Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Եւ Քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին

Դեկտեմբեր 20, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Լա Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց՝ հաւատքի հզօրանքը նկատելով ամէնէն ազդու միջոցը, որպէսզի մարդ կարենայ իր նմանին ներել եօթանասունեօթը անգամ եօթը տարբեր առիթներով եւ պատճառներով, այնպէս ինչպէս կը թելադրէ Աստուածաշունչը, դիտել տուաւ ան, ապա բարեմաղթանքներով շնորհաւորեց բոլոր-բոլորին Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը:

Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալներու:

Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ յընթացս արարողութեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին` եկեղեցւոյ իր շնորհած այցելութեան եւ քարոզին համար: Յետ արարողութեան  Թորգոմ Եպիսկոպոս նախագահեց այս կեանքէն բաժնուած՝ եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամներու, բարերարներու եւ բարեկամներու ի յիշատակ հոգեհանգստեան աւանդական արարողութեան, ապա ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, օրհնեց հոգեճաշն ու բարձր գնահատեց համայնքի զաւակներու ճիգն ու ներդրումը՝ շրջանին մէջ եկեղեցի ունենալու, միաժամանակ ուրախութեամբ դիտել տալով, որ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կենսագործումով համայնական երազ մըն է, որ դարձաւ իրականութիւն եւ իր սրտագին շնորհաւորանքները փոխանցեց սրահը լեցուցած հայորդիներուն:

 

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Հայ Զինուորի Սպանութեան Վերաբերեալ Ազրպէյճանի Դէմ Որոշում Տուած Է

Յաջորդը

Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ ներկայացուցիչ Յակոբ Թապագեան. «Արցախի նման կարեւոր հարցերու շուրջ մեզ Հայաստանի կառավարութիւնէն բաժնող տարբերութիւնները զգայուն են»

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?