Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նիւ Եորքի Մէջ Վատիկանի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Արցախահայութեան Առնչուած Հարցեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նիւ Եորքի Մէջ Վատիկանի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Արցախահայութեան Առնչուած Հարցեր

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Գաչիա Արքեպիսկոպոսը։ Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը Նորին Սրբութեան հետ տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի սերտ...

Կլոր Սեղան-Զրոյց Աթէնքի Մէջ` «Թուրքիոյ Կործանարար Մնայուն Քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի Եւ Հայաստանի Հանդէպ» Նիւթով

Կլոր Սեղան-Զրոյց Աթէնքի Մէջ` «Թուրքիոյ Կործանարար Մնայուն Քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի Եւ Հայաստանի Հանդէպ» Նիւթով

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, «Արմենիքա» պարբերաթերթի, Սուրմենայի Պոնտական միութեան եւ Ասորիներու համահելլէնական միութեան համակազմակերպութեամբ, կիրակի, 19 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Աթէնքի հին խորհրդարանի շէնքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան զրոյց` նիւթ ունենալով «Թուրքիոյ կործանարար մնայուն քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի եւ Հայաստանի հանդէպ»: Երեք տարբեր զեկուցաբերներ ներկայացուցին Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը` սկսեալ 19-րդ դարէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, մանրամասնօրէն ներկայացնելով Արեւելքի...

Համազգայինի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին Եւ Կայացաւ Մարսէյի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին Եւ Կայացաւ Մարսէյի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական (եութլինքս) եռօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ 3,4 եւ 5 նոյեմբերին, Մարսէյի մէջ: Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ աշխարհի տարբեր անկիւններէն 10 ուսանողներ (Արցախ, Պոլիս, Փարիզ եւ Մարսէյ) այդ երեք օրերուն մասնակցեցան այս հաւաքին` նախ իրարու ծանօթանալու, մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր անցընելու, ապա` հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող հետաքրքրական աշխատանոցներու մասնակցելու: Առաջին օրը մասնակիցները ծանօթացան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, 13 նոյեմբեր 2023-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հասաւ Ֆիլատելֆիա, դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արտասանած իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ արժէքներու կարեւորութեան` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ: Առանց արժէքի` մարդկային կեանքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իմաստն ու նապատակը, ըսաւ ան` ընդգծելով առաւելաբար հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները: Իւրաքանչիւրին մասին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան «Aurora՛S Sunrise» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, համագործակցութեամբ Cine Doc (KinderDocs) բաժինի եւ աջակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 21 հոկտեմբերին  Յունաստանի Պենաքի թանգարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իննա Սահակեանի  բեմադրած «Aurora’s Sunrise»` Արշալոյս Մերտիկանեանի կեանքին  նուիրուած ժապաւէնի անդրանիկ  ցուցադրութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր հարցազրոյցներու հարուստ հաւաքածոյի մը վրայ հիմնուած այս գործը վաւերագրական ժապաւէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

Այցելութիւն` Լիբանանի Դեսպանատուն Հովուապետական այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ լիբանանցի անձնաւորութիւններու: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ` հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումներուն: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

«Սփիւռքի տարի Բ. - Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարուան ընթացքին Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Քանատայի ու Լիբանանի թեմեր այցելելէ ետք, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Հոգեւորականաց Համագումար Չորեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2023-ին Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի 55-Ամեակի Տօնախմբութիւնը` Շրջանային «Անտուն» Վարչութեան Նոր Կեդրոնի Հիմնաքար Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, 17 սեպտեմբերին Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի ընդարձակ կառոյցին մէջ, սկիզբ առաւ շրջանի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած յոբելենական խրախճանքը: Օրուան հանդիսավարներ Արա Եագուպեան եւ Վերժինի Թուլումեան մերթ ընդ մերթ երկլեզու խօսքերով ստեղծեցին քաղցր յիշատակներով լեցուն պահեր: Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի...

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի Առաջին շարք, ձախէն աջ` վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Յովել Միքայէլեան: Երկրորդ շարք, ձախէն աջ` վեր. Կալվին Սաղըրեան, վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) գործադիր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ` «Հայկական Մշակութային Շաբաթ» Հովանաւորութեամբ Հալէպի համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, գործակցութեամբ Հալէպի համալսարանի Ուսանողական ընկերակցութեան, 22 հոկտեմբերին Հալէպի պետական համալսարանի «Ապու Պաքր ալ-Ռազի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային շաբթուան» ցուցահանդէսի բացումը : Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան` հայ ժողովուրդի պատմութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրաք Հիւրասիրութիւն` Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Համագործակցութեամբ Ռեճինէ աւանդապահութեան գործադիր վարչութեան եւ Ազգային ծերանոցի խնամակալ յանձնախումբին, 20 հոկտեմբերին Ազգային ծերանոցի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ բարի գալուստի եւ շնորհաւորանքի երեկոյթ` ի պատիւ թեմի առաջնորդ Օշական նորօծ եպս. Կիւլկիւլեանի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր, որուն ընթացքին աւանդապահութեան կողմէ սրբազան հօր նուիրուեցաւ պանակէ մը եւ լանջախաչ: Այս առիթով...

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-րդ ամեակին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ՝ բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանի, իրենց տան մէջ հիւրընկալութեամբ՝ բարերար եւ Ազգ. երեսփոխան Տէր  եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ...

Թարգմանչաց Տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի Մէջ

Թարգմանչաց Տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի Մէջ

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի համայնքին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, ապա փոխանցեց տօնին յատուկ պատգամ մը։ Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։ Սրբոց Քառասնից Մանկանց...

Արամ Շուժունեան Գանատայի Արտաքին Գործոց Գերատեսչութեան Քաղաքական Հարցերու Համակարգող Նշանակուեցաւ

Արամ Շուժունեան Գանատայի Արտաքին Գործոց Գերատեսչութեան Քաղաքական Հարցերու Համակարգող Նշանակուեցաւ

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի գանատահայ Արամ Շուժունեանը նշանակեց Գանատայի արտաքին գործերու գերատեսչութեան քաղաքական հարցերու համակարգող։ Արամ Շուժունեան, արդէն երկու տարիէ ի վեր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գրեասենեակի պաշտօնատարներէն էր։ Արամ Շուժունեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Մոնթրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին։ Եղած է համալսարանի հայ ուսանողական միութեան ատենապետ ինչպէս նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ Արմէն...

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն՝ Ի Յիշատակ Շուշիի Մէջ Նահատակուած Հերոսներուն Եւ Սուրիահայ Նահատակներուն

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն՝ Ի Յիշատակ Շուշիի Մէջ Նահատակուած Հերոսներուն Եւ Սուրիահայ Նահատակներուն

Կիրակի , 8 Հոկտեմբեր 2023-ին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Շուշիի ազատագրման ճամբուն ինկած սուրիահայ նահատակներուն եւ նախանցեալ շաբաթ Հոմս քաղաքին մէջ նահատակուած նորանշանակ սպաներուն։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչը, ազգ....

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Բողոքի Ցոյցեր Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Սպանիա Կազմակերպութեամբ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան, 5 հոկտեմբերին  Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի ցոյց` իբրեւ աջակցութիւն Արցախի ժողովուրդին: Ցոյցին նպատակն էր իրազեկ դարձնել մարդկութեան դէմ Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները, դատապարտել Եւրոպական Միութեան մեղսակցութիւնը Ազրպէյճանի կազմակերպած ցեղային  զտումներուն եւ կոչ ուղղել միջազգային անյապաղ միջամտութեան` դադրեցնելու Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի...

Կարօ Եւ Տիրան Գլըճեան Եղբայրներուն Շնորհուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշան

Կարօ Եւ Տիրան Գլըճեան Եղբայրներուն Շնորհուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշան

Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, խնդրանքով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի եւ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշաններ յանձնուեցան Տէր եւ Տիկին Կարօ...

Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Այս Տարի Եւս «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Կը Յատկացնէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Այս Տարի Եւս «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Կը Յատկացնէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։ Մրցանակը կը շնորհուի հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողներուն։ Յիշեալ նախաձեռնութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական...

Շնորհակալական Նամակ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընին

«Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Տուչութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ քուէթաբնակ հալէպահայ  բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպահայ վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ ուսանողները: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, յետ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» Կիրակնօրեայ Դպրոցի Նորոգուած Կեդրոնի Բացում Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 17 սեպտեմբերին կատարուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի նորոգուած կեդրոնին բացումը: Յայտնենք, որ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան նախկին կեդրոնը «Սոլթ» բարեսիրական հաստատութեան կողմէ նորոգուելով` յանձնուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս.Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցին: Կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհ. տեսուչ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց կիրակնօրեայ...

Page 17 of 47 1 … 16 17 18 … 47

Արխիւներ