Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Մէրիլէնտ

Նոյեմբեր 23, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter


Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին, Պէթեստայի (Մէրիլէնտ) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համայնքը տօնախմբեց իր 58-ամեակը, համախմբուելով եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Օրուան հանդիսավարը՝ Քրիստին Անթանէսեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, հրաւիրեց Լօրի Սիմոնեանը եւ օր․ Գարինա Թիքոյեանը, որպէսզի մեներգեն սմերիկեան եւ հայկական, նաեւ Արցախի քայլերգները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, ներկաները հաճելի մթնոլորտի մէջ վայելեցին համադամ ճաշեր եւ աղանդերներ։ Տիար Անդրանիկ Թոսունեան՝ ատենապետ, ներկայացնելէ ետք եկեղեցւոյ միամեայ գործունէութեան հակիրճ պատկերը, խօսեցաւ նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ համալիրին ծրագրի մասին, որ հանգրուանային կերպով պիտի ընթանայ; Տիար Սամիկ Ճարեան, ճաշկերոյթի պատուոյ նախագահ, ուրախութիւն յայտնեց որ համայնքը հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ դէպի աւելի փայլուն ապագայ։ Այնուհետեւ, Ազգային Առաջնորդարանի վկայագրեր յանձնուեցան Մակի Քամալեանին եւ Գէորգ Գազանճեանին իրենց բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար եկեղեցւոյ տարբեր բաժանմունքներուն մէջ։ Անահիտ Տարտարեան դիպուկ խօսքերով ներկայացուց տիկ. Քամալեանի ծառայութիւնը, իսկ Յովսէփ Աւագեան դրուատանքով ներկայացուց տիար Գազանճեանի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ վերելքին մէջ։

Արժանապատիւ Տ. Սարգիս Աւագ Քհն․ Ագթաւուգեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իր կարգին գնահատագրեր յանձնեց Նելլի Սարգիսեանին եւ Անժէլ Սարգիսեանին, որպէս տարուան օրինակելի ծխականներ։ Այնուհետեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն իրենց ամբողջական օժանդակութեան համար, եւ մաղթեց որ եկեղեցւոյ կեանքը վերակառուցեն նոր ծրագիրներով։
Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան բարձրօրէն գնահատեց համայնքին յարատեւութեան եւ յանձնարարութեան ոգին, եւ յոյս յայտնեց որ բոլորին մասնակցութեամբ նոր եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքները կեանքի կը վերածուին, բերելով նոր աւիշ համայնքին, ինչպէս նաեւ Թեմի կեանքէն ներս։
«Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնակատարութիւնը
Յաջորդ օրը՝ կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայի հետ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ «Համաստեղ» հայկական վարժարանի ուսանողութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողաց հետ առաւօտեան ժամերգութեան մասնակցեցան։ Սրբազան Հայրը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, ականատես ըլլալով, որ աշակերտութիւնը աւանդական կերպով դասապահերը կը սկսի աղօթքով, ներշնչուելով մեր հայրերու իմաստութեան աղբիւրով։ Այնուհետեւ, կարդալով անանուն աշակերտի մը օրագրութիւնը, ուր ան կը նկարագրէր իր առօրեայ ծրագիրը։

Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Սրբազան Հայրը պատարագեց եւ նորոգ օրհնուած միւռոնով Ջրօրհնէք կատարեց ու քարոզեց։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց Սուրբ Միւռոնի կենսական դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ, որպէս Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ շարունակականութեան եւ անխախտ միութեան ամենէն շօշափելի արտայայտութիւնը։ «Որպէս միւռոնուած ժողովուրդ», Սրբազան Հայրը ըսաւ, «Հայր Աստուծոյ նախախնամութեամբ օծուած, Յոյսով կը դիմագրաւենք եւ կը յաղթահարենք կեանքի ամէն տագնապ, որուն կոթողական վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, եւ Քրիստոսի հաւատքի ուժականութեամբ, մահը մահուամբ յաղթահարած յարութիւն առաւ, եւ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ ու կը շարունակէ ունենալ»։
Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ջերմ ըմդունելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգայւն Վարչութեան գնահատեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութեանց գովելի աշխատանքները ո՛չ միայն գաղութին գոյապահպանման, այլ նաեւ համահայկական առումով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն հետապնդման գծով։

Նախորդը

Հանդիպում Նիքէայի Քաղաքապետին Հետ

Յաջորդը

Գիրք, Որ Հրապարակուած Է Մեծ Նուիրեալ՝ Սամուէլ Կարապետեանի «Մեծ Երազ»ով

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?