Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նոր Ջուղա
Լիզպոնի Հինգ Անձնազոհ Մարտիկներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Խաղեր
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի Գերագոյն մարմինին եւ կազմակերպութեամբ սկաուտներէ կազմուած գործադիր յանձնախումբին, 5 օգոստոսին միութեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն նուիրուած ֆութպոլի մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սկաուտ Վանիա Պետրոսեանը, որմէ ետք Գերագոյն մարմինի խօսքը կարդաց Թանգիկ Միրզախանեանը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Արարատ» եւ «Գանձասար» խումբերուն միջեւ խաղը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը ամէնամեայ կարգով տեղի կ՛ունենայ Նոր Ջուղայի մէջ: Անոր կը մասնակցին համայնքի երիտասարդներէն կազմուած ֆութպոլի սիրողական խումբեր: Հինգ օր տեւած խաղերուն մասնակցեցան «Արարատ», «Սարդարապատ», «Գանձասար», «Գետաշէն» եւ «Վիշապ» խումբերը: Խաղերուն փակումը տեղի ունեցաւ 9 օգոստոսին:
Մրցաշարքի մասնակիցները գնահատելու եւ արժեւորելու նպատակով 11 օգոստոսին, Նաւասարդի տօնին առիթով, կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին շնորհակալագիրներ յանձնուեցան մասնակից մրցավարներուն, իսկ առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւած «Սարդարապատ» եւ «Արարատ» խումբերուն յանձնուեցան գնահատագիրներ եւ յուշանուէրներ:
Թեհրան
«Նայիրի» Պարախումբին Յաղթանակը` «Օրէյնճ Քոպուլեթի» Մրցում-Փառատօնին
27 յուլիսին Վրաստանի Քոպուլեթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Օրէյնճ Քոպուլեթի» մշակութային մրցում-փառատօնը, որուն մասնակցեցան Վրաստանէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն երգի, երաժշտութեան եւ պարի խումբեր: Ընդհանուր ծրագիրին մէջ ներկայացուած էին շուրջ 45 կատարումներ, որոնցմէ ոչ բոլորը ունեցան մրցութային բնոյթ:
Մրցում-փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան «Նայիրի», որ մասնակցեցաւ «Ազգագրական պարերու շարան», «Կանչում եմ» եւ «Իշխանապար եւ Պոպուրի» պարերով:
Մրցումի աւարտին «Նայիրի» պարախումբը գրաւեց առաջին դիրքը եւ արժանացաւ ոսկիէ մետալի, վկայագիրի եւ յուշանուէրի, իսկ իւրաքանչիւր պարուհիի շնորհուեցաւ պատուոգիր:
Նշենք, որ «Նայիրի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Արտաւազդ Աւետիսեանը, իսկ պարուսոյցներն են` Մելան Սեֆեանը եւ Մերի Աւետիսեանը:
Թեհրանահայ Արուեստագէտները «Արտակ Արք. Մանուկեան» Թանգարանին Մէջ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առիթով, 15 օգոստոսին «Արտակ արք. Մանուկեան» թանգարան այցելեցին վաստակաւոր նկարիչ` Լալիկ Թաշճեանը, արձանագործութեան մայր Լիլիթ Տէրեան, բանաստեղծուհիներ Աստղիկ Բաբայեանը եւ Արփի Ալեքսանդրը, արուեստագէտ Լիտա Պէրպէրեանը, ճարտարապետ եւ դոկտորայի դասախօս Վերժիկ Խաչիկեանը, գեղանկարիչ Ծաղիկ Յովսէփեանը, դաշնակահարուհիներ Ռոզա Քէշիշեանը եւ Լուիզա Աւետիսեանը, փայտի քանդակագործ եւ համալսարանի դասախօս Ռիմա Սարգիսեանը եւ խեցեգործ Ալվարդ Աբրահամեանը: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Թեհրան գտնուող` Սպանիայէն ժամանած, «Խոստում» ժապաւէնի դերասանուհի եւ ժապաւէնի աշխատանքներուն համագործակցող Մարիէթ Մատթէոսեանը` ընկերակցութեամբ օփերայի երգչուհի Օֆիկ Մատթէոսեանի:
Յունաստան
Արցախի 22 Պատանիներ Կը Հիւրընկալուին Սիրոսի Մէջ` Ամրան Իրենց Արձակուրդին Համար
Այս տարի եւս պահպանուեցաւ արցախեան հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակները, ամրան արձակուրդին համար, Յունաստանի մէջ հիւրասիրելու մարդասիրական գեղեցիկ աւանդութիւնը, որ 20 տարիէ աւելի կը շարունակուի:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններու կազմակերպութեամբ ու ՍիրոսԷրմուփոլիի քաղաքապետարանի հրաւէրով` արցախեան հերոսամարտին զոհուած հայ ազատամարտիկներու 22 երեխաներ, մեծամասնութիւնը` Արցախի գիւղերէն ու 10-էն 16 տարեկան, հրաւիրուեցան Յունաստան եւ այս օրերուն կը հիւրընկալուին Սիրոս կղզիին մէջ:
Արցախահայ պատանիները 21 օգոստոս 2017-ին Աթէնք ժամանեցին եւ մինչեւ 23 օգոստոս հիւրընկալուեցան Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան մէջ, որ ինչպէս ամէն տարի, մեծ հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ մեր երեխաներուն հանդէպ, անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները` լաւ ժամանակ անցընելու նպատակով:
23 օգոստոսին խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Սիրոս կղզի` ընկերակցութեամբ իրենց պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբի ընկեր-ընկերուհիներուն: Սիրոսի` իրենց կեցութեան վայրին մէջ արցախահայ պատանիները բարձրացուցած են Արցախի, Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան պետական դրօշակները: Օրուան ընթացքին անոնց կը դասաւանդուին յունական ժողովրդային պարեր, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կ’ընկալուին երեխաներուն կողմէ: Ամէն առաւօտ եւ յետմիջօրէի անոնք ծովը կը վայելեն` ուրախ եւ անհոգ ժամեր անցընելով: Կ՛ունենան նաեւ զանազան այցպտոյտներ` դէպի կղզիի գեղատեսիլ վայրեր: Սեպտեմբեր 4-ին խումբը պիտի վերադառնայ Աթէնք, ուր տղոց կեցութիւնը ապահովուած է դարձեալ Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան մէջ, մինչեւ սեպտեմբեր 7-ը, երբ նախատեսուած է անոնց վերադարձը Արցախ:
Ֆինլանտա
Հայկական Խոհանոցը` Ֆինլանտայի Մէջ
20 օգոստոսին Ֆինլանտայի մէջ «Ճաշարանի օր» փառատօնի ծիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցան հայկական ճաշատեսակները:
Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան փոխնախագահ Մարինէ Դանոյեանը նկատել տուաւ, որ «Ճաշարանի օր»-ը Ֆինլանտայի մէջ տարին 4 անգամ իրականացուող եւ մեծ համբաւ ունեցող փառատօն է: Փափաքողները կրնան 1 օրով բանալ բացօթեայ ճաշարան եւ վաճառել իրենց պատրաստած ճաշատեսակները:
Հայկական համայնքը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ճաշակէք Հայաստանը» միասնական տաղաւարին մէջ` հայկական զանազան ճաշերով:
Յայտնենք, որ հայկական տաղաւարը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց եւ ներառուեցաւ համացանցին վրայ ձեռնարկի լաւագոյն տաղաւարներու հնգեակին մէջ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ Մարիամ Նուրմինէ յայտնեց, որ վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի փոխանցուի Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Ուսթըրի Մէջ Համազգայինի Մասնաճիւղ
Յունիս 14-ին Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ ձեռնարկով մը հիմը դրուեցաւ Ուսթըրի Համազգայինի մասնաճիւղին:

Այս առթիւ, խօսք առաւ Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արեւիկ Գաբրիէլեանը, որ յայտնեց, թէ այս մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի սեմին` Ուսթըրի մասնաճիւղը գործի լծուելով` ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՛ն աշխատանք կայ տանելիք մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ:
«Նոր մասնաճիւղ մը աւելցնելով` կը փաստենք, որ կը գործենք եւ շարունակ պիտի գործենք: Ի վերջոյ հայ մշակոյթի պահպանումը առաջնահերթութիւն մըն է, յատկապէս` սփիւռքի մէջ», յայտնեց Գաբրիէլեանը:
Շրջանի հովիւ Սահակ Եմիշեան, իր կարգին խօսք առնելով, յաջողութեան մաղթանքներ կատարեց: Անդրանիկ ժողովին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ Նանոր Պարսումեանը:

«Ուսթըրի հայոց ներկայութիւնը երկար պատմութիւն ունի, եւ շրջանի Համազգայինը բնականաբար իր դերը պիտի ունենայ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով», յայտնեց շրջանի գործօն անդամներէն Ճորճ Աղճայեանը:
Իսկ երիտասարդ բեմադրիչ Թալին Աւագեանը իր կարգին յայտնեց. «Այժմ ժամանակն է, որ Համազգայինի ճամբով զբաղուինք մշակոյթով, տոհմիկ պարերով եւ երաժշտութեամբ: Այսպէս կրնանք ապագայ սերունդներ պատրաստել եւ օտարին ալ ներկայացնել մեր մշակոյթը»:
Պոսթընի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Փրովիտենսի, Ուաշինկթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի եւ Ֆիլատելֆիոյ կողքին, Ուսթըր եղաւ Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի իններորդ մասնաճիւղը:
Րաֆֆի Սարկաւագ Կարապետեան Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետին Կողմէ Գնահատանքի Արժանացաւ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութեան, 12 օգոստոսին Ուիթիըրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներու եւ կամաւոր աշխատանք տանողներու գնահատման տարեկան հանդիպումը, որ կը կազմակերպուի պարգեւատրելու համար աւելի քան 20 տարիներու վաստակ ունեցող ծառայողները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ոստիկանապետ Ճիմ ՄըքՏանըըլ: Գնահատանքի արժանացան շուրջ 10 ծառայողներ եւ զինուորականներ, որոնց կարգին` Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան, որ արժանացաւ յատուկ յիշատակութեան, որովհետեւ 1994-էն ի վեր կը ծառայէ բանտարկեալներու, ըլլան անոնք հայ թէ ոչ-հայ:
Լոյս Տեսաւ «Առաջին Երգարանս» Մանկական Երկլեզու Երգարանը
Վերջերս լոյս տեսաւ «Առաջին երգարանս» խորագրուած հայերէն եւ անգլերէն երգերու մանկական երգարանը` հեղինակութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ երաժշտութեան դասախօս դոկտ. Քարեն Չութճեան-Փրեսթիի:
Դոկտ. Քարեն Չութճեան-Փրեսթի ունի այն համոզումը, որ երգը լաւագոյն միջոցն է նոր լեզուներու ծանօթացման:
Գիրքին կ՛ընկերանայ սկաւառակ մը, որուն մէջ հատորին երգերը կ՛երգէ Սթեֆընի Չութճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ անոր քրոջ` Քարենին:
Երգերուն մէկ մասը հայկական, ամերիկեան, գերմանական եւ անգլիական աւանդական երգեր են, որոնք թարգմանուած են հեղինակին կողմէ, իսկ մնացեալները գրուած են հեղինակին կողմէ:
Հատորին գծագրութիւնները կատարած է Էլիսթըր Սետլըրը:
Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի «Էտգենթիսթ» Հիւանդանոցին Մէջ
Յաջորդաբար 25-րդ տարին ըլլալով, 9 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, խաղողօրհնէք կատարուեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ:
Արարողութիւնը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան` մասնակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն:
Հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի նախագահ տոքթ. Քեւին, Ռապըրց ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալական խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, հոգեւոր հայրերուն ու Ազգային առաջնորդարանին, որոնք ամէն տարի այս արարողութիւնը կը կատարեն սոյն հիւանդանոցի յարկին տակ:
Յանուն առաջնորդ սրբազանին` խօսք առաւ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, որ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:
Իր կարգին, Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ տուաւ իր օրհնութիւնները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
Նշենք, որ խաղողի տոպրակներուն վրայ հակիրճ բացատրութիւններ արձանագրուած էին այս տօնի խորհուրդին մասին:
Փակման աղօթքը կատարեց հիւանդանոցի հոգեւոր հարցերու պատասխանատու պատ. Ալիս Փարսընզ Զուլի:
Արարողութենէն ետք հոգեւոր հայրերը այցելեցին կարգ մը հիւանդներու սենեակներ, ուր Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան բժշկութեան աղօթք կարդաց հիւանդներուն համար, որոնք եւս ստացան օրհնուած խաղողէն










