Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ի Պատիւ Պաշտօնական Ընդունելութիւն
6 սեպտեմբերին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ:
Եկեղեցւոյ մուտքին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու յատուկ պատուոյ արարողակարգով, Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ թեմի կրօնական դասը ընդունեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն կ’ընկերակցէր Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը:
Աղուհացի օրհնութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով մուտք գործեց Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, ուր կատարեց կանոնական աղօթք: Ընդառաջելով Ազգային վարչութեան հրաւէրներուն, ներկայ էին` յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀԿ Խաչի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները, Ազգային երեսփոխաններ, թաղային խորհուրդներու եւ տիկնանց մարմիններու կազմերը, վարժարաններու տնօրէններ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Կոմիտաս արք. Օհանեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին բարձր գնահատելով յունահայ գաղութը իր հարուստ պատմութեամբ եւ ներդրումով:
Իր խօսքի աւարտին Կոմիտաս արք. Օհանեան առաջնորդական գաւազանը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ մաղթեց քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն:
Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով գնահատեց Կոմիտաս արք. Օհանեանը` գաղութի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իր կատարած ծառայութեան համար: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին մէկ հաւաքականութիւն է` քրիստոնէական վարդապետութեան հասկացողութեամբ, աւելցնելով, որ գաղութի զաւակներէն իւրաքանչիւրը, իր հանգամանքով եւ կամ պաշտօնով, երբ եկեղեցի կը յաճախէ, մէ՛կ ամբողջութիւն կը կազմէ ի սպաս գաղութին եւ անոր ծաղկուն ապագային: Սրբազան հայրը Աւետարանի բացատրութեամբ քաջալերեց ու ներշնչեց բոլոր պատասխանատուները, որպէսզի իրենց հաւատքի զօրութեամբ ամրապնդեն իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ, միասնաբար, որպէս մէկ ամբողջութիւն, ապրին ու գործեն շարունակելու համար գաղութի երկարամեայ պատմութիւնը: Սրբազանը հաստատեց, թէ ինք եկած է շարունակելու անցեալի աշխատանքը, սակայն նոր փուլի մը անցնելով: Խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան յունահայ գաղութին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու օրհնութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ու կազմակերպուած ընդունելութեան համար:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Ազգային առաջնորդարանի սրահը, ուր ստացան նորընտիր առաջնորդին օրհնութիւնը եւ առիթը ունեցան մտերմիկ զրոյց մը ունենալու անոր հետ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Սուրիա
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հովուական Այցելութիւնը Ճեզիրէի Հայ Համայնքին
4 սեպտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան հովուական այցելութիւն տուաւ Ճեզիրէի հայ համայնքին:
Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի, քահանայ հօր եւ շրջանի ազգայիններուն կողմէ:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքէն ետք, ան կարճ հանդիպում մը ունեցաւ եւ ճշդեց յաջորդական օրերու գործունէութեան ժամանակացոյցը:
Առաջնորդը եռօրեայ իր կեցութեան ընթացքին, եկեղեցական արարողութեանց մասնակցութեան կողքին, որոնց ընթացքին օծումը կատարեց նորաշէն մոմակալին, տեսակցեցաւ շրջանի բոլոր մարմիններուն, խորհուրդներու եւ միութիւններու հետ, մասնաւորաբար` թաղականութեանց, հոգաբարձութեան եւ Շտապի գործադիր մարմինին հետ:
5 սեպտեմբերին Ճեզիրէի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի, քահանայ հօր եւ ազգայիններու հետ ան մեկնեցաւ Հասիչէ, ուր Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին իր պատգամը տուաւ եւ տեսակցեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ: Դպրոցին ու եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, պաշտօնական այցելութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ նահանգապետին ու պետական ներկայացուցիչներուն հետ:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Գամիշլիի Ազգային առաջնորդարանին դահլիճին մէջ, առաջնորդը կատարեց ասայի պաշտօնական փոխանցումը` Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանին:
6 սեպտեմբերին սրբազան հայրը ամբողջացնելէ ետք Ճեզիրէի շրջանի հանդիպումները, մեկնեցաւ Դամասկոս:
«Կիլիկեան» Երգչախումբին Համերգը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 26 – 27 օգոստոսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կիլիկեան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանող, քեսապահայ Ռազմիկ Մելքոնեանի:
Բացման խօսքով Սօսի Կարճիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան երգչախումբին, յատկապէս` խմբավարին եւ դաշնակահարին ու երգչախումբի 41 անդամներուն, որոնք հետեւողական աշխատանքով լրումին հասցուցին համերգի ծրագիրը` ընդամէնը քանի մը շաբթուան ընթացքին:
Յայտագիրը կը բովանդակէր Էտկար Յովհաննիսեանի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ` արաբական, ռուսական դասական եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը:
