Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Երիտասարդները Փակեցին Ազրպէյճանի Դեսպանատան Փողոցը
Ի յիշատակ 27-29 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հայկական ջարդերուն, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամները փակեցին Ազրպէյճանի դեսպանատան փողոցը, ուր տեղադրեցին յիշեալ ցեղասպանութիւնը իրազեկ դարձնող գովազդային վահանակներով փողոցներուն մէջ շրջող ինքնաշարժը:
Ցուցարարները բարձրացուցած էին անգլերէն լեզուով պաստառներ` հետեւեալ գրութիւններով. «Նախագա՛հ Պայտըն, դադարեցո՛ւր Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին», «Արցախը ուժեղ է», «Նախագա՛հ Պայտըն, կեցո՛ւր հայկական երկրորդ ցեղասպանութիւնը» եւ այլն, նաեւ կ՛արտասանէին հետեւեալ լոզունգները. «Մենք կը յիշենք Գուրգէն Մարգարեանը», «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, Ալիեւը Երեւան կ՛ուզէ», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք կը յիշենք Սումկայիթը»:
Իրաք
Հայաստանի Մէջ Բնակող Քիւրտ, Եզիտի, Ասորի Ազգային Փոքրամասնութիւններու Մասին Արխիւային Փաստաթուղթերու Ցուցահանդէս
Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման երկրորդ տարեդարձին առիթով, գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Իրաքեան Քիւրտիստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հետ համատեղ, 26 փետրուարին Էրպիլի մշակոյթի նախարարութեան գլխաւոր սրահին մէջ կազմակերպեց Հայաստանի մէջ բնակող քիւրտ, եզիտի եւ ասորի ազգային փոքրամասնութիւններու մասին շուրջ 70 պատմական լուսանկարներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու ցուցահանդէս, որուն պաշտօնական բացումին նախորդեց հայատառ քրտական ձեռագիրներու, հայատառ քրտերէն տպագիր գիրքերու մասին Մատենադարանի գիտաշխատող Գոռ Երանեանի ներկայացումը:
Նշենք, որ պատմական լուսանկարները եւ արխիւային փաստաթուղթերը տրամադրուած էին Հայաստանի Ազգային արխիւի, Մատենադարանի, Պատմութեան թանգարանի, Ե. Չարենցի անուան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանի եւ «Արմենփրես»-ի կողմէ:
Իրաքեան Քիւրտիստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Սայիտ Ալի իր ելոյթին մէջ նշեց, որ նման ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը Էրպիլի մէջ իր տեսակով աննախադէպ է: Ան անդրադարձաւ հայ-քրտական պատմական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի, յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան քրտական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ անցեալ տարի օգոստոսին Երեւան իր այցելութեան մասին` ընդգծելով, որ քրտական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Խօսք առաւ նաեւ գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, որմէ ետք կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳՄՍՆ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանի ողջոյնի խօսքը այս առիթով:
Իրան
«Հուսկ»-ի Անցած 40-Ամեայ Ուղին
Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբ` Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը (ՀՈՒՍԿ) բոլորեց իր գործունէութեան 40-ամեակը: Այս առիթով 1 մարտին Հայ հասարակական միութեան Հայ ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամ եւ 40-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Շաքէ Աւետեան:
Օրուան բանախօս` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով աշխարհասփիւռ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն, համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ «ՀՈՒՍԿ»-ի գործունէութեան:
Այնուհետեւ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան` Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «ՀՈՒՍԿ»-ի նախկին նախագահ Արամ Շահնազարեան, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր եւ «ՀՈՒՍԿ»-ի տարբեր շրջաններու վարչութիւններու անդամ Գէորգ Վարդանեան, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայ նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Կարդացուեցան շնորհաւորական ուղերձներ, եւ ցուցադրուեցաւ «ՀՈՒՍԿ»-ի 40-ամեայ աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Քրիստինէ Վարդանեանի Այցելութիւնները
ՀՅԴ-ի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան եռօրեայ այցով ժամանեց Նոր Ջուղա` որպէս բանախօս Արցախի զօրակցութեան հանրահաւաքին, ան նաեւ կատարեց շարք մը այցելութիւններ եւ ունեցաւ հանդիպումներ:
22 փետրուարին ան այցելեց հայոց ազգային մանկապարտէզ-նախակրթարան, «Արմէն» տարրական եւ «Քանանեան-Կատարինեան» միջնակարգ երկսեռ դպրոցները, ուր ծանօթացաւ դպրոցներու աշխատանքներուն եւ հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութիւններուն հետ:
Նոյն օրը ան այցելեց Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ` Ն. Ջ. Հայ կանանց գթութեան միութեան, Ն. Ջ. Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան եւ Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղի վարչութիւններուն, Փերիոյ Կրթ. միութեան եւ Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութիւններուն եւ վերջինին միաւորներու ու Շահինշահրի մասնաճիւղի վարչութիւններուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Քրիստինէ Վարդանեան անդրադարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակներուն, սփիւռքի համայնքներու տրամադրութեան եւ ապագայ աշխատանքներուն: Ան նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Յայտնենք, որ այս այցելութեան Վարդանեանին կ՛ընկերակցէր Արցախի զօրակցութեան յանձնախումբի նախագահ Զօրիկ Յովսէփեանը:
23 փետրուարին Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան յանձնախումբի անդամներուն հետ, ուր նախ տեղեկութիւններ տրուեցան, ապա միտքեր փոխանակուեցան 24 փետրուարին կայանալիք հանրահաւաքի ծրագիրին շուրջ, այնուհետեւ Թեմական խորհուրդի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանի, փոխատենապետ Վաչիկ Հայրապետեանի, Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Զաւէն Սիմոնեանի եւ ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Արիս Դաւթեանի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկումները ընթացան Հայաստանի եւ Արցախի ներքաղաքական իրավիճակին շուրջ, եւ ազգայինները բացատրութեամբ հանդէս եկան համայնքի տրամադրութեան մասին` 9 նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ: Հանդիպման աւարտին Քրիստինէ Վարդանեանին նուիրուեցաւ «Նոր Ջուղայի պատմութիւն» գիրքը:
Հարկ է նշել, որ Քրիստինէ Վարդանեան այցելեց նաեւ Հայոց ազգային ծերանոց եւ Ազգային առաջնորդարանի թանգարանները:
Յունաստան
«Արտասովոր Կեանքեր. Յունահայերու Վկայութիւններ Ցեղասպանութեան, Նացիական Բռնութիւններու Եւ Վերապրումի Մասին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում
Հովանաւորութեամբ գերմանական (EVZ) «Յիշողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութեան, կազմակերպութեամբ Պերլինի մէջ գործող «Յուշամատեան» հիմնարկին եւ յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթին, 22 փետրուարին Աթէնքի քաղաքապետական «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտասովոր կեանքեր. յունահայերու վկայութիւններ Ցեղասպանութեան, նացիական բռնութիւններու եւ վերապրումի մասին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացում:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր լուսարձակի տակ բերել տարագրեալ հայ ընտանիքներու պատմութիւնը, որոնց գոյութեան թելը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, կը հասնի Յունաստան` Փոքր Ասիոյ աղէտի արհաւիրքէն ետք, իսկ կարգ մը ընտանիքներու ոդիսականը կը շարունակուի նոյնիսկ Բ. Համաշխարհային պատերազմին` նացիական Գերմանիոյ կողմէ Յունաստանի գրաւումով եւ մեծ թիւով բռնի տեղահանումներով դէպի գերմանական ճամբարները:
Օրուան հանդիսավար Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց ելոյթին նպատակը, ապա կատարեց հակիրճ պատմականը հայութեան այն զանգուածներուն, որոնք Փոքր Ասիոյ աղէտին պատճառով կարողացան մազապուրծ հասնիլ Յունաստանի հիւրընկալ ափերը, եւ հազիւ իրենց կեանքը վերագտնելու հունին մէջ փորձեցին ապրիլ, վրայ հասաւ համաշխարհային պատերազմը` պատճառ դառնալով շատերու նոր տեղահանութիւններու եւ ողբերգութիւններու: Ան ներկայացուց կազմակերպիչ կառոյցներու ամփոփ պատկերը` նշելով, որ հաւաքուած լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու արխիւը պատմական նշանակութիւն ունեցող հարուստ շտեմարան մըն է, որ այս առիթով կը ներկայացուի հանրութեան:
«Յուշամատեան»-ի գլխաւոր պատասխանատու Վահէ Թաշճեան խօսք առնելով` ներկաներուն բացատրեց ցուցահանդէսի կազմակերպման դրդապատճառները:
EVZ հիմնարկի ներկայացուցիչ Մակտալենա Լովրիչ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայկական նիւթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին համար` ընդգծելով, որ հիմնարկին նպատակն է վառ պահել յիշողութիւնը նացիական բռնութիւններուն հանդէպ` ապագային կանխելու համար մարդկութեան դէմ ոճիրները:
Յայտագիրի աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ «Հայկական աւանդական նուագախումբ»-ին:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 14 մարտ:
Վրաստան
Պահանջատիրական Երթ Սումկայիթի Ջարդերու 35-րդ Տարելիցին Առիթով
26 փետրուարին տԵղի ունեցաւ պահանջատիրական երթ, որ հասաւ իր աւարտին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հանդիսապետութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի` կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի անմեղ զոհերու յիշատակին:
Այս առիթով Վրաստանի Հայ համայնք կազմակերպութիւնը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.
«Այս տարի կ՛աւարտի Սումկայիթի ջարդերու 35-ամեակը: 27-29 փետրուար 1988-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենային սարսափելի դէպքեր: Երկաթեայ ձողերով զինուած ազրպէյճանցիներու ամբոխը, փայտերով, դանակներով, կացիններով կ՛իրականացնէր «շրջայց» Սումկայիթի մէջ. փնտռելու բնակարաններ, ուր կ՛ապրէին հայ ընտանիքներ: Ազրպէյճանցիները կ՛ըսեն, որ Սումկայիթի, Մարաղայի եւ Պաքուի ջարդերը սկսած են այն պատճառով, որ Ղարաբաղի հայերը սկսած են Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալու շարժումը, որ բացարձակապէս սուտ է. Արցախի հայութիւնը այդ ազատագրական շարժումը սկսաւ այն պատճառով, որ Նախիջեւանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող հայկական պատմական տարածքներուն մէջ, ուր կը բնակէին հազարաւոր հայեր, մնացած էին միայն արցախահայութիւնը:
Արցախի անկախութիւնը պահպանուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական ոգիով, եւ տասնեակ տարիներու ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական պայքարով կը հասնէին յաջողութիւններու, որ խոչընդոտուեցաւ ներկայ իշխանութիւններու ապաշնորհ քաղաքականութեան պատճառով եւ Արցախի հայութիւնը յայտնուեցաւ բարդ իրավիճակի մէջ:
Ազրպէյճանը կ՛ուզէ Արցախը հայաթափելով` իրականացնել փանթուրանիզմի գաղափարը, որ կ՛անդրադառնայ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Վրաստանի:
2020 թուականի պատերազմէն մնացած փաստեր կան, որոնք կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերէին հայ գերիներուն եւ մշակոյթին նկատմամբ, այդ ամէնը զարմանալի չէ` հաշուի առնելով, թէ ինչպէս Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զոհաբերած է իր ժողովուրդը Խոջալուի մէջ` յանուն իր հակահայկական քարոզչութեան եւ սուտի մէջ դաստիարակած է սերունդներ:
Արդէն 3 ամիսէ ի վեր Արցախը շրջափակման մէջ է, եւ այսօր Արցախը ունի աշխարհին կարիքը»: