Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 27, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-Ի Քեսապի Մասնաճիւղի Սկաուտական Երկրորդ Խորհրդաժողովը

29 յունիսին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի սկաուտական երկրորդ խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկերեանի, Շրջանային սկաուտ խորհուրդի անդամներ Յարութ Ղազարեանի եւ Ճորճ Գալայճեանի, Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին:

Մանուկ Քէօշկերեան խօսք առնելով, գնահատեց մասնաճիւղի ութամսեայ ձեռնարկներն ու աշխատանքները` մաղթելով յաջողութիւն յառաջիկայ ծրագիրներուն, ապա ներկայացուց մասնաճիւղի վերելքին եւ յառաջդիմութեան նպաստող կարեւոր գործելաձեւեր, աստիճանաւորական կազմը արդիականացած ոճով աշխատանքի մղող թելադրանքներ: Ան ներկայացուց նաեւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախապատրաստութիւնը:

Մասնաճիւղի խմբապետ Յակոբ Թրթռեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց մասնաճիւղի ութամսեայ տեղեկագիրը:

Մասնակիցները խորհրդակցեցան մասնաճիւղի ներկայ դժուարութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, եւ ներկայացուեցան առաջարկներ:

Ատրպատական

Միջմասնաճիւղային 35-րդ Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

Հովանաւորութեամբ «Արարատ»-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, 13 յուլիսին  «Արարատ»-ի մարզադաշտին մէջ բացումը կատարուեցաւ տարեկան միջմասնաճիւղային 35-րդ մարզախաղերուն:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Մոնթէ Դիլանեան եւ Միրօ Աբրահամեան` հայերէնով եւ պարսկերէնով: Անոնք ողջունեցին 35-րդ միջմասնաճիւղային խաղերուն կայացումը Թաւրիզի մէջ` իբրեւ երաշխիք Ատրպատականի հայոց թեմի կենսունակութեան:

Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ժանեթ Թարւերտեան ելոյթ ունենալով` բարձր գնահատեց Թաւրիզի մասնաճիւղին կազմակերպական ջանքերը, ինչպէս նաեւ` բոլոր հովանաւորողները: Ան վեր առաւ «Արարատ»-ի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը իրանահայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ, մարզամշակութային կազմաւորման առումով:

Ատրպատականի մարմնակրթական հաստատութեան տնօրէն դոկտ. Նազմի պատուաբեր համարեց հայ համայնքին կազմակերպած սոյն մարզախաղերը` համայն նահանգին համար, իր գնահատանքը յայտնելով կազմակերպիչ մասնաճիւղին:

«Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Հենրիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային եւ պետական պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անձնուէր միութենականներուն, որոնք  կարելի  դարձուցած էին սոյն մարզախաղերուն կայացումը Թաւրիզի մէջ:

Յատուկ գնահատանքի արժանացան Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը, մարմնակրթական հաստատութեան տնօրէն դոկտ. Նազմի փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուն:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ անզուգական եւ անփոխարինելի համարեց «Արարատ»-ի մարզամշակութային ծառայութիւնը իրանահայութեան կեանքին մէջ` շեշտելով անոր անցած աւելի քան եօթանասուն տարիները, որոնց ընթացքին հայու շունչն ու ոգին ներարկուեցան եւ կը շարունակուին ներարկուիլ նոր սերունդի զաւակներուն արեան մէջ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք սկսան խաղերը, որոնք շարունակուեցան չորս օր:

Յայտնենք, որ նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` հիւրընկալութեամբ «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին:

Թեհրան

Մեծարման Երեկոյ` Նուիրուած Իրանի Բժշկական Ակնառու Դասախօսներուն. Նաեւ` Դոկտ. Հարմիկ Դաւթեանի Յատուկ Տաղաւարի Բացում

13 յուլիսին Իրանի Ազգային բժշկագիտութեան պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Իրանի յայտնի բժիշկ Ալի Աքպար Սիասիի յիշատակին:

Ձեռնարկին զուգահեռ, տեղի ունեցաւ բժշկագիտութեան ասպարէզին մէջ անուանի դէմքերէն յիշատակ մնացած անձնական իրերու ցուցահանդէսի բացումը, ուր ցուցադրուած էին նաեւ դոկտ. Հարմիկ Դաւթեանին իրերը, շքանշանները եւ մետալները: Հոն տեղ գտած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ անոր շնորհուած կոնդակը, «Կիլիկիոյ ասպետ»-ի շքանշանը ստանալու ժամանակ:

Դոկտ. Հարմիկ Դաւթեան եղած է Իրանի համալսարանի բժշկական բաժանմունքի հոգեբուժական ամպիոնի դասախօս, Հոգեբուժական միութեան հիմնադիր անդամներէն մին, նաեւ` միութեան նախագահը. ընտրուած է Իրանի բժշկական գիտութիւններու ակադեմիայի պատուոյ անդամ, եղած է միջազգային ու համաշխարհային համբաւ ունեցող հաստատութիւններու մնայուն անդամ ու խորհրդական: Հեղինակած է բազմակողմանի ուսումնասիրութեամբ գիրքեր, նաեւ` 150-ի շուրջ գիտական-հոգեբուժական վերլուծական յօդուածներ: Իր գիտահետազօտական աշխատանքներուն որպէս գնահատանք` պարգեւատրուած է նախկին նախագահ Խաթամիի կողմէ: Ան ստացած է «Կիլիկիոյ ասպետ»-ի շքանշանը` Արամ Ա. վեհափառի կողմէ, իսկ  «Մխիթար Հերացի» մետալը` Հայաստանի նախկին նախագահ Ռ. Քոչարեանի կողմէ:

Դոկտ. Դաւթեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Իրան-Հայաստան փոխըմբռման ու մերձեցման գործին մէջ` միշտ հաւատալով երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան եւ անկէ բխող յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Նոր Ջուղա

Ջաւախքի Նուիրուած Դաշտահանդէս

30 յունիսին «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքին նուիրուած դաշտահանդէս:

16 տարիներէ ի վեր Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութիւնը, համագործակցութեամբ ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կը կազմակերպէ դաշտահանդէս: Ամէնամեայ այս ձեռնարկին հասոյթը կը յատկացուի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած Ջաւախքի հիմնադրամին, որուն գումարներէն ցարդ շարք մը շինարարական եւ վերանորոգման աշխատանքներ իրականացուած են Ջաւախքի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներ

Էլենա Պոլպոլեան` Կլենտէյլի Նորարարութեան Բաժանմունքի Վարիչ

11 յուլիսին Կլենտէյլի Նորարարութեան, գործադրութեան եւ հաշուեքննութեան նորաստեղծ բաժանմունքին անդրանիկ վարիչ նշանակուեցաւ Էլենա Պոլպոլեանը:

Պոլպոլեան երկար տարիներէ ի վեր սպասարկութիւններ կը մատուցէ քաղաքի պետական համակարգին: Արդարեւ, ան 1993-ին, իբրեւ երիտասարդ պաշտօնեայ, մաս կազմած է քաղաքին Երիտասարդական միութեան նախաձեռնած երիտասարդներու յատուկ աշխատանքային ծրագիրին, որմէ ետք ան անցած  էր համայնքին հետ յարաբերութեանց մարզ` դառնալով հանրային կրթութեան մարզի խորհրդատու եւ ապա` վարձու բնակարաններու քննիչներու բաժանմունքի վերլուծող:

Քաղաքին բարգաւաճման բաժանմունքին միջոցով ան հետեւած է Մոնթրոզի մէջ «Թրէյտըր Ճօ՛զ»-ի շինարարութեան եւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահի վերանորոգման քանի մը նախաձեռնութիւններու:

2015-ին Պոլպոլեան ստանձնած էր քաղաքի Համայնքային զարգացման բաժանմունքի փոխվարիչի պաշտօնը եւ ներկայիս ստանձնած է անոր երկու ենթաբաժանմունքներուն` վարչական եւ թաղային սպասարկութեանց ղեկավարութիւնը:

Դոկտ. Վերժին Մատելեանի Մեծարանք

Վերջերս քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Շըրմըն Օքսի իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին գնահատագիր մը յանձնեց դոկտ. Վերժին Մատելեանին` գնահատելու համար անոր համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեգործական ջանքերը:

Քոնկրեսականը լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս 2003-էն ի վեր Մատելեանին ջանքերը` ի նպաստ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին:

Այս առիթով Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն շնորհաւորեց Մատելեանը` միաժամանակ դրուատելով անոր նուիրումը:

Յայտնենք, որ Մատելեանը հեղինակած է շարք մը գիտական հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ` աւելի քան 300 գիտական յօդուածներ: Նիւ Եորք ապրած տարիներուն ան հայերէն եւ հայ մշակոյթ դասաւանդած է հայ պատանիներու, իսկ Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է «Երկիր» կազմակերպութեան, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային շրջանները բնակողներուն:

Էլմա Յովհաննիսեան 600 Գիրք Կը Նուիրէ Ըրվայնի Մասնաճիւղի Հայագիտականին

Վերջերս Էլմա Յովհաննիսեան մօտաւորապէս 600 հատոր գիրք նուիրած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին` ի յիշատակ անցեալ տարի մահացած իր ամուսնոյն` Սեպուհ Յովհաննիսեանին:

Հայերէն եւ հայութեան առնչուող անգլերէն գիրքերը կու գան Յովհաննիսեան ամոլին կողմէ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած հաւաքածոյէն եւ պիտի զետեղուին համալսարանի «Լենկսթըն» գրադարանին մէջ: Նուիրատուն յոյս  յայտնեց, որ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի ուսանողները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ առիթը կ՛ունենան այս հատորները օգտագործելու` Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մասին իրենց գիտութիւնը ընդարձակելու նպատակով:

Նուիրուած հաւաքածոյին մէջ կան հայ ճարտարապետութեան, պատմութեան, գրականութեան, թատրոնին եւ երաժշտութեան նուիրուած հատորներ, իսկ անոնց կողքին` համաշխարհային գրականութեան դասական գործերու հայերէն թարգմանութիւններ:

Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի` Մեղրունի ընտանիքի անուան նախագահական ամպիոնի վարիչ Հուրի Պէրպէրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Էլմա Յովհաննիսեանին` այս նուիրատուութեան համար, որուն շնորհիւ հաւաքածոն տրամադրելի պիտի դառնայ համալսարանի ուսանողներուն եւ հանրութեան` նպաստելով պատմութեան, Հայաստանի, Իրանի եւ այլ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարողներուն:

Ժիրայր Զորթեանի Վիճայարոյց Ստեղծագործութիւնը Ներկայացուեցաւ Հանրութեան

14 յուլիսին «Ռոսլին» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին արուեստագէտ Ժիրայր Զորթեանի` աւելի քան վեց տասնամեակ արկղի մը մէջ պահուած «Ամուսնալուծումը» ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ հանրութեան:

Այս առիթով, 15 յուլիսին կազմակերպուած էր նաեւ արուեստագէտին ու անոր գործերուն նուիրուած քննարկում մը` մասնակցութեամբ Սէյպըռն Զորթեանի (Ժիրայրի դուստրը), արուեստաբան Փոլ Քարլսթորմի եւ արուեստագէտ Փաթրիսիա Ֆըրպըրի: Քննարկումը համադրեց Թամ Քոսթըն:

Նշենք, որ սոյն ստեղծագործութիւնը Զորթեան գծած է Պեթի Ուիլեըմզէն իր ամուսնալուծութենէն ետք. հոն արտայայտուած է արուեստագէտին զայրոյթը Պեթիի եւ անոր նիւթապաշտ մօր նկատմամբ: Հակառակ իր նիւթին` ստեղծագործութիւնը կը յատկանշուի իր վառ գոյներով, ուր Զորթեան օգտագործած է նաեւ լուսանկարներ. անոր վրայ կան նաեւ արուեստագէտին գրութիւնները:

Յայտնենք, որ «Ամուսնալուծումը» ստեղծագործութեան կողքին, Զորթեանի այլ գործերը եւս կը շարունակեն ցուցադրուիլ «Ռոսլին» ցուցասրահին մէջ, մինչեւ 28 յուլիս:

Այս առիթով, 7 յուլիսին «Ապրիլ» գրատան Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ ցուցադրուած էր նոյն արուեստագէտին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը` «Զորթեան մոլորակ»-ը, որ բեմադրուած է Առնօ Երէցեանի, Յարութ Առաքելեանի, Լիսա Չաքմաքեանի եւ Սեւակ Վրէժի կողմէ:

Ֆրանսա

Մահ` Ֆրանսահայ Վաստակաւոր Դերասանուհի Իզապէլ Սատոյեանի

Յուլիս 10-ին 89 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ վաստակաւոր դերասանուհի Իզապէլ Սատոյեանը:

1928-ին Լիոն ծնած, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ, Սատոյեան իր ասպարէզը սկսած է որպէս հագուստ ձեւաւորող` իր ծնած քաղաքին մէջ թատերական դասեր ստանալէ ետք: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1950-ին, երբ 22 տարեկան էր: Կանուխէն մաս կազմած է համբաւաւոր Ռոժէ Փլանշոնի թատերախումբին. նոյն տարիներուն ալ ծանօթացած է իր ապագայ ամուսնոյն` հանրածանօթ դերասան Ժան Պուիզի հետ: Սակայն իր ասպարէզի սկիզբէն տասնամեակներ ետք միայն լայն հասարակութեան ծանօթ պիտի դառնար Անրի Վեռնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ Աննայի իր դերով:

Հանգուցեալ արուեստագիտուհին խաղացած է աւելի քան 50 ժապաւէնի, 25 բեմադրութեան մէջ: Տասնեակ մըն ալ դերեր ստանձնած է հեռատեսիլի ֆիլմաշարերու մէջ: Դերասանուհին վերջին անգամ բեմ բարձրացած էր 2016 դեկտեմբերին, Փարիզի «Թէաթըր տը լ՛էօվր»-ի մէջ` «Թռիչքէն առաջ» ներկայացման համար:

Սատոյեան 2012-ին ստացած էր «Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ի շքանշան, իսկ 2014-ին արժանացած էր թատերական «Մոլիեռ» մրցանակի` որպէս լաւագոյն երկրորդ դերասան:

Լոնտոն

Ջութակահարուհի Անի Բատիկեանի Ելոյթը

29 յունիսին «Քատոկան հոլ» հանրայայտ համերգասրահին մէջ «Արեւելեան Եւրոպայի արուեստը եւ ազգային երաժշտութիւնը» թեմայով մենահամերգով հանդէս եկաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, հայ  ջութակահարուհի Անի Բատիկեանը` ընկերակցութեամբ Լոնտոնի «Ֆենիքս» նուագախումբին:

Համերգի ծրագիրը կը ներառէր լեհ երաժիշտ Վիթոլտ Լիւթոսլաւքի,  Արամ Խաչատուրեանի,  Մուսորկսքի ստեղծագործութիւններէն կտորներ, ինչպէս նաեւ` Ռոլանտ Ռոպերցի ստեղծագործութեան առաջնալսումը, որուն ոգեշնչման աղբիւրն էր մեծանուն  ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Իններորդ ալիք» յայտնի նկարը: Ստեղծագործութիւնը նուիրուած էր գեղանկարիչի 200-ամեակին:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Մտերմութեան Մէջ Հոգեմտաւոր Պատնէշներ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիզպոնի «Աքթը»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?