Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթահայ Ազգային Բարերար, Գործարար, Հասարակական Գործիչ, Մտաւորական՝ Ասպետ Կիրակիոս Գույումճեանի «Երթս Երկաթին Հետ》Արաբերէն Նորատիպ Գիրքի Մակագրութիւնը

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գիրքերը աշխարհի արտացոլանքն են, որոնք կը պարունակեն անոր անսահման խորութիւնը, բազմազանութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը» Ժան Փօլ Սարդր։

Ահա այս պարզ, բայց այնքան խորիմաստ սկզբունքէն մեկնած, Քուէյթի արուեստի եւ գրականութեան խորհուրդը, ամէն տարի Քուէյթի《Արտ Ալ Մաարէտ》ցուցասրահներէն ներս, կը կազմակերպէ գիրքերու ընդարձակ եւ ճոխ ցուցահանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ծոցի երկիրներու եւ տարածաշրջանի զանազան երկիրներ։

Շարունակելով նշեալ աւանադոյթը, Չորեքշաբթի 22 Նոյեմբեր 2023ին, բացումը կատարուեցաւ սոյն տարեկան ցուցահանդէսի 46րդ տարբերակին, «Իւրաքանչիւր հետաքրքրութիւնդ ունի իր  իւրայատուկ գիրքը» նշանաբանով, մասնակցութեամբ 29 երկիրներէ 486 նշանաւոր հրատարակչատուներու, 2023 թուականին լոյս տեսած 11000 նորատիպ վերնագրեր։

Այս շրջագծէն ներս, Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2023ի երեկոյեան ժամը 7։00ին, Քուէյթի մէջ հանրայայտ《Զաթ Ալ Սալասել》հրատարակչատունը, որ իր հարուստ հաւաքածոյով կը մասնակցէր վերոնշեալ ամէնամեայ ցուցահանդէսին, իր տաղաւարին մէջ, տեղ տուաւ եւ կազմակերպեց՝ գրականութեան, գիրի եւ խօսքի անխոնջ սպասարկու, ՄՏԿԿ ԱՍՊԵՏ_ի շքանշանակիր` Տիար Կիրակոս Գույումճեանի, 《ԵՐԹՍ ԵՐԿԱԹԻՆ ՀԵՏ》արաբարէն նորատիպ գրքի մակագրութեան։ Աւելցնենք, որ գիրքը լոյս տեսաւ, նոյնինքն 《Զաթ Ալ Սալասել》հրատարակչատունէն։

Առ այդ, յայտագիրը սկիզբ առաւ, հրատարակչատան Տնօրէնի սրտի խօսքով, որ ջերմապէս ողջունեց հեղինակի բեղուն վաստակը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը։

Ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին հիմնական առանցքը կազմող երկաթի անհրաժեշտութիւնն ու անոր կերտած երկար ճանապարհորդութիւնը, պատերազմական սուրերու պատրաստութենէն, հասնելով մինչեւ օդանաւի եւ սուզանաւի հնարումը, որոնց կարեւորագոյն բաղադրիչը նոյնինքն երկաթն է։

Իսկոյն, խօսքը տրուեցաւ գիրքի հեղինակ՝ Պրն. Կիրակոս Գույումճեանին, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց, կազմակերպիչ մարմնին ու բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց խնդակցութիւնը յայտնելու, սոյն գրքի անդրանիկ ընծայման ուրախ առիթով։

Նշենք, որ միջոցառումը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը, որու կ’ընկերակցէին՝ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանն ու Թեմական Խորհուրդի եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին, Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, ՀՀ Հիւպատոս Տիար Արա Մաթէոսեանը, ՔԱՎ-ի Տնօրէն՝ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանն ու հայ եւ օտար գրասէրներու ընտրանի մը։

Աւարտին, շարք մը քուէյթեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հարցազրոյցներ ունեցան Հեղինակին հետ, ինչպէս «Ալ Անպաը», « Ալ Սիասէ», «Ալ Ճարիտէ» եւ «Ալ Ուասաթ» թերթերը, որոնք գեղեցիկ կերպով արձագանգեցին իրենց պաշտօնական էջերուն վրայ։

Տեղին է նշել, որ 13 գլուխներէ բաղկացած այս գնահատելի աշխատասիրութեամբ, հեղինակը յաջողեցաւ շունչ, հոգի ու մարմին տալ, անշնչացած մետաղին՝ երկաթին, գեղեցիկ կերպով անոր գովքը հիւսել ու սիրուհիի մը նման սիրահարիլ անոր։

Առաւել եւս ան հմտօրէն յաջողեցաւ հրամցնել, հացահատիկին եւ աղին չափ արժէքաւոր, այս իւրայատուկ մետաղին պատմական, գիտական ու մշակութային արժէքը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան կեանքերէն ներս։

Արհեստական բանականութեան այս արագընթաց դարաշրջանին մէջ, նման գիրքի մը հրատարակութիւնը անկասկած, որ խիզախութիւն ու հանդգնութիւն կ’ենթադրէ։ Պրն. Կիրակոս այսօր հանրութեան տրամադրութեան կը յանձնէ իր նորատիպ հատորը, հարստացնելով՝ պատմական ժառանգութիւն ունեցող, արաբական գրականութեան անդաստանը։

Ան առաջին հայ հեղինակն է, որ արաբերէն լեզուով հրատարակած է, նմանօրինակ գիրք մը, որ ցուցադրուեցաւ այսպիսի միջազգային ցուցահանդէսի մը մէջ։

Գրիչդ դալար եւ միշտ հոսուն մնայ Պրն. Կիրակոս։

«Գիրքը մարդուն ընկերն է, իսկ ընկերներուն պէտք է կարենալ ընտրել» եկէ’ք ընտրենք «Երթս Երկաթին հետ» հետաքրքրաշարժ գիրքը եւ հաճելի շրջագայութիւն մը ընենք անոր ծալքերուն մէջ։

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պետական Սահմանի Սահմանազատման Հարցերով Պետական Յանձնախումբերու Հանդիպում

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան. «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?