Ելոյթի աւարտին խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան գնահատեց դաշնակահարին բծախնդրութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ` երգչախումբի արուեստասէր անդամները, որոնք 25 օրուան տքնաջան աշխատանքով երգչախմբային նման ծրագիր իւրացուցին:
Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քեսապի հովիւ Նարեկ քհնյ. Զերէնցեան, որ շնորհաւորեց դաշնակահարը, խմբավարը, երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ Քեսապի մէջ մշակութային աշխուժութիւնը վառ կը պահէ:
Փարիզ
Ոչ Եւս Է Մշակութային Գործիչ Սիմոն Մնակեանը
Վերջերս Մարսէյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց համայնքի ճանչցուած գործիչներէն Սիմոն Մնակեանը:
Վերջին տարիներուն Մնակեան կը վարէր Վալանս քաղաքի Համազգայինի թատրոնի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը: Ան նաեւ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է համայնքի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ:
Սիմոն Մնակեան, Համազգայինի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի թատրոնի հիմնադիրներէն է, նաեւ բեղուն եւ նորարար ազդեցութիւն ունեցած է թատերական կեանքին մէջ:
Նշենք, որ Սիմոն Մնակեան եղբայրն էր լիբանանահայ անուանի երաժիշտ Ալեքսան Մնակեանի, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ` երկար տարիներ համագործակցելով երգչուհի Ֆէյրուզի համար երաժշտական-թատերական յօրինումներ պատրաստած Մանսուր եւ Ասի Ռահպանի եղբայրներուն հետ:
Թուրքիա
Թուրքիոյ Մէջ Պահպանուած Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Նշուած Է Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ պահպանուած միակ հայկական գիւղի` Վագըֆի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 13 օգոստոսին նշուած է Աստուածածնայ վերափոխման տօնն ու կատարուած է խաղողօրհնէք: Աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին հիւրերուն մատուցուած է աւանդական օրհնուած մատաղը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տօնակատարութեան մասնակցողները համտեսած են օրհնուած խաղողն ու եօթը կաթսաներու մէջ եռացած մատաղը:
Տօնակատարութեան մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան:
Թուրքիոյ միակ հայկական Վագըֆ գիւղը կը գտնուի Ալեքսանտրեթի նահանգին մէջ, Մուսայ լերան ստորոտը` թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Վագըֆի մէջ, որուն բոլոր բնակիչները ծագումով հայ են, գիւղացիները պահպանած են իրենց ազգային եւ կրօնական բոլոր աւանդութիւնները: Գիւղի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին հիմնովին վերանորոգուած է 1997 թուականին: Եկեղեցւոյ մէջ յաճախ պատարագ կը մատուցուի: Ամէն տարի Վագըֆի մէջ կը նշեն Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօները:
Ռուսիա
Ռուսիոյ Վլատիմիր Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցիի Օծում
Ռուսիոյ Վլատիմիր քաղաքին մէջ 13 օգոստոսին օծուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Այդտեղ գտնուող հայերուն ջանքերով եկեղեցւոյ կառուցումը տեւած է մօտ 10 տարի:
Հայկական ճարտարապետութեան աւանդութիւնները ամփոփող սրբավայրին բարձրութիւնը 37 մեթր է, իսկ երեսապատման համար օգտագործուած է 250 թոն հայկական տուֆ:
Յայտնենք, որ երկրամասին մէջ մօտ 30.000 հայ կ՛ապրի: Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի համաձայն, Ռուսիոյ մէջ ներկայիս կը գործէ 47 հայկական եկեղեցի:
Գերմանիա
Դեսպան Սմբատեան Այցելեց Սաքսոնիա-Անհալթ Երկրամասի Վիթենպերկ Քաղաք
4 օգոստոսին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Վիթենպերկ քաղաք, ուր զայն դիմաւորեց Մարթին Լութերի ծննդավայր Վիթենպերկի քաղաքապետ Թորստըն Ցուկեհյոր:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան հեռանկարները` մասնաւորապէս, քաղաքներու, դպրոցներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ միջմշակութային կապերու խորացման առնչուած ծրագիրներ:
Դեսպան Սմբատեան նաեւ գրառում կատարեց Վիթենպերկ քաղաքի «Ոսկիէ գիրք»-ին մէջ:
Յայտնենք, որ այս տարի Վիթենպերկ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ բողոքական շարժումի հիմնադիր Մարթին Լութերի 500-ամեակին նուիրուած պետական նախաձեռնութիւններու շարքը:
Լեհաստան
Հայաստանին Նուիրուած Ուսումնական Տարուան Մեկնարկ
4 սեպտեմբերին Լեհաստանի Կիելցէ քաղաքին մէջ Լեհաստանի մշակոյթի և ազգային ժառանգութեան նախարարութեան կից գործող Եուզեֆ Շերմենտովսկիի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի նուիրուած 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկի պաշտօնական արարողութիւնը:
Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան խորհրդանշական համարեց այն հանգամանքը, որ Կիելցէի գեղարուեստական ուսումնարանին մէջ Հայաստանին նուիրուած ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Լեհաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շնորհուած արտօնութեան 650-ամեակի տարուան: Դեսպանը շեշտեց, որ այս առիթը հնարաւորութիւն կու տայ ուսումնարանի բոլոր սաներուն` աւելի խոր ծանօթանալու հայ ժողովուրդի, Լեհաստանի հայ համայնքի հարուստ պատմութեան եւ մշակոյթին, Լեհաստանի պատմութեան մէջ տեղ գտած հայ մշակութային գործիչներու ստեղծագործութիւններուն:
Գեղարուեստական յայտագրով էսդրատային երգերով ելոյթ ունեցաւ հայազգի երգչուհի Եոաննա Պորքովսքան:
Աւարտին, դեսպան Ղազարեան ուսումնարանին նուիրեց Հայաստանի պետական դրօշը խորհրդանշող արցախեան ձեռագործ գորգ:


