մը կորսնցուցած լեզուն շատ աւելի դժուար է վերականգնել: Այս իմաստով, հայերէնի պահպանումը եւ փոխանցումը մշակութային նրբութիւն չէ, այլ` ազգակերտումի հրամայական:
Այս երեկոն համայնքային այլ հաւաքներէն կը տարբերէր իր այն համոզումով, որ հասկացողութեան յստակացումը ինքնին կարեւոր նուաճում մըն է եւ նախապայմանն է որեւէ ազդու գործողութեան: Բանավէճը չէր նախատեսուած ճամբու քարտէս մը պատրաստելու համար, այլ` ապահովելու համար, որ քանի մը օրէն տեղի ունենալիք սփիւռքի խորհրդաժողովը հիմնուած ըլլայ անկեղծ ինքնաճանաչման վրայ, եւ ոչ թէ` ժառանգուած ենթադրութիւններու: Այդ առումով, երեկոյի ամէնէն կարեւոր հարցը անոր վերջինն էր. այժմ յստակացնելէ ետք, թէ ո՛ւր կը գտնուին, արդեօք քննարկման մասնակցողներէն իւրաքանչիւրը տակաւին կը պահէ՞ սփիւռքի մեծագոյն ներուժին վերաբերեալ այն նոյն տեսակէտը, զոր արտայայտած էր երեկոյին սկիզբը: Պատասխանները տարբեր էին. անոնցմէ մէկ մասին մօտ անիկա ամրապնդուած էր, իսկ մնացածին մօտ` նրբօրէն փոխուած: Ճիշդ այս էր հաւաքին նպատակը: Համայնք մը, որ պատրաստ է բարձրաձայն մտածելու, հրապարակաւ, աշխուժութեամբ եւ առանց ձեւականութեան, անիկա տակաւին հաւատք ունի իր սեփական ապագային նկատմամբ: Հաւաքը ձգեց ճիշդ այս տպաւորութիւնը:
Բացման խօսք – ՀՅԴ «Սփիւռք» Խորհրդաժողովի. Րաֆֆի Արտալճեան
Այս հաւաքը կարեւոր հանգրուան մըն է։ Առաջին խորհրդաժողովն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը կազմակերպուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ եւ յատուկ կը նուիրուի Սփիւռքի հարցերուն։ Այս իրողութիւնը ինքնին բան մը կը յուշէ մեզի․ ոչ թէ անտեսում, այլ այն, թէ որքան սակաւ անգամ դիտմամբ կանգ առած ենք՝ Սփիւռքը քննութեան առնելու որպէս կենդանի քաղաքական եւ հասարակական իրողութիւն, որ կ՛արժանանայ կեդրոնացած ուշադրութեան։
Յարգելիներ, իմ չորս որբ մեծ հայրերս ու մեծ մայերս լաւ հայերէն չէին գիտեր, բայց այդ սերունդը հրաշքներ կերտեց Սփիւռքի մէջ եւ մեզի յանձնեց հայութեան հնամեայ քաղաքակրթութեան ջահը։ Այսօր այդ շարունակականութիւնը կը տեսնենք այս սրահին մէջ։
Մեզի հետ են համալսարանական դասախօսներ Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն, Գանատայի շրջանը ներկայացնող Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, մեր վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կրթական դաշտի նուիրեալներ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներու մանկավարժներ, ՀԵԴ-ի խորհրդատուներ, Հայ Դատի տարբեր մասնաճիւղերու անդամներ, միջազգային բանակցութիւններու փորձառու մասնագէտներ։ Թէքսասէն կը մասնակցի զօրավար Դրոյին թոռը։ Ունինք նաեւ Արցախի Սփիւռքէն քաղաքական գիտութեան ուսանող մը՝ իմ սիրելի Այտահօ նահանգէն։ Ներկայ են նաեւ ոչ կուսակցական մասնագէտ հայ մտաւորականներ՝ որպէս նշան փորձագիտական կարծիքներ լսելու պատրաստակամութեան, նոյնիսկ տեսակէտներու տարբերութեան պարագային։
Ինչպէս նաեւ՝ արհեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ եւ գործարարներ։ Այս բազմազանութիւնը հայ Սփիւռքի մարդկային դրամագլուխին գեղեցիկ արտայայտութիւնն է եւ կը վկայէ անոր կարողականութեան մասին։
Շատեր կրնան հարց տալ․ ինչո՞ւ Սփիւռք, երբ Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամեր։ Մեր պատասխանը պարզ է․ Հայաստանի ամրութիւնը եւ Սփիւռքի կենսունակութիւնը փոխկապակցուած են։ Սփիւռքի ինքնագիտակցութեան եւ կազմակերպուածութեան հզօրացումը Հայաստանի վերականգնման բաղկացուցիչ մասն է, որովհետեւ մենք մէկ ազգի զաւակներն ենք։ Այո՛, ունինք մշակութային տարբերութիւններ եւ բարբառային տարբերութիւններ, բայց մեր լեզուն մէկ է։ Կարեւոր է ամբողջը որպէս մէկ տեսնելը, միեւնոյն ժամանակ զգօն մնալով այդ նուրբ տարբերութիւններուն նկատմամբ։
Եթէ ամբողջութիւնը մէկ է, ապա ոչ ոք պէտք է զայն չարաշահէ՝ ամբողջ ազգին անունով խօսելու իրաւունքը իրեն վերագրելով։ Գուցէ օր մը կարենանք համախոհիլ որոշ նուազագոյն համազգային ըմբռնումներու շուրջ, եթէ քաղաքական կամքը գոյութիւն ունենայ։ Բայց այսօր դեռ այդ հանգրուանին հասած չենք։
Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ նաեւ տարբերութիւնները։ Սփիւռքը պետութիւն չէ, այլ՝ անդրազգային եւ ոչ պետական իրականութեան մէջ հայկական «փափուկ ուժի» արտայայտութիւն։ Ան ունի իր յատուկ օրակարգն ու շահերը։ Ան բազմաշերտ եւ փոփոխուող իրականութիւն է։ Ան ոչ ստորադաս է, ոչ ալ գերադաս հայկական պետութեան, այլ մեր հնամեայ ազգի ժամանակակից եւ անդրազգային արտայայտութիւնն է։
Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը՝ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կուսակցութիւն եւ միաժամանակ հայկական անդրազգային իրականութեան կազմակերպուած քաղաքական շարժիչ ուժերէն մէկը, պարտաւոր է գիտակցիլ այս նուրբ հաւասարակշռութեան եւ իր պատասխանատուութեան։ Սփիւռքն ու Հայաստանը հայ ազգային ծրագրի փոխլրացնող, սակայն տարբեր արտայայտութիւններն են։
Այսօր շատեր կը փորձեն Սփիւռքի անունով խօսիլ Հայաստանի հարցերուն շուրջ, կամ հակառակը։ Յաճախ կը գործածուի «համահայկական» եզրը՝ իբրեւ թէ գոյութիւն ունի մէկ միասնական եւ միաձայն դիրքորոշում։ Իրականութիւնը աւելի բարդ է։ Թէեւ մենք մէկ ազգ ենք, պատմութիւնը մեզ ցրուած է աշխարհով մէկ եւ ստեղծած է տարբեր պայմաններ, տարբեր պատասխանատուութիւններ եւ հետեւաբար՝ տարբեր օրակարգեր։
Մեր մարտահրաւէրը այդ տարբերութիւնները ժխտելը չէ, այլ զանոնք գիտակցաբար համադրել ազգային ընդհանուր ուղղութեան մը մէջ։
Ուրեմն, ինչո՞ւ հիմա։
Մենք այստեղ ենք, որովհետեւ մեզ շրջապատող աշխարհը փոխուած է, եւ որովհետեւ մենք ինքներս ալ փոխուած ենք։ Այսօր հայկական համայնքներուն գործելու պայմանները՝ քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ ժողովրդագրական իմաստներով, էականօրէն տարբեր են այն պայմաններէն, որոնք ձեւաւորած էին մեր օրակարգերուն մեծ մասը։ Գաղթի հոսանքները, ինքնութեան անընդհատ վերակազմաւորումը, լեզուի պահպանումը, քաղաքական մասնակցութիւնը եւ սերունդներու շարունակականութիւնը՝ բոլորը փոփոխութեան ենթարկուած են եւ կը շարունակեն ենթարկուիլ համայն աշխարհի մէջ։
Այնուամենայնիւ, այն մտածելակերպերէն եւ գործելակերպերէն շատերը, որոնց վրայ տակաւին կը յենինք, ձեւաւորուած են այլ ժամանակաշրջանի մէջ։ Շարունակականութիւնը արժէք ունի, սակայն առանց յարատեւ անդրադարձի եւ քննութեան՝ կը վերածուի անշարժութեան։ Պէտք է նաեւ անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ։ Հաւանաբար մեր սերունդին մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը այն եղաւ, որ միշտ չէ, որ կարողացանք մեր կազմակերպական մտածողութիւնն ու գործելակերպը լիովին յարմարեցնել 21-րդ դարու պայմաններուն։
Այս խորհրդաժողովը կը սկսի պարզ, բայց հրատապ գիտակցութեամբ մը․ պէտք է աւելի գիտակից դառնանք փոփոխութեան եւ ըստ այնմ ուղղենք մեր ընթացքը, եթէ Սփիւռքը պիտի մնայ արդիական, դիմացկուն եւ իմաստաւոր գալիք տարիներուն։
Ի՞նչ է մեր նպատակը։
Ի տարբերութիւն բազմաթիւ համայնքային հաւաքներու, որոնք յաճախ կեդրոնացած են խորհրդանշական երեւոյթներու վրայ, մեր նպատակը աւելի զուսպ է, բայց նաեւ՝ աւելի պահանջկոտ։ Մենք այստեղ չենք հաւաքուած կարգախօսներ ստեղծելու կամ ցուցադրական «show» մը բեմադրելու համար։ Մենք այստեղ ենք՝ նախ եւ առաջ մտածելու եւ հասկնալու համար։ Հարց տալու՝ ո՛ւր ենք այսօր, ինչպէ՛ս հասած ենք այս կէտին, եւ ի՛նչ իրողութիւններ պէտք է դիմագրաւենք՝ նախքան որոշելը, թէ ո՛ւր կ՛ուզենք երթալ։
Մենք նաեւ չենք ձեւացներ, թէ երկու օրերը բաւարար են տարիներով կուտակուած հարցումներու պատասխան տալու համար։ Այս խորհրդաժողովը սկիզբն է երկար ժամանակէ մը ի վեր ուշացած զրոյցի մը։ Մեր յոյսն է, որ այս ջանքը պիտի շարունակուի՝ այլ շրջաններու մէջ նմանատիպ նախաձեռնութիւններով, աւելի խոր անդրադարձով եւ ուսումնասիրութեամբ, եւ վերջապէս՝ յստակ, հետեւողական քայլերով։
Մեզի համար նոյնքան կարեւոր է, որ այս գործընթացը նպաստէ կուսակցութեան մէջ ընկերներու ցանց մը ձեւաւորելու, որոնք կը հասկնան Սփիւռքը իր բարդութեամբ եւ կը մտահոգուին անոր ապագայով։
Վերջապէս, մեր նպատակը իրար լսելն է՝ բաց միտքով եւ առանց նախապայմաններու։ Փորձենք դուրս գալ «սեւ–սպիտակ» մտածողութենէն եւ ուշադրութիւն դարձնել գաղափարներու երանգներուն ու նրբութիւններուն։ Հայ քաղաքական միտքը նախ պէտք է համախոհութիւն ձեւաւորէ այն հիմնական հարցերուն շուրջ, որոնք մեզ բոլորիս համար կարեւոր են։ Երբ այդ հիմքը գտնենք, պէտք է նաեւ համաձայնինք միասին աշխատելու մեր իսկ ձեւաւորած օրակարգին շուրջ։
Այս խորհրդաժողովը այդ զրոյցին սկիզբն է։
Ինչպէ՞ս պիտի աշխատինք այս երկու օրերուն։
Այսօր օրը պիտի նուիրուի խմբային քննարկումներու հիմնական թեմաներու շուրջ։ Այս բանավէճերը պարտադիր կերպով եզրակացութիւններ չեն պարտադրեր։ Մեր յոյսն է, որ այս զրոյցները բացայայտեն իրականութիւններ, լարուածութիւններ եւ չլուծուած հարցումներ։ Վաղը պիտի շարունակենք քննարկումները եւ փորձենք մտքերու համադրութեան սկիզբ մը դնել։
Կը խնդրենք, որ բոլորս գիտակցինք ժամանակի սահմանափակ ըլլալուն եւ պահենք հարցումները կարճ ու յստակ։ Մեր յոյսն է, որ մասնագէտներու խորքային ներկայացումները եւ ձեր հարցումները միասին ստեղծեն իրական մտաւոր փոխազդեցութիւն։
Այս խորհրդաժողովին պիտի անդրադառնանք բազմաթիւ թեմաներու՝ Սփիւռքի պատմութենէն մինչեւ վարժարաններու մարտահրաւէրները, ինքնութիւն, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններ, Հայ Դատ, երիտասարդութիւն եւ շարունակականութիւն եւ այլք։
Կ՛ուզենք նաեւ, որ նկատի առնէք այս սրահին մէջ դրսեւորուող Դաշնակցական քաղաքական մտքի բազմաշերտ ներկայութիւնը։
Աւելին, կարեւոր է գիտակցիլ, որ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը այսօր Սփիւռքի ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ՝ ամենամեծը։ Այս իրականութիւնը կը պարտադրէ մտային առաջնորդութեան պատասխանատուութիւն։
Մենք՝ մեր նախնիներու սփիւռքահայ ժառանգորդները, թերեւս երբեք այսքան հզօր մարդկային դրամագլուխ չենք ունեցած, որքան այսօր։ Սակայն այդ ներուժը պէտք է կազմակերպուի եւ ուղղորդուի յստակ օրակարգով եւ քաղաքական կամքով։
Սիրելի ընկերներ, շնորհակալութիւն այս պահը լրջօրէն ընդունելու, ձեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը յատկացնելու եւ մեզի հետ սկսելու համար այս կարեւոր զրոյցը։
Եկէ՛ք սկսինք։ Բարի երթ։
Արի Կիրակոս Մինասեանի 40-Ամեակին Առիթով` 1,5 Միլիոն Տոլար Հանգանակուեցաւ Վարժարանը Ընդարձակելու Համար
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի աշակերտութեան թիւի աճին եւ դասարաններու սահմանափակ տարածքին դիմաց, վարժարանը երկար ժամանակէ ի վեր գիտակցած էր իր կալուածի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Այս տարուան ընթացքին վարժարանին յարակից կալուածը կարելի եղաւ գնել, որ կրնայ ապահովել վարժարանի կարողութիւնը` ընդունելու իւրաքանչիւր աշակերտ, որ կը ձգտի հայկական կրթութիւն ստանալ:
Շուրջ մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին վարժարանի մեծ ընտանիքը յաջողեցաւ հանգանակել 1,5 միլիոն տոլար գումար մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի գնման գործարքը վարկային միջոցներով իրականացնելու համար, որպէսզի վարժարանը կարենայ արագ գործել` նախքան կալուածը ուրիշի մը կողմէ գնուի:
Վարժարանի տնօրէն Անի Շահինեան-Սարգիսեան դիտել տուաւ, որ երբ նման հանգանակային նպատակ մը կը յաղթահարենք, մեր աշակերտները կը լսեն յստակ եւ հնչեղ պատգամ մը, թէ` իրենց համայնքը կը սատարէ իրենց եւ յանձնառու է անոնց կրթական յաջողութեան, աւելցնելով, որ այս ճիգին արագութիւնը եւ ծաւալը վերահաստատեցին այն միասնական գիտակցութիւնը, թէ ի՛նչն է կենսականը` պատշաճ դասարանային տարածք ապահովել, աշակերտներ մերժելէ խուսափիլ եւ վարժարանի շարունակական աճը երաշխաւորել:
Յայտնենք, որ տակաւին անհրաժեշտ է յաւելեալ 1,8 միլիոն տոլար` ձեռքբերումը ամբողջացնելու համար:




