Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Առօրեայէն

December 12, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորի Տօնավաճառ

Շաբաթ, 4 դեկտեմբերին Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի շրջափակը դարձեալ ուրախ ժամադրավայր էր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ այցելուներուն համար:

Այդ օր դպրոցի ծնողական յանձնախումբին կազմակերպած տօնավաճառին ներկաները ամբողջ օր մը հաճելի ժամանակ անցուցին` այցելելով սրահին մէջ տեղադրուած այլազան տաղաւարները, ուր կը վաճառուէին հայկական գիրքեր, զարդեղէններ, խմիչքներ, հագնելիքներ, մոմեր եւ այլազան նուէրներ:

Յատուկ անկիւն մը յատկացուած էր Կաղանդ պապուկին հետ նկարուիլ փափաքող փոքրիկներուն, իսկ ուրիշ սեղան մը` ձեռային աշխատանքի:

Բակը յատկացուած էր ուտելիքներու վաճառքին, ուրկէ համեղ ճաշեր գնած  այցելուներ առիթը ունեցան միասնաբար ճաշելու  տեղադրուած  ճաշասեղաններուն շուրջ:

Օրուան աւարտին Մոնտիալի Ֆրանսա-Նետերլանտներ խաղը սփռուեցաւ մեծ պաստառի վրայ` մեծ  խանդավառութիւն ստեղծելով:

Հայկական Գիրքերու
Ցուցահանդէս–Վաճառք

Ուրբաթ, 11 եւ շաբաթ, 12 նոյեմբերին, արտակարգ եռուզեռ  կը տիրէր Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանին մէջ:

Մեծ թիւով մտաւորականներ, բարեկամներ, ծնողներ ու աշակերտներ ընդառաջած էին հրաւէրին ու եկած` հայերէն կամ հայութեան մասին գիրքեր առնելու իրենց կամ իրենց զաւակներուն համար: Ուսուցչական կազմին ու բարեկամներու ջանքերով Լիբանանէն, Պոլիսէն, Փարիզէն ու այլ երկիրներէ բազմաթիւ գիրքեր, հայկական այլազան խաղալիքներ եւ այբուբենի որմազդներ գեղեցիկ ձեւով տեղադրուած էին սեղաններուն վրայ, իսկ Cultura գրախանութը տրամադրած էր ֆրանսերէնով թարգմանութիւններ կամ հայութեան առնչուող գիրքեր:

Ցուցահանդէսի կողքին, տեղի ունեցան բազմաթիւ հետաքրքրական  ձեռնարկներ:

Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, ժամը 3:00-ին, փոքրիկ այցելուները առիթը ունեցան դիտելու Մարիլին Պասմաճեանի պատրաստած տիկնիկային թատրոնը, ապա միասնաբար կարդալու մանկական գիրք մը եւ աւարտին` կատարելու ձեռային աշխատանք մը:

Անոնց համար նաեւ ցուցահանդէսին մէջ ներառուած էր  գունազարդման անկիւն մը` Հայաստանէն ու Արցախէն պատկերներ ներկայացնող որմազդով:

Շաբաթ օր 9-րդ դասարանի աշակերտները երկու փուլով, թատերական ընթերցանութեամբ, ներկայացուցին Անահիտ Սարգիսեանի` «Պարոն Նիկողոս» ու «Պարոն Սեդրակ» գիրքերու  հերոսներու ծիծաղաշարժ կերպարները եւ արժանացան ներկաներուն գնահատանքին:

Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Լեզու եւ թարգմանութիւն» նիւթով  շահեկան կլոր սեղան մը, այս առիթով հրաւիրուած մտաւորականներ` Ինալքոյի փիլիսոփայութեան դասախօս Ժիրայր Մալխասեանի, դոկտ. Արա Տանտիկեանի Էքս-ան-Փրովանս համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Ստեփան Ճերմակեանի  մասնակցութեամբ, մինչ աւարտական դասարանի աշակերտները մէջ ընդ մէջ կարդացին Զապէլ Եսայեանէն, Ուիլիըմ Սարոյեանէն եւ Նիկողոս Սարաֆեանէն հայերէն ու ֆրանսերէն գրական կտորներ:

Շաբաթ օր ներկայ փոքրիկները ունեցան անակնկալ մը: «Գիւտ մը, նիւթ մը» համացանցային յայտագիրին հեղինակ Նորա Թաշճեան աշակերտներուն հետ կատարեց գիտական փորձ մը: Անոնք  միասնաբար մեծ խանդավառութեամբ  պատրաստեցին հրաբուխ մը:

Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսի աւարտին գիրքերն ու հայկական խաղալիքները մօտ օրէն  կարելի պիտի ըլլայ  ապսպրել  Համազգային Ճեմարանի կայքէջի` www.hamaskainemarseille.com հասցէով:

 

 

Նախորդը

Բանաձեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի (7-9 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Հայ Ժամանակակից Ընկերութեան Գրական Արտայայտութիւնը Հրապարակախօսութիւնն Է

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.