Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հնդկաստանի Malankara Mar Thoma Ասորական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Ճոզէֆ Մար Պարնապասը եւ հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Ան Միջեկեղեցական առաքելութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ացելէր Կիպրոս:
Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Միջեկեղեցական հարցեր, Հնդկաստանի, (եւ անցեալի հայ գաղութի), Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակները:
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ ապա լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող կառոյցներու եւ մարմիններու հոգեւոր ու ազգային գործունէութեանց մասին: Անոնք միասնաբար այցելեցին Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցին, ուր միասնաբար աղօթք բարձրացուցին աշխարհի եւ յատկապէս Արցախի խաղաղութեան համար:
Յայտնենք, որ Պարնապաս Սրբազանը Առաջնորդն է երկու մեծ թեմերու բաղկացած 190 եկեղեցիներէ եւ ծուխերէ, առաւել Առաջնորդն է Տուպայի եւ Տոհայի: Աւանդաբար Malankara Mar Thoma Ասորական Եկեղեցին աշխարհի ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկն է, որուն հիմնադիրն է Թովմաս Առաքեալը 52 թուականին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
23 Դեկտեմբեր 2022