Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ֆրանսա
ՀՅԴ-ի 132-Ամեակի Նշում
Վերջերս Մարսէյի մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անհնար է անջատել հայ ժողովուրդի պատմութենէն, աւելցնելով, որ 132 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ծառայած է Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրման դատին: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ստեղծուեցաւ այն պայմաններուն մէջ, երբ հայը պատմական հայրենիքին մէջ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան խնդիր ունէր, նկատել տալով, որ մեր ստեղծման յաջորդեց փշոտ, փորձութիւններով լի ճանապարհ` հայդուկային շարժում, ցեղասպանուող ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպում եւ, վերջապէս, 6 դար դադարէ ետք անկախ պետականութեան կերտում: Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ 2020 նոյեմբերէն ետք Հայաստանի մէջ փոխուեցաւ քաղաքական գործընթացներու տրամաբանութիւնը եւ դուրս եկաւ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն դասական տրամաբանութենէն: «Մեր նպատակն է կերտել ազգային լիարժէք պետութիւն, որ ընդունակ է պահպանել հայու ինքնութիւնը եւ զարգանալ` առաջ մղելով ազգային-պետական կենսական շահերը, իսկ օրուան իշխանութեան իրական նպատակն է, պահպանելով պետութեան անուանական գոյութիւնը, ձերբազատիլ ազգային ինքնութենէն, հրաժարիլ մեր սերունդներու անժամանցելի իրաւունքներէն եւ շահերէն», ըսաւ ան: Սաղաթէլեան հաստատեց, որ մերժելի եւ անընդունելի են երկրի ապագայի մասին օրուան իշխանութեան այդ պատկերացումները` համարելով զանոնք ինքնաոչնչացման եւ կործանման ճանապարհ: Ան ըսաւ, որ` «Մեր պարտականութիւնն է ելքեր առաջարկել մեր ժողովուրդին, մէկ կողմ ձգել երկրորդական բոլոր հարցերը եւ միաւորուիլ գլխաւոր նպատակի շուրջ, ներդրել մեր բոլոր ջանքերը, ուժերը, հարկ եղած պարագային, նաեւ կեանքը դնել պայքարի զոհասեղանին` յանուն հայ ժողովուրդի»: Ան շեշտեց, որ ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումով համահայկական զօրաշարժի իրականացում, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներու հրատապ լուծում, կենսական զիջումները բացառելու ուղղուած արտաքին զօրակցութեան ապահովում:
* Ֆրանսա աշխատանքային այցի ծիրին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան ունեցաւ ժողովրդային, հասարակական եւ քաղաքական տեսակցութիւններ: Ան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սապրինա Ակրեսթի, հարաւային Ֆրանսայի Շրջանային խորհուրդի անդամ Տիտիէ Փարաքեանի, Մարսէյի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Ֆիլիփ Քոզեանի եւ ուրիշներու հետ` քննարկելով հայ-ֆրանսական կապերուն առնչուող հարցեր, ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Յունաստան
Դաւիթ Իշխանեան Յունահայութեան Ներկայացուց Արցախի Վերջին Զարգացումները
Աշխատանքային այցելութեամբ Աթէնք գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, քաղաքական բովանդակութեամբ հանդիպումներուն զուգահեռ, յունահայ հանրութեան ներկայացուց Արցախի վերջին զարգացումները, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ:
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երեկոյի բացումը կատարեց Յարութիւն Սպարթալեան, որ խնդրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել Արցախին համար զոհուած բոլոր հայորդիներու յիշատակը: Ան շեշտեց, որ Արցախը այսօր, աւելի քան երբեք, խորհրդանիշ դարձած է, եղած է հայ ազգի համար գոյատեւման բնազդը եւ կը խորհրդանշէ հայուն կապը իր պապենական հողերուն հետ` աւելցնելով, որ 26 տարիներու ընթացքին Արցախը հայրենիքին համար հանդիսացաւ արծուաբերդը եւ պաշտպան դարձաւ մեր հայրենիքի դէմ եղած թշնամական սպառնալիքներուն, որոնք կու գային մեր երկրի արեւելեան սահմաններէն: Ան ըսաւ, որ Արցախը մեզի շնորհեց հպարտութիւնը յաղթականի: Ան հաստատեց, որ պատերազմի վերջաւորութենէն մինչեւ այսօր Արցախի բնակչութիւնը կը գտնուի նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին տակ: Պիտի խորհին շատեր, թէ փախուստը ամէնէն դիւրին լուծումն է, սակայն Արցախի բնակչութիւնը հաստատ կը մնայ իրեն պատկանած հողին վրայ: Արցախի Հանրապետութեան համայն քաղաքական կառոյցներուն կողմէ հոկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցաւ բացառիկ նիստ եւ ապա համահայկական հաւաք` Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակի վրայ: Պատգամը մէկ էր: Արցախը երբեք չէ եղած ու պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի մաս:
Օրուան բանախօս Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ հակառակ ստեղծուած ծանր վիճակին` Արցախի հիմնահարցը կարելի չէ փակուած նկատել, նոյնիսկ եթէ այսօր թուրք-ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ ամէն տեսակի սադրանքներ իրագործելով` միջազգային ընտանիքը համոզել, որ Արցախի հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Ան շեշտեց, որ արցախցին այս անգամ եւս ունի պայքարելու հզօր կամք: Ան անդրադարձաւ վերջին երկու տարիներու իրավիճակին` խօսելով կարգ մը հիմնական խնդիրներու մասին, որոնցմէ առաջինը ապահովութիւնն է: Իշխանեան նշեց, որ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, իսկ պատերազմէն ետք այս իրավիճակը փոխուեցաւ, եւ Հայաստան ետ քաշեց իր երաշխաւորութիւնը Արցախի վրայէն` ստեղծելով նոր կացութիւն մը: Այսօր բաւական թուլացած է պաշտպանական համակարգը, Հայաստանի բանակը այլեւս զօրակոչիկներ չի ղրկեր Արցախ, այսուհանդերձ, ան յայտնեց, որ Արցախի հայութիւնը կարողութիւնը ունի փոխելու ներկայ իրադրութիւնը: Իշխանեան նաեւ նշեց, որ ներկայիս գոյութիւն ունի նոր տուեալ մը` ռուսական բանակի որպէս երաշխաւոր ներկայութիւնը Արցախի մէջ: Միաժամանակ Ազրպէյճան շարունակաբար կը փորձէ խոչընդոտներ ստեղծել` պահանջելով Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ պետական կառոյցներու լուծարումը:
Այս բոլորին դիմաց Արցախ կը ներկայանայ ներքաղաքական կայուն վիճակով, ներքին համերաշխութեան նուաճումով, շնորհիւ ՀՅԴ ջանքերուն` ստեղծուած է համախոհութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտ կառավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ: Ընդգծելի է, որ ժողովուրդը եւս դրական վերաբերում կը ցուցաբերէ քաղաքական աշխարհին հանդէպ` միաժամանակ բարձր պահելով պայքարելու ոգին, շեշտեց ան:
Երկրորդ հարցը կարգավիճակին կը վերաբերի, ինչ որ անորոշութիւն ստեղծած է ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ երբ Ազրպէյճան միջազգային հանրութեան առջեւ կը յայտնէ, որ Արցախի հարց գոյութիւն չունի: Բերձորի ու Աղաւնոյի յանձնումը թշնամիի ուժերուն` անկումային հոգեվիճակ ստեղծեց ժողովուրդին մէջ:
Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ քաղաքական գետնի վրայ, այն փաստաթուղթերը, որոնք շրջանառութեան մէջ դրուած են, յոյս չեն ներշնչեր, հանգուցալուծումը մօտ չէ, սակայն կան կարգ մը նախադրեալներ, որոնք յուսադրիչ քայլեր կրնան նկատուիլ, ինչպիսին է յառաջիկայ հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահին հետ: Այսուհանդերձ, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը նկատուի տարածաշրջանի տիրական ուժը, եւ շատ բան կախեալ է ռուսական քաղաքականութեան ընտրանքներէն: Խաղաղութեան պայմանագիրի համար ճնշում գոյութիւն ունի` հրաժարելու համար ինքնորոշման իրաւունքէն եւ Արցախը տեսնելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան ամէն ձեւով կը շարունակէ խանգարել ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը, մինչ Հայաստան եւս չի կարողանար իր դիրքորոշումը վստահօրէն ներկայացնել: «Այսուհանդերձ, Արցախի տարածքային վերականգնումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը մեր հիմնական սկզբունքները կը շարունակեն մնալ», նշեց Իշխանեան:
Բանախօսը երրորդ հիմնական հարցը նկատեց պատերազմի մթնոլորտի վերացումը` շեշտելով, որ 44-օրեայ պատերազմը շատ ծանր վիճակ ստեղծեց Արցախի մէջ: Այսօր պետական կառոյցները կը փորձեն վերացնել պատերազմի հետեւանքները, որոնք ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմաններ ստեղծած են: Լուրջ փորձ կը տարուի տեղահանուածներու իրավիճակը փոխել: Իշխանեան յայտնեց, որ բնակարանաշինութիւնը ընթացքի մէջ է, որպէսզի կարելի ըլլայ գրաւուած շրջաններէն տեղահանուածներուն համար տրամադրելի ըլլան նոր բնակարաններ, եւ երաշխաւորուի նաեւ Արցախէն հեռացածներու վերադարձը: Հայաստան եւս կը շարունակէ իր լուրջ պիւտճէական օժանդակութիւնը, որ կը միտի զօրացնել երկրի ենթակառուցուածքները եւ պետական համակարգը:
Բանախօսը մտահոգիչ նկատեց այն, որ ջրամբարներու եւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան գործարաններու կարեւոր մաս մը անցաւ Ազրպէյճանի ձեռքը, իսկ կազի եւ ելեկտրական հոսանքի կապերու Լաչինի միջանցքով անցնելու իրողութիւնը լուրջ խնդիր կը ստեղծէ թշնամիին կողմէ եւ համակարգը բաւական խոցելի կը դարձնէ: Բնակչութիւնը ներկայիս կը հաշուէ 120.000 անձ, եւ ջանք կը տարուի ստեղծել կայուն ժողովրդագրական վիճակ: Ազրպէյճան ամէն տեսակի սադրանքներու դիմելով, կը փորձէ խաթարել պատկերը` ներկայացնելով սուտ տեղեկութիւններ:
Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ Ռուբէն Վարդանեանի պետական նախարար նշանակուելու իրողութեան ու ազրպէյճանական հակազդեցութիւններուն, կարեւոր նկատեց երկխօսութիւնը Իրանի եւ Արցախի միջեւ, եւ յատուկ անդրադարձ կատարեց մշակութային ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումին շուրջ, միջազգային հարթակներու եւ օտար պետական-քաղաքական շրջանակներուն մօտ իրազեկելու համար Ազրպէյճանի կատարած բնաջնջումը Արցախի պատմամշակութային կոթողներուն:
Ներկայացման յաջորդեցին հարցումներ եւ զրոյց:
Սուրիա
ՍՕ Խաչի Ամանորեան Ցուցահանդէս–Վաճառք
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան, 29 նոյեմբերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՍՕԽ-ի աւանդական ամանորեան ցուցահանդէսին` մասնակցութեամբ ՍՕԽ-ի ձեռարուեստի, աշխատանոցի, մանկամսուրի, առողջապահական, «Փեթակ» եւ «Շիրակ» վաճառատան յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ` նստավայրի երեք մասնաճիւղերու եւ Քեսապի «Մեղրի» ու «Գետաշէն» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:
Բացման խօսքով ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Թինա Գասապեան նկատել տուաւ, որ այս տարի ցուցահանդէսը կը ներկայանայ Այնթապի ասեղնագործութեան ընտրանիով, աւելցնելով, որ Այնթապի ասեղնագործութիւնը արտայայտիչ է իր ոճով, երկրաչափական պարզութեան հասած զարդաձեւերով: Ան շեշտեց, որ մենք ժառանգորդներն ենք հայ մշակութային արժէքներուն, եւ մեզի վիճակուած է հաւատարմօրէն պահպանել ու փոխանցել հայ ասեղնագործութեան ժառանգութիւնը:
Աշխատանոցի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիրուն Թաշճեան ըսաւ, որ աշխատանոցի յանձնախումբի ընկերուհիները այսօր կը ներկայացնեն շրջանի մը անսակարկ եւ բծախնդիր աշխատանքի արդիւնքը, աւելցնելով, որ անոնք խմբային աշխատանքով փորձեցին լաւագոյնը հրամցնել հանրութեան:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան խօսք առնելով` յայտնեց, որ 104-ամեայ ՍՕԽ-ը իր մարդասիրական, բարեսիրական սրբազան առաքելութեամբ եղած է ու կը մնայ հայ կնոջ նկարագրի կազմաւորման հոգեմտաւոր դարբնոցը: Այստեղ հայ կինը շատ բան ունի սորվելիք, ապա որպէս խաչուհի` շատ բան ունի տալիք: ՍՕԽ-ը իր բազմածաւալ աշխատանքին զուգահեռ, կը նպաստէ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հայ արուեստի ծաղկումին:
Սրբազան հայրը ի տես հայկական մշակոյթի պահպանման սատարող այս ձեռնարկին` ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսով մեր ակունքներէն եկող արժէքներուն հետ անգամ մը եւս հաղորդակից կը դառնանք, կարծէք անցեալը կենդանացած է եւ ներկային մէջ մեզ կը զօրացնէ, կը գօտեպնդէ, որպէսզի աւելի յոյսով ու զօրացած` դէպի ապագայ բացուինք:
Ան իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ստեղծագործական աշխատանքներով կը փորձեն անցեալի արժէքները նոր շունչով ներկայացնել:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին բազմատեսակ ասեղնագործներ` հայկական զանազան գաւառներէ: Ցուցադրուած էին նաեւ նորօրեայ տպածոյ Ամանորի յատուկ ծածկոցներ, անձեռոցներ, հայատառ տպածոյ շղարշներ, յատկապէս տօնական առիթներու համար պատրաստուած որակաւոր հաւաքածոյ մը, նաեւ` զանազան տեսակի համադամ ճաշատեսակներ, մրգեղէններ, ընտիր գինիներ, խմիչքներ եւ այլն:
ՍՕ Խաչի «Էրեբոինի» Մասնաճիւղի Տարեկան Աւանդական Տօնավաճառ
ՍՕ Խաչի «էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը տեղի ունեցաւ 25-26 նոյեմբեր 2022-ին, «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբը ներկայացաւ հայկական գաւառներու ասեղնագործութիւններով ու Կաղանդը խորհրդանշող ասեղնագործ զարդեղէնով:
Տնտեսական յանձնախումբի անդամուհիները նաեւ պատրաստած էին կարկանդակներ, կրկնեփներ եւ անուշեղէն: Տօնավաճառին յատուկ բաժին մը յատկացուած էր «Արեւ» խոհանոցին, ուր պատրաստուած էին հայկական տոհմիկ ճաշերու տեսակներ:
Այս տարուան ցուցահանդէսը առաւել ճոխ եւ իւրայատուկ էր ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան աշխատանոցի, ձեռարուեստի յանձնախումբերու եւ «Նայիրի» մասնաճիւղի արտադրութիւններով:
ՍԵՄ-ի Կազմակերպած Երգահանդէսը Ոգեւորեց Ներկաները
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ, Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2022-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յեղափոխական ու ազգային երգերու երգահանդէս:
Մենակատարն էր նախկին ՍԵՄ-ական Սուրէն Աճեմեան: Ան նուագախումբին ընկերակցութեամբ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց ու երգեց ազգային ազատագրական պայքարի մեր պատմութիւնը եւ բոլոր ժամանակներու ֆետայիներուն, հայրենիքի նուիրեալ ասպետներուն սխրանքը պատմող երգեր:
Բեմավարներ Սագօ Չափրազեան եւ Ժիւլի Արթին քայլերգներէն ետք բաց յայտարարեցին երգահանդէսը` նախ ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Արաբերէն բացման խօսքով Ժիւլի Արթին ներկաները ողջունելէ ետք, յայտնեց նման երգերու կարեւոր դերը մեր պատմութեան ներկայացման մէջ: «Երաժշտութիւնը եղած է կամուրջը մեր պատմութեան էջերուն միջեւ, դարձած է պատմութեան հայելին: Յեղափոխական ու ազգային երգերով մենք սորված ենք, որ մե՛նք ենք մեր դատին պաշտպանը», ըսաւ ան:
Սագօ Չափրազեան հայերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ յեղափոխական երգերու կարեւորութեան` հայ հոգիները հայրենասիրութեամբ զինելու առումով: «Անցեալը յիշելու, պատմական յիշողութիւնը վերապրելու եւ միշտ արթուն պահելու յանձնառութիւն ունի հայը: Ազգային եւ յեղափոխական անմահ երգերը սերունդէ սերունդ մեր պատմութիւնը փոխանցելու, հերոսներուն ծանօթացնելու եւ մեր պոռթկումն ու պայքարի ոգին արտայայտելու պարզ ու անկորնչելի միջոցներ եղած են», աւելցուց ան:
Բացման խօսքերէն ետք երգահանդէսը սկիզբ առաւ «Հայոց մարտիկներ» երգով, ապա երգիչը իր սրտի խօսքը ուղղելով, շնորհակալութիւն յայտնեց հալէպահայութեան` ըսելով. «Իրականութեան մէջ այս բեմէն ձեզի համար երգելը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ տարիներ առաջ ես` որպէս պատանի, բարձրացայ այս բեմ, դուք եղաք զիս առաջին լսողները, դուք եղաք զիս առաջին ծափահարողները եւ դուք եղաք զիս քաջալերողները, որ քայլ առնեմ դէպի երգարուեստի աշխարհ»:
Ապա ան փունջ մը յեղափոխական եւ ազգային երգերով ներկաները ոգեշնչեց հայրենասիրութեան ջերմ ապրումներով:
Երգահանդէսը փակուեցաւ Մանուկ աբղ. Պարիխանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՕՄ–ի Կեդրոնական Գրասենեակի Նոր Վարիչ–Տնօրէնի Նշանակում
Վերջերս Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նշանակեց Մեղրիկ Նարկիզեանը` որպէս ՀՕՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէն, որ Պոսթըն փոխադրուելով` աշխատանքի սկսաւ սեպտեմբեր 2022-ին:
Նարկիզեան յայտնեց, որ իրեն hամար հպարտութիւն է աշխատիլ այսպիսի մեծ պատմութիւն ունեցող կազմակերպութեան մը մէջ եւ ծառայել այս մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակներու իրականացման աշխատանքին, աւելցնելով, որ 112 տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ը միշտ եղած է մեր ազգի կողքին ունենալով իր մեծ ներդրումը հայկական մշակոյթի տարածման աշխատանքներուն եւ միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած է աղէտներէ եւ պատերազմէ տուժած հայկական գաղութներուն: Ան շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայկական գաղութներու կողքին:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ներառեց Մեղրիկ Նարկիզեանը ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքէն ներս` վստահեցնելով, որ անոր եռանդն ու կորովը իրենց դերը պիտի ունենան ՀՕՄ-ի առաքելութեան նորանոր նուաճումներու: