Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Կիպրոս
Դասախօսութիւն-Քննարկում` Տեղեկատուական Հարցերու Մասին
Ուրբաթ, 13 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սարհին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-քննարկում` հայկական տեղեկատուական խնդիրներուն մասին: Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան:
Դասախօսութեան ներկայ էին կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութեան անդամները, Նարեկ Ազգային վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, մամուլի աշխատակիցներ եւ գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի ատենապետ Արթօ Դաւիթեանը, որ ներկայացուց նիւթին կարեւորութիւնը` շեշտելով այս մարզին մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող նորութիւններուն դիմաց հայկական լրատուամիջոցներու որդեգրելիք միջոցներու հրամայականը:
Դասախօսական հանդիպումը վարեց դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանը, որ նախաբան կատարեց պատմութեան ընթացքին մամուլին ունեցած ազդեցութեան` հանրային կարծիքի կայացման գործընթացին վրայ: Ճեպեճեան նաեւ խօսեցաւ «Ազդակ»-ի իրականացուցած բազմաշերտ աշխատանքներու մասին` շեշտելով թերթին հրապարակումներուն առանցքը` առարկայականութիւնն ու համահայկականութիւնը:
Օրուան դասախօս Շահան Գանտահարեան նիւթը բաժնեց հիմնական երեք մասերու`
ա.- Ընդհանուր տեղեկատուական դաշտը` այսօր,
բ.- Հայկական լրատուադաշտի դիմագրաւած խնդիրները եւ
գ.- Բովանդակային խնդիրներ. կիպրական օրինակը:
Երեք ուղղութիւններուն շուրջ զեկուցելէ ետք Շահան Գանտահարեան եզրափակեց. «Կիպրոսը հայկական գործընթացներու համար այսօր ամէնէն դրական ենթահողն է աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ: Այս պատճառով ալ որքան աշխուժանան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները, որքան համասփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական գործունէութեան կիզակէտին վրայ յայտնուի Կիպրոսը եւ որքան ալ ճիշդ առարկայական լուսաբանումներ կատարէ հայկական լրատուադաշտը նման յայտարարութիւններու եւ անոնց հետեւելիք քաղաքական քայլերուն, այնքան կը շահի հայկական դաշտը թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ սփիւռք եւ թէ՛ իբրեւ, մեր պարագային, լրատուադաշտ»:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում. ներկաները իրենց տեսակէտներով եւ տեղեկատուական ոլորտի վերաբերող հետաքրքրական առաջարկներով ներդրում բերին ձեռնարկի բովանդակութեան:
Գերմանիա
Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի Պարգեւատրում
8 հոկտեմբերին Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան այցելեց Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաք, ուր հրաւիրուած էր խօսք արտասանելու տեղւոյն Ս. Խաչ Լուտերական աւետարանական պատմական եկեղեցւոյ մէջ Խաղաղութեան յեղափոխութեան յիշատակման օրուան միջազգային հաւաքի ընթացքին:
Վեր. Սելիմեան Սուրիոյ ժողովուրդին անունով տեղւոյն եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն յանձնեց Հալէպէն բերուած ափ մը հող, որ կը խորհրդանշէր տեղի ունեցած անհամեմատելի քանդումը, որ անարդարօրէն կատարուեցաւ ընդդէմ Սուրիոյ բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ կը խորհրդանշէր վերաշինութեան եւ վերակառուցման անդրդուելի կամքը Հալէպի բնակիչներուն:
Պաշտամունքէն ետք վեր. Յարութիւն Սելիմեան Սուրիոյ խաղաղութեան վերականգնման համար մատուցած ծառայութեան համար պարգեւատրուեցաւ Խաղաղութեան մրցանակի միջազգային յանձնախումբին կողմէ եւ Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքի քաղաքապետ Տեթլեֆ Սիթըլի ձեռամբ` «Սորտզ ինթու փլոշեր» խաղաղութեան մրցանակով:
Սոյն մրցանակը շնորհուեցաւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին` իր անխոնջ, նուիրակամ ու անձնուրաց ծառայութեամբ ձեռք բերած խաղաղութեան միջոցներու որոնման եւ գործունէութեան համար, որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ` հայրենիքի խաղաղութեան եւ արդարութեան ոլորտներուն մէջ իբրեւ նշանակալից ծառայութիւն:
