Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Նշում
27 նոյեմբերին Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը:
Օրուան բանախօս, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնած է հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ հասակ նետած է անոր ծառայելու համար` ի խնդիր անոր արդար Դատի լուծման ուղղութեամբ տարուող պայքարի, շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը իր կարելին պիտի ընէ ունենալու համար աշխուժ, կազմակերպուած եւ կենսունակ սփիւռք` իր կողքին ունենալով հայրենի երկրի ու պետականութեան օժանդակութիւնը:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի անցնող 127 տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան լիցքաւորած է սերունդներ, կենսաւորած է զանոնք այն գաղափարով, որ իր ժողովուրդին է, եւ որ հայրենիքի ծոցէն ծնած է եւ անոր համար հայրենիքը այդ գաղափարախօսութեան առանցքն է: Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն փառաբանանքի կարիքը չունի, որովհետեւ իր անցեալ գործը եղած է իր պատմութիւնը: Առաջնորդը անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի ազգանուէր ծառայութիւններուն, ինչպէս` 1918 թուականին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման գործին մէջ ունեցած անզուգական դերակատարութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փարիզ
ՀՅԴ-ի Փարիզի Մէջ Կազմակերպած Ընթրիքը` Ի Պատիւ ` Ֆրանսուա Հոլլանտի
ՀՅԴ-ի Փարիզի կառոյցը 9 նոյեմբերին Փարիզի «Պետրոսեան» ճաշարանին մէջ կազմակերպեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին ի պատիւ ընթրիք մը, որուն նպատակն էր մեծարել հանրապետութեան նախկին ղեկավարը` պաշտօնավարման իր հնգամեակին ընթացքին ֆրանսական հիմնարկութիւններուն մէջ ֆրանսահայ համայնքի տեղի ամրապնդման եւ Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման մէջ ունեցած ներդրումին համար:
Ընթրիքին ներկայ էին` Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Հայ դատի յանձնախումբի եւ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի պատասխանատուներ, «Սի. Սի. Էյ. Էֆ.»-ի համանախագահներ` Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, ընկերվարական քաղաքական գործիչներ` Ռընէ Ռուքէ, Լիւք Քարվունաս, Ֆրանսուա Փիւփոնի եւ Պեռնար Փուանիան, շարժապատկերի եւ երաժշտութեան աշխարհէն Ալեն Թերզեան եւ Անտրէ Մանուկեան:
Վիգէն Չալդրանեանի «Վարդապետի Լռութիւնը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը
19 նոյեմբերին Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Վիգէն Չալդրանեանի` Կոմիտասին նուիրուած «Վարդապետի լռութիւնը» ժապաւէնը` ներկայութեամբ բեմադրիչին:
Համազգայինի վարչութեան անունով բացումը կատարեց Ռոզիկ Թաշճեան-Ադամեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Չալդրանեանին ստեղծագործութիւնները` «Լռութեան ձայնը», «Լռութեան սիմֆոնիա», «Ձայն բարբառոյ»:
Վիգէն Չալդրանեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինին` ժապաւէնի ցուցադրութեան կազմակերպման համար: Ան ընդգծեց, որ ժապաւէնը կենսագրական բնոյթ չունի, այլ Կոմիտասի վերջին 20 տարիներու լռութեան մասին է, եւ այդ լռութիւնն է, որ հետաքրքրած է զինք: Անդրադառնալով իր ապագայ ծրագիրներուն` ան նշեց, որ կը յուսայ բեմադրել նաեւ Գրիգոր Նարեկացիին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած ժապաւէններ:
Ժապաւէնին հերոսը` Էդգար Նովենց (Վարդան Մկրտչեան) հայ ժամանակակից գրող եւ համալսարանի դասախօս է, որ կ՛ուզէ Կոմիտասի մասին վէպ մը ստեղծել: Հիմնուելով արխիւներու, պատմական փաստերու եւ վկայագրութիւններու վրայ` ան կը փորձէ Կոմիտասի հոգեբուժարան ապրած տարիներու առեղծուածը բացայայտել: Ժապաւէնին մէջ մէկ դար հեռաւորութեամբ անցեալը եւ ներկան իրարու կը յաջորդեն: Բեմադրիչը կրցած է իրականը եւ երեւակայականը միաձուլել` առանց ցնցիչ հակադրութիւններ ստեղծելու: Լռութիւնը առկայ է ժապաւէնի ամբողջ տեւողութեան: Նոյնիսկ երբ աղմուկ կամ երաժշտութիւն կը լսուի, տիրողը դարձեալ լռութիւնն է:
Սպահան
Թեմի Առաջնորդի Առաջին Այցելութիւնը Շիրազ
6 նոյեմբերին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան իր հովուական առաջին երկօրեայ այցելութիւնը տուաւ շիրազահայութեան:
Առաջին հերթին ան այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մօտէն ծանօթացաւ եկեղեցւոյ շէնքի իրավիճակին եւ պահանջուող նորոգութիւններուն: Նոյն օրը երեկոյեան «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի վարչութեան հետ: Սոյն հանդիպման ընթացքին վարչութեան անդամները զեկոյցով հանդէս եկան համայնքային կեանքի եւ մարմինի գործունէութեան մասին. այնուհետեւ ներկայացուցին իրենց դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, իսկ առաջնորդ սրբազանը գնահատեց վարչութեան գործունէութիւնը եւ համայնքին աշխուժ ու կազմակերպուած վիճակը:
Այնուհետեւ «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:
7 նոյեմբերին «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ սրբազանը ընդունեց Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան Ֆարս նահանգի գերատեսչութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու պատասխանատու Միրտեհղանի այցելութիւնը, նաեւ` գլխաւոր տնօրէն Մորիտի: Հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Շիրազի եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ հայ համայնքը յուզող հարցեր: Նշենք, որ եկեղեցւոյ նորոգութիւնները իրականացնելու համար Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան Ֆարս նահանգի գերատեսչութիւնը լայն համագործակցութիւն ցուցաբերած է համայնքային վարչութեան հետ` պատկան կազմակերպութիւններէն օժանդակութիւններ ստանալու եւ հարկ եղած համադրումները կատարելու ուղղութեամբ:
Սուրիա
Վերանորոգուած Է Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Վարժարանը
Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերի առաւօտուն, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը այցելեց Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր վարժարան եւ աթոռանիստ եկեղեցի ու հանդիպում ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանին հետ, որ ներկայացուց պատերազմի տարիներուն հրթիռակոծումներու պատճառով Թիլել շրջանին մէջ գտնուող Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին եւ Ս. Գրիգոր վարժարանին ու աթոռանիստ եկեղեցւոյ կրած վնասները` դիտել տալով, որ խաղաղութեան հաստատումէն ետք առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ վարժարանի վերանորոգութեան, որպէսզի աշակերտները բնական պայմաններու մէջ սկսին վերամուտը:
Հետագային պիտի վերանորոգուի նաեւ աթոռանիստ եկեղեցին, որ յաջորդական հրթիռակոծումներու ենթարկուելով` մեծ վնասներ կրած է:
Առաջնորդը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց թերթին` անխափան հրատարակման համար, դիտել տալով, որ հետեւողականօրէն կը ստանայ «Գանձասար»-ը:
Խօսուեցաւ մամուլի կարեւորութեան եւ երիտասարդ սերունդին մէջ գրելու եւ կարդալու հետաքրքրութիւնը զարգացնելու միջոցներուն մասին:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութեան
Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով 20 նոյեմբերին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի եւ կնոջ` Մայային: Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ Լուիս Լահուտ, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս արք. Մաթար, տիւրզի համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ժիհատ Ուահպէ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանի, ներկայ եղաւ ընդունելութեան:
Խօսք առին` Լուիս Լահուտ, Պուլոս արք. Մաթար, շէյխ Ուահպէ եւ առաջնորդ սրբազանը, որ ողջունեց ներկաները, յատկապէս` պաշտօնական հիւրերը, շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը` նշելով, որ անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ մըն է: Ան նշեց, որ ամէն անգամ, երբ Լիբանան կ՛այցելէ, ականատես կ՛ըլլայ երկրի ապրած բարելաւման ու մաղթեց, որ երկիրը մնայ ապահով ու շարունակէ բարգաւաճիլ խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Առաջնորդ սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ հիւպատոս Իպրահիմի ծառայութեան մասին եւ զայն բնորոշեց իբրեւ հաւատացեալ եւ տեսիլք ու սկզբունք ունեցող անձնաւորութիւն, որ հիւպատոսութիւնն ու լիբանեւամերիկեան գործակցութիւնը բարձրացուցած է նոր մակարդակի: Ան գնահատեց անոր ու ընտանիքին անկեղծ բարեկամութիւնը` հանդէպ իր անձին, եւ սերտ գործակցութիւնը` ամերիկահայերու հետ եւ յանուն հայ-ամերիկեան համայնքին ու անձնապէս յաջողութիւն մաղթեց անոր ու ազնիւ տիկնոջ` իրենց յառաջիկայ առաքելութեան մէջ:
Ժ. Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք 66 ամիսէ ի վեր կը ծառայէ Լոս Անճելըսի մէջ եւ հաւատարմութեամբ ծառայած է հայրենիքին: Ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին` գնահատելով անոր բարեկամութիւնը, որուն համար արտայայտեց խոր յարգանք:
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէն Կը Պատուէ Վաստակաւոր Ընկերները
21 hոկտեմբերին Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կոմիտէն պատուեց վաստակաւոր ընկերները:
Օրուան պատգամը տուաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Նահապետեանը: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց կոմիտէի եւ անոր հովանիին տակ գործող միութիւններու եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան վրայ` հաստատելով, որ այս բոլորը իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունեցան ներկայ համայնքի կազմութեան մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս պայմանները փոխուած են, սակայն Դաշնակցութեան ծրագիրը կը մնայ նոյնը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, աւելցնելով, որ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն առաջնորդուեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ այդ յանձնառութեամբ ալ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ օրուան հովանաւոր Մայք Սարեանը, որուն ազգային գործունէութեան ծանօթանալու առիթ ընծայուեցաւ ներկաներուն:
Աւարտին, կոմիտէին կողմէ յատուկ գնահատական յուշագիրներ յանձնուեցան 60 տարիներու վաստակ ունեցող 15 ընկերներու:
Արցախի Ականազերծման Արշաւին Ի Նպաստ 8000 Ամերիկեան Տոլար
Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբին, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքամէջը գտնուող «Փիքս արթ» ընկերութեան կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հէյլօ թրասթ»-ի կողմէ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել աւելի քան 8000 ամերիկեան տոլար:
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբին անունով Քնար Քահքէճեան խօսք առնեով` շեշտեց Արցախի տարածքին կեանքեր փրկող ականազերծման աշխատանքներուն անյապաղ ամբողջացումը իրականացնելու կարեւորութիւնը:
Հեղինակ եւ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆենքճեան իր եւ Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի երեխաներու լուսանկարներուն միջոցով արտայայտուեցաւ ականներու վտանգի ամէնօրեայ մտավախութեան տակ ապրող Արցախի բնակչութեան դժուարութեանց, ինչպէս եւ «Հէյլօ թրասթ»-ի գործունէութեան մասին:
«Հէյլօ թրասթ»-ի զարգացման բաժանմունքի վարիչ Էնտրու Մուր մանրամասնութիւններ տուաւ կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ 16 տարիներէ ի վեր կատարուող ականազերծման գործունէութեան մասին` նշելով, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի Մարտակերտի Նոր Մարաղա գիւղի մօտակայ տարածքը ականազերծելու աշխատանքներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Փիքս արթ» ընկերութեան եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Արցախը ամբողջութեամբ ականներէ մաքրելու ծրագիրին: