Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Տուած Հայրապետական Այցելութիւնները

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին տուած հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, 15 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս Նիւ Ճըրզիէն մեկնեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրոյ քաղաքը:

Հայ համայնքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած գաղութի զաւակները դիմաւորեցին իրենց հովուապետը, եւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք:

Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սիրոյ հրամայականին վրայ` նշելով, որ եկեղեցին սիրոյ համայնք է. Քրիստոս ո՛չ միայն սիրեց մարդը, այլ նաեւ պատգամեց զիրար սիրել, յայտնեց ան: Արդարեւ, սիրելը զգացական վիճակ մը չէ. սէրը կ՛ենթադրէ` նուիրում, ծառայութիւն եւ օգնութիւն: Հետեւաբար մեր սէրը գործնապէս պէտք է արտայայտենք` մեր փոքր ընտանիքն ու մեծ ընտանիքը` ազգը, սիրելով եւ օժանդակելով մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի ծրագիրներուն, ըսաւ ան:

Եկեղեցական արարողութենէն եւ կաթողիկոսին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Նոյն օրը վեհափառ հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ` ի պատիւ անոր: Յաջորդաբար խօսք առին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեանը եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը:

Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց մեր աւանդութիւններուն ու արժէքներուն ամրօրէն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` միշտ համախմբուելով եկեղեցւոյ շուրջ:

16 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Թրոյ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց վեհափառը թելադրեց իրենց գործունէութիւնը ծաւալել ու վերակազմակերպել:

16 նոյեմբեր 2023-ին կաթողիկոսը Թրոյէն մեկնեցաւ Նիւ Պրիթըն (Քընեքթիքըթ)  եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր` «Ո՜վ Տէր, աւելցուր մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը» երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին արտասանուող աղօթաբոյր խօսքերը: Ան ըսաւ, որ ամէն օր եկեղեցւոյ մէջ այս մաղթանքը կը վերառաքենք Ամենակալին, որպէսզի մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ եւ մեր կեանքը աստուածահաճոյ արժէքներով լեցնէ: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք իւրաքանչիւր բառի իմաստին ու մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտութեան, կաթողիկոսը թելադրեց ժողովուրդին իրենց քրիստոնէական ու ազգային կեանքը շաղախել հաւատքով, յոյսով ու սիրով: Իր պատգամի երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը համայնքի կեանքին մէջ` իբրեւ մեր զաւակները համախմբող եւ անոնց կարիքներուն ծառայելու կոչուած հոգեւոր առաքելութիւն:

17 նոյեմբերին Արամ Ա. իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ մեկնեցաւ Նիւ Եորք (Մանհաթըն), ուր պատուոյ հիւրը եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսին, որ ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայրապետը ծանօթացնելու կարիքը չկայ, որովհետեւ ան յատկապէս միջեկեղեցական աշխարհին մէջ միջազգային դէմք է, որուն ղեկավարութեան եւ հոգեմտաւոր արժանիքներուն անձնապէս ծանօթ եղած է տարիներ շարունակ: Այս առիթով արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսը Տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոսին եղբայրական ողջոյնները յայտնեց վեհափառին եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` իր օրհնաբեր առաքելութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ պանակէ մը նուիրեց կաթողիկոսին:

Իր կարգին խօսք առնելով` Արամ Ա. կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով, շուրջ 25 տարիներ ետք, կ՛այցելէ Տիեզերական պատրիարքութեան պատկանող այդ հոգեւոր կեդրոնը: Անդրադառնալով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան` վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ բերաւ երկու մարզեր, որոնք անցեալէն ժառանգուած յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կը շարունակեն: Առաջին մարզը միջեկեղեցական յարաբերութիւններն են, ուր եկեղեցին յուզող ընդհանրական հարցերու շուրջ երկու եկեղեցիները նոյն դիրքը որդեգրած են: Երկրորդ մարզը աստուածաբանական երկխօսութիւնն է ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ, որ կրցած է կարեւոր քայլեր առնել քրիստոսաբանական հարցերու վերաբերեալ հասարակաց մօտեցում գոյացնել: Ան ապա յայտնեց, որ այս երկու բնագաւառներուն մէջ ինք եւ Տիեզերական պատրիարքը միշտ միասին գործակցած են` իրենց վարդապետութեան օրերէն սկսեալ: Իր խօսքի աւարտին ան կաթողիկոսարանի պաշտօնական քաթալոկը նուիրեց յոյն ուղղափառ առաջնորդին:

Ճաշի ընթացքին Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը դարձեալ խօսք առնելով` յիշեց վեհափառ հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը` եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւն յառաջացնելու միտող: Այս առիթով ան պատրաստակամութիւն յայտնեց իրենց դպրեվանքին մէջ ընդունելու կաթողիկոսարանին կողմէ ուղարկուած ուսանողները:

Նոյն օրը կաթողիկոսը մեկնեցաւ Նիւ Եորք: Առաջին հերթին ան այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր տուած պատգամին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան` իբրեւ Աստուծոյ տունը: «Բոլորս այս տան զաւակներն ենք, այս տունը մեզ կը պաշտպանէ կեանքի բոլոր չարիքներէն, այս տունը մեր հաւատքը կը զօրացնէ, այս տունը մեզ կը մղէ սիրել զիրար եւ երբեք չի յուսահատիր կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար հարկ է մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան», շեշտեց կաթողիկոսը:

18 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան ու վեհափառ հայրապետին միջեւ հանդիպում-զրոյց` մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ ու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ երիտասարդութեան: Շուրջ 100 երիտասարդներու հետ երկու ժամ տեւած հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր: Հարցումները առաւելաբար առնչուած էին սփիւռքի վերակազմակերպման, եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ յատկապէս երիտասարդութեան դերակատարութեան հայ կեանքին մէջ:

Կիրակի, 19 նոյեմբեր 2023-ին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական ս. պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. հայրապետին: Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան:

Իր պատգամին մէջ կաթողիկոսը անդրադարձաւ ընտանիքի ծագումին` սկսելով նախամարդուն ստեղծումէն: Ան ընտանիքը բնորոշեց իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած կառոյց եւ յիշեց Աւետարանին ու առաքեալներու թուղթերուն մէջ ընտանիքի մասին տեղ գտած կարեւոր հաստատումները: Իսկ խօսելով յատկապէս հայ ընտանիքին մասին` հայրապետը զայն նկատեց փոքր եկեղեցի, փոքր հայրենիք ու փոքր դպրոց: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին` միշտ շեշտելով ընտանիքի սրբութիւնը, ինքնութիւնը ու ազգային նկարագիրը պահելու հրամայականը: Կաթողիկոսը ընդգծեց հայ ընտանիքին սրբազան կառոյց ըլլալու հանգամանքը, շեշտեց, որ անիկա ճակատագրական դեր ունեցած է եւ ունի մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս` այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հետեւաբար հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն:

Այցելութեան ծիրին մէջ Ազգային առաջնորդարանը միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւն մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոր մասնակցեցան Նիւ Եորքի բոլոր օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:

Հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած եկեղեցական այս արարողութիւնը խոր տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն եւ առցանց հետեւողներուն վրայ: Եզակի երեւոյթ էր յատկապէս Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուներուն ընթերցումը 24 լեզուներով` ներկաներուն կողմէ:

Միջեկեղեցական աղօթքի աւարտին կաթողիկոսը անդրադարձաւ միութեան ըմբռնումին ու հրամայականին, ինչպէս նաեւ` միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու միջոցներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ, երբ քրիստոնէական հաւատքը վտանգուած է, անհրաժեշտ է մէկ կողմ թողուլ անցեալէն ժառանգուած դաւանական հարցերը եւ միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով հասարակաց կեցուածքներ որդեգրել քրիստոնէական հաւատքը վտանգող շարժումներուն նկատմամբ:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, 19 նոյեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին արտասանած իր պատգամին իբրեւ բնաբան` կաթողիկոսը ընտրեց հետեւեալը. «Մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին վերանորոգումն ու վերակենսաւորումը առանցքը պէտք է դառնայ արեւելեան Ամերիկայի մեր ժողովուրդի կեանքին»: Կաթողիկոսը իր պատգամը ամփոփեց չորս կէտերու մէջ.

1) Կ՛ապրինք համաշխարհայնացած դարու մէջ: Համաշխարհայնացումը էապէս մշակոյթ է` արհեստագիտութեամբ տիրապետուած, որ թափանցած է բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Արժէքներ քանդող, սահմաններ շրջանցող այս մշակոյթը նաեւ տիրական ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Չենք կրնար պայքարիլ անոր դէմ, սակայն, միաժամանակ, համակերպումը վնասաբեր է: Անհրաժեշտ է քննական երկխօսութիւն ունենալ` մէկ կողմէն օգտագործելով համաշխարհայնացումի դրական երեսները եւ միւս կողմէ` ամրացնելով մեր ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները: Այս հարցին մէջ էական է երիտասարդութեան դերը:

2) Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգումը հրամայական է: Վերանորոգումը սոսկ փոփոխութիւն չէ, այլ` վերարժեւորում եւ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան վերանորոգում, բնականաբար պահպանելով մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը: Այս իմաստով բարոյագիտական արժէքներու վերաբերեալ մեր եկեղեցւոյ տեսակէտին յստակացումը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն:

3) Ամերիկան ցեղային, մշակութային ու կրօնական համայնքներու ամբողջութիւն է` ընկերային-քաղաքական հասարակաց արժէքներու վրայ հաստատուած: Մենք եւս մաս կը կազմենք այս ընկերութեան: Սակայն, ինչպէս այլ համայնքներ յատուկ ճիգ կը թափեն պահպանելու իրենց մշակութային ու կրօնական ինքնութիւնը, նոյնը պէտք է կատարէ նաեւ մեր համայնքը: Սա մնայուն մարտահրաւէր է մեր դիմաց:

4) Մեր ազգն ու հայրենիքը կ՛ապրին ճակատագրական դարաշրջանի մէջ: Այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք մեր պատգամներուն մէջ: Աւելի քան երբեք կարիքը ունինք աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ մշակելու նոր ռազմավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մենք կարիքը ունինք այնպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան ներկայ ժամանակներու համապատասխան կերպով կեցուածքներ ճշդել եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել ճիշդ ուղղութեամբ:

Ճաշկերոյթի աւարտին, ընդառաջելով թեմի խնդրանքին, կաթողիկոսը պարգեւատրեց երեք արժանաւորներ. դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Գառնիկ Ալաճաճեանը` «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով եւ Ռիչըրտ Գարօլանը` «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով: Իսկ Ազգային առաջնորդարանի «Զապէլ Թագուհի» մետալով պարգեւատրուեցաւ նաեւ Ռիչըրտի մայրը` Թինա Գարօլանը

20 նոյեմբեր 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Արեւելեան Ամերիկայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէութիւն – Արամ Ա. կաթողիկոսը ամփոփ գիծերով պարզեց Արցախի գծով կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ գաղութը վերակազմակերպելու հրամայականը:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան յանձնաժողովին հետ հանդիպումին քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հաստատութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան առնչուած նիւթեր: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես մեր համայնքներու կեանքին մէջ «Գարակէօզեան»-ին տարած աշխատանքին եւ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հաստատութեան նիւթական օժանդակութիւնները:

Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան հետ տեսակցութեան լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ բուժարանին կողմէ վերջին շրջանին իրականացուած ու յառաջիկայի ծրագիրներուն: Հայրապետը գնահատելով նոր խնամակալութեան գործունէութիւնը` թելադրեց, որ ամսական նպաստին առընթեր, ան նաեւ ֆինանսաւորէ բուժարանին կարեւոր ծրագիրները:

Հանդիպում կայացաւ նաեւ Ամերիկայի Միջին Արեւելքի մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկի ներկայացուցիչներուն հետ: Յայտնենք, որ համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք հաստատուած այս հիմնարկին կը պատկանէր Անթիլիասի որբանոցը. ապա, 1930 թուականին, խորհրդանշական գումարով մը փոխանցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Վեհափառը բարձր գնահատեց հիմնարկին աջակցութիւնը մեր Ս. Աթոռին եւ շարունակուող գործակցութիւնը:

Նախորդը

Շանթը (Շանթ Եագուպեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըր – Լէյքըրզ` 133-110

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?