Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Կիլիկիա» Երգչախումբին Ելոյթը
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, 9 դեկտեմբերին «Սարդարապատ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Քեսապի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշաքեանի:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արա Քէշիշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին առանձնայատկութիւններուն` նկատել տալով, որ ան եղած է` վերանորոգիչ Հայ եկեղեցւոյ, համամիութենական շարժումի ռահվիրայ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, շարականագիր ու տաղասաց եւ հեղինակն է մեր գեղեցկագոյն շարականներուն: Անդրադառնալով Համազգայինի 95-ամեակին Քէշիշեան ըսաւ, որ Համազգայինը 95 տարի շարունակ աշխարհասփիւռ հայ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, դաստիարակեց սերունդներ, կրթեց եւ կազմաւորեց երիտասարդներ` ազգային եւ հայրենասիրական արժէքներով:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու եւ շարականներու փունջ մը, որոնց մեծ մասը գրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին կողմէ, նաեւ` ազգային եւ ժողովրդային երգեր:
Ելոյթի աւարտին կարդացուեցան շնորհաւորագրեր, որոնք յղուած էին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Ապա ծաղկեփունջեր եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանին եւ Անի Պոյմուշաքեանին:
Աւարտին սրբազան հայրը ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ երգչախումբին մեկնաբանած երգերը եւ շարականները կը կազմեն մեր նկարագիրը եւ պատգամ մը ունին մեզի փոխանցելիք, աւելցնելով, որ անոնք կու գան մեզ զօրացնելու եւ քաջալերելու այս մեր դժուար օրերու եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշանով Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ Հանգուցեալ Ճարտարապետ Վարուժան Կարապետեան
Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 15 դեկտեմբերին Գամիշլիի Ազգային նախակրթարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի շինարարութեան յուշաքարի քողազերծում եւ Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» բարձրագոյն շքանշանի յետմահու տուչութիւն` հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժան Կարապետեանի:
Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան կարդաց վաստակաշատ հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժ Կարապետեանին կենսագրութիւնը, որմէ ետք Արմէն աբղ. Գալայճեան կարդաց սրբազան հօր օրհնութեան գիրը, որուն մէջ ան դրուատիքով անդրադարձած է շքանշանակիր հանգուցեալ ճարտարապետ Վարուժան Կարապետեանի վաստակին եւ ծառայութեան: Ապա սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» բարձրագոյն շքանշանը յանձնեց հանգուցեալին կնոջ: Այնուհետեւ, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արտա Միրզոյեան-Կարապետեան, ապա Գամիշլիի երկրաչափներու սենտիքայի նախագահը խօսք առնելով` անդրադարձաւ շքանշանակիրին երկրաչափական վաստակին եւ ծառայութեան:
Լեւոն վրդ. Եղիայեան վեր առնելով շքանշանակիրին ծառայութիւնը` Գամիշլիի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան` պարգեւատրումի այս գեղեցիկ արտայայտութեան համար:
Աւարտին սրբազան հայրը արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին բարօրութեան, վերածաղկման ու պայծառութեան համար իր կեանքի ծառայութիւնը որպէս լումայ ազգի գանձանակին մէջ դրած անձի մեծարման եւ պարգեւատրման առիթով: Ան նկատել տուաւ, որ պարգեւատրումները արթնութեան եւ զգաստութեան հրաւիրող առիթներ են, որպէսզի մենք եւս մեր ծառայութիւնը մատուցենք եւ խորապէս անդրադառնանք, որ մեր կեանքը ինքնանպատակ ու աննպատակ չէ, այլ` նպատակադրեալ:
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ Երկար Տարիներու Ազգանուէր Ծառայող Անահիտ Թէօքմէճեանը
17 դեկտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինումով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Գամիշլիի մէջ պարգեւատրեց Անահիտ Թէօքմէճեանը` անոր երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութեան համար, Գամիշլիի փոխանորդարանի դահլիճին մէջ:
Անահիտ Թէօքմէճեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է Գամիշլիի կրթական, միութենական եւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Ազգային վարժարանէն ներս 22 տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է` որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի, ապա 1988-2001 եղած է Ազգ. Միացեալ վարժարանի տեսուչ: Հայոց լեզուի մէջ տկար եղող նախակրթարանի աշակերտներուն համար սիրայօժար կերպով դասընթացք կազմակերպած է: Երկու տարիներ շարունակ հայոց լեզուի դասընթացքներու ձեռնարկած է «Ճինիշեան» շէնքի բնակիչներուն, որոնք հայոց լեզուին կարիքը ունէին:
2004-2019 մաս կազմած է Ազգ. դպրոցներու հոգաբարձութեան` որպէս ատենադպրուհի, ապա որպէս անդամ շարունակած է իր ծառայութիւնը մինչեւ օրս: 2019-էն մինչեւ օրս Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց յանձնախումբին անդամ է: Արժանացած է շարք մը գնահատագրերու` հանգուցեալ տնօրէն Իսրայէլ Մելքոնեանի եւ ատենապետ Արտաշ Մելքոնեանի կողմէ, Ճեզիրէի նախկին առաջնորդական փոխանորդ Կոմիտաս եպս. Օհանեանի կողմէ, պետութեան կողմէ` նախագահի վերընտրութեան առիթով իր կազմակերպած երգչախումբին համար եւ Հայաստանի` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ:
2006-2020 եղած է Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: 2017-2020 եղած է ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի անդամ:
Արդարեւ, դահլիճին մէջ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի կողմէ կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, ապա առաջնորդ սրբազան հայրը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Անահիտ Թէօքմէճեանին:
Շքանշանակիրը իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազան հօր` իր հայրական սիրոյն եւ հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին եւ Թաղական խորհուրդին` իրենց գեղեցիկ մտայղացումին համար:
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանելով` դրուատիքով անդրադարձաւ հայ դպրոցին ի նպաստ անոր մատուցած երկար տարիներու ծառայութեան, ինչպէս նաեւ` միութենական եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան, մաղթելով, որ անոր ծառայութիւնը օրինակ հանդիսանայ նոր սերունդներուն:
Գամիշլիի Մէջ Վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» Սրահի Բացում
17 դեկտեմբերին Մակար եպս. Աշգարեան կատարեց վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահին բացումը, որուն բարեզարդումին նախագիծը կազմած է Ռիթա Կարապետեան:
Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար` գնահատելով Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդին եւ Թաղական խորհուրդին տարած աշխատանքը, եւ մաղթեց, որ գամիշլիահայ միութիւններուն եւ մարմիններուն հետ միասին շահեկան ձեռնարկներ կազմակերպեն սրահէն ներս` առաւել եւս պայծառացնելով ազգային-եկեղեցական կեանքը:
Համազգայինի 95-Ամեակի Յիշատակում Դամասկոսի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 17 դեկտեմբերին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն:
Օրուան հանդիսավար Դալար Թովմասեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ յոբելենական տարեդարձները խթանող ազդակներ են` շարունակելու Համազգայինի հիմնադիրներուն սկսած նուիրական գործը:
Վարչութեան ատենապետ Սոնա Անտրեան անդրադարձաւ Համազգայինի յոյժ կարեւոր դերակատարութեան եւ ազգապահպանման առաքելութեան` շեշտելով, որ մշակոյթն է մարդուն ինքնութիւնը կերտողը, ազգի մը ինքնութիւնը սահմանողը. հետեւաբար հայ ժողովուրդի աւիշն ու շունչը հայ մշակոյթն է: Ան հաստատեց, որ 95-ամեայ Համազգայինը իր հաստաբուն կաղնիով եւ խիտ սաղարթներով աննահանջ պիտի շարունակէ երթը` մշակոյթի պահպանման, զարգացման ու տարածման վեհ առաքելութիւնը, նորանոր տարեդարձներ նուաճելու տեսլականով:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան բանախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան: Ան շեշտեց, որ ազգի մը զաւակներուն ոգեղէն հարստութիւնը, մշակութային արժէքները եթէ պահպանուին, ազգը ոչ միայն չի կորչիր, այլեւ պահպանելով իր ինքնութիւնը` կրկին կ՛արարէ, կը հարստացնէ իր մշակոյթն ու կը ծաղկի, եւ այս խորհուրդին մարմնացումն են Համազգայինի հիմնադրութիւնը, 95-ամեայ երթն ու աշխարհասփիւռ անոր կառոյցին գործունէութիւնը: Բանախօսը պատմական ակնարկ մը նետեց Համազգայինի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին եւ ներկայացուց միութեան կազմաւորման իւրաքանչիւր շրջան եւ պարզեց, թէ ինչպէ՛ս կրթական ծրագիրով սկսած Համազգային ընկերակցութիւնը տարիներու ընթացքին ծաւալելով իր գործունէութիւնը` դարձաւ կրթական եւ մշակութային Համազգային միութիւն` աւելի քան 50 մասնաճիւղեր ունենալով աշխարհի չորս ծագերուն, նոյնիսկ` Հայաստանի ու Արցախի մէջ գրասենեակներ հիմնելով:
Այնուհետեւ Դալար Թովմասեան կարդաց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան այս առիթով առաքած շնորհաւորական գիրը` ուղղուած Դամասկոսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, որմէ ետք Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սուլահեան խորհրդանշական յուշանուէրներ յանձնեց բանախօս Զարմիկ Պողիկեանին, Շրջանային վարչութեան Դամասկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն Պէլեանին եւ «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, որմէ ետք ան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած յոբելենական հանդիսութիւնը եւ ներկաները խրախուսեց իրենց զաւակները վստահելու Համազգայինին, որպէսզի հաղորդ դառնան հայ մշակոյթին եւ պահպանեն ազգային իրենց ինքնութիւնը:
Ատրպատական
Հանդիպում` Ատրպատականի Թեմական Խորհուրդին Եւ Պետական Թանգարանին Միջեւ
9 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Թաւրիզի պետական թանգարանի վերականգնողական բաժնի պատասխանատու դոկտ. Ղոլամ Ռեզա Եազտանիին եւ Թեմական խորհուրդին միջեւ` նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի: Հանդիպումին առիթն էր առաջնորդարանին մէջ պահպանուող հնատիպ գիրքերու պահպանման ստուգումը: Սոյն աշխատանքէն ետք կողմերու միջեւ քննարկման նիւթ հանդիսացան «Մելիք Թանգեան» թանգարանի իրերու դէպի նոր պահեստ փոխադրութեան հրատապ խնդիրը, ինչպէս նաեւ` սոյն թանգարանին մէջ պահպանուող հին իւղանկարներու վերանորոգման գործընթացը:
Դոկտ. Եազտանի սրբազան հօր եւ ժողովականներուն ներկայացուց վերանորոգման վարպետ Նատիա Ղիասին, որուն շնորհիւ արդէն երկու տասնեակ իւղանկարներ, որոնք տարիներու ընթացքին խոնաւութեան եւ փոշիի վնասներ կրելէն ետք այժմ վերանորոգուած էին: Նոյն առիթով սրբազան հայրը ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանին մէջ տնային միջոցներով վերանորոգուած հին իւղանկարներ, որոնք երկար տարիներ մնացած էին գետնափոր նկուղներու մէջ` կրելով երկար ժամանակ լքուած մնալու վնասները:
Կողմերը իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեցին, որ համագործակցութեան շնորհիւ Ատրպատականի հայոց թեմի թանկարժէք իրերը լաւագոյն խնամքը կը ստանան, եւ Ազգային իշխանութեան հայեցողութեամբ, երբ «Մելիք Թանգեան» թանգարանին դռները վերաբացուին, անոնք ցուցադրուելու պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ըլլան:
Հիւրերը նաեւ առիթ ունեցան այցելելու Ազգային առաջնորդարանի «Ռոստոմ-Գասպար» գրադարան` տեսնելով անոր վերանորոգումէն ետք տեղի ունեցած վերադասաւորումը, գիրքերու եւ մամուլի բաժանմունքներուն մէջ:
Ռումանիա
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Վերակառուցման Եւ Օծման 195-Ամեակ
10 դեկտեմբերին Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիայի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տաթեւ եպս. Յակոբեան պատարագ մատուցեց Փլովտիվի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ` անոր վերակառուցման եւ օծման 195-ամեակին առիթով:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ 195 տարիէ ի վեր շաղկապուած ենք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հետ, որ խորհրդանիշն է Փլովտիվի հայութեան զօրաւոր հաւատքին, փառաւոր անցեալին, լուսաւոր ներկային եւ պայծառ ապագային, աւելցնելով, որ մեր նախնիները յստակ գիտակցած են, որ իրենց հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն, ինքնութեան պահպանման, հայ մնալու, հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը պահելու գաղտնիքը եկեղեցւոյ մէջ է եւ այդ հաւատքով ու համոզումով կառուցած են այս եկեղեցին, որ կը շարունակէ ծառայել պուլկարահայութեան եւ ի մասնաւորի Փլովտիվի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կարիքներուն:
Պատարագի աւարտին Մշակոյթի տան սրահին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: