Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Գամիշլիի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին
26 նոյեմբերին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու յիշատակին: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ.Եղիայեանը: Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի ընտանիքը եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ հոգեսուրճ հիւրասիրեց ներկաներուն:
Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-Ամեակի Եւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Նշում
24 նոյեմբերին «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակի եւ Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի 35-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Բացման խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Սօսի Պետուրեան, որ հաստատեց, թէ Համազգայինը իր աւելի քան 95-ամեայ պատմութեան ընթացքին գործի վերածեց իր գաղափարը, ազգը պահպանելու ձուլումէ եւ ազգային արժէքներով հարստացնելու, անոր կեանքը աւելցնելով, որ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղութներուն մէջ հիմնեց հայաշունչ ճեմարաններ ու կազմակերպեց հայ մշակոյթը ծանօթացնող ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ:
Օրուան բանախօս, հրապարակախօս Պարգեւ Աւագեան նկատել տուաւ, որ պատմութիւնը մեր ամբողջութիւնն է` ներկան, անցեալն ու ապագան, կրթութիւնը, մշակոյթը եւ պատկանելիութիւնը, ազգային հիմքը, հողը, լեզուն եւ հոգին, շեշտելով, որ ազգապահպանման մեծագոյն յենարանն է մշակոյթը, իսկ մշակոյթի անկիւնաքարը` կրթութիւնը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի ռահվիրաները բնորոշուեցան երեք յատկութիւններով` նախատեսող, ծրագրող ու իրագործող, եւ երկարաժամկէտ ծրագիր մշակեցին, ազգապահպանման ռազմավարութիւն ճշդեցին ու անոնց իրագործման փուլին անցան: Բանախօսը հաստատեց, որ մշակոյթն ու պատմութիւնը, ազգային, յեղափոխական, քնարական ու աշուղական երգն ու երաժշտութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը, պարն ու ասմունքը, բեմն ու թատրոնը մշակոյթի ստեղծման երաշխիքներն են, եւ Համազգայինի որդեգրած ուղին տոկուն է եւ աննկուն:
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան նկատել տուաւ, որ մենք ժառանգած ենք հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն, մշակոյթ, որոնք փոխանցուած են մեզի սերունդէ սերունդ, եւ այսօր այս դժուար պայմաններուն կը պահենք մեր աւանդութիւնները, մեր հաւատքը, շեշտելով, որ Համազգայինը ամուր օղակն է, որ կը կապէ եկեղեցին, դպրոցն ու միութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը :
Միացեալ Նահանգներ
Հայ-Ամերիկեան Թանգարանը Հիւրընկալեց Արամ Խաչատուրեանի Նուիրուած Համերգ Մը
Վերջերս Հայ-ամերիկեան թանգարանը Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ուոլթ Տիզնիի անուան հռչակաւոր համերգասրահին մէջ, համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի «Ֆիլհարմոնիք»-ին, հիւրընկալեց աշխարհահռչակ հայ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի նուիրուած համերգ մը:
Թանգարանի կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարկրիթ Մկրուպլեանը մեծ յաջողութիւն համարեց նման հեղինակաւոր բեմի մը վրայ իրականացած ձեռնարկը` աւելցնելով, որ նշեալ համերգասրահը եւ կառուցուող թանգարանը կենսական դերակատարութիւն ունին մշակոյթի պահպանման ջանքերուն մէջ:
Խմբավար Կուսթաւօ Տուտամելի առաջնորդութեամբ ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէէն եւ այլ ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան այս առիթով յիշեցուց, որ թանգարանի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին, եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին կառոյցին հիմնասիւները արդէն իսկ պիտի սկսին բարձրանալ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանին նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն եւ համայնքին:
Ազգ. Վահան Եւ Անուշ Շամլեան Վարժարանին Մէջ Ընդունելութիւն
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 3 նոյեմբերին Միշըն Հիլզի «Լենտմարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի յատուկ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանգանակային ընդունելութիւնը:
Օրուան հանդիսավարն էր Գեւ Օրգեան: Վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան երախտագիտական խօսքեր ուղղեցին` առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան, կամաւորներու փաղանգին, մեծ ու փոքր գումարներով դպրոցը կանգուն պահող նուիրատու բարերարներուն, միաժամանակ նշելով, որ շուտով գործելու սկսող «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» մանկամսուրի գաղափարը առաջնորդ սրբազանի մտածողութեան արդիւնքն է, մինչ իրագործողներն են վարժարանի մարզասրահի բարերար Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլին երկու զաւակները` Փիթըր եւ Ռուպի, Գեւիկ եւ Փաուլա Պաղտասարեանները, որոնց իշխանական նոր նուիրատուութեամբ իրականութիւն կը դառնայ իրենց ծնողներուն անունը կրող մանկամսուրը:
Այնուհետեւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած Կոնդակը, որմէ ետք սրբազանը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշաններով պարգեւատրեց Պաղտասարեան եղբայրները, նաեւ յատուկ ասեղներով զարդարեց անոնց կիներուն կուրծքը:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան բարձր գնահատեց վարժարանի հիմնադիր բարերարներն ու նոր բարերարութիւններով ազգային վարժարանին ե՛ւ տարածքը ե՛ւ մասնաբաժինները ընդարձակելու կամք ցուցաբերող նուիրատուները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Ազգ. առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հայ եկեղեցւոյ կարեւորութեան ու ազգային դարբնոց-վարժարանի առաքելութեան եւ ուրախութեամբ յիշեց, որ նոյն վայրին մէջ արդէն սկսած է գործել Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին` ազգային բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլի նուիրատուութեամբ:
Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան վարժարանի տնօրէնուհիին եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետին յանձնեց Ազգային վարչութեան խոստացած հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի վճարագիրը` ի նպաստ մանկամսուրին:
Յայտնենք, որ երեկոյի ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար:
Թալին Եւ Իր Ընկերները Հինգ Հազար Տոլար Կը Նուիրեն` Ի Նպաստ Արցախի Ընտանիքներուն
ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մանկական երգերու մեկնաբան Թալինին եւ իր ընկերներուն, որոնք հինգ հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն կատարեցին` ի նպաստ Արցախի ընտանիքներուն: Անոնք Las Vegas Clark County Library -ի մէջ ելոյթ մը ունեցան` ներկայութեամբ Լաս Վեկասի հայ համայնքի 150 մանուկներու եւ անոնց ընտանիքներուն եւ ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուցին այդ նպատակին: Թալինին գեղարուեստական ղեկավար Ալեք Պեսոս շնորհակալութիւն յայտնեց` Իզապէլ Մարտիրոսեանին, Լաս Վեկասի հայկական պարի դպրոցին, Թալինին եւ իր ընկերներուն` Փաթիլ, Սինթիա եւ Արուս Ալպարեաններուն եւ Արմինէ Ճարահեանին, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իրենք եւս մաս պիտի կազմեն արցախահայերու օժանդակութեան:
Նուիրատուութիւնը պիտի յատկացուի մանուկներու կարիքներուն:
Քանատա
Թալին Սուճեանի «Վտարանդի Հայեր – Գաւառներու Թանզիմաթը» (Outcasting Armenians – Tanzimat Of The Provinces) Անգլերէն Գիրքին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 2 նոյեմբերին Մոնրէալի «Արմէն Գարօ եւ Շաքէ Կէօնճեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան դասախօս Թալին Սուճեանի «Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը» (Outcasting Armenians – Tanzimat of the provinces) անգլերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
Գրական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նանօր Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Հրայր Բազէ ներկայացուց գիրքին հեղինակը` «Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան» համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի թրքագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող, պատմաբան Թալին Սուճեանը:
Գիրքին ներկայացումը կատարեց նոյնինքն հեղինակը, որ պարբերաբար գիրքէն նկարներու ցուցադրութեամբ եւ անգլերէնով ներկայացուց իր գիրքը: Անդրադառնալով հայոց պատրիարքարանի 19-րդ դարու նամակագրութիւններուն` ան նկատել տուաւ, որ թանզիմաթեան` արդիականացման եւ արեւմտականացման գործընթացը իսկապէս տեղի
կ՛ունենար, բայց` ոչ անպայման իր ամէնէն դրական իմաստով: Բոլոր գաւառներէն խնդրագիրները, զեկոյցները եւ բողոքները, որոնք կ՛առաքուէին պատրիարքարան կամ Օսմանեան կայսրութեան, կը բովանդակեն թանկարժէք տուեալներ` օսմանեան վարչակազմին վերաբերեալ:
Սուճեան լուսաբանելով 19-րդ դարու իրադարձութիւնները` նշեց, որ գաւառային հարստահարութիւնները սկսած են ոչ թէ համիտեան շրջանին, ինչպէս համատարած կերպով ընդունուած է, այլ 19-րդ դարու առաջին կիսուն եւ շարունակուած` մինչեւ 1915: Պատմագէտը ըսաւ, որ բնաջնջնուած ժողովուրդներու պատմութիւնը յեղափոխականութիւն է, որովհետեւ անիկա միակ պատմութիւնն է, որ կը պարունակէ ամէնէն մութ ճշմարտութիւնը յանցագործին, եւ հետեւաբար, ամբողջ մարդկութեան մասին: Հայկական աղբիւրները ուսումնասիրելը եւ անոնց ձայնը նորօրեայ պատմութեան մէջ լսելի դարձնելը հզօր պատգամ մը ունին փոխանցելիք, որն է` արդարութեան եւ կեանքի, պատուի եւ ունեցուածքներու ապահովութեան` ի խնդիր մէկ դարու պայքարի. բնաջնջուած եւ աքսորուած ժողովուրդի մը անդուլ պայքարը, որ բռնի կրօնափոխուեցաւ, փրկուեցաւ, բայց անանուն մնաց:
Կիպրոս
Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքի Այցելութիւնը Կիպրոս
17 նոյեմբերին, ընդառաջելով Կիպրոսի Լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ վրդ. Վարիանոյի պաշտօնական հրաւէրներուն, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի լատին պատրիարք` Փիերպաթիսթա Փիզապալլայի Հռոմի Ֆրանչեսքոս (Ֆրանսիս) պապին կողմէ կարտինալի կարգ ստացման առիթով կազմակերպուած ճաշին եւ երեկոյեան հանդիսութեան ու հիւրասիրութեան:
Սրբազան հայրը Լատին եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ հոգեւոր պետերու, Կիպրոսի մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչին եւ «Ռիլիճըս թրեք»-ի գրասենեակի տնօրէնուհիին հետ սեղանակից ու զրուցակից եղաւ պատրիարք-կարտինալին հետ եւ ապա երեկոյեան «Քլէոփաթրա» պանդոկին մէջ դարձեալ մասնակից եղաւ տեղի ունեցած ընդունելութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ` Խարիս Մորիթցիս եւ Փիերպաթիսթա Փիզապալլա պատրիարքը: Կաթողիկոսական փոխանորդը առիթը ունեցաւ զրուցելու` պատրիարքին, Կիպրոսի մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչ պատուիրակին, հոգեւոր պետերու, դեսպաններու, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչին եւ ներկայ քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութեանց հետ: Յայտնենք, որ առաւօտեան պատրիարք- կարտինալը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած էր հանրապետութեան նախագահին եւ Կիպրոսի արքեպիսկոպոսին հետ: