Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 21, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիա

ՀՅԴ 133-Ամեակի Նշում Հալէպի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, 10 դեկտեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակը` «Կամքի կորովով, բազուկի ուժով» կարգախօսով:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:

Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեանը, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը տկարութիւն չի ճանչնար ու պիտի շարունակէ իր ողջ կարելիութիւններով նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդին, Հայաստանին ու արցախահայութեան, պարտութիւնները յաղթահարելու եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ռազմավարական նոր մօտեցումներով, անվհատ ու միասնական ջանքերով, իսկ արաբերէնով բացման խօսքին մէջ Արա Մութաֆեան վեր առաւ հայրենիքին ու ազգային մշակոյթին արժէքը` շեշտելով, որ ազգերը կորուստի կը մատնուին առանց մշակոյթի, առանց հողի, հետեւաբար ալ սերունդներուն մէջ հարկ է միշտ վառ պահել հայրենիքի ու ազգային մեր ժառանգութեան պահպանման ու անոնցմով իսկ զարգացնալու եւ ամրանալու տենչը:

Այնուհետեւ հանդիսավարներ Ծերուն Գահվեճեան եւ Մարմանդ Գեւոյեան կարդացին այս առիթով յղուած Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեանց խօսքերը:

Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան: Ան յայտնեց, որ տարեկան այս հաշուետուութեան առիթով հայ ժողովուրդին ու հայոց հայրենիքին ծառայութեան համար կատարուած աշխատանքի թէ՛ յաջողութիւններուն, թէ՛ ձախողութիւններուն անդրադառնալով կը վերանորոգենք մեր ուխտը` տէր կանգնելու բովանդակ հայութեան պահանջներուն ու շահերուն: Անդրադառնալով Դաշնակցութեան դաւանանքի չորս ուղղութիւններուն` ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական, ան բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւրին մասին` դիտել տալով, որ այս ուղղութիւններով տարուող գործունէութեան նախապատուութեան կարգը կ՛որոշէ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը` իր սահմանած ռազմավարութեամբ, նկատի ունենալով` աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, հայութեան ապրած երկիրներու եւ յատկապէս հայաստանամերձ շրջաններու ընդհանուր վիճակը, Հայաստանի կացութիւնը, հայ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը եւ ՀՅԴ շարքերուն պարզած վիճակը: Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-էն ետք քաղաքական կեանքի մէջ արձանագրուած վերիվայրումներուն եւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ստեղծուած կացութեան դիմաց ձեռնածալ չի կրնար մնալ` միաժամանակ փորձելով պահպանել Հայաստանի ներքին խաղաղութիւնը: Ճինպաշեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ հայոց պատմութիւնը ժխտող, Հայ դատը նսեմացնող երեւոյթներուն նկատմամբ:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը յղեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, որ շեշտեց, թէ ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած ծանր վիճակին դիմաց համախմբուած շարքերով հարկ է գործել ու ապաւինիլ մեր հաւաքական իմաստութեան` յանուն մեր տեսլականներու իրականացման:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէին արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ Դաշնակցական ազատամարտիկներուն մարտերը, արցախեան ազատամարտին մէջ հայութեան միասնական պայքարը, ազատագրման օրերը, նահատակներուն պատկերներն ու պատգամները, ապա նաեւ` Արցախի բռնագրաւումն ու գերիները, որոնց կարգին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-Ամեակին Նուիրուած Դասախօսութիւն

9 դեկտեմբերին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 133-ամեակին նուիրուած դասախօսութիւն:

Տօնախմբութիւնը սկսաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան անունով խօսք առաւ Սոնա Անտրեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի դժնդակ պատմութեան մթագնած երկնակամարին վրայ 1890 թուականը եղաւ լուսաշող ու պայծառ թուական մը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը անտէր ու անտիրական հայութեան տէր դարձաւ, անոր արիւնաքամ ու կոտտացող վէրքերուն սպեղանի, ազատ ու անկախ ապրելու տենչերուն մղիչ ուժը:

Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման նպատակն ու տարած 133-ամեայ ազգանուէր ծառայութիւնը` ի սպաս հայ ազգին ու հայրենիքին: Ան շեշտը դրաւ 133 տարին թեւակոխած այս կազմակերպութեան երկարակեցութեան գաղտնիքին վրայ, դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ն իր սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ կը գործէ` փորձելով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, ճիգերու համախմբումով: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայութեան համար Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքին համար մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը` տէր կանգնելու բովանդակ հայութեան, բովանդակ պահանջներուն ու շահերուն:

ՀՄԸՄ-ի 105-Ամեակի Պաշտօնական Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, 1 դեկտեմբերին հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 105-ամեակին նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի, Սուրիոյ եւ Կազայի նահատակներուն անթառամ յիշատակը:

Բացման խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Միհրան Ղազարեան, որ հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը` տարիքով մեծ, բայց միշտ երիտասարդ այս միութիւնը, իր հիմնադրութեան օրէն աշխատեցաւ, պայքարեցաւ եւ օգտակար հանդիսացաւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու դաստիարակութեան աշխատանքին` իր վեհ սկզբունքներով ու ազնուագոյն իտէալներով, մեծցաւ եւ ուռճացաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներուն մէջ` ծնունդ տալով 111 մասնաճիւղերու: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը 105 տարիէ ի վեր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն է, որ կոչուած է նաեւ ապագայ ունենալու, այնքան ատեն որ ան կը հասնի հոն, ուր հայ մարդիկ ազգապահպանման տենչով իր կարիքը ունին:

Օրուան պատգամը յղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան, որ ըսաւ` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 105-ամեակը շատ յատկանշական թուական մըն է մեզի համար, քանի որ անիկա կը զուգադիպի Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն, երբ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն համար անհրաժեշտութիւն էր հիմնել այսպիսի միութիւն մը, որ պիտի համախմբէր անապատներէն ճողոպրած պատանիներն ու պիտի հոգար անոնց ֆիզիքական եւ բարոյական պահանջները:

Խօսելով միութեան առաքելութեան եւ Դամասկոսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մասին` ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր ալ հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ կը շարունակէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք արժանաւոր ժառանգորդները ըլլան մեր պապերուն` Վարդանանցի հերոսներէն մինչեւ արցախեան պատերազմի մարտիկները:

Ապա սրտի խօսք արտասանեց Դամասկոսի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 105-ամեակը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ այս մեծ միութեան, որ գործով ու արդիւնքով ազգային բարիք եւ շունչ տուած է բոլորին:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող 5 եղբայրներու «Ծառայութեան» շքանշաններու բաշխում: Շքանաշան ստացան` Աւօ Աճեմեան, Գէորգ Գալեմքերեան, Րաֆֆի Սրապեան, Հրաչ Խաճարեան եւ Դաւիթ Միսիրեան:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ֆրանսա

 Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-Տարեդարձի Նշում

Մարսէյի «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի հրաւէրով, 9 դեկտեմբերին «Լաքթէ 12» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձը:

Ձեռնարկին բացման խօսքեր արտասանեցին Լենա Արապօղլեան` հայերէնով եւ Թալին Առաքելեան` ֆրանսերէնով: Անոնք անդրադառնալով ՀՅԴ պատմութեան հաստատեցին, որ այսօր ՀՅԴաշնակցութիւնը բոլորս ենք մեր նոր սերունդը, մեր պատանիները, մեր երիտասարդները, մեր ընկերները, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն հայ լեզուն ու պատմութիւնը փոխանցող ուսուցիչն է, հայ պարն ու երգը պահպանող համազգայնականն է, մեր Հայ դատը պաշտպանող իւրաքանչիւր ընկերն է:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Ֆրանս Արմէնիա»-ի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան, որ նկարագրեց ներկայ իրավիճակը եւ ներկայացուց մեր կուսակցութեան տեսլականը:

Այնուհետեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան խօսք առնելով` յիշեցուց հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մղուող պայքարի կարեւորութիւնը` դատապարտելով Հայաստանի իշխանութիւններու զիջումները, որոնք լայն ճանապարհ բացին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման: Ան նաեւ յիշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, որ տակաւին գերի է Ազրպէյճանի մէջ: Վարժապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Իշխանեան պատանդ բռնուելէ առաջ իսկ, արդէն հաստատած էր, որ ինք Արցախը լքող վերջին անձը պիտի ըլլայ եւ թէ` չի կրնար լքել իր ժողովուրդը եւ փախչիլ, աւելցնելով, որ անոր խիզախութիւնը մեզի համար օրինակ եւ հպարտութեան աղբիւր է:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յեղափոխական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Յարութ Լափաճեան: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ պատմութեան մասին տեսերիզ մը:

Կիպրոս

Արցախցի Տեղահանուած Պատանիներ Կիպրոսի Մէջ Այցելեցին Տարբեր Կառոյցներ

Կիպրոսի պետութեան կատարուած յատուկ դիմումով, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի մարդասիրական առաջարկով Կիպրոս այցելող Արցախի վերջին պատերազմէն լրջօրէն տուժած եւ բռնի տեղահանուած 30 արցախցի պատանիներն ու անոնց ընկերակցող երեք պատասխանատուները կը շարունակեն Կիպրոս տուած իրենց այցելութիւնը:

Արդարեւ, անոնք այցելեցին` Լառնաքայի «Նարեկ» վարժարան եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Սուրբ Ղազար եկեղեցի, Փաֆոսի քաղաքապետարան, Կիպրոսի խորհրդարան, Նիկոսիոյ թանգարան, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարան եւ Ս. Գէորգ եկեղեցի:

Պատանիները ընդունեցին Տամասու եւ Օրինիսի շրջանի առաջնորդ հայր Իսայիասը, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, Նիկոսիոյ քաղաքապետը, որոնք զրուցեցին պատանիներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն հետ:

Պատանիները նաեւ մասնակցեցան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած` «Նանօր» պատանեկան պարախումբերու խրախճանքին:

17 դեկտեմբերին արցախցիները ներկայ եղան ս. պատարագի` Նիկոսիոյ ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա կայացաւ հանդիպում հայ գաղութի անդամներուն հետ` ջերմ մթնոլորտի մէջ: Պատանիներուն համար անոնց ամբողջ կեցութեան ընթացքին իրականացան նաեւ տեսարժան վայրեր այցելութիւններ եւ ժամանցներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղանները

Յաջորդը

Մի՛ Մեռցնէք Կաղանդ Պապուկս

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?