Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Դեկտեմբեր 22, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Իրան Կ՛այցելէ

 ՀՅ Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Նշում
Թեհրանի Մէջ

16 դեկտեմբերին Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի «Կոմիտաս» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը:

Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մելան Սեֆեանը, որ հրաւիրեց Արամ Շահնազարեանը` արտասանելու Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ ժամանակի ու դէպքերու փոփոխութեան հետ Դաշնակցութիւնը փոխած է իր պայքարի զէնքը, կառոյցն ու գործելակերպը, բայց` ոչ գաղափարները, սկզբունքներն ու նպատակները:

Անդրադառնալով հայաշխարհին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն` Շահնազարեան նշեց. «Այսօր եւս, ինչպէս 132 տարի առաջ, Դաշնակցութիւնը հետապնդում է մէկ նպատակ` իր բոլոր միջոցներով ծառայել հայ ժողովրդին ու Հայաստանին, ապահովել ազգի եւ հայրենիքի գոյութիւնը, զարգացումն ու անվտանգութիւնը: Եւ հէնց այս սրբազան նպատակն է, որ ստիպում է Դաշնակցութեանը մնալ պատնէշի վրայ»:

Արցախեան առումով, Դաշնակցութիւնը ընտրեց հայկականութենէ ոչ մէկ զիջումի ուղին. «Արցախեան պայքարի ճակատում Դաշնակցութիւնն ընտրել է հայոց արծուաբոյնի հայկականութիւնից ոչ մի զիջում` ընդունելու ուղին: Ո՛չ մի զիջում` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքից: Ո՛չ մի զիջում` Արցախը մայր հայրենիքին միացնող սահմաններից: Ո՛չ մի զիջում Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներից»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը 132 տարիներուն ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ` ազգային ազատագրական պայքարի մղիչ ուժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ Հայ դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն, որ կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, անկեղծ, յանձնառու եւ գաղափարապէս պինդ կերպար, որուն օրինակով դաստիարակուեցան ու ներշնչուեցան սերուդներ` նուիրուելով հայութեան եւ հայրենիքի անսակարկ ծառայութեան»: Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Արցախի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն` ան խօսեցաւ 44-օրեայ պատերազմին ունեցած ծանր ազդեցութեան, Հայաստանի իշխանութեան ստապատիր քաղաքականութեան մասին` շեշտելով, որ տակաւին մեծ են մարտահրաւէրները, մանաւանդ որ նոյն իշխանութիւնը կը մնայ Հայաստանի ղեկին:

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ դրացի Իրանի հետ յարաբերութիւններուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց. «Հայաստանի յարաբերութիւններու որակը Իրանի հետ էական նշանակութիւն ունի մեզի համար. ՀՅԴ-ն խիստ դրական կը գնահատէ Իրանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին մէջ, ուր գործընթացները մեծ մասամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի ի նպաստ չեն ընթանար. մեր հայրենիքն ու Իրանը ունին շատ հասարակաց շահեր եւ միեւնոյն թշնամիները. էական է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել»: Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Մենք ներկայ կորուստները կը նկատենք ժամանակաւոր: Մենք համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ’ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն, որովհետեւ մեր պայքարը արդար է ու վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ»:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, որ ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան 132 տարիներուն իր բովանդակ ուժով եղաւ հայութեան եւ հայրենիքի խոնարհ, բայց հպարտ եւ հուժկու ծառան, ծառայեց մեր ժողովուրդին եւ իր ծառայութեան մէջ տեսաւ իր մեծութիւնը, իր արժէքը եւ իր պատմութիւնը:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր մեր հայրենի իշխանութիւնը պարպուած է իր ազգայնականութենէն, կ՛ուրանայ իր հայրենիքը: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդին թշնամիները եւ ցեղասպանները պէտք է լաւապէս գիտնան, որ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ մեր իրաւունքներու լիակատար ձեռքբերում` կոչ ուղղելով ժողովուրդին, որ պահանջատիրական պայքարի ոգին իր կեանքի սկզբունքը դարձնէ:

Ժողովրդային Հանդիպում

Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, 17 դեկտեմբերի երեկոյեան Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու թեմայով ժողովրդական հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ:

Ան հաստատեց, որ մեր առաջին ընելիքը ամբողջ աշխարհի մէջ ազգային գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած ուժերը համախմբելն է, որպէսզի կարողանանք ամրօրէն կառչած մնալ մեր իտէալներուն եւ շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ յաղթանակի կերտում: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած հիմնական երեք մարտահրաւէրներուն` արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան ներքոյ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ու բանակցութիւններուն եւ ազգային միասնականութեան վերականգնումին, շեշտեց զանոնք դիմագրաւելու ուղղութեամբ աշխատանքային ընդարձակ դաշտի առկայութիւնը:

Այցելութիւններ

– 16 դեկտեմբերին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Զէյթուն եւ Սասուն քաղաքամասերուն մէջ գործող ՀՄՄ «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններ, ծանօթացաւ միութիւններուն աշխատանքներուն եւ գործող բաժանմունքներու գործունէութեան: Ան աւանդական աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ Սկաուտական բաժանմունքի կրտսեր անդամներուն կողմէ, հանդիպումներ ունեցաւ պատկան միութիւններու վարչականներուն եւ բաժանմունքներու ղեկավարութեան հետ:

Շրջագայելով միութիւններու տարբեր բաժիններ, ան հետաքրքրուեցաւ տարուող աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ` հայաբնակ երկու քաղաքամասերու պատմութեամբ եւ իրավիճակով:

Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին ներկաները կիսուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին հետ կապուած մտահոգութիւններով:

– Նոյն օրը  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ միութեան վարչութեան նախագահին եւ միւս պատասխանատուներուն կողմէ:

Հիւրերը մտերմիկ զրոյց ունեցան միութեան վարչութեան հետ, փոխատենապետ Վահէ Միրզաբէգեան համառօտ ներկայացուց միութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող «Ն. Կիւլպէնկեան» եւ «Մարի Մանուկեան» դպրոցներու աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ:

– Նոյն օրը Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորին ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին եւ համայնքի առաջնորդարանի պատասխանատուներուն հետ: Սարգիս եպս. Դաւիթեան ներկայացուց կաթողիկէ համայնքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` պատկան առաջնորդարանի աշխատանքները:

– 15 դեկտեմբերի առաւօտեան Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Ալիք»-ի խմբագրութիւն, ուր ծաւալած զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան միտքեր` տարբեր մարտահրաւէրներու մասին, զորս կը դիմագրաւէ ընդհանրապէս հայ եւ յատկապէս ՀՅԴ ընտանիքի բազմանդամ մամուլը:

– 13 դեկտեմբերի երեկոյեան «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիպում` Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի` ՀՈՒՍԿ-ի, տարբեր շրջաններու նախագահներու, վարչականներու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ողջունելով ՀՈՒՍԿ-ի հիմնադրութեան 40-ամեակը, համապարփակ գիծերով ներկայացուց աշխարհին մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն անժխտելի դերը հայ ժողովուրդի արդար դատը միջազգային հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար: Գնահատանքով եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ բոլոր անոնց, որոնք  չեն խնայեր իրենց կարելին` Հայ դատի բազմոլորտ աշխատանքները յառաջ մղելու ուղղութեամբ: Տէր Խաչատուրեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ՀՈՒՍԿ-ի աշխատանքներուն` հայ ժողովուրդն եւ իրանահայութիւնը իրանցի հասարակութեան ծանօթացնելու առումով եւ այս հարցով անդրադարձաւ «Պայման»-ի հրատարակութեան, նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն գծով իւրայատուկ համարեց «Հայ դատն այսօր» հերթական խորհրդաժողովները:

– 12 դեկտեմբերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ջերմօրէն ողջունեց զայն, մեծապէս գնահատեց Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայ կեանքին մէջ, յատկապէս` այս օրերուն:

Հանդիպումը կայացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերով տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի այժմէական հարցերու ու ապագայի հեռանկարներու մասին: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան գնահատեց Ազգային առաջնորդարանի եւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ դերը` հայութեան կեանքին մէջ:

– Նոյն օրը ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» մարզաւան այցելեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, շրջագայեցաւ մարզաւանին մէջ, անոր ներկայացուեցան կազմակերպութեան հնարաւորութիւնները եւ աշխատանքները, այնուհետեւ համատեղ հանդիպում կայացաւ: Կազմակերպութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեան համապարփակ զեկոյց ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Մասնաւորապէս անդրադարձաւ  կազմակերպութեան 4 մասնաճիւղերու աշխատանքներուն, այդ թւում` Շիրազի, Ուրմիոյ, Գեարդաբադի եւ Թաւրիզի մասնաճիւղերու գործունէութեան, կազմակերպութեան արտաքին յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող թեմաներուն` ՀՄԸՄ-ի, ՀԱՍԿ-ի եւ Համազգայինի հետ յարաբերութիւնների խորացման: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Համահայկական խաղերուն «Արարատ»-ի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Համահայկական խաղերու գործադիր կոմիտէին մէջ ՀՄԱԿ-ի նախագահի անդամակցութեան հարցին եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող յարաբերութիւններու ընդլայնման փորձերուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Իմ փափաքս է, որ դուք եղածին չափ եւ անպայմանօրէն մասնակցիք մեր նախաձեռնութիւններուն` համահայկական առումով, համա-ՀՄԸՄ-ական եւ համազգայնական աշխատանքներուն: Նոյնիսկ մենք բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը խրախուսենք ՀՕՄ-ի հետ կապեր ունենալու, եւ որպէսզի մեր Իրանի համայնքը ինքզինք առանձնացած չզգայ, համահայկական մեր ընտանիքներուն մաս պէտք է կազմէ»:

Ան իրանահայ համայնքը իր դրուածքով իւրայատուկ  նկատեց եւ յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի գաղութը, այդուհանդերձ, սիրողական կարգով կը շարունակէ աշխատիլ: Բիւրոյի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց կամաւորական աշխատանքներուն մասնակից ըլլալը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստել ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան զարգացման եւ գործակցութիւններու խորացման:

Հենրիկ Խալոյեան հաստատեց, որ առկայ է համագործակցութեան մեծ ներուժ, նաեւ` իրանահայութեան խնդիրներու լուծման, զարգացման, վերափոխման, երիտասարդութեան ներգրաւուածութեան ապահովման օրակարգերու վերաբերող: ՀՄԱԿ-ի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց արտագաղթի թիւերու բարձրացման հետեւանքներուն համար` համայնքի թիւի նուազումին եւ կառոյցներուն դիմագրաւելիք հարցերուն առնչուած:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր նկատեց համայնքներու կենսունակութիւնը եւ կենսունակութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման աւարտին կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին նուիրուեցաւ ՀՄԱԿ-ի 60-ամեակի գիրքը:

Սուրիա

 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ
Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2022-ին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի: Ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ պատկան մարմինի, Ազգային վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներուն ու տնօրէնութեան կողմէ, որոնց ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ Ճեմարանի դասարաններն ու տարրալուծարանները:

Յ. Բագրատունի Ճեմարանի անձնակազմին եւ աշակերտութեան պատմեց իր տպաւորութիւններուն մասին ու բաժնեկցեցաւ իր մտածումները: Ան աշակերտներուն պատուիրեց աշխատունակ ոգիով շարունակել եւ գիտութեամբ զօրանալ` աստիճանաբար կերտելու իրենց ապագայի ուղին: Ան բարձր գնահատեց Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ի գործ դրած բծախնդիր աշխատանքը եւ բարեյաջող տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

Հանդիպման աւարտին խնամակալութիւնը Յակոբ Բագրատունիի նուիրեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի յիսնամեակի յուշամատեանէն օրինակ մը, իսկ ան իր սրտի խօսքը արձանագրեց ոսկեմատեանին մէջ:

– Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի արկին զոհ գացած, Հալէպի նուիրեալ պատասխանատուներէն Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան վայրը, ուր անոր նուիրուած յուշաքար զետեղուած է, ինչպէս նաեւ` արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի մէջ զոհուած 3 սուրիահայ նահատակներուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթող: Ան իր յարգանքի տուրքը մատուցեց թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայութեան ու հայրենիքին համար իրենց կեանքը չխնայած նահատակներուն, որոնք հերոսներ են իրենց արարքով:

Քանատա

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար
Մելանի Ժոլի Տեսակցութիւն Մը Ունեցաւ
Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութեան Հետ

Դեկտեմբեր 20-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի հիւրընկալուեցաւ  ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին Արցախի եւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրին մէջ արծարծուեցան Արցախի շրջափակման վերջ տալու, Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը ազրպէյճանական ոտնձգութիւններէ պաշտպանելու եւ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հարցերը: Հայ դատի յանձնախումբը յատկապէս շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ցամաքային միակ մարդասիրական ճանապարհի փակումը Ազրպէյճանի կողմէ նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան սկզբունքները կոպտօրէն խախտող նախաքայլ է Պաքուի կողմէ:

Տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներու քննարկման ծիրին մէջ արծարծուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու հարցն ու Հարաւային Կովկասի մէջ քանատական առաջին դեսպանտունը Հայաստանի մէջ հիմնելու համար Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարուող աշխատանքները:

 

Նախորդը

Նոր Տարուան Սեմին. Գէորգ Էմինի Մտորումները Նոր Տարուան Առիթով

Յաջորդը

Անցանկալի Զուգահեռներ

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In