Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 26, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Գինեձօն-Շնորհահանդէս` «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հրատարակութեան

Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, կատարուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Այս հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձուցած է Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, որ կը գործէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տնօրինութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ Ա. քհնյ. Քեհեայեանը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ խօսքը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան` իբրեւ Մովսէսի միջոցով տրուած աստուածային պատգամ, իբրեւ Աստուծոյ պահպանութեան ու հոգատարութեան խոստումը` Իր օրէնքներուն ու պատգամներուն հնազանդող ժողովուրդին: Ապա հրաւիրեց Հրայր Ճէպէճեանը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը:

Դոկտ. Ճէպէճեան նախ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս հրատարակութիւնը կը բաժնուի հայ դպրութեան` թարգմանչաց վարդապետներու տօնական օրերուն, երբ հայ համայնքները իրենց ազգային թէ կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ կը կեդրոնանան հայ գիրի եւ գրականութեան սկիզբ տուած մեսրոպեան սերունդի տարած աշխատանքին` դիտել տալով, որ այս Աստուածաշունչը յատուկ եւ մատչելի է  մերօրեայ պայմաններուն մէջ ապրող եւ հասակ նետող մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, մանաւանդ որ թէ՛ գրութեան ոճը եւ թէ՛ պատկերներու ներկայացումը հաճելի պիտի ըլլան բոլորին: Իբրեւ Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար` ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց ընդհանրապէս ընկերութեան նպատակն ու տարած մեծ աշխատանքը: Աւելի քան 200 երկիրներու մէջ Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակներն ու աշխատակազմերը իրենց նպատակը դարձուցած են Աստուածաշունչը հասանելի դարձնել բոլորին` իրենց մայրենի լեզուներով: «Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է ունենալ Աստուածաշունչը մայրենի լեզուով: Ուրախ եմ, որ գտնուեցան` անոր թարգմանը, շարադրողը եւ տպագրողը, ինչպէս նաեւ` բարերարները, որպէսզի այսօր որպէս նուէր բաժնուի բոլորին: Մենք վստահ ենք, որ մեծ հաճոյքով պիտի կարդան բոլորը եւ, ինչո՞ւ չէ, շատերու կեանքը պիտի փոխուի այս ընթերցումներով, եւ անոնք իրենց կեանքի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ օրհնութիւն պիտի գտնեն Աստուծմէ», ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան: Աւարտին, ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանին, որ առաջին օրէն, երբ գերմաներէն օրինակը տեսաւ, փափաքեցաւ եւ քաջալերեց, որ անպայման այս հրատարակութիւնը իր յաջողութիւնը ունենայ:

Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան իր կարգին շնորհաւորեց տարուած աշխատանքը եւ անգամ մը եւս շեշտեց Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը հայ նոր սերունդներու դաստիարակութեան համար` որպէս ամէնօրեայ սնունդ, որուն դերը անփոխարինելի է: «Մեր համոզումն ու հաւատքն է, որ Աստուածաշունչը կը վերանորոգէ, կ՛երիտասարդացնէ մարդը, կը հանգստացնէ յոգնածը, կը գօտեպնդէ յուսահատը եւ կը բժշկէ հիւանդը», հաստատեց ան: Հայր սուրբը գնահատեց Աստուածաշունչի ընկերութեան տարած աշխատանքը` ուժ եւ կորով մաղթելով անոնց:

Ապա քահանայ հայրը բեմ հրաւիրեց Ազգ. վարչութեան ատենապետ Մունիր Դարբինեանը, տէր եւ տիկին Ճէպէճեանները եւ Աստուածաշունչի ընկերութեան Քուէյթի բաժինի տնօրէն Եուսեֆ Սապրին, որպէսզի կատարուի գիրքին գինեձօնը:

Արարողութենէն ետք բոլոր ներկաները իրենց օրինակները ստանալով, մեկնեցան եկեղեցիէն` իրենց հետ տանելով յիշատակելի օրուան մը տպաւորութիւնները եւ իրենց առօրեան լեցնող Աստուծոյ խօսքը` «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»:

Յունաստան

 ՀՅԴ Յունաստանի 80-րդ Շրջանային Ժողով

ՀՅԴ Յունաստանի 80-րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ շաբաթ 14 եւ կիրակի 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի մէջ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակուեցաւ ժողովի դիւանին կողմէ:

Ժողովը, համապարփակ քննութեան ենթարկելէ ետք կուսակցական եւ կազմակերպական հարցերը, ինչպէս նաեւ ազգային ու միութենական կառոյցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յանգեցան համապատասխան որոշումերու` գաղութի կեանքը առաւել եւս կենսագործելու եւ աշխուժացնելու նպատակով:

Իր աշխատանքները աւարտելով` Շրջանային ժողովը յաջորդ շրջանին համար ընտրեց նոր Կեդրոնական կոմիտէ` բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Գնունի Զաւէն, Գույումճեան Սերգօ, Էրջենեան Գրիգոր, Էքիզեան Քերոբ, Հալաճեան Պետրոս, Մանուկեան Յարութիւն, Յովակիմեան Յակոբ, Սերոբեան Յարութիւն եւ Ստեփանեան Ատրիկ:

Ֆրանսա

Զրոյց-Դասախօսութիւն` Հայկական Տարազներու Մասին

Կազմակերպութեամբ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան, 13 հոկտեմբերին «Չենեւիէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն մը` «Հայկական ազգային  տարազներ» խորագիրին տակ:

Սոյն դասախօսութեան ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հայ մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ճինպաշեան յայտնեց, որ իրենց  նպատակն է կազմակերպել նման մշակութային ձեռնարկներ` քաջալերելու եւ տարածելու համար հայկական պատմութիւնն ու մշակոյթը:

Օրուան հանդիսավարն էր վաստակաւոր արուեստագէտ, բեմական նկարիչ, դասախօս` թատերական նկարազարդումներու, մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպիչ, տարազներու եւ գիրքերու հեղինակ, մասնաւորաբար հրաւիրուած Հայաստանէն, Աշոտ Համբարձումեանը: Համբարձումեանին ընկերակցեցաւ Գայեանէ Աւագեանը:

Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսը փետրուար ամսուն քանի մը  շաբաթ պիտի ցուցադրուի Վալանսի Հայ մշակոյթի տան սրահին մէջ:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?