Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Գերմանիա
ՀՅԴ 127-ամեակի Խանդավառ Տօնակատարութիւն` Միւնիխի Մէջ
Շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոն վստահաբար երկար պիտի յիշուի միւնիխահայութեան կողմէ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գերմանիոյ ընտանիքին, Միւնիխի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Դաշնակցութեան 127-ամեակը, որուն ներկայ գտնուելու համար Միւնիխ ժամանած էին նաեւ Վիեննայէն, Համպուրկէն, Ֆրանքֆորթէն եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներէ մեծաթիւ ազգայիններ, մանաւանդ` երիտասարդներ:
127-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը խնամքով եւ որակով կատարեց Մեղրիկ Սարգիսեանը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական փայլուն յայտագիր: ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմը ազգային-հայրենասիրական-յեղափոխական երգերու փունջով մը թնդացուց հոծ ներկայութեամբ սրահը` ստեղծելով խանդավառ բացառիկ տրամադրութիւն ու մթնոլորտ, որ ապա շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամեր, որուն ընթացքին նոյնանման հոյակապ մասնակցութիւն ունեցաւ Միւնիխի հոգեւոր հովիւ Այգիկ քհնյ. Յովհաննիսեանը, որ իր անսպառ ձայնով ու ոգեշունչ ապրումով մեկնաբանեց արցախեան ազատամարտի նուիրուած մեր երգերը` արժանանալով ներկաներու անվերջանալի ծափողջոյններուն:
Ասմունքով դիպուկ ու տպաւորիչ ելոյթ ունեցան Անէթ Քաֆեճեանը («Ուխտ` Արարատի», Անդրանիկ Ծառուկեան) եւ Յակոբ Սահակեանը («Դարերու վրէժ, Սիամանթօ):
ՀՅԴ «Միքայէլ Վարանդեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Նազարէթ Աղէկեան տուաւ իր պատգամը: Ան ընդգծեց Դաշնակցութեան` հայ ժողովուրդին` մատուցած գլխաւոր ծառայութիւնները, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ունեցած անգնահատելի ներդրումը եւ հաստատեց, որ ժողովուրդին ծոցէն ծնած կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անսակարկ նուիրաբերումը մեր ժողովուրդին` մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերումը:
Օրուան բանախօսն էր Հրաչ Վարժապետեանը, որ իր խօսքին առանցքը դարձուց ներկայ ազատ ու անկախ Հայաստանը, որ հիմնաքարն է վաղուան մեր դաւանած ամբողջական հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը բանիւ եւ գործով կը գործէ յանուն մեր պետականութեան ամրապնդման: Հայաստանի բարգաւաճումը, արհեստագիտական, տնտեսական, ճարտարարուեստական զարգացումը, ընկերային հաւասարութեան ու կենսամակարդակի բարօրութիւնը, ազգային բանակի տակաւ արդիականացումն ու հզօրացումը, հուսկ` հաստատութենական ամուր ու կազմակերպ պետութեան կերտումը մեր կուսակցութեան համար հրամայական խնդիր է, աւելի՛ն, նպատակ է, ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ ՀՅԴ ինչպէս ամբողջ իր 127-ամեայ պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս կը շարունակէ գործել միայն ու միայն յանուն ազգին ու հայրենիքին:
Քանատա
Յայտարարութիւն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակի Համագաղութային Նշում Քանատայի Մէջ
1918-ի մայիսեան վճռորոշ յաղթանակներու վաղորդայնին հռչակուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով անջնջելի աւանդ թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի է իր պատգամը հայկեան սերունդներուն: Օրհասական պահու մը ծնունդ առնելով` մայիսի 28-ին վերականգնեցաւ հայոց պետականութիւնը, որ շուրջ ինն դարեր դադրած էր գոյութենէ` իր իսկ բնօրրան Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ: Մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատուածին կոթողուած այս պետականութիւնը պահեց ու տակաւին կը պահէ իր կենարար ներկայութիւնը մինչեւ այսօր:
Մէկ դար առաջ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւր հազարաւոր գաղթականներով ծանրաբեռնուած եւ իր վրայ տարբեր ճակատներու վրայ պարտադրուած պատերազմներով ճնշուած` հայ ժողովուրդի առաջին ժողովրդավար հանրապետութիւնը կայացաւ բազում զոհողութիւններու գնով: Յաղթական Սարդարապատէն մինչեւ Ղարաքիլիսա ու Բաշ Ապարան հայ ժողովուրդի միահամուռ ծառացումը, հիմնադիր սերունդի անմնացորդ նուիրումն ու կամքը եւ, վերջապէս, հայոց նորակազմ բանակի դիւցազնական սխրանքները քարտէսի վրայ վերատեղադրեցին այն, ինչ որ մինչեւ օրս կը կոչենք ազատ ու անկախ Հայաստան:
Քանատայի մէջ գործող հայ ազգային երեք քաղաքական կուսակցութիւնները քաջ գիտակցելով, որ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքը անվիճելի իրաւայաջորդն է 100 տարի առաջ կերտուած հանրապետութեան, որոշած են պատշաճ շուքով եւ պաշտօնական հանդիսութիւններով նշել հայոց պատմութեան այս կարեւոր յոբելեանը:
Միանալով կայանալիք պետական եւ սփիւռքեան համահայկական հանդիսութիւններու ալիքին` այժմէն իսկ կոչ կ՛ուղղենք Քանատայի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն` համախմբուելու համագաղութային այս նախաձեռնութեան շուրջ` նշելու համար մեր լինելութեան դարձակէտը հանդիսացող սարդարապատեան խոյանքներուն եւ անոնց ծնունդ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց շարունակական պետականութեան հիմնադրման 100-ամեակը:
Հայութեան պահանջատիրական Դատին ծառայելու պատրաստ` կը գիտակցինք, որ հզօր հայրենիքն ու յանձնառու սփիւռքը, որպէս զիրար ամբողջացնող լրացուցիչ բաղադրիչներ, պիտի ամրագրեն հայութեան միասնական երթը եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը:
ՍԴՀԿ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆ
ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ՔԱՆԱՏԱ
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան «Հորիզոն» Կ՛այցելէ
Նոյեմբեր 14-ին «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն այցելեց արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը: «Հորիզոն»-ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հիւր բեմադրիչին ծանօթացուց թերթին աշխատանքները:
Ջիւան Աւետիսեան իր կարգին տեղեկութիւններ տուաւ արուեստի աշխարհին մէջ իր կատարած աշխատանքներուն մասին եւ յայտնեց, որ շուտով կը սկսին իր նոր` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի նկարահանումները: Ան յայտնեց, որ եւրոպական տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի մէջ նկարահանուելիք լիամեթրաժ ժապաւէնին նիւթը կեդրոնացած է արցախեան ապրիլեան պատերազմին վրայ:
Նշենք, որ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Թորոնթոյի մէջ, Համազգայինի կազմակերպած «Նուռ» ժապաւէնի փառատօնի ընթացքին, որուն հրաւիրուած է բեմադրիչը:
Ստորեւ` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի գովազդի որմազդը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի:
«Մուսա Լերան 40 Օրերը» Ցուցահանդէսի Բացում
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին վրայ հիմնուած ցուցահանդէսը առաջին անգամ ներկայացուած էր Մոնրէալի մէջ, 2015-ին, օժանդակութեամբ Քանատայի կառավարութեան ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի մէջ քանատական դեսպանութեան:
Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին եւ «Սառա Քոռնինկ» հիմնարկին, համագործակցութեամբ հրէական «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» Ողջակիզման ուսուցման կեդրոնին, 1 նոյեմբեր 2017-ին Թորոնթոյի Կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացումը` օտար հիւրերու բազմամարդ ներկայութեամբ: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ողջակիզման ուսուցման նուիրուած շաբթուան նախօրեակին, որ տեղի կ՛ունենայ Թորոնթոյի մէջ, ամէն տարի նոյեմբերի առաջին շաբաթը (նոյեմբեր 2-9):
Օրուան բեմավար «Սառա Քոռնինկ» կեդրոնի վարչական կազմի անդամ Լեւոն Սարմազեանը հրաւիրեց Հրէական ողջակիզման կեդրոնի ներկայացուցիչը, որ իր սրտին խօսքը արտասանէ Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզման ուսուցման շաբթուան առիթով:
Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրն էր Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորի, որ շեշտեց պատմական իրողութիւնները յիշելու կարեւորութիւնը եւ դաստիարակելու նոր սերունդը մարդկային իրաւանց եւ խտրականութեան դէմ` ապագայի ցեղասպանութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջքը առնելու ոչ միայն Քանատայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան բարձր գնահատեց Թորոնթոյի հայ գաղութը` իր մարդկային գիտակցութեան համար, որ լաւապէս արտայայտած էր վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, երբ մեծ հոգատարութեամբ ընդունած էին սուրիահայ գաղթականները: Ան բարձր գնահատեց նաեւ հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը, մարդասիրութիւնն ու վերանորոգուելու եւ վերապրելու կամքը, ինչպէս` 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, նոյնպէս ալ` Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներուն ընթացքին:
Լեւոն Սարմազեանը ներկայացուց ներկաներէն ամենատարեց մուսալեռցի Քրիստափոր Գազանճեանը` իբրեւ ըմբոստութեան սերունդի ներկայացուցիչ, ապա բեմ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Օնթարիոյի յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Շիթիլեանը, որ տայ իր պատգամը: Շիթիլեան հակիրճ կերպով ներկայացուց 100-ամեակի Քանատայի յանձնախումբին աշխատանքները, ապա հաստատեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը միայն մէկն է այն բազմաթիւ ծառացումներէն, զորս հայ ժողովուրդը դրսեւորեց Ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս` Վանի, Սվազի, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ Այնթապի մէջ: Ապա 100-ամեակի մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» Ողջակիզման դաստիարակութեան կեդրոնին, որ առիթ ընծայեց «Սառա Քոռնինկ» կեդրոնին ճամբով ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ուն ընդմէջէն:
Ձեռնարկի աւարտին Թորոնթոյի քաղաքապետին նուիրուեցաւ նորատիպ օրինակ մը «Անմոռուկ» մատեանէն, որ ամփոփումն է Թորոնթոյի եւ Հարաւային Օնթարիոյի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի ամբողջ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներ
Սան Տիեկոյի Եկեղեցւոյ «Կամուրջ Դէպի Ապագայ» Տարեկան 5-րդ Ձեռնարկին Կը Հաւաքուի 100 Հազար Տոլար
Վերջերս Սան Տիեկոյի «Շերըթըն մարինա պէյ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սան Տիեկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը ապահովելու նպատակով եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան 5-րդ` «Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 100 հազար ամերիկեան տոլար, որ պիտի յատկացուի Տել Մարի մօտերը կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմնադրամին:
Պարահանդէսի հանդիսավարն էր Սան Տիեկոյի «Սի.Պի.Էս.» կայանի հաղորդավար Տեն Քոհեն:
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Բագրատ ծ. վրդ. Պերճեքեան իր սրտի խօսքը արտասանելէ ետք մեծարեց եկեղեցւոյ նեցուկ կանգնող բարերարներէն Քերըլ Վասիլիատիսը` Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանէն նուէր մը յանձնելով անոր:
Ձեռնարկի պատուոյ հիւր` հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու կազմակերպութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նինա Խաչիկեան ելոյթ ունենալով` արտայայտուեցաւ իր քաղաքական փորձառութեան մասին, միաժամանակ դրուատելով շրջանի հայութեան տարած եկեղեցաշէն աշխատանքը, որուն նախաձեռնողներէն մէկը եղած է իր հանգուցեալ հայրը` դոկտ. Ճեք Խաչիկեան:
Ապա Բագրատ ծ. վրդ. Պերճեքեան նուէր մը յանձնեց Նինա Խաչիկեանին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, նաեւ ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը: Ապա հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետ Հերի Գրիգորեանը եւ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ Սահակեանը ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ հաղորդած են:
Յիշեցնենք, որ Սան Տիեկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցի ծրագիրը անցեալ տարի վաւերացուեցաւ Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ յանձնաժողովին կողմէ: Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի փուլերով, իսկ անոր աւարտին շրջափակին մէջ պիտի ունենայ` նոր եկեղեցի, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ մը:
«Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» Եւ «Աստուծոյ Խօսքը» Գրքոյկներու Հրատարակութիւն
Վերջերս Ազգային առաջնորդարանը լոյս ընծայեց «Արարողութիւն սրբոյ պատարագի» եւ «Աստուծոյ խօսքը» գրքոյկները` մեկենասութեամբ Րաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեան ամոլին ու իրենց զաւակներուն` Արամ եւ Շանթ Օհանեան եղբայրներուն:
«Աստուծոյ խօսքը» գրքոյկը մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ հայրապետներուն կողմէ գրուած աղօթքներու երկլեզու ծաղկաքաղ մըն է` պատրաստուած Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանի կողմէ, իսկ «Արարողութիւն սրբոյ պատարագի» գրքոյկը` ի գործածութիւն մեր եկեղեցիներու դպիրներուն եւ սարկաւագներուն:
Նոր Ջուղա
Ուսուցիչներու Մեծարանքի Երեկոյ
Հայ ուսուցիչը գնահատելու նպատակով, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, 31 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ:
Օրուան հանդիսավար, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Սոնիա Տիլանեան շնորհաւորեց եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց ուսուցիչներուն` անոնց մեծ վաստակին համար: Ան նաեւ շնորհաւորեց հայոց ազգային դպրոցներուն նորանշանակ տնօրէնները` անոնց նոր պարտականութեան ստանձնման առթիւ:
Այնուհետեւ Կրթական խորհուրդի անունով հանդէս եկաւ Մարգարիտ Դաւթեան: Ան ընդգծեց, որ հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ առանցքային ու անփոխարինելի է եւ այս պատճառով հայ ուսուցիչը արժանի է գովասանքի:
Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմիններուն անունով խօսք առաւ թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանը: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր անհատի էութիւնը կը ձեւաւորուի նախ ընտանիքին, ապա դպրոցին ու հասարակութեան մէջ: Օհանեան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ սփիւռքի մէջ աշխատող ուսուցիչի պարտականութիւնը աւելի ծանր է օտարանալու վտանգին պատճառով, եւ ուսուցիչի առաքելութիւնը կը կայանայ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանման եւ աւանդական դաստիարակութիւն ջամբելու ուղղութեամբ:
Շահինշարի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ եւ հայոց ազգ. դպրոցներու ուսուցիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան խօսք առնելով` հայ ուսուցիչը համարեց որպէս հայ մարդու տեսակի լաւագոյն օրինակ, առաքելութեան ու ծառայութեան տիպար եւ նուիրումի խորհրդանիշ: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց թեմի ուսուցիչներուն, որոնք աշակերտներ կրթելու եւ անոնց մէջ ազգային ու հոգեւոր արժէքներ սերմանելու կողքին, կը սերմանեն նաեւ թեմի դարաւոր եւ ամուր մշակոյթի պատմութիւնը:
Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցան Նոր Ջուղայի հայոց ազգային մանկապարտէզ-նախակրթարանի տնօրէնուհի Քարոլին Տիլանճեանը, «Արմէն» երկսեռ կրթահամալիրի տնօրէն Վրէժ Շիրւանեանը, «Քանանեան» աղջկանց միջնակարգ դպրոցի փոխտնօրէն Ռիմա Սիմոնեանը եւ Շահինշահրի «Նարեկ» մանկապարտէզ-նախակրթարանի տնօրէնուհի Կարինէ Միասքանեանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պատուոգիրերու եւ յուշանուէրներու յանձնում:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին թեմի առաջնորդը իր խօսքին մէջ ուսուցչական պաշտօնը համարեց կոչում եւ ազգակերտման սրբազան առաքելութիւն: Ան գնահատեց սփիւռքի եւ ի մասնաւորի թեմի ուսուցիչները, որոնք իրենց նուիրական աշխատանքի կողքին, իրենց աշակերտները կը դաստիարակեն այնպիսի մարտունակ հոգեբանութեամբ, որ յաղթական դուրս գան ձուլման վտանգին դէմ պայքարէն: