Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունահայութեան Բողոքի Հաւաքը Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շրջափակման Դէմ

Դեկտեմբեր 23, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 21 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հա­ւաք՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման դէմ։ ­Բո­ղո­քի հա­ւա­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի՝ Ա­թէն­քի կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ, որ կը գտնո­ւի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի մօտ։

­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին, ներ­կայ ե­ղաւ կրօ­նա­կան դա­սը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ո­րուն կող­քին էին ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի եւ կո­մի­տէու­թեանց ան­դամ­նե­րուն կող­քին, զգա­լի էր Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շակ­նե­րով, մե­ծա­դիր եւ փոքր պաս­տառ­նե­րով կ­՚ար­տա­յայ­տէին ի­րենց ընդվ­զու­մը ընդ­դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ու մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէ­տի ստեղծ­ման Ար­ցա­խի բնիկ ժո­ղո­վուր­դին մօտ։

Ո­րո­շեալ ժա­մուն, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սա­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը բարձ­րա­խօ­սէն իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ցատ­րեց բո­ղո­քի հա­ւա­քի նպա­տա­կը Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ, պա­հան­ջե­լով եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րու ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը՝ վե­րա­բա­նա­լու հա­մար Ար­ցախն ու ­Հա­յաս­տա­նը ի­րար կա­պող ­Բեր­ձո­րի (­Լա­չին) մի­ջանց­քը։
­Յա­ջոր­դա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի խախ­տու­մին, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ կա­տա­րած ռազ­մա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, կա­զի եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սանք­նե­րու դադ­րեց­ման, ո­րոնք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը կը տա­նին դէ­պի մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէտ։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը նշե­ցին Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող 120.000 բնա­կիչ­նե­րու ապ­րած ող­բեր­գու­թիւ­նը, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ բժշկա­կան լուրջ խնամ­քի կա­րօտ հի­ւանդ­նե­րու Ե­րե­ւան փո­խադ­րու­թեան ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը, սնուն­դի պա­շար­նե­րու նե­րա­ծու­մի դադ­րե­ցու­մը, ա­ւե­լի քան 1100 ան­ձե­րու եւ 270 փոք­րիկ­նե­րու ձմռան ծանր պայ­ման­նե­րու տակ ար­գե­լա­փակ­ման ի­րո­ղու­թիւ­նը փա­կո­ւած ճամ­բուն վրայ։
­Կոչ ուղ­ղո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մի­ջամ­տե­լու եւ պա­հան­ջե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­չա­կար­գէն դադ­րեց­նել Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը, ինչ­պէս նաեւ գիր­ծի­քա­կազ­մե­րու ստեղ­ծու­մը, ո­րոնք նպա­տակ պի­տի ու­նե­նան պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի բնիկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րէն։

­Միա­ժա­մա­նակ, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կա­կան լո­զունգ­նե­րով կը պա­հան­ջէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու դադ­րե­ցու­մը։

­Տեղ­ւոյն վրայ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, թէ յա­տուկ յու­շա­գիր մը պի­տի յանձ­նո­ւի Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ո­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած են յու­նա­հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջամ­տու­թեան հա­մար։

­Բո­ղո­քի հա­ւա­քի ա­ւար­տին, բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց ձեռ­քի հե­ռա­խօս­նե­րու լոյ­սով կա­տա­րե­ցին «SOS» բա­ռի լու­սա­ւո­րու­մը, որ կը խորհր­դանշէր Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը փրկե­լու կո­չը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­րարք­նե­րէն։

­Բո­ղո­քի հաւաքը վերջ գտաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու հա­մա­խումբ եր­գե­ցողու­թեամբ։

Նախորդը

50-Ամեակ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի. Տօնական Բարձր Հանդիսութեամբ Սկիզբ Առաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեայ Յոբելեանը Շուրջ Հազար Հայորդիներու Ներկայութեամբ

Յաջորդը

Տուրմի Պատրաստութեան Գաղտնիքները

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In