Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Կը Հանդիպի Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարին
Շաբաթ, 23 սեպտեմբերին, Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան սփիւռքի կազմակերպման եւ անոր ուժականութիւնը յօգուտ Լիբանանի զօրաշարժի ենթարկելու նպատակով Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքային հաւաքը, որուն կը մասնակցէր Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ եւ Քանատայէն եկած լիբանանեան սփիւռքի անդամներու այս հաւաքին յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:
Հաւաքի ծիրէն ներս Տարօն Տէր Խաչատուրեան մտքերու փոխանակում ունեցաւ նախարար Պասիլի հետ` գլխաւորաբար Լիբանանի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներու, ՀՅԴ-ի լիբանանեան կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութեան եւ ներդրումին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Նկարին մէջ ձախէն աջ` դեսպան Ճոնի Իպրահիմ, Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ եւ դեսպան Կապրիէլ Իսա:
Մուսա Լերան Հերոսամարտի Ոգեկոչման Նուիրուած Ս. Պատարագ
Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ միութիւնը 9-10 սեպտեմբերին երկօրեայ հանդիսութեամբ ոգեկոչեց 102 տարի առաջ մղուած յաղթական հերոսամարտին եւ ճակատումներուն ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը:
Արդարեւ, 9 սեպտեմբերին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հերիսայի պատրաստութիւն եւ խրախճանք:
10 սեպտեմբերին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը: Ան լուսարձակի տակ առաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի խորհուրդը ու անժամանցելի պատգամը` շեշտելով, որ այդ օրերուն հայկական գիւղերու մեր ժողովուրդը արդարօրէն դիմեց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին եւ իր նահատակներուն զոհաբերութեամբ` շահեցաւ գոյատեւման իրաւունքը: Սրբազանը հաստատեց, որ մեր հերոսամարտերը վերականգնեցին հայութեան կքած ողնայարը եւ այսօ՛ր ալ հպարտութեամբ բարձր կը պահեն մեր ճակատը` յորդորելով եւ հրաւիրելով ժողովուրդը յարգանքով խոնարհելու Մուսա Լերան հերոսամարտի կերտիչներուն յիշատակին առջեւ եւ աննահանջ կերպով շարունակելու անոնց կտակին կենսագործման մեր երթը: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Ազգային առաջնորդարանի բարերարներէն` հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի վաստակին ու բարեգործութիւններուն:
Աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին, նաեւ` Կայծակ Օհաննէսեանի հոգիին համար:
Արարողութեան աւարտին, «Կարապետեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ հերիսայի օրհնութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ հանդիսութիւն: Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Վահրամ Շամմասեան: Ներկաները երգեցին Մուսա Լերան հերոսամարտին ու Այնճարի նուիրուած երգեր:
«Խոստումը» Պիտի Ցուցադրուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող «Սինէքալչըր»-ի եւ համագործակցութեամբ Հայագիտական ծրագիրին, 29 սեպտեմբերին համալսարանի «Փիթըրզ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրն է ժապաւէնի համաարտադրիչ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբին տարած պայքարին նուիրուած «Սքրիմըրզ» ժապաւէնի բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան, որ ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք պիտի պատասխանէ հանդիսատեսներու հարցումներուն:
Սուրիա
Ազգանուէր Ծառայութեան, Յանձնառութեան Եւ Արիութեան Վկայական` Հալէպի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան
8 սեպտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը ողջերթի երեկոյ մը կազմակերպեց` ի պատիւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին:
Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի տագնապալի տարիներուն Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը միակն էր, որ շարունակեց իր գործունէութիւնը, աւելցնելով, որ հիւպատոսը մնաց հալէպահայութեան կողքին ու ծառայեց անոր` կրելով միեւնոյն դժուարութիւններն ու ապրելով պատերազմական միեւնոյն տագնապը:
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսին` անոր իր մատուցած ծառայութիւններուն համար, նկատել տալով, որ հիւպատոսը շատ մը դժուար պարագաներու, օգտակար դարձած էր միութեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքով իւրայատուկ դրոշմ մը դրաւ ոչ միայն հալէպահայ համայնքի, այլեւ հայութեան պատմութեան էջերուն վրայ:
Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը նախապէս Բերիոյ թեմին կողմէ պարգեւատրուած էր «Բերիոյ թեմի ծառայութեան շքանշան»-ով: Սրբազան հայրը այս առիթով հիւպատոսին յանձնեց «Ծառայութեան վկայական»-ը` շեշտելով, որ անիկա կը շնորհուի իբրեւ երախտագիտութիւն գլխաւոր հիւպատոսին ազգանուէր ծառայութեան, յանձնառութեան եւ արիութեան:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Ազգային վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեանը եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը, որոնք բարձրօրէն գնահատեցին գլխաւոր հիւպատոսին մարդկային յատկանիշներն ու գործակցութեան ոգին:
Աւարտին, խօսք առաւ հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը: Ան մէկ կողմէ` ուրախութիւն յայտնեց հայրենիք վերադառնալուն համար, իսկ միւս կողմէ տխրութիւն, որովհետեւ շատ հաճելի յիշողութիւններ ունէր Հալէպի մէջ իր անցուցած տարիներէն: Անդրադառնալով պատերազմի ընթացքին հալէպահայութեան ապրած կեանքին` ան հաստատեց, որ Հալէպի հայ համայնքը մեծ վնասներ կրեց, սակայն հայու ոգին չընկրկեցաւ, եւ խաղաղութեան հաստատման առաջին վայրկեանէն հալէպահայութիւնը լծուեցաւ հայ համայնքին նախկին փայլը վերադարձնելու գործին:
Ան շնորհակալական եւ երախագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իր պաշտօնավարութեան ընթացքին հիւպատոսութեան կողքին եղած են եւ անշահախնդիր կերպով օժանդակած են հիւպատոսութեան բնականոն աշխատանքի ապահովման:
Վերամուտը Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն Ներս
* 11 սեպտեմբերին Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի աշակերտութիւնը դիմաւորեց վերամուտը: Աշակերտները բարձր կորովով եւ եռանդով ուղղուեցան իրենց դասարանները, իսկ վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը լծուեցան աշխատանքի:
Վերամուտը Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարանէն Ներս
* 11 սեպտեմբերին Հալէպի Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները դիմաւորեցին վերամուտը` տնօրէնութեան նախաձեռնած գեղարուեստական ձեռնարկով, որուն ներկայ էին` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչները, թեմի քահանայից դասը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեանը, որ բեմ հրաւիրեց վարժարանի առաջին կարգի աշակերտները ու բարի գալուստ մաղթեց անոնց:
Աշակերտները անակնկալ այցելուներ ունեցան: Վերամուտը շնորհաւորելու եկած էր մանկական երգերու մեկնաբան Սոնան եւ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի մանկապատանեկան բաժինի հերոսը` Կկուն, որոնք զրուցեցին, երգեցին, հայերէն թերթ կարդալու կարեւորութիւնը շեշտեցին ու վերամուտի յատուկ «Կկու»-ի թիւ մը նուիրեցին բոլոր աշակերտներուն:
Վարժարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Ռէիսեան ելոյթ ունենալով` բարի գալուստ մաղթեց աշակերտութեան, ուժ ու կորով` ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժին` մասնակցութեամբ վարժարանի աշակերտներուն:
Օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ առաջնորդ սրբազանը, որ լուսարձակի տակ առաւ գիտութեան արժէքը, մայրենիի պահպանման կարեւորութիւնն ու հայ աշակերտին տիպարը:
Վերամուտը` Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Ներս
* Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, 11 սեպտեմբերին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս վերամուտը սկսաւ ցնծալի հանդիսութեամբ:
Պատերազմէն ետք Նոր Գիւղի մէջ կեանքի կոչուած առաջին հայկական վարժարանը վերստին իր գիրկը հրաւիրեց ճեմարանականները:
Ճեմարանի վերամուտի պաշտօնական բացման ներկայ էին` առաջնորդ սրբազանը, պատկան մարմինի ներկայացուցիչները, թեմի քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի, Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնը, պետական տնօրէնը, ուսուցչական կազմն ու վարչական պատասխանատուները:
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին: Ապա Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, վերածնունդի օր որակեց վերամուտի օրը` շեշտելով, որ 5 տարի դպրոցէն հեռու մնալով հանդերձ, իրենց մէջ վառ պահած են Ճեմարանի ոգին: «Այս ոգին հինգ տարի մեզ պինդ պահեց եւ վերադարձուց Ճեմարան», ըսաւ ան եւ նկատել տուաւ, որ ներկայ սերունդները հաւանաբար ծանօթ չեն Ճեմարանի կառոյցին, սակայն իրենց ծնողները, երբեմնի ճեմարանականները, ուսուցիչներն ու բոլոր այն սերունդները, որոնք գիտութիւն ու հայեցի կրթութիւն ստացած են անոր յարկին տակ, լաւ գիտեն կառոյցին իմաստն ու խորհուրդը, աւելցնելով, որ իրենց վերադարձով կը փաստեն, որ վերապրելու կամք ունին ու յանձնառութեամբ պիտի վերանորոգեն բոլոր կառոյցները: Ան ըսաւ, որ վերանորոգած են Ճեմարանի նոր մասնաշէնքը եւ յառաջիկայ տարի պիտի վերանորոգեն նաեւ Ճեմարանի հիմնական մասնաշէնքը: Ան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Ճեմարանն վերադարձան տասնեակ աշակերտներ, որոնք եկան զանազան քաղաքներէ եւ երկիրներէ, ինչպէս` Սուրիոյ նահանգներէն, Քանատայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Լիբանանէն: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը բարի վերադարձ ու բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունենալով` փառք տուաւ Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց բոլորը ներկայ գտնուելու Նոր Գիւղի կրթական ամենակարեւոր կեդրոնին` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի բացման հանդիսութեան, յայտարարելու սուրիահայ կրթական կեանքի վերամուտը, շնորհաւորելու աշակերտները նոր տարուան, նոր աշխատանքներուն համար: Ան նկատել տուաւ, որ Հալէպի ազատագրումը, ապա նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի յարութեան խորհրդանիշի` Տէր Զօրի ազատագրումը նոր յոյս կը ներշնչէ ոչ միայն սուրիացի ժողովուրդին, այլեւ` Միջին Արեւելքին ու յատկապէս հայ ժողովուրդին: Սրբազանը շեշտեց, որ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը մեր վերականգնումի խորհրդանիշն է: Ան ուսումնական բարի երթ մաղթեց բոլորին` վերյիշելով բոլոր այն բարերարները, որոնք կը զօրակցին սուրիահայ կեանքի վերականգնումին եւ վերանորոգութեան: Ապա սրբազան հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելով բացուած յայտարարելու ուսումնական տարեշրջանը:
Փառաբանութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա Ճեմարանի վերանորոգուած մասնաշէնքին օծումը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով:
Յունաստան
Հայ Առաքելական Եւ Աւետարանական Համայնքապետերու Ընթրիքի Սեղանի Շուրջ Հանդիպում
Ազգային առաջնորդարանի դիւանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017ին յունահայոց նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդառաջեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեանի եւ համայնքի ատենապետ Յովիկ Ներսէսեանի ընթրիքի հրաւէրին:
Առաջնորդ սրբազանին հետ միասին հրաւիրուած հիւր էին Կոմիտաս արք. Օհանեանը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը:
Առաջնորդ սրբազանին յունահայոց առաջնորդ ընտրութեան առթիւ շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութեամբ եւ եղբայրական ազնիւ տրամադրութեամբ եղած այս հրաւէրը, միաժամանակ, բարեպատեհ առիթ մը եղաւ յօգուտ Յունաստանի մէջ հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական համայնքներու փոխադարձ աջակցութեան եւ գործակցութեան տրամադրութիւններու ամրապնդման: Առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետը շնորհակալական խօսքերով յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի վեր. Վիգէն Չոլաքեանին եւ ատենապետին:
Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պ. Չոլաքեան Մասնակցեցաւ Փոքր Ասիոյ Յոյներու Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Հոգեհանգիստին
Ազգային առաջնորդարանի դիւանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Աթէնքի մարզպետարանի եւ Յունաստանի «Գաղթականաց միութեանց» ատենապետի հրաւէրին ընդառաջելով` Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 11:00ին ներկայ գտնուեցաւ յունաց առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Պաշտպանութեան փոխնախարար Տիմիթրիս Վիցաս, իր խօսքի ընթացքին, մայր եկեղեցւոյ մէջ բաւական անգամ յղումներ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան:
Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետը, յանուն Յունաստանի հայութեան` դափնեպսակ զետեղեց Անծանօթ Զինուորի դամբանին:
Պ. Չոլաքեան նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ պաշտօնական անձնաւորութեանց հետ:
Շուէտ
«Սայաթ Նովա» Աշուղական Երգի Անսամպլին Ելոյթ
Կազմակերպութեամբ Սթոքհոլմի Հայ եկեղեցական վարչութեան, 2 սեպտեմբերին Սթոքհոլմի մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրային ռատիոյի «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի անսամպլը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի:
Հանդիսութիւնը վարեց անսամպլի մենակատար Արթուր Մնացականեանը:
Աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի Սկանտինաւիոյ փոխանորդ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը:
Այնուհետեւ խումբը մեկնաբանեց աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Նշենք, որ «Սայաթ Նովա» անսամպլը բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ռուսիա, Իրան, Վրաստան, Սուրիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան եւ այլուր:
Յառաջիկայ օրերուն «Սայաթ Նովա» համոյթը համերգային շրջագայութեամբ պիտի մեկնի Աւստրալիա:











