Գաղութէ Գաղութ

Հալէպի Հայ Երեք Համայնքապետները Հանդիպում Ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Հալէպի Հայ Երեք Համայնքապետները Հանդիպում Ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, հայ երեք համայնքապետներ`   առաջնորդ սրբազան հայրը, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը զօրակցութիւն յայտնեց հալէպահայութեան` իր երեք համայնքներով: Սիրալիր մթնոլորտի...

Հալէպի Մէջ Զօրակցական Միասնական Հաւաք` Յանուն Արցախի

Հալէպի Մէջ Զօրակցական Միասնական Հաւաք` Յանուն Արցախի

Կիրակի, 16 ապրիլին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ, հազարաւոր հալէպահայերու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օր շրջափակուած Արցախին ու արցախցիներուն: Հաւաքը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, ներկայ էին նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Ծաղիկներ Զետեղեցին Արցախի Հալէպահայ Նահատակներու Յոշակոթողին Դիմաց

ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Ծաղիկներ Զետեղեցին Արցախի Հալէպահայ Նահատակներու Յոշակոթողին Դիմաց

Կիրակի, 16 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Հալէպի Ազգ. գերեզմանատան մէջ զետեղուած Արցախի հալէպահայ նահատակներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի, յուշակոթող եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր դիմաց։ Տիար Աւօ Գաթրճեան ընթերցեց նահատակներուն կենսագրական տուեալները։ Տէր Մաշտոց Ա. Քահանայ Արապաթլեանի «հոգւոց հանգուցելոց» աղօթքէն ետք, այցելուները ծաղիկներ զետեղեցին նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Ռաֆֆի...

Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին

Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին

Կիրակի, 16 Ապրիլի միջօրէին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթիանին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոկի նախագահ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան եւ Յարութ Հայրապետեան։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպման քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի քաղաքական, տնտեսական կեանքին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ զիյգ երկիրներու հայ համայնքներուն դիմագրաւած...

Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական Երեկոն Ջերմ Մթնոլորտ Ստեղծեց

Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական Երեկոն Ջերմ Մթնոլորտ Ստեղծեց

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի աշուղական համերգները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն հալէպահայ հանդիսատեսին մօտ։ Շաբաթ, 15 Ապրիլի երեկոյեան աշուղական անսամպլը կրկին բեմ բարձրացաւ, մասնակցութեամբ «Սարդարապատ» պարախումբին,  գեղ. ղեկավարութեամբ դոկտ. Ռաֆֆի Ապէճեանի եւ պարուսոյց Սարին Պոյաճեանի։ Համերգը կը վայելէր ներկայութիւնը օրերս Հալէպ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական...

Խաժակ Վարդանեան. «Մեր Պարտքն Է Գալ Ու Կանգնիլ Ձեր Կողքին։ Տեսնել, Զգալ Ինչ Որ Դուք Կ’ապրիք»

Խաժակ Վարդանեան. «Մեր Պարտքն Է Գալ Ու Կանգնիլ Ձեր Կողքին։ Տեսնել, Զգալ Ինչ Որ Դուք Կ’ապրիք»

Հարցազրոյցը վարեց ՎԵՀԱՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Անցնող օրերուն Հալէպ կը գտնուէր Պասրայի եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան: Այս առիթով «Գանձասար» իրաքահայութեան ներկայ իրավիճակին շուրջ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ: «Գանձասար»- Տարիներու պատերազմը յաղթահարելէ ետք իրաքահայութիւնը ինչպիսի՞ իրավիճակ կը պարզէ այսօր: Ազգային-միութենական կառոյցները որքանո՞վ կը գործեն: Խաժակ Վարդանեան- Իրաքը եւ իրաքահայութիւնը 1980-էն մինչեւ այսօր պատերազմի մէջ են, ըլլայ օտարներու կողմէ թէ ներքին պատերազմ։...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչն ու Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին  Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչն ու Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք, սուրիահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, գոյատեւման ու վերականգնումի կարիքներուն եւ ցարդ տարուող աշխատանքներուն իրազեկ դառնալու համար, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Ուրբաթ, 14 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ,  Բիւրոյի Հայ Դատի եւ  քաղաքական հարցերու գրասենեակի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սրբազան Հայրը Այցելելով ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական Կեդրոն` Յանձնեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին Կողմէ Առաքուած Դեղորայքի Օժանդակութիւնը 8 ապրիլին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն` յանձնելու անցնող 5 ապրիլին Դամասկոսի սահմանէն ստանձնած Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կողմէ կատարուած դեղորայք եւ բժշկական նիւթեր պարունակող օժանդակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ, Հայաստանի մէջ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Օժանդակութիւնը Յանձնուեցաւ Հալէպահայութեան Հինգշաբթի, 30 մարտ 2023-ի միջօրէին Ֆրեզնոյի հայութեան բժշկական առաքելութեան օժանդակութիւնը հասաւ Սուրիոյ սահման` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի: Օժանդակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր դեղորայք, ինչպէս նաեւ` նիւթական օժանդակութիւն, Սուրիա-Լիբանան սահմանին յանձնուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի ազգային պատուիրակութեան, թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի...

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը Հնդկաստանի Մէջ Հնչեցուց Հայ Հեղինակներու Գործերը

 «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ, ներկայացնելով Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններն ու մշակումները: Համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ: Կը փափաքէի, որ «մէկ ժամէ...

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, ազգային եւ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Ընկեր Այւազ Գրիգորեանի մահը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու Այւազ Գրիգորեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: ՀՅԴ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ Սիտնի — Աւստրալիա

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը Արտերկրէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին, 13 մարտին Լա Քրասենթայի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, տեղւոյն  «Զաւարեան» կոմիտէին հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ մտաւորական, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկրէն» գիրքին գինեձօն-շնորհահանդէսը: Օրուան հանդիսավար Յովիկ Սալիպան նկատել տուաւ, որ սոյն գիրքը հեղինակած անձը իր ապրելաոճով, անձնական օրինակով, իր նուիրումով, ազնուութեամբ...

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Ներգաղթի եւ արտերկրի եգիպտացիներու գործերու պետական նախարար, դեսպան Սոհա Կենտի ԱՄՆ երրորդ արտասահմանեան շրջագայութեան ընթացքին եւ նախագահական «Արմատները վերակենսաւորել» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Գալիֆորնիոյ մէջ հանդիպած է հայ համայնքի Եգիպտոսէն արտագաղթած ներդրողներու հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուած են Լոս Անճելըսի մէջ Եգիպտոսի ընդհանուր հիւպատոս դեսպան Ահմէտ Շահին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան, Պըրպենքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զիզէթ Մոլինզ, Քրեսենտա հովիտի քաղաքապետ Հարրի Լէոյ,...

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Երեքշաբթի, 21 Մարտին,  Պասրայի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան Հալէպ իր ժամանումին առիթով «Գանձասար»-ի խմբագրատուն այցելեց։ Ծանօթանալով խմբագրակազմի աշխատանքին, տիար Վարդանեան խմբագիրին հետ զրուցեց Միջին Արեւելքի քաղաքական անցուդարձերուն եւ տեղւոյն հայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ «Գանձասար» տիար Խաժակ Վարդանեանի հետ Իրաքի հայ համայնքին  շուրջ հարցազրոյց մը ունեցաւ, զոր պիտի հրատարակուի թերթի յառաջիկայ համարով։ Խաժակ Վարդանեանին կ՚ընկերակցէր Բերիոյ Հայոց Թեմի...

Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան

Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան

Իր մահկանացուն կնքած է ռամկավար մամուլի յենասիւներէն «Տի Արմինիըն միրըր սփէքթէյթըր» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերու խմբագիր Երուանդ Ազատեան։ Հասարակական եւ մամուլի գործիչ Ազատեան, իր գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն խմբագրած է «Զարթօնք սփոր»ն ու Գահիրէի «Արեւ»ը։ Հեղինակ է  ագզային, մշակութային եւ հասարակական կեանքի նուիրուած տասնեակ հատորներու։ «Ազդակ» կը ցաւակցի «Պայքար»ի եւ «Տի Արմինիըն Միրըր Սփէքթէյթըր»ի խմբագրակազմերուն։  

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ 16 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ եւ դիմաւորուեցաւ  հիմնարկի միաւորի վարչութեան, տնօրէնուհիին, դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան կողմէ: Հիմնարկի տնօրէնուհիին բարի գալուստի խօսքէն ետք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց` բարձր գնահատելով հիմնարկին տարած գործունէութիւնը եւ անոր բերած յոյժ...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց զօրակցական այցելութիւնը Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, որուն կ՚ընկերակցէր Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան։...

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան եւ Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան, հալէպահայութեան տուած զօրակցական այցելութեան շրջագիծէն ներս այցելեցին նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնուհի տիկին Զեփիւռ Րէիսեանի կողմէ։ Այցելուներուն կ՛ընկերակցէին Հոգշ....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

 Եղբայրական Հանդիպում Յունաստանի Եկեղեցւոյ Պետին Հետ Երեքշաբթի, 14 մարտ 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ...

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Աւելի քան 600.000 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «Կալա 2023»-ին, որ տեղի ունեցաւ մարտ 12-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ներկայ էին ՀՕՄ-ի` Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ երկրաշարժէն աւերուած Սուրիոյ համահայկական աշխատանքներուն զօրակցող 550 հիւրեր, ներառեալ` ընտրուած քաղաքական դէմքեր, գաղութի ղեկավարներ, ուղեկից եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի անդամներ եւ ձեռնտու նուիրատուներ:...

Page 21 of 47 1 … 20 21 22 … 47

Արխիւներ