Վեր. Սելիմեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ համայնքը կար եւ կը մնայ նախապատերազմական, պատերազմական եւ յետպատերազմեան շրջաններուն մէջ` իբրեւ խաղաղարար եւ ստեղծագործ ժողովուրդ եւ հաստատաբար պիտի ունենայ իր դրական ներկայութիւնը` խաղաղութեան ամբողջական գործընթացին եւ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագիրներուն մէջ, աւելցնելով, որ սոյն յուշամետալը արդարօրէն պիտի նկատէ խորհրդանիշ` սուրիաբնակ սուրիացիներուն հաստատակամ կեցուածքին:
Սուրիա
Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում
17 սեպտեմբերին, Գալատուրանի (Քեսապ) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի, դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Պետրոս սրկ. Մանճիկեանը քահանայ ձեռնադրուեցաւ: Սրբազան հայրը Ս. միւռոնով օծելով ընծայեալին ճակատն ու ձեռքերը` զայն վերանուանեց Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Մեղրիկ եպս. Բարիքեան իր քարոզի սկզբնաւորութեան բացատրեց խաչին խորհուրդը` որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի սիրոյն, Քրիստոս-մարդ միութեան ու նմանութեան եւ Քրիստոսի յօժարակամ խոնարհութեան: Ապա ան իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային` յիշեցուց, որ Աստուծոյ Ս. խորանին որպէս սպասաւոր` աղօթական կեանքին մէջ պէտք չէ տկարանայ, անշահախնդիր պէտք է ծառայէ եւ առաքինութեամբ ապրի:
Ձեռնադրութենէն եւ օծումէն ետք նորոգ ձեռնադրեալ քահանայ հայրը եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:
Յայտնենք, որ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան քառասնօրեայ հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ կազմաւորման շրջանը պիտի անցընէ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մեկուսանալով, որպէսզի աղօթքով ու պահեցողութեամբ առաւել զինուելով` պատրաստուի իր նոր առաքելութեան:
Համազգայինի Սուրիոյ «Սարդարապատ» Եւ «Շուշի» Պարախումբերու Ելոյթ
24 սեպտեմբերին փունջ մը աւանդական ու ժամանակակից պարերով ելոյթ ունեցան Համազգայինի Սուրիոյ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գարմեն Էֆէեանի եւ Վրէժ Թերզեանի:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով Պեթի Քիլերճեան եւ Սալբի Թիւֆենքճեան յայտնեցին, որ զոյգ պարախումբերը կու գան ողջունելու հալէպահայութիւնը, սկսելու նորն ու գեղեցիկը, շարունակելու Համազգայինի աւանդը: Անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, որ Համազգայինը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ հայկական պարային աւանդութիւնները գնահատելով` կը փոխանցէ զանոնք նորահաս սերունդին` երաշխաւորելու անոր գոյատեւումը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայկական` ազգագրական, արաբական` հայրենասիրական եւ օտար` իտալական, պարսկական, վրացական, հնդկական եւ «Սալսա» պարերը:
Օրուան հանդիսավար Պեթի Քիլերճեան բանաստեղծական մէջբերումներով հարստացուց յայտագիրը` վեր առնելով հայ արուեստի անկորոյս արժէքները:
Ելոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբերու 2017 տարեշրջանի նախապատրաստական փորձերն ու նախկին ելոյթները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին խօսք առաւ Յուսիկ քհնյ. Սեդրակեանը, որ բարձր գնահատեց զոյգ պարախումբերուն ելոյթը երկրի նման պայմաններուն մէջ, ապա դրուատիքով անդրադարձաւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները Համազգայինին կը վստահին` անոնց մէջ վառ պահելու համար հայկական մշակութային արժէքները:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան 40-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
17 սեպտեմբերին Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար Կարպիս Հինտոյեան, որ հրաւիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի օրհնէ սեղանները:
Առաջնորդ սրբազանը նախ շնորհաւորեց 40-ամեայ յոբելեար «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը եւ ընդգծեց անոր ներգործօն դերակատարութիւնը շրջանի հայութեան եւ ամերիկահայութեան կեանքին մէջ, ապա ան օրհնեց սեղանները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Լեռնավայր»-ի 40-ամեայ վաստակը արժանաւոր կերպով գնահատող տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Գեղամ Պերեճիքլեանին կողմէ:
«Լեռնավայր» կոմիտէութեան անունով Արման Պաղտոյեան ոգեկոչեց կոմիտէութեան ճամբով տեղական եւ համահայկական մակարդակներու վրայ ազգային գործունէութիւն ծաւալած անցեալ ու ներկայ սերունդներուն ի գործ դրած ճիգն ու իրականացուցած նպատակները` աւելցնելով, որ կատարուած գործը եւ առաքելութիւնը համայնքի համախմբո՛ւմն է, անոր հզօրացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ իբրեւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն դիմանալ, նաեւ` տեղական եւ համաամերիկեան մակարդակներու վրայ հայկական ազդեցութեան դաշտը ընդարձակել, որպէսզի հայութեան ու Հայաստանի ընդհանուր նպատակներուն շօշափելի օգտակարութիւն ձեռք բերուի»:
Ապա Պաղտոյեան ստանձնեց պետական անձնաւորութիւններու կողմէ կոմիտէութեան ուղղուած շնորհաւորագիրները` շրջանին մէջ կոմիտէութեան ցուցաբերած դրական ներգործութեան, ինչպէս նաեւ կրթական, ընկերային եւ համաամերիկեան ծրագիրներու իր անսակարկ մասնակցութեան համար:
Այնուհետեւ, գլխաւոր բարերարներ` Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը, Ճօ եւ Հուրիկ Պաղտատլեան ամոլը, դոկտ. Սարգիս եւ Սիմա Կարապետեան ամոլը ստացան երախտիքի խորհրդանշական նուէրներ` իբրեւ երախտագիտութիւն իրենց զօրակցութեան (բարերար Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները իրենց յուշանուէրը ստանձնեցին աւելի ուշ):
40-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Թաթիկեանը կարդաց աւելի քան 40 մոմավառ հայորդիներու, ազգային կառոյցներու եւ ուղեկից միութիւններու անունները, ապա հրաւիրեց զիրենք իրենց սեղաններուն վրայ տեղադրուած յատուկ մոմերը վառելու: Թաթիկեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ շնորհիւ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին իշխանական նուիրատուութեան` Փասատինայի Ֆութհիլ պողոտայի Հայ կեդրոնը այսուհետեւ պիտի կոչուի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւէլէքեան երիտասարդական կեդրոն»:
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով` վեր առաւ յետեղեռնեան շրջանին ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ` իբրեւ գաղութներու կազմակերպումը իրականացուցած առաջնորդող ուժ, որ նոյն թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նաեւ այսօր, աշխարհի վրայ սփռուած հայութեան թէ ամերիկեան ցամաքամասի գաղութներու կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յայտնենք, որ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով պատրաստուած էր յատուկ գրքոյկ մը, որմէ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
28 սեպտեմբերին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ կաթողիկէ համայնքի Պոլսոյ առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանը, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահօր նուիրուած ձեռնարկներուն առիթով:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք առաջնորդ սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխ տուաւ Ազգային առաջնորդարանի բազմաճիւղ առաքելութեան մասին, իսկ հիւր միաբանը ծանօթութիւններ տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին` միաբանութեան հիմնադրութեան 300-ամեակի նշումը: Արծարծուեցան նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան առնչուող հարցեր: Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մխիթարեաններու մշակութային գործունէութեան մասին` անցեալին թէ այսօր, ու յաջողութիւն մաղթեց Մխիթարեան հայրերուն:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Մշակոյթի Պահպանման Յանձնախումբին Տարեկան 2-րդ Ձեռնարկը
Վերջերս Ֆրեզնօ քաղաքի քոլեճի պատմական վարչական շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական Հովիտի Հայ մշակոյթի պահպանման յանձնախումբին տարեկան 2-րդ ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան յանձնախումբին անցեալ տարուան գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախաձեռնուած «100 տարի, 100 փաստ» համացանցային ծրագիրին հիմնադիր Լենա Մարանեան-Ատիշեանը խօսեցաւ ծրագիրի իրագործումներուն եւ հայ մշակոյթի պահպանման համար համատեղ ջանքերու կարեւորութեան մասին` դրուատելով Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական Հովիտին մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ջանքերը:
Նշենք, որ «100 տարի, 100 փաստ» ծրագիրը, համացանցային յատկանշական ներկայութիւն ապահովելու կողքին, նաեւ հատոր մը հրապարակած էր` համահեղինակութեամբ Ատիշեանի եւ Նարեկ Սեֆերեանի` «Վաղեմի ազգի մը ազդեցութիւնը» անունով, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի յատկանշական տարբեր երեսները:
Ձեռնարկին ընթացքին Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական Հովիտի Հայ մշակոյթի պահպանման յանձնախումբի համաատենապետ Չարլզ Պերեթ յանձնախումբի «Սպասարկութեան հայկական մրցանակը»-ը շնորհեց յանձնախումբի հիմնադիր անդամներէն Լինտա Հեմիլթընին` դրուատելով յատկապէս Ֆրեզնոյի մէջ հայկական եւ ազգային այլ փոքրամասնութեանց ունեցած դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու աշխատանքին մէջ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումը:
Քանատա
Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ
10 հոկտեմբերին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 26-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը, Աբգար եպս. Յովակիմեանը, 15 երկիրներու դեսպաններ, Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան 26 տարիներու ընթացքին Հայաստանի ձեռքբերումներուն եւ այդ ճանապարհին յաղթահարուած խոչընդոտներուն` միաժամանակ կարեւորելով անցնող 26 տարիներու ընթացքին սփիւռքի եւ յատկապէս քանատահայ համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը Հայաստանի զարգացման գործընթացին մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Միջթեմական Հոգեւորականաց Համագումար` Նուիրուած «Վերանորոգման»
2 հոկտեմբերին, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երեք Արեւելեան, Արեւմտեան ու Քանատայի հոգեւորականաց դասերը, հիւրընկալութեամբ Քանատայի թեմին, Մոնրէալի մէջ ունեցան երրօրեայ միացեալ համագումար մը` «Վերանորոգում» խորագրեալ, մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի 2017-ը «Վերանորոգումի տարի» հռչակումէն:
Երեք թեմերու առաջնորդներուն` Օշական արք. Չօլոյեանի (Արեւելեան թեմ), Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան թեմ) եւ Բաբգէն արք. Չարեանի (Քանատայի թեմ) նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարը սկսաւ 3 հոկտեմբերի առաւօտուն: Տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ` «Մահը, սուգը եւ ընտանիքը» նիւթով, որ ներկայացուց փրոֆ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան, եւ «Ամուսնական խորհրդատուութիւն» նիւթը, որ ներկայացուց Նարեկ քհնյ. Թրթռեան:
4 հոկտեմբերին հոգեւորականաց դասը այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Աւարտին, Բաբգէն արք. Չարեան իր գնահատանքը եւ խրախուսական խօսք արտասանեց աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին` յորդորելով կառչած մնալ հայոց ոսկեղնիկ լեզուին, ապրիլ հպարտօրէն եւ ըլլալ երաշխաւորը հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային:
Համագումարը շարունակուեցաւ կէսօրէ ետք, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ դիակիզումի խնդիրը, քննարկուեցան թեմերու յառաջիկայ տասնամեայ ծրագիրի մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ` հոգեւորականաց վերանորոգումն ու համայնքներու այժմէական մարտահրաւէրները:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ համագումարի եզրափակիչ ճաշկերոյթը, որ ստացաւ մեծարանքի երեկոյի բնոյթ` ի պատիւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 50-ամեակին:
Քանատայի թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեանը հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով: Օշական արք. Չոլոյեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց դպրեվանքի իր դասընկերն ու օծակիցը` Վարուժան արք. Հերկելեանը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանները` հոգեւոր եւ ազգային երգերով:
Յոբելեար սրբազանը խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ եկեղեցականի ծառայական կեանքի, նուիրուածութեան եւ համեստ նկարագրի կարեւորութեան մասին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Բաբգէն արք. Չարեանի` ընծայուած յարգանքին եւ կատարուած մեծարանքին համար:


