Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հասիչէի Մէջ Հոգեւոր Համերգ` Կատարողութեամբ «Գարուն» Երգչախումբին
Նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղին, 27 դեկտեմբերին Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ «Գարուն» երգչախումբին, որ մեկնաբանեց հայկական եւ արաբական երգերու փունջ մը:
Համերգի աւարտին առաջնորդական փոխանորդը ողջունեց այլ համայնքներու քահանայ հայրերը եւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը` նկատել տալով, որ համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն ներկայութիւնը եւ փոխադարձ մասնակցութիւնները` հոգեւոր թէ մշակութային ձեռնարկներուն, լոկ քաղաքավարական արարք մը չէ, այլեւ` փոխադարձ սիրոյ արտայայտութիւն, նաեւ հաւատացեալներուն գօտեպնդման եւ հաւատքի մէջ զօրացման խթան մըն է: Հայր սուրբը գնահատեց Հասիչէի թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի անդամներուն տարած աշխատանքը:
Կիպրոս
Ծնունդի Առթիւ Ս. Պատարագ` Նիկոսիոյ Գրաւեալ Բաժինի Պատմական Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 7 յունուարին, Նիկոսիոյ գրաւեալ բաժինին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբը:
Ներկայ գտնուեցան կիպրահայ համայնքէն բազմութիւն մը, որոնք վերանորոգեցին իրենց ուխտը, տէր կանգնելու համայնքի թրքագրաւեալ եկեղեցիներուն եւ մատուռներուն:
Մարոնիներու Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
8 յունուարին կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի մարոնիներու համայնքի առաջնորդ Սալիմ արք. Սֆէյրի, ընկերակցութեամբ Փոլ ծ. վրդ. Նիքըլսընի:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու 7 յունուարին Վիքթորիա փողոցի վրայ պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին մասին, ընդհանրապէս աղօթավայրերը մուտք գործելու համար ստեղծուած դժուարութիւններուն եւ այլ յաջողութեանց մասին: Եկեղեցական երկու պետերը արծարծեցին զոյգ եկեղեցիներն ու համայնքներու ծուխերը յուզող դժուարութիւններու, բռնագրաւեալ շրջաններու մէջ հողային, կալուածային, աղօթավայրերու առնչուած եւ դիմագրաւելիք հարցեր, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերող խնդիրներ:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատը «Վերարմատացում»-ին Հետ Կը Նախաձեռնէ Սումկայիթի, Կիրովապատի Եւ Պաքուի Ջարդերու Վկայութիւնները Հաւաքելու Աշխատանքին
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ 2017-ին հիմնուած «Վերարմատացում» (Rerooted) կազմակերպութեան հետ համագործակցելով` նախաձեռնած է 1988-1990¬ին տեղի ունեցած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերէն վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները հաւաքելու աշխատանքին:
Նշեալ քաղաքներէն առաւել քան 300 հազար հայերու ցեղային մաքրագործման առաջնորդած ջարդերուն, բռնարարքներուն, բռնաբարութիւններուն եւ տեղահանութիւններուն արձանագրութիւնները պիտի հաւաքուին «Փոկրոմներու հաւաքածոյ» մկրտուած արխիւի մը մէջ, յարգելու համար նշեալ ջարդերու զոհերուն յիշատակը եւ պատմութեան մէջ արձանագրելու անոնց եւ վերապրողներու փորձառութիւնները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան յայտնեց, որ վերապրողներու վկայութիւնները յոյժ կարեւոր են արդարութեան հասնելու մեր ջանքերուն համար: Իր կարգին, կազմակերպութեան հիմնադիրներէն Անի Շակ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, որ ընդունեց համագործակցելու առաջարկը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել կազմակերպութեան աշխատանքը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
3 յունուարին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը եւ վարչութեան անդամներ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան մը:
Տօնական օրերու փոխադարձ շնորհաւորանքներէ ետք, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր, նաեւ` Հայաստանի, արցախահայութեան եւ սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ` յուսալով, որ 2024 տարեշրջանը նուազ փոթորկալի ըլլայ համայն հայութեան համար:
Իր խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի միասնականութեան ոգին եւ 132-ամեայ կազմակերպութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն մաղթեց համահայկական տեսիլքով առաջնորդուելու ուժ եւ կորով, ներկայ աշխարհին յարիր լեզուով խօսելու իմաստութիւն, ինչպէս նաեւ` ազգին ու Հայաստանի դարաւոր իտէալները երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն նորոգ շունչով փոխանցելու նուիրական գործունէութիւն:
Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը Միշըն Հիլզի «Արարատ Տուն»
2 յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, այցելեց Միշըն Հիլզի տարեցներու «Արարատ տուն»-ը, ուր Ծննդեան խորհուրդին ընդմէջէն անհատնում առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երջանիկ կեցութիւն մաղթեց հայ մամիկ-պապիկներուն: Յառաջացած տարիքի բերումով իրենց հանգիստի տարիները հայաշունչ այս տան մէջ անցընող հայ ծնողները եւ հարազատները բացառիկ սիրով ու երկիւղածութեամբ ընդունեցին սրբազանը եւ խանդավառ ապրումներով լսեցին անոր խօսքերն ու խրախուսիչ մաղթանքները:
Աւարտին, կառոյցի պատասխանատուներէն Տերիք Ղուկասեան, հիւանդապահուհիներ եւ պաշտօնէութիւն ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին այս այցելութեան առիթով եւ շնորհաւորելով անոր Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը` մաղթեցին նորոգ կորով իր ծառայութեան մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը Կը Հետեւի Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Կանգնման Աշխատանքներուն
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ներկայ աշխատանքներուն մէջ իրենց եզակի տեղը ունին Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնման եւ հայկականացման նպատակով տարուող նորոգութեան ճիգերը, որոնք կը կիրարկուին հովանաւորութեամբ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ` այս առիթով մասնագէտներԷ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը եւ բծախնդիր հետապնդումով` ազգային բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, քաջալերանքովը` բարերարներու եւ բարեսէր ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ այս ծիրին մէջ, առաջնորդ սրբազանը մնայուն կերպով կ՛այցելէ նշեալ վայրը եւ մօտէն կը հետեւի տարուած աշխատանքներուն:
Հայկական Վարդասայլը Արժանացաւ «Կրենտ Մարշըլ» Մրցանակին
Ամերիկահայ վարդասայլի ընկերակցութեան կողմէ Փասատինայի 135-րդ տարեկան «Վարդերու Շքերթ»-ին (Rose Parade) համար պատրաստուած հայկական վարդասայլը արժանացաւ «Կրենտ մարշըլ» մրցանակին` իր իւրայատուկ գաղափարին եւ ձեւաւորման համար:
1 յունուարին տեղի ունեցած շքերթին մասնակցած «Հայկական մեղեդիներ» սայլը յարգանքի տուրք մըն էր հայկական երաժշտութեան, իսկ անոր վրայ կային հայկական աւանդական տարազներ հագած հայ մայր մը եւ անոր դուստրը, որոնք շրջապատուած էին հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներով, հայկական խորհրդանիշերով եւ թռչուններով` լուսարձակի տակ առնելով ընտանիքներու եւ համայնքներու պահպանութեան մէջ հայ կիներուն կենսական դերակատարութիւնը: Վարդասայլին ընկերացան Կլենտէյլի «Լիլիա Մարգարեան» պարախումբէն 10 սաներ, որոնք ներկայացուցին հայկական աւանդական պարեր 6.5 մղոն երկարութեամբ շքերթին ընթացքին: