Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

March 12, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Այցելութիւնը Քանատա

* ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան վերջերս այցելեց Քանատա` մասնակցելու ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Ռուստամեանի այցելութեան առաջին կանգառը եղաւ Մաունթըն Վիու գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր ան ծաղիկներ զետեղեց` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին: Այցելութեան Ռուստամեանի ընկերակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամներ: Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ պաշտօնատարներու հետ:

* 2 մարտին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, որ մասնաւորաբար Հայաստանէն Քանատա ժամանած էր` որպէս պատգամաբեր ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-ամեակի ձեռնարկներուն:

Ռուստամեան, իր կարգին, ողջունեց սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութեան անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Հայ եկեղեցւոյ դէմ տարուած յարձակողական քաղաքականութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն մասին:

* 5 մարտին Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի մայրաքաղաք Վիքթորիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանի շէնքին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Ան նախ հանդիպեցաւ նահանգի ուժանիւթի եւ կլիմայական հարցերու նախարար Ատրիան Տիքսի եւ նահանգային Օրէնսդիր ժողովի նախագահ Ռաճ Չուհանի հետ, ապա` Պրիթիշ Քոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին Ռուստամեան նահանգային ղեկավարներուն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը, ներքին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող անվտանգային եւ քաղաքական մարտահրաւէրները` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու խնդիրին, ինչպէս նաեւ` Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք ստեղծուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն:

Ռուստամեան ընդգծեց միջազգային իրազեկութեան բարձրացման եւ աջակցութեան կարեւորութիւնը` յատկապէս մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցերու վերաբերեալ:

Քննարկումները անցան բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Կողմերը փոխանակեցին տեսակէտներ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ժողովրդավարական գործընկերները եւ հաստատութիւնները, ներառեալ` Քանատայի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ, կրնան նպաստել միջազգային ջանքերուն` բարձրացնելու իրազեկութիւնը, արձագանգելու մարդասիրական խնդիրներուն եւ աջակցելու Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

Ռուստամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգային ղեկավարութեան` հայ համայնքի մտահոգութիւնները լսելու եւ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ կանգնած խնդիրներուն շուրջ բովանդակային երկխօսութիւն ունենալու պատրաստակամութեան համար:

Պրիթիշ Քոլոմպիա կատարած այցելութեան ընթացքին Ռուստամեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ տեղական հայ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ պետական տարբեր պատասխանատուներու հետ:

Միացեալ Նահանգներ

Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Ցոյց` Ուաշինկթընի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԴ-ի Ուաշինկթընի «Անի» ուխտին, 28 փետրուարին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` ի յիշատակ 1988-ին Ազրպէյճանի կողմէ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ այլ շրջաններու մէջ իրականացուած ջարդերու զոհերուն:

Ցուցարարները անդրադարձան նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան` նշելով, որ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հակահայ քաղաքականութեան` դրսեւորումներ են: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին համայնքին` քայլերու ձեռնարկելու եւ աջակցելու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն` Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու եւ պահանջելու հայ գերիներուն ազատ արձակումը:

Ելոյթ ունեցան ՀԵԴ-ի «Անի» ուխտի անդամներ` Կալի Չաքմաճեան, Ալեք Թէքէեան եւ Արփա Շահնազարեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն` Թերեզա Երեմեան, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն` Արէնի Համբարեան եւ հայր Սարգիս Աքթաւուքեան:

«Կոմիտաս» Երգչախումբին Եւ Անոր Հիմնադիր Ու Խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի Յիշատակին Նուիրուած Երեկոյ

Փետրուար 22-ի երեկոյեան  Հայ կաթողիկէ համայնքի  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ կից դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան (ՊՀԵԵՄ) անցեալ դարու գոհարներէն` «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին եւ անոր հիմնադիր ու խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի յիշատակին նուիրուած գրական-գեղարուեստական երեկոյ:

Ձեռնարկը, որուն հովանաւորն էր  Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, կազմակերպուած էր  Քալիֆորնիոյ Իրաքահայ մշակոյթի յանձախումբին կողմէ: Երեկոն սկսաւ հայր Իգնատիոս վրդ. Աբբասեանի արտասանած աղօթքով եւ օրհնութեամբ:

Բացման խօսքը կարդաց օրուան հանդիսավար եւ յիշեալ երգչախումբի երկար տարիներու անդամ Արամ Քէթէնճեանը, որ  հակիրճ ներածականով մը ներկայացուց իրաքահայ թեմի պատմութիւնը` սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Անդրադարձաւ  համայնքի  եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ մշակութային  հաստատութիւններուն հիմնադրութեան եւ շեշտեց անոնց կարեւորութիւնը` կրօնը, մայրենի լեզուն եւ հայ մշակոյթը պահելու վսեմ գործին մէջ, որոնցմէ մէկն եղաւ ՊՀԵԵ միութիւնն ու անոր սիւներէն  մին` 1953 թուականին կազմուած «Կոմիտաս» երգչախումբը:

Իրաքահայ թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի այս առիթով ուղարկած բովանդակալից տպաւորութիւններն ու օրհնութեան խօսքը կարդաց Մարալ Կարապետեան-Ալուճեանը:

Ներկաներու ուշադրութեան պարբերաբար յանձնուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին  կողմէ ձեւաւորուած երկու տեսերիզներ` «Կոմիտաս» երգչախումբի պատմականի եւ խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին: Երգչախումբը իր յիսուն տարիներու կեանքի տեւողութեան շարունակաբար ելոյթներ ունեցած է   ազգասիրական, ժողովրդական, գեղջկական եւ դասական երգերով` Պաղտատի  Երիտասարդաց միութեան բեմէն, ինչպէս  նաեւ ամէն տարի երգած է թէ՛ Զատիկի, թէ՛ ալ  Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի պատարագներուն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Երգչախումբը երգահանդէսներ տուած է նաեւ Պասրա եւ Քերքուկ քաղաքներուն մէջ: Կարապետ Քիշմիշեան ամբողջական նուիրումով ու զոհողութեամբ, ազնուօրէն եւ բծախնդրութեամբ կատարած էր աստուածահաճոյ այս գործը եւ վայելած` իրաքահայութեան սէրն ու յարգանքը:

1955 եւ 1962 թուականներուն երգչախումբը խմբավարած է Կոմիտաս վարդապետի ուսանող Բարսեղ Կանաչեանը:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Կոմիտաս» երգչախումբի նախկին անդամներէն  Արշամ Պապէրեանը եւ Վարդգէս Չոլաքեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ելոյթ ունեցաւ երկու երգով: Պարուսոյց Անուշ Մարգարեանի հետեւողութեամբ, «Անուշ» պարախումբը ներկայացուց  «Ուզունտարա» եւ «Տարազ» պարերը:

Ծրագիրը  ընդգրկեց նաեւ տեսերիզ մը` երգչախումբի երբեմնի անդամներէն Ալպեր Զաքարեանի, Վիքի Քէշիշեանի եւ Արա Քիշմիշեանի այս առիթով արտայայտած սրտաբուխ տպաւորութիւնները:

Օրուան  պատգամն ու գնահատանքի խօսքը ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտոր Տիգրան Պապիկեանը, որ անդրադարձաւ «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիր ու խմբավար  Կարապետ Քիշմիշեանի յիսուն տարիներու նուիրական գործին` հաստատելով, որ  անոր յիշատակն ու անունը վառ պիտի մնան շատ շատերու սրտին մէջ: Ապա կարդաց Համազգայինի կողմէ Քիշմիշեանին եւ «Կոմիտաս» երգչախումբի անմար  յիշատակին տրուած Գնահատանքի գիրը:  Տիգրան Պապիկեան եւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան զայն յանձնեցին այս առիթով Հայաստանէն ժամանած հանգուցեալ Կարապետի զաւակներ Շանթ եւ Մարալ Քիշմիշեաններուն:

«Լեզուն Սփիւռքով Մէկ` Հայերէնը Իր Հեռանկարներով» Գիտաժողովը

Կազմակերպութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Dornsife բաժանմունքին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին, 27 փետրուարէն 1 մարտ նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուն սփիւռքով մէկ` հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովը:

Գիտաժողովին հիմքը կը կազմէր ապագայատեսիլ հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ հայերէնը ծաղկիլ սփիւռքի մէջ: Անկումի կամ կորուստի պատումներէն անդին անցնելով, գիտաժողովը առանձնացուց նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակները` ընդգծելով այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակադրուած ջանքերը, որոնք կը պահպանեն եւ կ՛աշխուժացնեն հայերէնը` թէ՛ իր գրական ձեւերով, թէ՛ խօսակցական ու բարբառային տարբերակներով, սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու ընդմէջէն:

Ծրագիրը, որ կազմուած էր հետազօտութեան եւ կենդանի փորձին միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով, կ՛ընդգրկէր` կլոր սեղանի քննարկումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ մասնագիտական ցուցադրութիւններ:

27 փետրուարին գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտականի վարիչ Շուշան Կարապետեան:

Երեք օրերու երկայնքին տեղի ունեցած գիտաժողովի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` աւելի քան 40 մտաւորականներ, դասախօսներ, խմբագիրեր, ուսուցիչներ եւ այլ մասնագէտներ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մանկավարժին Կարծիքով. Խի՞ստ, Թէ՞ Բարի Ուսուցիչ

Յաջորդը

Կար Ժամանակ Մը…

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.