Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Վատիկանի Մէջ

December 11, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկանի մէջ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները ունեցաւ.-

ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, սրբազան հայրը ընդունուեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ու պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր հեղինակած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ Ուղիղ Հաւատքի Եւ Առաքինի Մաքուր Վարքի – Instruction on the Orthodox Faith and Virtuous and Pure Life» հատորը, որ Պապին ձօնուած էր՝ յերախտագիտութին 2015-ին Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ» հռչակելուն։ Իր խօսքին մէջ, Նարեկ սրբազանը անդրադարձաւ Արցախի, Հայաստանի ու Լիբանանի իրավիճակներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու այս բոլորին յաղթահարման համար Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախաձեռնութիւններուն։

բ) Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, սրբազան հայրը այցելեց Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքը եւ հանդիպեցաւ բաժանմունքի նախագահ Քուրթ Քոխ Կարտինալի անմիջական օգնականներուն՝ Պրայըն Ֆարէլ եպիսկոպոսին եւ հայր Հիասինթ Տեսթիվէլի հետ։ Կարտինալը անհանգստութեան պատճառաւ բացակայեցաւ հանդիպումէն։ Հանդիպումի ընթացքին, շօշափուեցան Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակին առնչուած ապագայ ծրագիրներուն։ Ապա, քննարկուեցան միջ-եկեղեցական շարժումը ընդգրկող հարցեր։

գ) Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Նարեկ Արքեպիսկոպոսը այցելեց Վատիկանի Եպիսկոպոսներու Հետ Յարաբերութեանց Բաժանմունքի նախկին նախագահ եւ Գանատայի Քէպէք նահանգի նախկին առաջնորդ Մարք Ուելլէթ Կարտինալին, որ այժմ հանգստեան կոչուած է եւ կը գլխաւորէ քահանաներու կազմաւորման հիմնարկ մը։ Հանդիպման ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ գործակցութիւն ստեղծել այս հիմնարկին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ։

դ) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 12։30-ին, սրբազան հայրը այցելեց Վատիկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Բաժանմունքը եւ հանդիպեցաւ բաժանմունքի նախագահ Գլաուտիօ Կուճերոթի Կարտինալին հետ ու քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն առնչուած գործակցութեան բնագաւառները։ Կարտինալը նաեւ հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր վիճակով եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով։

Այս այցելութիւնները եզակի առիթ հանդիսացան, որ Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս ընդգծեն Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական ու միջազգային բանալի դերակատարութիւնը եւ յայտնեն մեր Ս. Աթոռին հետ իրենց երկարամեայ ու սերտ գործակցութեան վերանորոգ պատրաստակամութիւնը։

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ` Առ Ի Զօրակցութիւն Կազայի Ժողովուրդին

Յաջորդը

Արցախի Շուրջ 150 Կուսակցութիւններու, Կազմակերպութիւններու Եւ Լրատուամիջոցներու Ուղերձը` Միջազգային Հանրութեան

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.