Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ազգային Երեսփոխանական Ժողով
Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ Ազգային երեսփոխանական արտակարգ ժողով` քննելու աղէտին պատճառով յառաջացած իրավիճակը: Կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի զօրակցական նամակը, որուն յաջորդեցին Ազգային վարչութեան եւ այլ զեկուցաբերներու կողմէ զեկոյցներ` երկրաշարժի պատճառով թեմի տարածքին յառաջացած իրավիճակներուն եւ իրագործուած անմիջական աշխատանքներուն մասին: Ժողովը քննարկեց ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին բազմաբնոյթ կարիքներն ու լիազօրեց Ազգային վարչութիւնը` անմիջապէս բաւարարելու անօթեւան ընտանիքներուն կարիքները, ինչպէս նաեւ` սննդամթերքի եւ առողջապահական խնդիրներուն լուծումներու յաւելեալ միջոցներ որոնելու:
Երեսփոխանական ժողովը նաեւ յանձնարարեց Ազգային վարչութեան իրականացնել ամբողջական տեղեկահաւաք` երկրաշարժի պատճառով ժողովուրդին մօտ տարաբնոյթ եւ նորաստեղծ կարիքները վաւերագրելու եւ ազգային կառոյցներու իրավիճակը ուսումնասիրելու` յառաջացնելով համապատասխան մարմիններ, որոնք պիտի մշակեն ծրագիրներ եւ ապահովեն նիւթական միջոցներ` օգտուելով Սուրիոյ, սփիւռքի, Հայաստանի Հանրապետութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ կողմերու ընձեռած հնարաւորութիւններէն:
Անդրադառնալով Սուրիոյ պարտադրուած պատժամիջոցներուն` ժողովը հաստատեց, որ հարկ է անյապաղ կոչ ուղղել` վերացնելու այդ պատժամիջոցները, որոնք անմարդկայնօրէն կը սաստկացնեն աղէտին գործած աւերը:
Ժողովը նաեւ շնորհակալական խօսք արձանագրեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին եւ բոլոր անոնց, որոնք աղէտի առաջին ժամերէն իսկ զօրակցեցան ժողովուրդին:
Հայաստանի Որոնողափրկարարական Խումբը Այցելեց Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի
Հայաստանէն ժամանած որոնողափրկարարական խումբը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, 11 փետրուարին այցելեց Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի` աղօթելու եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի օրհնութիւնները ստանալու:
Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ ժամանած որոնողափրկարարական խումբի անդամներուն` իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով անոնց:
Այնուհետեւ խումբի մասնագէտները եկեղեցւոյ մէջ շրջագայելով` ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներու պատմական արժէքին:
Իրաք
Իրաքի Հայոց Թեմի Գործունէութիւնները
* Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, Հայ եկեղեցասիրաց կազմը` ՀԵԿ, 10 փետրուարին Նորաշէնի ազգապատկան կեդրոնին մէջ վերսկսաւ իր հաւաքները: Հանդիպումի ընթացքին պատմական ակնարկ տրուեցաւ ՀԵԿ-ի դաստիարակչական եւ հոգեւոր գործունէութեան մասին` 1986 իր հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ մեր օրերը, ապա ներկայացուեցաւ գործունէութեան ապագայ ծրագիրը, որուն հիմնական տարրն է երիտասարդութիւնը ազգասիրութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սկզբունքներով դաստիարակել:
Հանդիպումը աւարտեցաւ հայր սուրբի օրհնութեան խօսքով:
* 15 փետրուարի երեկոյեան սրբազանը ժամանեց հիւսիսային շրջանի Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը, ուր Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն:
16 փետրուարին Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին հայր սուրբը Իրաքի հայոց առաջնորդարանի անունով արծաթեայ խաչով զարդարուած Աւետարան նուիրեց եկեղեցւոյ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:
16 փետրուարին Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Տհօքի նահանգապետ դոկտ. Ալի Թեթերի: Երկու կողմերը քննարկեցին հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու միջեւ փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանի մէջ բնակող հայոց կարիքներն ու այլ հարցեր:
Սպանիա
Արժանթինահայ Մակտա Թագթաճեանի «Արցախ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
13 փետրուարին տեղի ունեցաւ արժանթինահայ գրող Մակտա Թագթաճեանի «Արցախ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան, որ կարեւոր նկատեց Արցախի նուիրուած գիրքին ներկայացումը սպանական շրջանակներուն: Դեսպանը վստահութիւն յայտնեց, որ Սպանիոյ մէջ առաջին հայագիտութեան ամպիոնը կը շարունակէ կամրջող դեր ունենալ հայկական գիտական եւ մշակութային շրջանակներու միջեւ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան հայագիտութեան ամպիոնի տնօրէն Ֆրանսիսքօ Սուրեան եւ ՀԲԸՄ ԵԱ Մատրիտի յանձնախումբի նախագահ Տիրան Կիլիկեան, որմէ ետք գիրքի հեղինակ Մակտա Թագթաճեան ներկայացուց իր ստեղծագործական ուղին, վէպի ստեղծման պատմութիւնը եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: