Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 26, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

Շողիկ Թորոսեանին Համերգը Մոնրէալի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ  Բաբգէն արք. Չարեանի, 30 սեպտեմբերին Լաւալի «Պոն Փասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ յատուկ հրաւէր ստացած էր Լաւալի Ս. Գէորգ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ` համերգ մը տալու Ս. Գէորգի տօնին առիթով:

Բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Պերեճիքեանը, որ անդրադարձաւ Շողիկ Թորոսեանի  կենսագրական գիծերուն` հաստատելով, որ անոր աստուածատուր տաղանդն ու զայն բարելաւելու անխոնջ աշխատանքը տարիներու ընթացքին անոր դիմաց բացին ասպարէզային լայն հորիզոններ` հայ թէ օտար բեմերու վրայ: Պերեճիքեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նաեւ Շողիկ Թորոսեանին  դաշնակով ընկերակցող գաղութի դաշնակահար, երաժիշտ Խաչատուր Ղազարեանը:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր դասական եւ հոգեւոր երգեր, ինչպէս` Ա. Պարթեւեանի «Ամէն հայր սուրբ»-ը, Ռ. Աթայեանի «Հաւուն հաւուն»-ը, Է. Յակոբեանի «Նոր ծաղիկ»-ը, Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն, Կոմիտասի «Անտունի»-ն եւ «Քելեր ցոլեր»-ը, Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն Անուշի երգն ու Անուշի խելագարութեան պատկերը, Մոցարթի «Ալելուիա»-ն, Գ. Երկանեանի «Հայաստան»-ը, Բ.  Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Հ. Պէրպէրեանի «Անոր»-ը, Գ. Մանասեանի «Վարդ մը գետինը», Տէօ Քրթիսի «Քամ պեք թու Սորենթօ»-ն, Ա. Այվազեանի «Երեւան»-ը:

Աւարտին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ «Կոլֆ»-ի  եւ «Ֆէսթիվալ»-ի  յանձնախումբերու անդամներուն, որոնք ժրաջան կ՛աշխատին ծառայելու գաղութին եւ եկեղեցւոյ:

Առաջնորդ սրբազանը խօսքը ուղղելով մենակատարին եւ դաշնակահարին ըսաւ, որ անոնք հայ երաժշտութեան ելեւէջներուն ընդմէջէն եւ ստեղնաշարին վրայ մատներու զգայուն հպումով կրցան  ներշնչել բոլոր ներկաները` հաստատելով, որ անոնք պատգամ մը տուին հայ երգին ու երաժշտութեան մասին, թէ` հայ երգը խօսք է, ապրում է, զգացում ու պայքարի դրսեւորում է:

Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոն կազմակերպողներուն` նկատել տալով, որ օտար երգին կողքին, պէտք է արդար ձեւով գիտնալ արժեւորել նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:

Առաջնորդ սրբազան հօր «Պահապանիչ» աղօթքէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Շողիկ Թորոսեանին, երգեցին «Կիլիկիա» երգը:

Ատրպատական

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Գիտաժողովը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդին, 13 հոկտեմբերին Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին պաշտօնական բացումը:

Տարբեր երկրներէ ժամանած օտար հայագէտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն գիտաժողովին` հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան նիւթերով` հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրտական յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, գերմանացիներու հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզի եւ Սպահանի մէջ, հայ ժողովուրդի յետեղեռնեան վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն լեզուով:

Գիտաժողովին բացումը կատարեց Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Իշխան Չիֆթճեանը: Ան հայութեան քրիստոնէական կեանքին մէջ առաջին երկու առաքելութիւնները իրագործած սուրբերու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու գործունէութիւնը առնչեց մեր ազգային պատմութեան եւ ճակատագիրին հետ` ակնարկելով անոնց յիշատակին կառուցուած տաճարներէն մէկուն Իրանի եւ միւսին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու փաստին, ինչպէս նաեւ` մէկուն վերանորոգուած եւ միւսին աւերակ ըլլալու իրողութեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ առաջնորդ սրբազանի հետազօտական աշխատանքին, որ գիտաժողովին մղիչ ուժը հանդիսացած էր:

Առաջին նիստի առաջին բանախօսն էր սրբազան հայրը, որ խօսեցաւ «Ատրպատական` մեծ վերապրողը պատմութեան» նիւթի մասին, որուն ընդմէջէն  ան ներկայացուց Ատրպատականի հայոց թեմի պատմական անցեալը եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոր մշակութային հսկայ ժառանգութեան մասին:

Սպանիոյ Սան Տամասօ եկեղեցական համալսարանի այցելու դասախօս, հայագէտ Պեռնար Ուտիէ  ներկայացուց «Նոր պրպտումներ Նոր Ջուղայի հայերէն հին ձեռագիրներուն մէջ» նիւթը, որուն ընդմէջէն ան խօսեցաւ տարիներու ընթացքին իր կատարած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ` Նոր Ջուղայի մատենադարանին մէջ կատարած հետազօրութիւններուն մասին:

Էրլանկեն-Նիւրենպերկի Ֆրետրիք-Ալեքսանտր համալսարանէն Տիրք Նովաք ներկայացուց «Հայերէն եզրերու ծագումնաբանութիւնը թափանցիկ դարձնելու փորձ մը» նիւթը, ուր ան անդրադարձաւ հայոց լեզուի հրապուրիչ անցեալին: Ան խօսեցաւ դասական հայերէնի` գրաբարի ձեւաւորման, նաեւ յունարէնի, ասորերէնի, միջին պարսկերէնի ունեցած մեծ ազդեցութիւնը հայոց լեզուին վրայ:

«Հայ-գերմանական յարաբերութիւններ» խորագիրը կրող երկրորդ նիստի առաջին նիւթն էր «Դորպատի համալսարանի տեսուչը Արարատ լերան վրայ», որ ներկայացուեցաւ Գերմանիոյ Պուքսթեհուտէ քաղաքի Բարձրագոյն ուսումնարան – 21 համալսարանէն, Քաթրին Էնտլերի կողմէ:

Երկրորդ նիստին Գերմանիոյ Կէօթինկէն քաղաքի Գէորգ-Աուկուստ համալսարանի դասախօս Քլաուտիա Ռամմելտի ներկայացուց «Գնա՛նք Արեւելք. Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած աշխատանքի պատկերներ` բաղդատական հեռանկարով. Եոհան Լուտվիկ Շնելլերի եւ Էռնստ Եակոբ Քրիսթոֆելի օրինակը» նիւթը:

Երրորդ նիստի խորագիրն էր` «Համակեցութիւն եւ Ցեղասպանութիւն», որուն առաջին զեկուցաբերն էր Համպուրկի համալսարանէն Ժիար Մոհետիէ, որ ներկայացուց «Հայերը Միջին Արեւելքի մէջ. հայերու եւ քիւրտերու միջեւ համակեցութեան մէկ օրինակ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ» նիւթը, որուն ընդմէջէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ անոնց սերունդներու կեանքին, յատկապէս` Սուրիոյ, Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Պաղտատի, Մուսուլի, եւ Իրանի տարբեր քաղաքներուն մէջ:

Երրորդ նիստի վերջին նիւթը ներկայացուց Պոխումի Ռուհր համալսարանէն Եան Կեմ: Նիւթին խորագիրն էր «Գերմանիոյ կողմէն 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն մէկ տարի անց – Ճանաչման եւ ուրացման միջեւ. անձնական նշումներ եւ փորձառութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին»:

Առաջին օրուան նիստի աւարտին առաջնորդ սրբազանը կատարեց ընդհանուր վերարժեւորումը ներկայացուած նիւթերու խիստ շահեկանութեան:

Հայագիտական Ա. գիտաժողովի վերջին եւ եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ 16 հոկտեմբերին, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հրաշակերտ վանքին մէջ:

«Գրականութիւն եւ կենսագրութիւն» նիստի առաջին զեկուցաբերն էր Գերմանիոյ Տրոխթերսէն քաղաքէն Վիլֆրիտ Էկկերս, որ զեկուցեց «Ինչպէ՞ս գրել անգրելիի մասին. Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութիւն» նիւթին շուրջ, որուն ընդմէջէն ան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող չորս վէպեր` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» (1933), Էտկար Հիլզենրաթի «Վերջին մտածումին հեքիաթը» (1989), Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրս» (2004) եւ Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի սեւ շունը» (1997) գործերը:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Օմանի Նիզուայի համալսարանի գերմանագիտութեան դասախօս, գերմանացի հայագէտ Մատթիաս Ֆրիցը, որ ներկայացուց «Լեւոն Շանթի գերմանական շրջանը. գերմանական դարավերջի ակադեմիայի ազդեցութիւնը անոր արձակի ու քերթողութեան վրայ» նիւթը:

Վերջին նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Համպուրկի համալսարանէն Իշխան Չիֆթճեանը, որ ներկայացուց «Կենսագրական վերհանումներ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի (1866-1948) վաստակէն» նիւթը:

Գիտաժողովի աւարտին սրբազանը եզրափակիչ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, որոնք ընդառաջած էին գիտաժողովի հրաւէրին, Թեմական խորհուրդին եւ գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց յանձնեց յուշանուէրներ` Ս. Թադէի մանրակերտ օրինակներ:

Աւստրալիա

Թարգմանչաց Եւ Հայ Ուսուցիչի Տօներու Նշում

15 հոկտեմբերին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Թարգմանչաց տօնին առիթով մատուցեց Ս. պատարագ: Այս առիթով, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, նաեւ նշուեցաւ Ուսուցիչներու օրը` մասնակցութեամբ հայկական ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող 54 ուսուցիչներու:

Պատարագին ընթացքին ուսուցիչները ստացան հաղորդութիւն: Տեղի ունեցաւ ուսուցիչներու օրհնութիւն: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յիշեց թարգմանչաց սերունդը` շեշտը դնելով հայ գիրերու գիւտին անկիւնադարձային կարեւորութեան վրայ եւ նկատել տալով, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեամբ Աստուած հայերէն սկսաւ խօսիլ հայուն հետ: Սրբազանը հաստատեց, որ թարգմանչաց փաղանգը լուսաւորեց հայ միտքը, հայ ճգնաւորը հայերէնի վերածեց քրիստոնէական գրականութիւնը եւ զայն մատչելի դարձուց հայ զարգացած սերունդներուն, աւելցնելով, որ այսօրուան թարգմանիչները ուսուցիչներն են, որոնք կը պայքարին հայութիւն սերմանելու համար մեր նորահաս սերունդներուն մէջ:

Պատարագի աւարտին «Էտկարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:  Օրուան հանդիսավար Նշան Պասմաճեան ներկայացուց օրուան բանախօս Հայ կաթողիկէ լոյս շաբաթօրեայ եւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Իրինա Ղուկասեանը: Ղուկասեան ներկայացուց հայերէնի ուսուցման դժուարութիւնները Աւստրալիոյ մէջ եւ` իր պատրաստած մեթոտները, որոնք Գօլստըն Ճեմարանը որդեգրած է, որովհետեւ դասական հայերէն ուսուցման մեթոտները ժամանակավրէպ են: Ղուկասեան բացատրեց, որ իր եւ զինք նախորդող սերունդները չունէին այն դժուարութիւնները զորս կը դիմագրաւէ այսօրուան ուսուցիչը: Ան խօսեցաւ ծնողներու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին եւ  գործադրուող իր ընդհանուր ծրագիրը ներկայացուց գործնական, մտածուած օրինակներով:

Այնուհետեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին «Թարգմանչաց» վարժարանի տնօրէնուհի Զարուհի Մանուկեանը, Գօլստըն Ճեմարանի եւ Ալեքսանդր վարժարանի տնօրէններ Էտի Տեմիրճեանը, եւ Մանուկ Տեմիրճեանը, ինչպէս նաեւ` կրօն դասաւանդող ուսուցչուհի Շաքէ Վարդանեանը:

Աւարտին սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ղուկասեանի կատարած ախտաճանաչման եւ գործնական առաջարկներուն համար եւ քաջալերեց այսօրինակ արհեստավարժութեամբ յառաջ տանիլ մեր աշխատանքները: Ան նաեւ բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն տարած անզուգական աշխատանքը` ի նպաստ հայակերտման:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Տարեկան Ձեռնարկը

Վերջերս Էլ եւ Տայան Քապրալոֆ ամոլի Փասատինայի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկը` ներկայութեամբ աւելի քան 120 հոգիի:

Օրուան հանդիսավար Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Վահէ Յակոբեանը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնք ձեռնարկի նախօրեակին 175 հազար ամերիկեան տոլարի խոստումներ կատարած են: Ան նաեւ ներկայացուց հիմնարկութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներ Բաբգէն եւ Յասմիկ Ամէրեան ամոլին, որոնք 25 հազար ամերիկեան տոլար նուիրած էին` շարունակելով հիմնարկութեան նեցուկ կանգնելու իրենց աւանդութիւնը:

Այնուհետեւ Վահէ Յակոբեան «Կեանքի մը իրագործում» մրցանակը յանձնեց Նշան Փիրումեանին`չորս տասնամեակներու ընթացքին անոր մատուցած նուիրեալ եւ օրինակելի ծառայութիւններուն համար. Ն. Փիրումեան 36 տարի եղած է հիմնարկութեան վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է նաեւ անոր նախագահի պաշտօնը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջին 20 տարիներուն Փիրումեան ղեկավարած է Հայաստանի սահմանային շրջաններուն, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ մօտաւորապէս 200 դպրոցներու վերանորոգութեան ծրագիրները:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութենէն կրթանպաստներ ստացած 235 ուսանողներէ կազմուած խումբի մը պատրաստած տեսանիւթը, ուր անոնք իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնէին իրենց համալսարանական ուսումը իրականութեան վերածած նուիրատուներուն:

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

10 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի: Հանդիպումին ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը եւ շրջանի ներկայացուցիչ Արտա Չաքեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Փորթանթինոյի ձեռք բերած իրագործումները Սաքրամենթոյի մէջ ու ապագայ աշխատանքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` Ամերիկահայութեան թանգարանի ծրագիրն ու Փորթանթինոյի Հայաստան կատարած այցելութիւնը:

Սրբազանը գնահատեց ծերակոյտին նուիրեալ ծառայութիւնները` ի մասնաւորի ամերիկահայ համայնքին, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներու իրականացման համար:

Ռուսիա

Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող «Փրկութեան Քարտէս» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ «Առնօ Բաբաջանեան հիմնարկ»-ին, 11 հոկտեմբերին Մոսկուայի «Ռոլան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած «Փրկութեան քարտէս» վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

«Փրկութեան քարտէս»-ը կը պատմէ հինգ մարդասէր կիներու` միսիոնարներ Քարեն Եփփէի, Մարիա Ճէյքըպսընի (Դանիա), Պոտիլ Պէորնի (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսընի (Շուէտ) եւ Աննա Հետուիկ Պիւլի (Էսթոնիա) մասին:

Նախքան ցուցադրութիւնը` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դեսպանորդ Պորիս Սահակեանը եւ «Առնօ Բաբաջանեան հիմնարկ»-ի նախագահ Ա. Սարգսեանցը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ ժապաւէնը արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեանը, որ խօսեցաւ շարժապատկերի ստեղծման գաղափարին ու անոր իրագործման, հեղինակային խումբին եւ հերոսուհիներու հայրենիքներուն մէջ ժապաւէնի ցուցադրութեանց մասին:

 

Նախորդը

Հայաստան Տարուած Են Լիբանանեան Մայրիներ. Տունկերուն Գոյատեւումը Պիտի Փորձարկուի Բոլոր Մարզերուն Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?