Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 2, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Մեկնարկի Հաւաքոյթին Հանգանակուեցաւ Աւելի Քան 80 Հազար Տոլար

Յաջորդ տարի յոբելենական է 109-ամեայ «Ասպարէզ»-ին համար: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ծառայութեան փառաւոր վաստակով սոյն օրաթերթը գալիք տարի կը դառնայ 110 տարեկան, եւ այս նշանակալի տարեդարձը նշելու կը պատրաստուի «Ասպարէզ»-ի ընտանիքը:

Իբրեւ մեկնարկ 110-ամեակի ձեռնարկներուն` անցեալ 19 հոկտեմբերին «Ասպարէզ»-ը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը Կլենտէյլի հանրայայտ ճաշարաններէն` «Ֆինիսիա»-ի մէջ:

160-է աւելի «ասպարէզականներ»-ու ներկայութեամբ սոյն հաւաքը հիւրընկալեց «Ֆինիսիա»-ի սեփականատէր Արա Գաֆաֆեանը, որ, ի միջի այլոց, առաջին անգամը չէ, որ «Ասպարէզ»-ին նիւթապէս կը զօրակցի:

Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք կարելի է դասել մեր համայնքի կառոյցներուն հետեւողականօրէն զօրակցող ազգային բարերարներու շարքին:

«Ասպարէզ»-ի խմբագրութեան խնդրանքին ընդառաջելով` Վահէ Պէրպէրեանը իր վերջին մենախօսութենէն` «Ուրեմն»-էն պատառիկներ ներկայացուց` հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ:

Երեկոյի ընթացքին խօսք առին` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Այտա Տիմեճեանը, թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը, անգլերէն բաժինի նախկին աշխատակից Թամար Գեւոնեանը, հայերէն բաժինի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:

Ձեռնարկէն առաջ եւ երեկոյի ընթացքին կատարուած հանգանակութեանց շնորհիւ գոյացաւ աւելի քան 80 հազար տոլար:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 51-ամեակի Տօնակատարութիւն

14-15 հոկտեմբերին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը հանդիսաւոր կերպով նշեց եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը:

Շաբաթ 14 հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն նպատակն էր առաջնորդին հովանաւորութեամբ տօնախմբել եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը եւ պատուել համայնքին երկար տարիներով նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած երկու անդամներ` Աննիկ Զինտարսեանը եւ Լէօ Տօնեանը:

Օրուան հանդիսավար Նայիրա Տէր Կիւրեղեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձին առիթով յանձնախումբին անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց բոլորին: Հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Միրիկեան անդրադարձաւ օրուան մեծարեալներու ծառայութեան եւ համայնքին կեանքին մէջ անոնց ներդրումին: Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի տնտես Քարլոս Մենտոզանը` տասնամեակներու իր հաւատարիմ ծառայութեան համար. անոր յանձնուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսին գնահատագիրը: Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը:

Սրբազանը իր կարգին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը` գնահատելով բոլոր այն նուիրեալ կամաւորները, որոնք եկեղեցւոյ շինութենէն մինչեւ այսօր իրենց կեանքը նուիրած են ու դեռ կը նուիրեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Ան նշեց, որ նման տօնախմբութիւններ առիթ են վերադառնալու անցեալի իրագործումներուն, սակայն նաեւ անոնցմէ մեկնելով` ծրագրելու յառաջիկայ աշխատանքները:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Կիրակի, 15 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդը մատուցեց Ս. պատարագ եւ տուաւ իր հայրական պատգամը: Ան շնորհաւորական խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ 51-րդ տարեդարձին առիթով` մաղթելով, որ աւելի քան կէս դար առաջ սկսած երթը շարունակուի վերանորոգ կենսունակութեամբ:

Ան յիշեցուց, որ նախորդ օրը` շաբաթ, տօնն էր թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնք ապահովեցին ու երաշխաւորեցին ազգին ապագան, աւելցնելով, որ դարեր ետք մենք հաւատարիմ ենք անոնց սրբազան աւանդին, որովհետեւ անոնք լուսաւորեցին մեր միտքը եւ մշակութային զարթօնք պարգեւեցին մեր ժողովուրդին` երաշխաւորելով մեր ազգային ինքնութիւնը: Ան յորդորեց ներկաները` հետեւելու Քրիստոսի ու մեր սրբազան հայրերու օրինակին, ի խնդիր մեր ժառանգութեանց պահպանման ու զարգացման:

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին եկեղեցւոյ կողքի գրադարանի սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ներկաները շնորհաւորեցին սրբազանը` 60-ամեակին ու ձեռնադրութեան յոբելենական տարուան առիթով, նաեւ երախտագիտութիւն արտայայտեցին իբրեւ առաջնորդ անոր նուիրեալ ծառայութեան համար: Արծարծուեցան եկեղեցւոյ առաքելական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր` նպատակ ունենալով աւելի եւս բարելաւել ծխական համայնքի կեանքը: Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատեց տարուած աշխատանքը` յորդորելով ներկաները առաւել խանդավառութեամբ եւ գործակցութեամբ շարունակել իրենց աշխատանքը:

Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հայկական Հիմնարկի 18-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն

Հովանաւորութեամբ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնին, վերջերս «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի տարեկան 18-րդ ձեռնարկը` «Արշաւ` կեանքի համար» թեմայով:

Երեկոյի հանդիսավարն էր հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեանը, որ նշեց, թէ երեկոն «առատաձեռնութեան» մարմնացումն է:

Օրհնութեան աղօթքը կատարեց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, որ դրուատեց «Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ կամուրջ» հանդիսացող սոյն հիմնարկին աստուածահաճոյ գործունէութիւնը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը, որ ողջունեց հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին ու անոր գործակիցներուն, կամաւորներուն եւ ոսկրածուծի նուիրատուներուն ամբողջական նուիրումը` այս բարեսիրական նախաձեռնութեան:

Ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ Սոնա Աշճեանը եւ Էյմի Պոյաճեանը:

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօս` հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հիմնարկին երկու գլխաւոր սիւներն են անոր անձնուէր կամաւորներու աշխատանքը եւ առատաձեռն հովանաւորներուն ցուցաբերած շարունակական նուիրումը: Ան նաեւ նշեց նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումները, որոնց շարքին էին Լոս Անճելըսի մէջ քաղցկեղի նուիրուած գիտաժողովը, արժանթինահայութեան միացումով` հիմնարկի գործունէութեան դաշտը 30 երկիրներու հասցնելը, ոսկրածուծի 30-րդ պատուաստումին իրականացումը եւ մանաւանդ` Հայաստանի մէջ ոսկրածուծի պատուաստումի կեդրոնին բացումը:

Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Ճորտըն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի երկարամեայ աջակիցներէն տոքթ. Նուպար Պօղոսեանին, որ վերջերս նաեւ հիմնարկի վարչութեան անդամ դարձաւ:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխում, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Երեւանի ոսկրածուծի կեդրոնի բացման եւ հոն տեղի ունեցած 30-րդ պատուաստումին (Արցախի ազատամարտիկներէն մէկուն) մասին տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ «Էլըն Ճի» երաժշտական համոյթին:

Պատմական Հայաստանի Նուիրուած Լուսանկարներու Հատորը

Վերջերս «Մաշտոց» քոլեճի հրապարակութեամբ  լոյս տեսաւ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի «Վոյսըզ ին սայլընս: Մայ պատի քրայտ: Մայ սոլ քրայտ: Մայ հարթ քրայտ» 350 էջնոց հատորը, որ կը բովանդակէ դէպի Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա իր կատարած  ուխտագնացութիւններուն ընթացքին իր կողմէ  նկարուած աւելի քան 1000 գունաւոր լուսանկարներ:

Քուէյթ

«Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» Հատորը

25 հոկտեմբերին Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան տնօրէն շէյխ Եուսեֆ Սապրիի եւ Արտակ Ա. քհնյ. Քեհեայեանի, այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան եւ իւրաքանչիւր աշակերտի (առաջինէն վեցերորդ) նուիրեց «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքը` քաջալերելով ներկայ սերունդը կարդալու Աստուծոյ խօսքը, հասկնալու եւ կեանքի վերածելու անոր պատգամները:

Յայտնենք, որ նոր սերունդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց ամրօրէն պահելու եւ Աստուածաշունչը դարու պահանջներուն համահունչ ձեւով ու ոճով երիտասարդութեան հրամցնելու հրամայականէն մեկնած` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան սիրայօժար ստանձնած էր «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» հատորի հրատարակութեան աշխատանքը:

Քանատա

«Բարեւ» Կեդրոնի Բացում

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի, 15 հոկտեմբերին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց  առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցաւ քանատահայ համայնքի ծառայութիւններու «Բարեւ» կեդրոնին բացումը:

Նախքան հանդիսութիւնը` եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ կեդրոնի հիմնադիր եւ նախագահ, Քանատայի հայոց թեմի փոխառաջնորդ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Բարեւ» կեդրոնի վարչութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ կամաւորներու օրհնութիւնը, որուն աւարտին իր պատգամը տուաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդը:

Այնուհետեւ, դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան կարդաց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրամանագիրը` ուղղուած Պերճ սրկ. Լուլեճեանի` հայրենիքին, Արցախին եւ հայոց բանակին մատուցած անոր ծառայութիւններուն եւ Հայաստանի «Երախտագիտութեան մետալ»-ով պարգեւատրումին առիթով, որմէ ետք  յանձնեց շքանշանը:

«Երեք Քրիստոսներ» Նոր Ժապաւէնը

Այս տարուան Թորոնթոյի միջազգային ժապաւէնի փառատօնի ցուցադրութիւններու ծիրին մէջ ներկայացուած «Երեք Քրիստոսներ» ժապաւէնը, որ ժապաւէնի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի բեմագրութեան հիման վրայ, մեծ արձագանգ գտաւ:

Ժապաւէնը հիմնուած է լեհ-ամերիկացի հոգեբուժ Միլթըն Ռոքիչի 1964-ին հրատարակած «Իփսիլանթիի Քրիստոսները» ինքնակենսագրական վէպին վրայ, որուն գլխաւոր տիպարները` հոգեկան երեք հիւանդներ, իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ ինք Յիսուս Քրիստոսն է:

Ժապաւէնի բեմադրիչ եւ բեմագրութեան համահեղինակ Ճոն Աւնեթ «Երեք Քրիստոսներ»-ու գլխաւոր դերերէն մէկը յանձնած է հոլիվուտեան աստղ Ռիչըրտ Կիրին` հոգեկան հիւանդներու բուժման նոր ձեւեր որոնող հոգեբուժ Ալան Սթոնի դերակատարութեամբ:

Ամերիկահայ բեմադրիչ եւ բեմագիր Էրիք Նազարեան ծանօթ է իր «Կապոյտ ժամ» ժապաւէնով, որուն մէջ դեր ստանձնած է հոլիվուտեան աստղերէն Ալիսիա Միլանօ: Ան նաեւ բեմադրած է Պոլսոյ մասին կարճ ժապաւէն մը: Ներկայիս Էրիք Նազարեան իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէնի մը վրայ, որուն բեմադրիչն ու բեմագիրը ինքն է:

Թորոնթոյի միջազգային ժապաւէնի փառատօնին ցուցադրուելէ ետք, բազմաթիւ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ իրենց հրատարակած տեղեկագրութիւններուն մէջ դրական գնահատականներ կատարեցին «Երեք Քրիստոսներ»-ու միասին` շեշտելով, որ ժապաւէնը յուզիչ է, իսկ դերակատարութիւնները յաջող  եւ ազդեցիկ են:

Ֆրանսա

Փարիզի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձի Նշում

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուրի հրաւէրով 3   հոկտեմբերին Փարիզի «Փոքր պալատ»-ի շքեղ  սրահին մէջ  նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձը:

Դեսպան Վ. Չիտեչեան  խօսք առնելով` յիշեց Հայաստան-Ֆրանսա 25-ամեայ  դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած պատմական նշանակութեամբ  դէպքերը, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարին (2006-2007),  Ֆրանսայի նախագահներուն Հայաստան այցելութիւնը`  Ցեղասպանութեան 100-ամեակին  առիթով  եւ անկէ առաջ: Դեսպանը դրուատեց երկու ժողովուրդներու բարեկամական սերտ կապերը:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի  ներկայացուցիչ Փաթրիք  Քլիւկմանը իր կարգին շեշտեց Ցեղասպանութեան ճանաչման  եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին կարեւորութիւնը:

Ելոյթներուն յաջորդեց  ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին «Երազ» պարախումբը ներկայացուց քանի մը պար:

Նախորդը

Տոքթ. Զաքար Մկրեան Եւ Իր «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» Հատորը

Յաջորդը

Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?