Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

February 12, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւնը

31 յունուարին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութեան 135-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարինա Ասատուրեան, որ ըսաւ, թէ 135-ամեայ կազմակերպութիւնը պայքարի եւ նուիրումի ուղիով կերտուած կամքի ու հայրենիքի վերակերտման մարմնացումն է, նկատել տալով, որ ժողովուրդի ծառայութեան առաքելութիւնը կը շարունակուի տարաբնոյթ պայմաններու մէջ:

Օրուան բեմավարներ` Աննա Պարսամեան եւ Համազասպ Շաքարեան, անդրադարձան ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան եւ առաքելութեան:

Օրուան բանախօս Զեփիւռ Է. Րէիսեան անդրադարձաւ Զարթօնքի շրջանին յաջորդող տարիներուն Դաշնակցութեան ծնունդ տուող պատճառներուն, հայ կեանքէն ներս անոր դերակատարութեան ու 135 տարիներու գաղափարական հիմքով պսակուած երթին` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական կեանքի վերիվայրումներուն` ան ըսաւ, որ Արցախի յանձնումէն ետք վտանգուած են`  Հայաստանի գոյութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, սասանած են` մեր անվտանգութիւնը, ազգային արժէքները եւ Հայաստան-սփիւռք միասնութիւնը տարածուած են հիասթափութիւնն ու պառակտումը` հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ, աւելցնելով, որ ամբողջ հայութեան կը փորձեն պարտադրել` անձնատուութիւն, շարունակական զիջումներ եւ ինքնութեան մաշում, թիրախաւորելով մեր ինքնութեան սիւները` Հայ եկեղեցին, պատմութիւնը, ազգային խորհրդանիշները, հայրենասիրութիւնն ու հաւաքական լինելիութեան գիտակցութիւնը, մոռացութեան կը տրուին Պաքուի մէջ կալանաւորուած հերոսները: Բանախօսը յոյս յայտնեց, որ ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած հայութիւնը տէրը կը մնայ իր իրաւունքներուն ու կը կասեցնէ թաւալգլոր անկումը մեր հայրենիքին:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի բարդ կացութեան` Րէիսեան դիտել տուաւ, որ սուրիական համայնքը պատահական գոյութիւն մը չէ, այլ պատմական փորձառութեան, կազմակերպուած կեանքի եւ համազգային նուիրումի արդիւնք է: Ան ըսաւ, որ տասնամեակներու բարդուած ջանքերով ու ծով զոհողութիւններով ստեղծուած են` դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, մամուլ եւ միութենական ու կազմակերպական կառոյցներ, աւելցնելով, որ Եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային կառոյցները ոչ միայն ծառայութիւններու դաշտ են, այլեւ` գոյութեան երաշխիք:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ կարդացուեցան այս առիթով ուղղուած շնորհաւորագրերը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան ըսաւ, որ առաւել քան մէկ եւ քառորդ դար ծառայութեան կեանք մը, պայքարի կեանք մը, նուիրումի կեանք մըն է, որ կը յիշատակուի այսօր, կեանք մը, որ ամբողջութեամբ ընծայուած է հայուն ու անոր արժէքներուն, պայքարի կեանք մը` ընդդէմ անարդարութեան, իրաւազրկումի եւ բռնատիրութեան, ընդդէմ ընդհանրապէս անհոգութեան եւ կրաւորականութեան, պայքարի կեանք մը, որ ինքնին կու գայ պաշտպանելու այն բոլոր սրբութիւնները, որոնք հայու իրաւունքն են` հայրենիք, հող եւ ժառանգութիւն: Սրբազանը շեշտեց, որ այս առիթով մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք` բոլոր մտաւորականներուն, տիտաններուն, նուիրեալներուն, որոնք Դաշնակցութեան իտէալին հաւատարիմ մնալով` նուիրուեցան, աշխատանք տարին, ծառայեցին ու հայրենիք կերտեցին: Ան հաստատեց, որ 135-ամեակը հրաւէր մըն է բոլորիս` միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, համայնական գիտակցութեամբ նոյն նպատակին ծառայելու, տագնապելու, երկնելու եւ նպատակասլաց հայեացքով աշխատելու, որպէսզի հասնինք ՀՅԴ-ի ուրուագծած ժողովուրդի բարեկեցութեան, ազատութեան ու ամբողջական ու խաղաղ հայրենիքի կերտման գաղափարին:

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշա՛կ, բանուոր» քայլերգով:

Աւստրալիա

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը

29 յունուարին Վարդան եպս. Նաւասարդեան  Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ուղեկցութեամբ  Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի եւ Աշոտ քհնյ. Աբրահամեանի, հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, որուն կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեանը եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի պատուոյ նախագահ Գրիգոր Սողոմոնեանը:

Տէր Գէորգեան Ֆրանսայէն ժամանած էր որպէս գլխաւոր բանախօս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան:

Հանդիպումի ընթացքին սրբազանը եւ հիւրերը քննարկեցին հայրենիքը, սփիւռքը եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքը յուզող հարցեր: Նախքան մեկնում` հիւրերը այցելեցին Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցի:

Միացեալ Նահանգներ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Անունով Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանը Յանձնեց Իրանահայ Ազգային Գործիչ Եւ Բարերար Ալֆրետ Հաւանին

16 յունուարին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը յանձնեց այժմ լոսանճելըսաբնակ Ալֆրետ Հաւանին, որ իրանահայութեան վերջին առաւել քան 60 տարիներու եկեղեցական, ազգային, կրթական, շինարարական, միութենական եւ մարզական կեանքին մէջ յանձնառու դերակատարութիւն ունեցած է, մասնաւորաբար` Նոր Ջուղայի եւ Մաշհատի մէջ իր ստանձնած պատասխանատու եւ ղեկավար պաշտօններով, կատարած բարերարութիւններով եւ իրագործած եկեղեցաշէն ու հանրօգուտ ծրագիրներով:

Նշենք, որ ընդառաջելով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի խնդրանքին` Արամ Ա. կաթողիկոսը «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը շնորհած էր Հաւանին:

Յանձնումի պահուն առաջնորդը կարդաց կոնդակը եւ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին` պարգեւատրեալին կուրծքը զարդարեց վերոնշեալ շքանշանով: Ապա սրբազանը, յանուն կաթողիկոսին, շնորհաւորեց պարգեւատրեալ Ալֆրետ Հաւանը եւ անոր ընկերակցող հարազատները, գնահատեց շքանշանակիրին եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր վաստակն ու գործունէութիւնը, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն:

Յայտնենք, որ իրանահայ ազգային-հանրային գործիչ եւ բարերար Ալֆրետ Հաւան ծնած է Իրանի Համատան քաղաքը, 1934-ին: Եօթը տարեկանին ընտանեօք փոխադրուելէ ետք Նոր Ջուղա, ան մինչեւ հասուն տարիքը մաս կազմած է շրջանի ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներու զարգացման գործին: Կրթութեամբ եւ մասնագիտութեամբ ըլլալով շինարար, ան նաեւ քաղաքացիական իր ծառայութիւնը մատուցած է իր ծննդավայր երկրին` իբրեւ ամերիկեան բնակարանաշինութեան նշանաւոր ընկերութեան մը պատասխանատու պաշտօնեայ, իսկ աւելի ուշ հիմնած է իր անձնական ընկերութիւնը` «Թեքնօ Փարս» անունով, որուն աշխատանքի վայրը առաւելաբար եղած է Մաշհատ քաղաքը, ուր Հաւան գործին բերումով հաստատուած է ընտանեօք եւ բնակարանաշինութեան քաղաքային ծրագիրներ իրականացնելու կողքին, նաեւ վարած է ազգային գործունէութիւն` իր մասնագիտական եւ ազգային-հայրենասիրական ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնը մատուցելով Մաշհատի հայկական կեանքի ղեկավարման կարեւոր գործին:

Ան երկու տարի առաջ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ  հաստատուած` Լոս Անճելըս:

ՀՅԴ Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Խրախճանքը` Ծառայութեան Ուխտի Վերանորոգման Առիթ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն այս տարի եւս մեծ շուքով տօնախմբեց ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-ամեակը: Այդ առիթով խրախճանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, յունուար 31-ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանին «Աւետիսեան» հանդիսասրահին մէջ: Օրուան հիւրն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանը: Պաշտօնական հիւրերուն կողքին, ներկայ էին` ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքի տարբեր շրջաններու կոմիտէութեանց անդամներ, ուղեկից  կազմակերպութիւններու` ՀՄԸՄ-ի, Հայ դատի յանձնախումբի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, նաեւ Ազգային վարչութեան եւ դպրոցներու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀԵԴ-ի եւ պատանեկան միութեանց ընկերներ ու մեծ թիւով համակիրներ:

Խրախճանքին հանդիսավարն էր Նորա Չափարեան, որուն բարի գալուստի խօսքէն ետք Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց սեղանները: Հրամցուեցաւ փոքրիկ գեղարուեստական բաժին մըն ալ, որուն ընթացքին «Սոնաթա միուզիք սքուլ»-ի սաները ոգեւորեցին բոլորը:

Ապա խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, որ բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն` հակիրճ կերպով ներկայացուց ՀՅԴ-ի անցած ուղին եւ այսօրուան մարտահրաւէրները: Ան յիշեցուց, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր Դաշնակցութիւնը ծառայած է հայութեան` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, հայութեան իղձերուն իրականացման համար յոյժ կենսական նկատելով միասնականութիւնը: Ան վստահեցուց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ` հասնելու համար հայութեան եւ հայրենիքի կարիքներուն. լուսարձակի տակ առնելով ներկայ առաջնահերթութիւնները` երաշխաւորել Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը, Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի հայութեան վերադարձը իր պատմական հայրենիքը:

Ապա ան շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի 135-ամեակը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայի աշխատանքներուն համար` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Պաշտօնական բաժինէն ետք խրախճանքը մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառեցին Վարանդ Աւանէսեանը եւ ազգային ու յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը` ներկաներուն սիրտերը լեցնելով յոյսով եւ ուրախութեամբ` ապագայի նկատմամբ:

Իրաք

Ժամերգութիւն` Հաւրէզք Գիւղի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

30 յունուարին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեանի ուղեկցութեամբ, հովուապետական այցելութեամբ Հաւրէզք ժամանեց Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան:

Առաջնորդ սրբազանի հանդիսապետութեամբ Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի կարգ, որմէ ետք սրբազան հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նուիրումով ծառայող չորս պատանիներ արժանացան դպրութեան աստիճանի:

Արարողութեան աւարտին սրբազանը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ ներկաներուն:

Այնուհետեւ «Լեւոն փաշա» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

Նոր Ջուղա

Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահի Հանդիպումը Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Եւ Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի Անդամներուն Հետ

Վերջերս Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ  Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան առանձնաբար հանդիպում ունեցաւ  շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամներուն հետ, նաեւ այցելեց առաջնորդանիստ Ս. Ամենափրկիչ վանքի տարբեր գրասենեակները եւ թանգարանները ու ծանօթացաւ անոնց գործունէութեան եւ պաշտօնէութեան հետ:

Հայ դատի յանձնախումբին հետ հանդիպումը կայացաւ 23 յունուարին, յանձնախումբի կեդրոնին մէջ: Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Բաբայեան կարեւորութեամբ ընդգծեց համայն հայութեան ընդհանուր նպատակներուն շուրջ համախմբուիլը. հայրենիքի հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւն, Հայ դատի արդարացի լուծում, Հայ եկեղեցւոյ անսասան երթի ապահովում եւ հայ ժողովուրդի վերելքն ու զարգացումը:

Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 26 յունուարին, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ: Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Նոէլ Մինասեան բացատրութիւններ տուաւ ժողովի կազմին եւ աշխատանքային ոլորտի վերաբերեալ: Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան դրուատեց անոնց գործունէութիւնը` զայն նմանցնելով ընտանիքի հօր, որ կը փորձէ լաւագոյն որոշումներ ու լուծումներ գտնել իր հարազատներուն համար: Աւարտին ան յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեց ներկաներուն:

Ֆրանսա

«Հայաստանի Ճանապարհներով» Համերգ` Նուիրուած Հայկական Երաժշտութեան

Հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, նախաձեռնութեամբ դաշնակահարուհի, արուեստներու եւ գրականութեան շքանշանի ասպետ Լիդի Պարգեւի, 25 յունուարին, Փարիզի Մարէ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Մերի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի ճանապարհներով» խորագրով հայկական երաժշտութեան նուիրուած համերգ:

Համերգի ընթացքին դաշնակահարուհի Լիդի Պարգեւ, սոփրանօ Քրիստին Մենտեզ, մեցցօ-սոփրանօ եւ դաշնակահար Լիւսի Դերոյեան, ինչպէս նաեւ պարիթոն-պաս Ադամ Պարոն ֆրանսացի երաժշտասէր հանդիսատեսին ներկայացուցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Առնօ Բաբաճանեանի, Մակար Եկմալեանի եւ այլ մեծանուն հայ երաժշտագէտներու գործերէն: Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Անթոնի Քոնլոն, որ մեկնաբանեց հայ բանաստեղծներու Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծական կտորներէն:

Վենետիկ

Լեւոն Արք. Զէքիեան Առաջադրուեցաւ Վենետիկի Ամէնէն Հեղինակաւոր Պատմական Հաստատութիւններէն Մէկուն` «Scuola Grande Di San Marco»-ի Պատուաւոր Անդամ   

«Scuola»-ները կամ «Schola»-ները Վենետիկի Սերենիսիմայի Հանրապետութեան մէջ աշխարհիկ եղբայրութիւններ էին եւ անոնցմէ եօթն իրենց կարեւորութեան համար կը կրէին «grande» (մեծ) որակաւորումը: Այս դպրոցները կը գործէին որպէս մշակութային, գեղարուեստական եւ արհեստագործական ակադեմիաներ եւ միութիւններ` միաժամանակ ըլլալով ընկերային օգնութեան, բարեգործութեան եւ համերաշխութեան կեդրոններ: Ականաւոր վարպետներ կը ղեկավարէին այդ դպրոցներուն մէջ նկարիչներու եւ մշակութային գործիչներու ամբողջ սերունդներու զարգացումը: Իւրաքանչիւր դպրոց ունէր իր սեփական կանոնագրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, որպէս միութիւններ, խթան կը հանդիսանային իրենց անդամներու կրօնական եւ հոգեւոր կեանքին: Այս դպրոցները կերտեցին վենետիկեան մեծ արուեստն ու մշակոյթը` զարմանալիօրէն աշխարհիկ մակարդակով:

Արդարեւ, 31 յունուարին «Scuola Grande di San Marco» եկեղեցւոյ պատուաւոր անդամի կոչումը շնորհուեցաւ Լեւոն արք. Զէքիեանին Schola-ի «Guardian grando»-ի (Մեծ Պահապան)` դոկտոր Մարիօ Պոյի կողմէ: Պատարագը մատուցեց Լեւոն արք. Զէքիեանը Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնի Վենետիկի ծովածոցի Սուրբ Ղազար կղզիի վանականներուն մասնակցութեամբ:

Զէքիեան իր քարոզին մէջ վկայեց Վենետիկի եւ հայերու միջեւ դարաւոր կապերու մասին` մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ան ըսաւ, որ իրեն շնորհուած պատիւը կը համարէ Մխիթարի տան եւ անոր միջոցով` հայ ժողովուրդին:

Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ յայտնի տուտուկահար տէր Արամ Իփէքճեան, որ այս առիթով յատուկ հրաւիրուած էր Վիեննայէն:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Անհետ Կորած Իրեր Քուրսի

Յաջորդը

Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

March 5, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

February 26, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.