ԼՈՒԻԶԱ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան
հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու

Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք սկսած էին Նիւ Ճըրզիէն եւ շարունակուած` Նիւ Եորք, Երեւան, Տուպայ, Պէյրութ, Մոնրէալ, Ռիատ, Գահիրէ, Աթէնք եւ Տոհա, յիշարժան ու շքեղ աւարտ մը ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ` շաբաթ, 24 յունուար 2026-ին: «Պէյրութը կը հանդիպի Հոլիվուտին» խորագիրին ներքոյ, մօտ 300 հոգեւոր առաջնորդներ, մանկավարժներ, շրջանաւարտներ, բարերարներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ պատուարժան հիւրեր հաւաքուեցան Լոս Անճելըսի պատմական «Էպել» սրահը` յարգելու համալսարանի մնայուն ժառանգութիւնն ու ազդեցութիւնը:

Երեկոն համանախագահեցին համալսարանի հոգաբարձութեան անդամներ Թինա Սեկել եւ Րաֆֆի Քենտիրճեան: Այս հանդիսութիւնը նաեւ եղաւ առիթ մը` յարգանքի տուրք մատուցելու երկարամեայ հոգաբարձու եւ բարերար Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայնին` անոր տասնամեակներու շարունակական անսասան նուիրումին եւ ծառայութեան համար` Հայկազեան համալսարանին:
Յայտագիրը սկսաւ համանախագահներու ջերմ ողջոյնի խօսքերով, զորս ներկայացուցին պատուարժան հիւրերու խումբ մը, որոնց մէջ էին` Միացեալ Նահանգներու հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Միացեալ Նահանգներու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանը, Հայկազեան համալսարանի նախկին նախագահ վեր. դոկտ. Ժան Խանճեանը, Հայկազեան համալսարանի ներկայ նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, Հայկազեան համալսարանի հիմնադիր նախագահ վեր. դոկտ. Ժան Մարգարեանին կինը` Ինկա Մարգարեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Վարչական խորհուրդի նախագահ Կերի Ֆիլիփսը եւ ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեանը: Համանախագահները իրենց ողջոյնի խօսքերուն մէջ յիշեցին նաեւ Հայկազեանի նախկին Տիկնանց օժանդակ մարմինը, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատեցաւ համալսարանին նիւթաբարոյական ապահովելու, եւ որուն անդամներէն շատեր ներկայ էին այս հանդիսութեան:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներուն գեղեցիկ կատարումէն ետք` Նազանի Մնչերեանի կատարողութեամբ, Ր. Քենտիրճեան ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախկին նախագահ վեր. դոկտ. Ժան Խանճեանը` նշելով, որ անոր առաջնորդութիւնն ու անսասան նուիրուածութիւնը իր նախագահութեան ընթացքին համալսարանին վրայ մնայուն հետք ձգած են: Ապա զայն բեմ հրաւիրեց բացման աղօթքի համար: Իր աղօթքին մէջ վեր. դոկտ. Խանճեան յիշեց` Հայկազեան համալսարանի հիմնադիր անդամները, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը: Ան գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` 1955-ին համալսարանը հիմնելու անոնց տեսլականին եւ հաւատքին համար, ինչպէս նաեւ` վերջին եօթանասուն տարիներուն ընթացքին Հայկազեանի առաքելութեան միջոցով օրհնուած անհամար կեանքերուն համար:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր համալսարանի հարուստ պատմութիւնը, ոգին եւ ժառանգութիւնը: Այնուհետեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Յասմիկ Պարան ողջունեց հիւրերը իր գործընկեր հոգաբարձուներու անունով եւ ներկայացուց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Իր խօսքին մէջ ան նշեց. «Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կը մարմնաւորէ` բաց մտածողութիւն, արհեստավարժութիւն եւ փոխադարձ յարգանք: Անոր համագործակցական մօտեցումն ու առողջ դատողութիւնը մեծապէս կը նպաստեն մեր խորհուրդի աշխատանքի արդիւնաւէտութեան ու իրագործումին: Մեր նախագահին հետ գործակցիլը իսկական հաճոյք է»:

Իր ելոյթին մէջ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան անդրադարձաւ ելոյթի նշանակութեան` ըսելով. «Մենք Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակը կ’եզրափակենք Լոս Անճելըսի մէջ` շքեղ կերպով, սակայն այս աւարտը իրականութեան մէջ սկիզբ մըն է, նոր փուլ մը` արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ: Հայկազեան համալսարանին համար մեզ սահմանողը ոչ թէ համաշխարհային սպառնալիքներն են կամ տեղական անորոշութիւնները, այլ մեր անսասան նուիրումը` ապագայ սերունդները կրթելու մտարուեստութեամբ, միասնական ոգիով, բարոյական արժէքներով, հաւատքով եւ ուսման ու ծառայութեան հանդէպ ողջ կեանքի նուիրումով»:
Երեկոյի գագաթնակէտը եղաւ յարգել Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայնը` Հայկազեան համալսարանին բերած իր բացառիկ ներդրումներուն համար: Իր խօսքին մէջ Սթայն սրտագին երախտագիտութիւն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկայ բոլոր հիւրերուն: Ան յիշեց, որ համալսարանի հիմնադրութիւնը կարելի դարձաւ Մարի Մեհակեանի (դուստրը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ վեր. դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի, որուն անունը կը կրէ համալսարանը), եւ անոր ամուսնոյն` Աւագ (Սթիվըն) Մեհակեանի մեծահոգի նուիրատուութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ իր հօր` Սթիվըն Փիլիպոսեանի տեսլականին ու առաջնորդութեան միջոցով: Ճ. Սթայն յիշեց, որ ամերիկեան ոճով համալսարան մը Պէյրութի մէջ հիմնելու գաղափարը ծնաւ 1955 թուականի ձիւնառատ մարտ երեկոյ մը` Փենսիլվանիոյ Ռետնըր քաղաքին մէջ գտնուող բարձունքի վրայ կանգնած իր հօր տան մէջ: «Աներկբայօրէն Հայկազեանը դարձաւ իմ հօրս ամենամեծ տեսլականը», ըսաւ ան:

Համալսարանի ղեկավարութիւնը Ճ. Սթայնին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը` իբրեւ գնահատանք իր տասնամեակներու ծառայութեան, մեծահոգութեան եւ նուիրումին, որոնք անջնջելի հետք ձգած են հաստատութեան եւ անոր ուսանողներուն վրայ:
Տօնական մթնոլորտը ճոխացուցին աշխարհահռչակ հայ դաշնակահար Վահագն Հայրապետեանն ու իր համոյթը, որոնք այս առիթով Երեւանէն ժամանած էին եւ երաժշտական յատուկ կատարումով հմայեցին ներկաները:
Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ կարկանդակի հատումով` Հայկազեան համալսարանի օրհներգի հնչիւններուն ներքոյ, եւ փակման աղօթքով: Այնուհետեւ ներկաները շարունակեցին երեկոն յետհանդիսութեամբ մը:
Անդրադառնալով երեկոյի ոգիին` համանախագահները իրենց պատգամին մէջ ըսին. «Եօթանասուն տարի շարունակ Հայկազեան համալսարանը եղած է վայր մը, ուր քրիստոնէական հաւատքը, ակադեմական գերազանցութիւնը եւ հայկական ժառանգութիւնը կը միաձուլուին` կրթելու եւ ներշնչելու առաջնորդներու, մտածողներու եւ ծառայողներու սերունդներ: Քաղաքացիական պատերազմի, տարածաշրջանային դժուարութիւններու եւ ծանր ֆինանսական ճգնաժամերու տասնամեակներուն ընթացքին անգամ համալսարանը մնացած է անսասան` ամբողջականութեան, ծառայութեան եւ մտաւոր հետազօտութեան հանդէպ իր ունեցած նուիրումին մէջ»:
Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա






