Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Գումարուեցաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը
Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան շրջանաւարտ կազմերուն, 25 օգոստոսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 163-րդ նիստը:
Նիստը յատկացուած էր թեմի շրջանաւարտ գործադիր իշխանութեան զոյգ կազմերու գործունէութեան երկամեայ (2015-2017) տեղեկագիրներու քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:
Նիստը սկսաւ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով եւ բացման խօսքով: Ան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի հայրապետական ողջոյնները, բարեմաղթութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները, որմէ ետք բացուած յայտարարեց նիստը: Սրբազանը հրաւիրեց ժողովականները գիտակցութեամբ մասնակցելու նիստին եւ անաչառ քննարկումով եւ տրամաբանական մօտեցումով արժեւորելու զայն: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհը արագավազ փոփոխութեան մէջ է, հետեւաբար հարկ է դրական կերպով մենք մեզ փոխենք, աւելցնելով, որ պէտք է մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ ունենանք նոր սերունդ դաստիարակելու կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող գերխնդիրը: Սրբազանը անդրադառնալով սուրիահայ համայնքին կրած ծանր հարուածներուն` հրաւիրեց բոլորը միասնաբար ու լրջօրէն մտածելու, ծրագրելու եւ գործելու:
Ներկայացուեցան շրջանաւարտ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան, նաեւ թեմի տնտեսական եւ հաշուեքննիչ մարմիններու երկամեայ տեղեկագիրները, որոնց ընթերցման յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ, կատարուեցան առաջարկներ, ապա ներկայացուած տեղեկագիրները վաւերացուեցան Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ:
Ժողովականները իրենց անվերապահ գնահատանքը արձանագրեցին շրջանաւարտ կազմերուն: Անոնց կողմէ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութիւնները ապացոյցներ էին, թէ անոնք յաջողած էին հասնիլ ժողովուրդի զաւակներու առաջնահերթ կարիքներուն` բաց պահելով հայ դպրոցը հայ աշակերտութեան եւ հայ եկեղեցին` հայ հաւատացեալին դիմաց, արտայայտելով որպէս կազմակերպ հաւաքականութիւն գործելու կորովն ու կամքը:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան երկու զեկոյցներ` սուրիահայութեան իրավիճակին եւ սուրիահայութեան վերականգնումի վիճակին առնչութեամբ, որոնք ըստ էութեան քննարկուեցան:
Քննարկումները կեդրոնացան յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան պատկերացումներու ձեւակերպումին վրայ եւ թեմի վերականգնումի ընդհանուր շրջագիծին մէջ կատարուեցան կարեւոր առաջարկներ, մասնաւորաբար` Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի, հայկական համայնքային եւ միութենական կառոյցներու, բնակարաններու եւ գործատեղիներու վերաշինութեան ի խնդիր:
Ժողովի բանաձեւերուն վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային իշխանութեան գործադիր երկու նոր կազմերու, հաշուեքննիչ մարմինի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի նոր դիւանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակցող թեմի պատգամաւորներուն եւ փոխանդամներուն ընտրութիւնը:
Ժողովի աւարտին առաջնորդ սրբազանը գնահատեց շրջանաւարտ կազմերը, շնորհաւորեց նորընտիր կազմերը, որոնք գիտակցելով տիրող տագնապին` մեծ դժուարութիւնները դիմակալելու յանձնառութեամբ ստանձնեցին իրենց վստահուած գործը:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի 163-րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը, սուրիական հայրենիքի եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:
Ատրպատական
Դոկտ. Յասմիկ Ղազինեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
16 օգոստոսին Հայաստանի բժշկագիտութեան առաջատար դէմքերէն դոկտ. Յասմիկ Ղազինեանը այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Ղազինեանին ներկայացուեցան թեմի ներկայ կեանքի` ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ հասարակական հարցերու մասին նորագոյն տեղեկութիւնները, որոնք անոր համար ուրախալի էին իրենց աշխուժութեամբ եւ հաւաքական գործունէութեան ընդհանուր պատկերով:
Դոկտ. Ղազինեանը կը գտնուէր Ատրպատական` իր մասնակցութիւնը բերելու բժշկագիտական միջազգային համաժողովին, որուն գիտական նիստերուն կը մասնակցէին զանազան երկիրներէ ժամանած գիտնականներ:
Հանդիպումի աւարտին առաջնորդ սրբազանը դոկտ. Յասմիկ Ղազինեանին նուիրեց վերջերս հրատարակուած «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ հայկական յուշարձաններու հետքերով» գիրքէն օրինակ մը:
Միացեալ Նահանգներ
Հանդիպում Շարլ Ազնաւուրի Հետ
Երկուշաբթի, օգոստոս 28-ին, «Քառնեկի» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը 93-ամեայ հանրահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հետ: Ներկայ էին` դեսպաններ, հիւպատոսներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ: Յիսունէ աւելի հրաւիրեալներու կողքին, նաեւ ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի էջմիածնական թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան: Նաեւ ներկայ էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեանը:
Օրուան հանդիսավարն էր Ռէյչըլ Նազարեանը, որ յայտնեց, թէ քանի մը օրերու ընթացքին կարելի եղաւ կազմակերպել այս հաւաքը` նկատի ունենալով, որ Լոս Անճելըսէն Փարիզ վերադարձին Ազնաւուր կարճ այցելութեամբ մը Նիւ Եորք կը գտնուէր: Ան յայտնեց, թէ Ազնաւուր ժամանած էր Լոս Անճելըս` մասնակցելու Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին վրայ «Շարլ Ազնաւուր»-ի աստղի բացման հանդիսութեան: Բացման արարողութեան ներկայ եղան ծերակուտականներ եւ եօթներորդ արուեստի բնագաւառին մէջ հանրածանօթ դէմքեր:
Նազարեան բեմ հրաւիրեց «Քառնեկի» հիմնարկի տնօրէն Վարդան Գրիգորեանը, որ անդրադարձաւ Ազնաւուր տիպարին եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ կատարած անոր բարեգործական աշխատանքներուն:
Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը` այս աշխատանքներուն մասին, նաեւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տրուեցան Հայաստանի մէջ կառուցուելիք արուեստի եւ մշակոյթի «Ազնաւուր» կեդրոնին մասին:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Աւարտին, նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Ազնաւուր, որ նշեց, թէ ամենայն հպարտութեամբ եւ նուիրումով պիտի շարունակէ ծառայել իր արմատներուն` հայութեան:
Աւարտեցաւ «Ինսիտիում» Ժապաւէնի Արտադրական Աշխատանքը
Վերջերս աւարտեցաւ «Ինսիտիում» կարճատեւ ժապաւէնի արտադրութիւնը` բեմադրութեամբ Կրեկ Սթարզի, գլխաւոր դերակատար-պարող` հայազգի Մարիամ Վարդան:
Ժապաւէնին գլխաւոր արտադրողն է անցեալ տարի «Լա ֆամ է լը Թէ.Ճէ.Վէ.» ժապաւէնին համար «Օսքար»-ի թեկնածու դարձած Ժան տը Մերօ, երաժշտութեան հեղինակն է Նիքլըս Նիտհարթը, իսկ պարուսոյցը` Նարինէ Սարգիսեանը:
Ժապաւէնին արտադրիչները նկատել տուին, որ Ժապաւէնը ստեղծագործութեան տօնակատարութիւն մը եւ շարժապատկերային տարածուն պտոյտ մըն է, որ կը քննէ կեանքի եւ մահուան ծալքերը` պարային շարժումներու ընդմէջէն:
Հայ Միջազգային Բժշկական Հիմնադրամը Մեծարեց Հայաստանի Առողջապահական Սպասարկութիւններ Մատուցողները
Այս ամիս տեղի պիտի ունենայ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամին դէպի Հայաստան 16-րդ առողջապահական առաքելութիւնը: Առ այդ, վերջերս նոյն կազմակերպութեան համակիրներէն մէկուն բնակարանին մէջ կայացաւ հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ բաւարար գումար ապահովել` լսողութիւն պարգեւելու նպատակով իրականացուելիք վիրաբուժութեանց թիւը 100-էն աւելի բարձրացնելու համար:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան` տոքթ. Գառնի Բարխուդարեանը, դոկտ. Լուսին Տատրեան-Հաքըպէյը եւ Ճիմ Հաքըպէյը:
Հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Սալբի Ագարակեանը այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայ եւ օտար համակիրներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին կազմակերպութեան գործունէութեան:
Յայտնենք, որ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամը իր գործունէութեան 13 տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեսիրական ծրագիրներով լսելու կարողութիւն շնորհած է 93 երեխաներու եւ չափահասներու: Այս նախաձեռնութիւնը մարզած է նաեւ Հայաստանի մէջ բժիշկներ, որպէսզի իրենք եւս կատարեն նման գործողութիւններ:
Փարիզ
Ոչ Եւս Է Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ալեն Պէրպէրեանը
Վերջերս Փարիզի մէջ 63 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ բեմադրիչ Ալեն Պէրպէրեանը, որ նշանաւոր դարձած է իր «Վախերու գիւղը» եւ «Ոչինչները» ժապաւէններով:
Պէրպէրեան ծնած էր 1953-ին, Պէյրութ: Հայրը հայ էր, մայրը` յոյն, իսկ իր եղբայրը` Շարլը, յայտնի արուեստագէտ էր:
Աւարտելէ ետք շարժապատկերագիտութեան մասնագիտութիւնը, Ալեն Պէրպէրեանը յաջողած էր ընդունուիլ Ֆրանսայի նշանաւոր «Քանալ + Թի. Վի.» կայանը, ուր ծանօթութիւններ հաստատած էր եւ սկսած էր արդէն իսկ նկարելու երգիծական ժապաւէններ, որոնք մեծ յաջողութիւն գտած էին:
Մոսկուա
Հայկական Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-Տօնավաճառի Բացում
21-27 օգոստոսին Մոսկուայի շրջաններէն Հիւսիսային Պութովոյի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական արտադրանքի ցուցահանդէս, ուր ներկայացուեցան թեթեւ ճարտարարուեստի, գիւղատնտեսական վերամշակուող արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններու արտադրանքը, ինչպէս նաեւ` հայկական յուշանուէրներ:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի առեւտուրի ներկայացուցչութեան կողմէ, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան կողմէ մշակուած արտահանման խթանման ծրագիրին համաձայն, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մասնակցութեամբ ու Մոսկուայի առեւտուրի եւ ծառայութիւններու վարչութեան հետ համաձայնութեամբ: