Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Հայ Գաղութը Փառաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակը

Դեկտեմբեր 15, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Շուէտի «Հիւսիսեան» առանձնակի կոմիտէութեան, 12 նոյեմբեր 2022-ին Սթոքհոլմի «Ազատամարտ» հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, համայնքի հոգեւոր հովիւ Վաղարշ քահանայ Իսախանեան եւ Հրաչ Մարութեան:

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան ազատագրութեան ճանապարհին զոհուած անցեալի ու ներկայի նահատակներուն: Ապա «Մեր հայրենիք» եւ ՀՅԴ քայլերգով բացուած յայտարարուեցաւ յայտագիրը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նէնսի Խաչատուրեան, շեշտելով այն իրականութիւնը, թէ` Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները սովորական տարեդարձներուն չեն նմանիր, անոնք յիշատակի տօնախմբութիւններ չեն, ընդհակառակը անոնք առիթներ են խօսելու ընդհանրապէս կուսակցութեան գործունէութեան, անոր կատարածներուն ու բացթողումներուն, յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն մասին` տեւաբար ինքզինք բարելաւելու եւ գերազանցելու պայմանով: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ իր հիմնադրութենէն ետք, Դաշնակցութիւնը ակնյայտ ներկայութիւն եղած է հայութեան եւ հասարակական բեմին վրայ,  մանաւանդ ներկայ օրերուն, իշխանափոխութենէն ետք` անդադար ձգտելով իր յստակատեսութեամբ, խիզախութեամբ, ի հարկին` ինքնասրբագրումով եւ ուժեղ կանոնագրի օժանդակութեամբ ճիշդ հունի վերադարձնել իր ուղին:

Ապա Քնար Գարամանեան խոր ապրումով ասմունքեց Գէորգ Էմինէն «Մենք»-ը, որմէ ետք Անդրանիկ Խանթարաճեան մեներգեց «Լերան լանջին» եւ «Երազ իմ երկիր Հայաստան»: Մարիէթ Մասիհ ապրումով ասմունքեց Միքայէլ Նալբանդեանէն «Ազատութիւնը», ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը «Եարխուշտա» պարով գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Սեւակ Եմէնճեանի:

Գեղարուեստական բաժինէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Շուէտի «Հիւսիսեան» առանձնակի կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, որ նախ բարի գալստեան մաղթանք փոխանցեց Բիւրոյի ներկայացուցիչին ու հիւրերուն, ապա յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր յարգելի մարդկանց, որոնք տարիներէ ի վեր սատար կանգնած են Շուէտի երկու ակումբներու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը իր 132 տարուան պատմութեան ընթացքին քաջութեամբ, հայրենասիրութեամբ, անձնազոհութեամբ, պարկեշտութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ կազմակերպած ու իրականացուցած է բազմաթիւ գործունէութիւններ:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ դաշնակցական ընկերոջ տուած խոստումի կարեւորութեան, որուն հիման վրայ պիտի կարենայ իր բաժինը բերել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին: Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը կեանք առած էր 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ, բայց իր կիզակէտը, իր ամբողջական նուիրումը տուած էր Երկրի ազատագրութեան դատին, այս առումով Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան ունեցած գործօն դերակատարութիւնը Ցեղասպանութեան օրերուն ու ապա կերտուած առաջին հանրապետութեան նորաստեղծ Հայաստանի պետականութեան, 80-ական թուականներու վերջաւորութեան Արցախեան շարժումին եւ ինչպէս նաեւ 2020 թուի սեպտեմբերեան պատերազմին: Ան փոխանցեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը հաշուետուութեան օր է, այդ մէկը կը պահանջէ ճշդել հիմնական առաջադրանքները, մարտահրաւէրները եւ ըսել թէ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդ մարտահրաւէրներու համար ինչ ուղի է ընտրած եւ տալ որոշ չափով ապագայի տեսլականը:

Ան նշեց հայրենիքի ու Արցախի մեր ունեցած մարտահրաւէրները, որոնք են.

1.- Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններու պարտուողական կեցուածքի պատճառով ստեղծուած կացութիւնը:

2.- Հայ-թրքական յարաբերութիւններ:

3.- Սփիւռքի վերաշխուժացումը:

Այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու միակ միջոցն է համախմբումը շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյին ներկայացուցիչը` հաստատելով, որ ժամանակն է համախմբելու այդ բոլոր ուժերը, որոնք ունին ազգային գաղափարախօսական հիմք: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով` մենք պէտք է հաւատանք վաղուան արշալոյսին, պէտք է հաւատանք նաեւ, որ մեր ժողովուրդը ունի ներքին ուժականութիւն, որպէսզի կերտէ նոր յաղթանակներ:

Փա՛ռք այն ժողովուրդին, որ ծնաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, փա՛ռք մեր հայրենիքին եւ փառք աշխարհասփիւռ հայութեան:

«Պահպանիչ»-ով տօնախմբութեան փակումը կատարեց Վաղարշ քահանայ Իսախանեան:

Շուէտ

Նախորդը

Ահազանգ Մը Եւս. «Արդէն Ժամանակն Է…»

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մայիս 25, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը.  Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան
Գաղութէ Գաղութ

Արեւմտեան Թեմը 500.000 Տոլարով Կը Հաստատէ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հիմնադրամ

Մայիս 22, 2023
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In