Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Ռ. Եւ Գ. Գաբրիէլ Մանկապարտէզ-Մանկամսուրի Խաղավայրը Զարդարող Մեծ Որմնանկարին

Դեկտեմբեր 20, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այցելեց Մոնթեպելլոյի մէջ գործող Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի,  Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ճէք Հաճինեանի, Հոգաբարձութեան անդամ Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանի: Առաջնորդ Սրբազանն ու շքախումբը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի եւ Տնտեսական մարմինի անդամ՝ Տիար Քրիս Կուլճեանի, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կողմէ:

Վարժարանի Մանկապարտէզ-մանկամսուրի վարիչ՝ Տիկին Անգին Իսկաճեանի գլխաւորութեամբ աշակերտները աղ ու հացով ընդառաջ եկան Սրբազան Հօր եւ խնդրեցին, որ աչքերը փակ հետեւի իրենց՝ դէպի Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի խաղավայր: Մանկամսուրի շրջափակի մուտքին Սրբազանը կարմիր ժապաւէնի հատումով բացումը կատարեց խաղավայրին մէջ պատկառելի որմնանկարի մը, որ կը ներկայացնէր հայրենի աշխարհի «Մամիկ ու Պապիկ»ի կոթողը, Արարատեան դաշտն ու  այլ սրբավայրեր: Աշակերտները երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր, իսկ Սրբազանը մասնակցեցաւ «Լո՜ւռ Գիշեր» շարականով: Այս առիթով ան բարձր գնահատեց Մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչն ու ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ փոքրերուն հնչեցուցած հայերէն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք, տօնական օրերու նախօրեակին, ջերմութեամբ համակեցին այցելուներուն սիրտերը:

Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտները այս առիթով ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Նարեկ»էն եւ հայ գրողներու գործերէն վերցուած՝ «Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս» ընդհանուր թեմայով բանաստեղծական համադրում մը: Իր հայրական խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց աշակերտները, որ իրենց անձերէն աւելի բարձր արժէքներու հետամուտ ըլլան եւ ուսման կողքին նաեւ զարգացնեն մարդկային առաքինութիւններ: Շեշտը դնելով գլխագիր Մարդ դառնալու եւ ծառայական ոգի ունենալու կարեւորութեան վրայ, Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքի աւարտին դրուատեց աշակերտութեան մատուցած գեղարուեստական յայտագիրը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց  վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, կրթական մշակներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն, ապա մասնակից դարձաւ այս առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին:

Հանդիպումը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէնին փակման խօսքով, որուն ընթացքին ան Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց աշակերտուհի Անահիտ Ստեփանեանի նկարած Կոմիտաս Վարդապետի դիմանկարը: Պահը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ:

Նախորդը

«Սփիւռքի Տարուան» Նուիրուած Համերգ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Արշաւանք Ղարաբաղի Վրայ

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In