Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակը
25 յունուարին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը:
Ձեռնարկի հանդիսավար Մելքոն Մելքոնեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ 135 տարին պարզապէս ժամանակ չէ, այլ` զոհողութիւն, պայքար եւ անսասան նուիրում` մեր ազգին ու հայրենիքին, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն ստեղծուած էր անարդարութիւնը դատապարտելու, դիմադրութիւնը կազմակերպելու եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, արժանապատուութիւնը եւ ապագան պաշտպանելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն աւելին եղաւ. ան սերունդներ կերտեց ազգի համար գործող, աշխատող եւ զոհուելու պատրաստ հայ ըլլալու գիտակցութեամբ, աւելցնելով, որ մենք միայն անցեալը տօնելու համար չենք հաւաքուած, ՀՅԴ-ն պատմութեան էջերուն մէջ փակուած չէ, այլ ներկայ է համաշխարհային մակարդակով, եւ գործը, մեր պատասխանատուութիւնը եւ Հայ դատի համար պայքարը կը շարունակուին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայ ազգի դէմ այսօր ծառացած մարտահրաւէրներուն, պատերազմին, որ կը մղուի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ եւ բնոյթով գոյութենական են: Ան կոչ ուղղեց պայքարելու եւ ոչ թէ համակերպելու: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր կենսական անհրաժեշտութիւն է համահայկական գաղափարական-ծրագրային օրակարգերու որդեգրումը եւ անոնց իրագործման ուղղուած միջոցներու ձեւաւորումը` ներկայացնելով օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ Դաշնակցութեան պատկերացումները: Ան շեշտեց, որ մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք թօթափելու յուսահատութիւնն ու դատապարտուածութիւնը, աւելցնելով, որ ժողովուրդներու կենսունակութեան գաղտնիքը սեփական ուժերուն հաւատալու եւ անոնց ետեւէն երթալու կամքի մէջ է, սակայն մեր լաւատեսութիւնը պիտի կառուցենք ոչ թէ սոսկ կարգախօսներու, այլ իրատեսական յանձնառութիւններու, յամառութեան, ռազմավարական խորք ունեցող ծրագիրներու վրայ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Պարոնեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդին այսօր պարտադրուած է քաղաքական, մշակութային, հոգեբանական պատերազմ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, աւելցնելով, որ մենք այսօր զինուորներ ենք` անկախ մեր կամքէն, որովհետեւ խաղաղասէր ենք: Ան հաստատեց, որ սոյն ձեռնարկը կը խորհրդանշէ` 135 տարուան պայքար, զոհողութիւն, ծառայութիւն եւ պատասխանատուութիւն հայ ազգի առջեւ: Պայքարը պարտականութիւն է, ոչ թէ` ընտրութիւն, եւ որովհետեւ տակաւին պատերազմը չէ աւարտած, մեր պարտականութիւններն ալ չեն աւարտած: Ան կոչ ուղղեց մնալ աշխուժ, մերժել լռութիւնը եւ առաջնորդել:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Լարա Երէցեան ըսաւ, որ մեր առջեւ երկու ճամբայ կայ. մէկը այն է, որ մենք մեզ կ՛ազատենք մեզ ծանրաբեռնող մեր պատմութենէն, մեր ազգային հպարտութենէն, մեր հայրենասիրական ոգիէն, մեր ազգային ինքնութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած հաստատութիւններէն, մեր նախնիներուն պատկանող հողերէն եւ կ՛ընթանանք նոր ինքնութեամբ` աշխարհայնացուած Հայաստանի ինքնութեամբ, որ չի կառչիր իր անցեալին, որ` չի պնդէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ` յանձնած է Արցախը, հրաժարած է Արցախ վերադառնալու իրաւունքէն, որ` առաջնահերթութիւն չի համարեր հայ ռազմագերիներու ազատագրումը, համակարգուած կերպով կը թիրախաւորէ Հայ եկեղեցին, ազգային կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին է ՀՅԴ-ն, որ 135 տարի պայքարած է հայ ազգի իրաւունքներու, ազատութեան եւ գոյատեւման համար: Սակայն կայ ուրիշ ճանապարհ` հպարտ ժողովուրդի ճանապարհը, որ ունի հազարամեակներու պատմութիւն` լեցուն արիւնալի, մարտերով, բայց բոլոր դժուարութիւններուն դէմ` գոյատեւման պատմութիւն: Ճանապարհ, ուր մենք բարձր կը պահենք մեր գլուխները եւ կը պահանջենք ապրիլ խաղաղութեան մէջ, բայց` առանց զոհաբերելու մեր արժանապատուութիւնը կամ զիջելու մեր հիմնական արժէքներն ու մեր ազգային խիղճը: Ասիկա դժուար ճանապարհ է, բայց` արդար եւ պատուաւոր:
ՀԵԴ-ի ներկայացուցիչ Անի Ղազարեան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կազմուած է արի հայերէ, որոնք հրաժարեցան ընդունիլ անարդարութիւնը եւ ընտրեցին պայքարիլ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ պատուին համար, աւելցնելով, որ այսօր անոնց ոգին կ՛ապրի մեր մէջ: Մեր պատմութիւնը պայքար է յաղթանակի. սերունդէ սերունդ պայքարած ենք` պաշտպանելու մեր հայրենիքը, Արցախը, մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը: Իրենք պայքարեցան, որ մենք գիտակցինք մեր ազգային ինքնութիւնն ու արմատները, իրենց զոհաբերութեամբ մենք այսօր տարագիր չենք, այլ հպարտ հայ երիտասարդներ ենք` համախմբուած մէկ նպատակի համար: Ան շեշտեց, որ որպէս ՀԵԴ-ի անդամներ կը պատրաստուին դառնալու յաջորդ սերունդի ղեկավարները, որոնք կը պաշտպանեն մեր ժողովուրդը, մեր արժէքները, եւ երբեք չեն մոռնար մեր անցեալի զոհողութիւնները: Ան շեշտեց, որ կը խոստանան հաւատարիմ մնալ իրենց ինքնութեան, հաւատարիմ` գաղափարին, եւ միացեալ ըլլալ` որպէս մէկ ժողովուրդ, շեշտելով, որ իրենք հպարտութեամբ կը կրեն մեր ժառանգութիւնը, մեր պայքարը, եւ իրենք են ՀՅԴ-ի ապագան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, նաեւ ցուցադրուեցաւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան պատանեկանի եւ երիտասարդականի շրջանակներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներու եւ արդիւնքներու մասին տեսերիզներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Լիլիթ Գալստեանն Ու Անոր Ընկերակիցները
28 յունուարին թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանի` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի եւ անդամներու: Հանդիպման ներկայ էին` Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամները, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային վարչութեան դիւանապետ Քնար Գորթոշեան:
Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները, ապա տեղեկութիւններ տուաւ Արեւմտեան թեմի վերջին տարիներու իրագործումներուն մասին, շեշտելով, որ համայնքային կեանքի գործունէութեան դաշտերու ընդարձակման զուգահեռ` աւելցած են նաեւ կարիքները, որոնց բաւարարման համար Ազգային առաջնորդարանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատու մարմինները, անձնակազմն ու մարդուժը ներկայիս լծուած են տքնաջան աշխատանքի:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարչական երկու նուիրապետական կեդրոններով գործող Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան, գոյութենական իմաստին ու ազգային-հայրենասիրական նկարագիրին` ընդգծելով անոր դերն ու տեղը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Լիլիթ Գալստեան Այցելեց «Ասպարէզ»
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի, այցելեց «Ասպարէզ»-ի խմբագրատուն եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴ-ի առաջնահերթութիւնները եւ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Գալստեան շեշտեց, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը գոյութենական տագնապի մը առջեւ դրած է երկիրը, շեշտելով, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները լաւ առիթ մըն են պէտք եղած բարեփոխումները իրականացնելու համար:
Գալստեան նաեւ յայտնեց, որ սփիւռքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ ապահովելու Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը:
Ան նաեւ արտայայտուեցաւ շրջանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին` տպաւորիչ համարելով յատկապէս Փիլիպոս եւ Ֆերահեան ազգային վարժարանները իր այցելութիւնները եւ տեղւոյն աշակերտներուն հետ ունեցած իր հետաքրքրական զրոյցները:
«Սարգիս Եւ Սիւզան Կիտցինեան» Երիտասարդական Նոր Կեդրոնի Բացում
18 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց թեմի բարերար Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլի գլխաւոր բարերարութեամբ կառուցուած եւ իրենց անունը կրող Էնսինոյի երիտասարդական նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան:
Երեկոյին հանդիսավար իրաւաբան Շանթ Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիտցինեաններու երկար տարիներու բարեգործութիւններու եւ ծառայութիւններու պատմութեան, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս կեդրոնը:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Կիտցինեան բարերար ընտանիքի եկեղեցաշէն ու հայանուէր գործունէութիւնը եւ համայնքային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող բոլոր ազգայիններուն ու բարերարներուն հայապահպանման նպատակով ցուցաբերած ճիգն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, շնորհաւորեց նոր կեդրոնի ստեղծման գաղափարն ու զայն իրականացնող բոլոր կողմերուն նուիրուածութիւնը, ապա օրհնութեան խօսքերով բարի երթ մաղթեց նորաշէն կեդրոնի գործունէութեան` ի նպաստ համայնքային կեանքի առաւել զարգացման ու վերելքին:
Լոս Անճելըսի նախկին քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, որ կենսական դեր ունեցած էր կեդրոնին տարածքը ապահովելու գործին մէջ, շեշտեց այսպիսի կեդրոններու կենսական կարեւորութիւնը համայնքին ինքնութիւնը եւ յիշողութիւնը պահպանելու գործին մէջ:
Կիտցինեաններուն իրագործումներուն մասին արտայայտուեցան շարք մը համայնքային եւ քաղաքային ղեկավարներ` դրուատելով անոնց կենսական ներդրումը համայնքային կազմակերպութիւններու բարգաւաճման գործին մէջ:
Հայ մշակութային հիմնարկութեան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Սարգիսեան այս առիթով խօսեցաւ կեդրոնը ապահովելու 15-ամեայ մարտահրաւէրներուն մասին` յիշեցնելով, որ կեդրոնը արգասիքն է խումբ մը Հայ դատի յանձնախումբի կարգ մը անդամներու ջանքերուն, որոնք 15 տարիներ առաջ շրջանի կոմիտէին հովանիին տակ ձեռք բերին հրշէջներու լքուած կեդրոնը Հայ կեդրոնի վերածելու տեսիլքը:
Արարողութեան ընթացքին յատուկ երախտիքի խօսքեր ուղղուեցան նաեւ Վարդան Նազերեանին, որ հակառակ հանգստեան կոչուած ըլլալուն` ստանձնեց կեդրոնին վերակառուցման աշխատանքը` գոյութիւն ունեցող սահմանափակ ամավարկով, իսկ մնացեալ ծախսերը իր կողմէն հոգալով: Այս առիթով Հայ մշակութային հիմնարկութեան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղը որոշեց կեդրոնին գլխաւոր սրահը կոչել «Նազերեան ընտանիքի սրահ»:
Նաեւ որոշուեցաւ ՀԵԴ-ի սրահը կոչել վաղամեռիկ Հայկ Տիրատուրեանի անունով: Այս առիթով ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը 90 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Խաթուն Շաքարեանի յիշատակի հիմնադրամէն, որ հաստատուած էր ի յիշատակ անոր թոռնիկին:
Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն արտայայտուեցաւ կեդրոնին համար, 1,2 միլիոն տոլարի դաշնակցային նպաստ մը ապահովելու աշխատանքին մասին, մինչ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճես Կապրիէլ դրուատեց համայնքին նուիրուածութիւնը այս ծրագիրին` զայն յոյժ կարեւոր համարելով ապագայ սերունդներուն համար:
Իր կարգին, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նիթիա Ռաման ուրախալի իրականութիւն մը համարեց այն, որ լքուած շէնք մը այժմ պիտի նպաստէ համայնքին եւ քաղաքին բարգաւաճման, իսկ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Փոլ Քորեց, որ նեցուկ կանգնած էր այս ծրագիրին առաջին իսկ օրերէն, նոր կեդրոնը «բարի կամքի փարոս» որակեց` յիշեցնելով, որ կեդրոնը իր սպասարկութիւնը պիտի մատուցէ ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ Էնսինոյի բոլոր քաղաքացիներուն` իր արուեստի, լեզուի եւ մշակոյթի ծրագիրներուն ճամբով:
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի նախկին նախագահ Փոլ Գրիգորեան համայնքին պատմութեան մէջ նոր էջի մը բացումը համարեց կեդրոնին բացումը` շեշտելով, որ շէնքէն աւելի կարեւոր են այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք պիտի իրականացուին անոր յարկին տակ:
ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան յիշեցուց, որ սփիւռքի հայութեան համար եկեղեցի-դպրոց-հայ կեդրոն երրորդութիւնը հայապահպանման հիմնական պատնէշը եղած է, որ նաեւ համայնքի բարգաւաճման աղբիւրը կը հանդիսանայ:
Աւարտին ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան դրուատեց բոլոր անոնք, որոնք գործնականօրէն նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան եւ ողջունեց յատկապէս իր ծնողքին` Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն զոհողութիւնները, տեսլականը եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոնց սէրը: Ան նաեւ յայտարարեց հիմնադրամ մը հաստատելու ջանքին մասին, որուն նպատակն է տարածքը գնել (ներկայիս անիկա 30 տարուան վարձքով յանձնուած է համայնքին): Այս առիթով ան իր եւ իր կնոջ` Անիին կողմէ 100 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց այդ հիմնադրամին:
Արարողութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին ներկաները մօտէն ծանօթացան կեդրոնին եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
«Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան երիտասարդական կեդրոն»-ին մէջ գործունէութիւն պիտի տանին շրջանի ՀՅԴ-ի, Հայ դատի, ՀԵԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերը:
Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեայ Համասփիւռքեան Դերն Ու Ժառանգութիւնը` Յատուկ Դասախօսութիւն Կլենտէյլի Մէջ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, գործակցաբար Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի Հայագիտական ծրագրին հետ, 20 յունուարին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ կազմակերպեց ժողովրդային յատուկ դասախօսութիւն մը` նուիրուած Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին: Ծրագիրը համախմբեց` շրջանաւարտներ, գիտաշխատողներ, համայնքային ղեկավարներ եւ Հայկազեան համալսարանի բարեկամներ` Լոս Անճելըսի շրջաններէն:
Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի Հայագիտական ծրագրի տնօրէն եւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան խորհուրդի անդամ դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան ուղջունեց ներկաները, ապա Հայկազեան համալսարանի Խնամակալութեան խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յասմիկ Պարան ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ ներկայացուց «Հայկազեան համալսարանի 70 տարիները. իր համասփիւռքեան դերն ու պատկառելի տեղը Պէյրութի մէջ» խորագիրը կրող դասախօսութիւն մը: Ան շեշտեց համալսարանի տեւական ներդրումները բարձրագոյն կրթութեան, համայնքային առաջնորդութեան եւ համաշխարհային հայ սփիւռքի կեանքին մէջ:
Ան հաստատեց, որ Հայկազեան համալսարանը գոյութիւն ունի, որովհետեւ կրթութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ հայ աւետարանական ինքնութեան մէջ, աւելցնելով, որ անոր կոչումն է կերտել ամբողջական մարդը` միտքով, հոգիով, նկարագրով եւ ծառայութեամբ` Աստուծոյ պատկերին համաձայն: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ, որ սոյն համալսարանը չէ հիմնուած ժառանգուած հողերու վրայ, այլ` տեսիլքով, հաւատքով եւ հաւաքական ջանքերով, եւ առաջին իսկ օրէն եղած է կրթութեան ուժին հանդէպ վստահութեան կենդանի վկայութիւն: Բանախօսը հաստատեց, որ Հայկազեանը տուն է բազմաթիւ երկիրներէ եկող ուսանողներու համար եւ կամուրջ մը սփիւռքի ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ աւելցնելով, որ Հայկազեանը խոր պարծանքի աղբիւր է, ոչ միայն որովհետեւ կը կրթէ հայ երիտասարդութիւնը, այլ` որովհետեւ ուրիշներ ալ զինք կը փնտռեն: Անոր շրջանաւարտները կը ծառայեն` որպէս մանկավարժներ, դիւանագէտներ, առաջնորդներ եւ մասնագէտներ ամբողջ աշխարհին մէջ: Պետական հաստատութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, կողմէ ճանչցուած եւ իր արեւմտահայերէն հայագիտական հրատարակութիւններով հարստացած` Հայկազեանը կը ներկայանայ որպէս վստահելի ձայն մը հայկական գիտութեան մէջ:
Ան շեշտեց, որ 70 տարիներ շարունակ Հայկազեանը քալած է իր ուսանողներուն հետ` առատաձեռն նիւթական օժանդակութեամբ: Առաջնորդական ֆոնտերը հնարաւորութիւն տուած են փայլուն շրջանաւարտներու` շարունակելու իրենց ուսումը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Վեր. Հայտոսթեան դիտել տուաւ, որ հետազօտական կեդրոններու, գիտաժողովներու, հրատարակութիւններու, թուային գրադարաններու եւ իր համալսարանական հրատարակչութեան միջոցով Հայկազեանը կը նպաստէ տեւական գիտելիքի ստեղծման` հայագիտութեան եւ անկէ անդին: Ան ներդրում կը կատարէ` ջամբելով միտք, յիշողութիւն եւ գիտութիւն` գալիք սերունդներուն համար:
Եզրափակելով իր խօսքը` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ, որ Հայկազեանը գոյութիւն ունի, որովհետեւ ան անհրաժեշտ է ոչ միայն հայերուն, այլ` ամբողջ հասարակութեան:
Ֆրանսա
Մարկ Նշանեան Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան Մէջ
17 յունուարին Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը հիւրընկալեց փիլիսոփայ, գրական քննադատ եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեանը, որ ներկայացուց «Գրակա՞ն սփիւռք մը» խորագիրով դասախօսութիւնը: Այս ձեռնարկը սկիզբ դրաւ բանախօսութիւններու շարքի մը, որ կազմակերպուած է գիրքի ցուցահանդէսի տրամաբանական շարունակութեան մէջ եւ կը կրէ «Եւ եղեւ սփիւռք» խորագիրը:
Նշանեան առանցքային տեղ կը գրաւէ հայ գրականութեան եւ սփիւռքի մտաւորական հիմնախնդիրներուն նուիրուած ժամանակակից մտքին մէջ: Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի հայ լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի նախկին վարիչ, ապա Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի «Մշակութային ուսումնասիրութեանց» ծրագիրի դասախօս` ան տասնամեակներէ ի վեր կը խորացնէ իր մտորումները լեզուի, պատմութեան, յիշողութեան եւ գրական ստեղծագործութեան փոխյարաբերութիւններու շուրջ:
Բանախօսութեան առանցքը կը կազմէր դիտումնաւոր կերպով բաց ձգուած հարցադրում մը. կարելի՞ է խօսիլ գրական սփիւռքի մը մասին: Բանախօսը վեր առնելով «Եւ եղեւ սփիւռք» ազդեցիկ բանաձեւումը` զայն դրաւ երկխօսութեան մէջ Զարեհ Որբունիի առանցքային վէպին հրատարակուած 1964-ին «Եւ եղեւ մարդ»-ին հետ, որ կ՛աւետէր սփիւռքեան մարդուն ծնունդը:
Ըստ Նշանեանի, ասիկա կրնար իրականանալ միայն թարգմանութեան աշխատանքին ընդմէջէն: Թարգմանութիւն` լեզուներու միջեւ, բայց նաեւ ներքին թարգմանութիւն` գիտակցութեանց մէջ:
Բանախօսութիւնը բացաւ այժմէական հարցադրումներու շարք մը. ո՞ր սփիւռքին մասին է խօսքը, ան արդէն իսկ կայացա՞ծ իրականութիւն մըն է, գաղափա՞ր մը, թէ՞ գալիք հորիզոն մը: Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ գրականութիւնը ըլլար անոր յայտնութեան վայրը, եւ ի՞նչ կը սպասէ ան մեզմէ այսօր:
Յունաստան
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան Հրաւէրով Միջվարչական Ժողով Եւ Գաթայի Հատում
26 յունուարին Քոքինիոյ «Զաւարեան կեդրոն»-ի «Զաքարեան-Սարաճեան սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ միջվարչական ժողով:
Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիզեթ Քիրազեան, որ հրաւիրեց միութեան վաստակաւոր ընկերուհիներէն Հայկուհի Եաղճեանը, որպէսզի գաթան հատէ: Ան յուզումով յիշեց անցեալի օրերը եւ յաջողութեան մաղթանքներով հատեց զայն:
Այնուհետեւ վարչութիւններու ատենապետները հերթաբար զեկուցեցին իրենց մասնաճիւղերու ձեռնարկներուն մասին:
Շրջանային վարչութեան քարտուղարուհի Շողիկ Պապօղլեան կարդաց գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, որմէ ետք վարչութեան ատենապետ Լիզեթ Քիրազեան յայտարարեց «Սիրոյ պազար»-ի աշխատանքներու մեկնարկը:
Ապա, Նորա Քիւրտօղլեանը ներկայացուց «Ընկերային ցանցերը մեր կեանքին մէջ: Ինչպէս անոնք կ՛ազդեն հանրային կարծիքին վրայ եւ ինչպէս արդիւնաւորել քարոզչական իմաստով Հ. Կ. Խաչի ներկայութիւնը անոնց մէջ» նիւթը: Ան ներածական մը կատարեց ընկերային ցանցերու մասին եւ օրինակներով որոշ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ճիշդ եւ արդիւնաւէտ օգտագործել Դիմատետրի էջերու հնարաւորութիւնները: Նիւթին շուրջ տեղի ունեցան լուսաբանութիւններ եւ կարծիքներու փոխանակում:


