Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

Դեկտեմբեր 2, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 19-20 նոյեմբերին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, Ժան-Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» թատերական ներկայացումը մեծ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, նախօրօք համաձայնուած հրաւէրով` Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղին, 25-27 նոյեմբերին մեկնեցաւ Կիպրոս, կիպրահայ գաղութին եւս ներկայացնելու յիշեալ թատերախաղը:

Արդարեւ, 27 նոյեմբերին Նիկոսիոյ «Տիոնիսըս» սրահին մէջ թատերախումբը հանդէս եկաւ «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» թատերախաղով: Կոկիկ հասարակութեան կողքին ներկայ էին` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, պաշտօնական հիւրեր, ազգային վարչութեան անդամներ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Առ ի գնահատանք այս գործակցութեան, ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան թատերախումբին անունով  յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանին: Մարտիկ Տեմիրճեան իր սրտի խօսքին մէջ խոստացաւ, որ այս աշխատանքը կանգ պիտի չառնէ, այլ պիտի շարունակուի գործակցութիւնը, նաեւ անդրադարձաւ հաւանական նոր ծրագիրներու մասին, որոնք կրնան տեղի ունենալ մօտիկ ապագային:

Թատերախումբի Կիպրոս այցելութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու միտումով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին հետ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նախօրօք Կիպրոսի վարչական պատասխանատուներուն կատարած քարոզչական աշխատանքին մասին, որուն շնորհիւ գաղութին մէջ կը տիրէր անհամբեր սպասումի մթնոլորտ մը, աւելցնելով, որ կիպրահայ հանդիսատեսը զարմանալիօրէն շատ արագ ընկալեց այս ներկայացումը եւ զգալի էր բեմ-ժողովուրդ խանդավառ կապը` յաճախակի ծափերով:

Ան ըսաւ, որ կը մտածուի նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող այլ շրջաններու միջեւ գործակցութեան զարկ տալ եւ առաջին հերթին` Սուրիոյ` Հալէպ, Դամասկոս:

Մարտիկ Տեմիրճեան հաստատեց, որ թատերախումբին կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին կ՛անդրադառնանք, որ տուեալ գաղութի հայութիւնը, մշակութասէրները յատուկ ակնկալութիւն ունին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբէն, մանաւանդ որ գիտեն, թէ ունեցած է փառաւոր անցեալ մը եւ պատմութիւն կերտած է: Խումբին կարեւորութեան եւ անցեալին վերաբերող այս գիտակցութեամբ կ՛ակնկալեն, որ խումբը աւելի տալիք պէտք է ունենայ, քան թէ` այլ երկիրներու միութիւններու յարկին տակ գործող թատերախումբերը: Մարտիկ Տեմիրճեան հաստատեց, որ թատերախումբը այս փառքը, որ կը վայելէ մինչեւ այսօր, ամբողջ 80-ամեայ գործունէութեան մը արդիւնք է, որուն ընթացքին  հարիւրաւոր դերասաններ եւ բեմադրիչներ իրենց դրոշմը դրած են այդ յաջողութեան վրայ եւ այս փառքը հիւսած են: Վերջին տասնամեակին եւս նոր սերունդի երիտասարդներ միացան թատերախումբին, մաս մը «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբէն, ուրիշներ` թատերական կրթութիւն ստանալով, եւ իրենց կարգին ունեցան իրենց ներդրումը: Այս յարգանքն ու փառքը, որոնք կան խումբին նկատմամբ, կը վերաբերին բոլոր ժամանակներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած դերասաններուն, որոնք տակաւին անդամ են, կամ այլ պատճառներով ձգած են թատերախումբը, կամ ճամբորդած են, ինչպէս` Յովսէփ Գափլանեան, Յակոբ Գալայճեան (մահացած), Գէորգ Նալպանտեան (մահացած), Հերմինէ Նիւրբէթլեան, Հրայր Գալեմքէրեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Սիլվա Ատուրեան, որոնք երկար ատեն մնացին թատերախումբին մէջ եւ ստանձնեցին տասնեակ մը դերեր` մաս կազմելով թատերախումբի հիմնական կորիզին, անշուշտ` առանց մոռնալու աւելի նուազ մասնակցութիւն ունեցող դերասաններ` մէկ կամ երկու ներկայացումով` Սենտի Ղազարեան, Գոհար Քերոբեան, Էթիէն Սէօքիւնեան, Արփի Սողոմոնեան, Յարութ Սամոյեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Անժելինա Սարգիսեան, Շահէն Արապօղլեան: Տեմիրճեան ողջունեց այն բոլոր դերասանները, որոնք ներկայիս իրենց հետ չեն, սակայն այդ փառքի կերտումին մաս կազմած են:

Զրոյցի աւարտին Մարտիկ Տեմիրճեան Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին եւ անոր վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան եւ կիպրահայ գաղութին, որոնք մեծ սիրով ու հոգածութեամբ հիւրընկալեցին թատերախումբին անդամները, եւ հաճելի ու մտերմիկ բարեկամութեան եւ ընկերական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ թատերախումբին եւ իրենց միջեւ:

 

Նախորդը

Վահան Զանոյեան (ԺԴ.) Թէ Ինչպէ՞ս Վերագտայ Զինք, Եւ Ո՞վ Է Ան

Յաջորդը

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ. Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

RelatedPosts

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Յունուար 26, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 26, 2023
Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Յունուար 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In