Ուրբաթ 17 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Վահան Այնէճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Լենա Պահատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ նորընտիր պետ՝ Տ. Եորկիոս Գ. Արքեպիսկոպոսին:
Շնորհաւորական խօսքերէն ետք, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսը, եկեղեցին եւ գաղութը յուզող ընդհանրական ու մասնաւոր հարցեր: Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ եւ եղբայրական ընդունելութեան համար, փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները եւ ապա գլխաւոր երկու հարցերու վրայ կեդրոնացան: Առաջին, քննել կարելիութիւնները Պաֆոսի մէջ տեղական մատուռի մը մնայուն տրամադրման, որպէսզի կանոնաւոր կերպով ամէն ամիս մէկ անգամ պատարագ կարենանք կատարել եւ երկրորդ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մարտ ամսուն Կիպրոս պաշտօնական այցելութեան եւ Արքեպիսկոպոսին հետ հանդիպման մասին:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
18 Փետրուար 2023