Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Լանջախաչով Գնահատեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 9 դեկտեմբերին «Սարդարապատ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբը խմբավարութեամբ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշաքեանի:
Աւարտին սրբազան հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Քեսապի մէջ իր առաքելութեան տարիները ամբողջացուցած հոգեւոր տեսուչին ազգակերտ եւ հայրենաւանդ ծառայութեան, որ նոր շունչ եւ ոգի պարգեւեց քեսապահայութեան: Այս առիթով, սրբազանը լանջախաչով գնահատեց հայր սուրբը, աղօթելով եւ մաղթելով, որ շարունակէ իր ծառայութիւնը:
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Նախկին Առաջնորդ, Նորոգ Վախճանեալ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի
Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 24 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի տարածքին` Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ, նորոգ վախճանեալ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի:
Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց սրբազան հայրը:
Սրբազանը եւ թեմի հոգեւորականաց դասը անդրադարձան հոգելոյս երախտարժան առաջնորդին երկարամեայ վաստակին: Անոնք «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած` նորոգ վախճանեալ սրբազան հօր հոգիին խաղաղութեան համար, աղօթելով, որ Աստուած անոր հոգին լոյսերու մէջ պահէ եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ:
Աւարտին ընդունուեցան ցաւակցութիւններ եւ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
21 դեկտեմբերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեանի, Ազգային առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանէն ժամանած ատենապետին` Յակոբ Խաչերեանի, ընկերակցութեամբ նոյն վարչութեան Լոս Անճելըսէն անդամներ Վիգէն Աբէլեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան ազգային եւ միութենական կեանքը յուզող զանազան հարցեր: Սրբազանը իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայոց համազգային կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ին ունԵցած դերակատարութեան եւ առաջարկեց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նոյն կազմակերպութեան կողմէ ստեղծուած «Հրաշք» միաւորը, որ իր շուրջը կը խմբէ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներ ու պատանիներ, իբրեւ դրական փորձ ու արձագանգ` ընձիւղուի ընդհանրապէս հայ գաղութներու եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի գաղթօճախներուն մէջ:
Իբրեւ նիւթական աջակցութիւն` առաջնորդ սրբազանը մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիմնուած «Յատուկ կարողութիւններով օժտուած մանուկներու հիմնադրամ»-էն տասը հազար ամերիկեան տոլար դրաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տրամադրութեան տակ: Այս առիթով Ազգային վարչութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ին:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան, ապա ներկաները գործակցութիւնը շարունակելու հեռանկարը վերածեցին համահայկական հնչեղութեամբ օժտուած ջերմ մաղթանքի:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ 16 Երիտասարդներ Ստացան Սարկաւագական Կարգ
23 դեկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագի տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն, որուն ընթացքին թեմի եկեղեցիներուն մէջ հոգեւոր սպասաւորութիւն մատուցող 16 երիտասարդներ բարձրացան սարկաւագական ծառայական կարգ: Արդարեւ, Գասապեան Սեւակ, Գասապեան Վիգէն, Էլիասեան Սամսոն, Մակարեան Տիգրան, Մենեշեան Յովիկ, Յովասափեան Խաչիկ, Նալճեան Կարօ, Չարմահալի Արշէն, Պալեան Յովհաննէս, Պալթայեան Յակոբ, Պալթայեան Վարդան, Պապիկեան Պերճ, Ռուպանեան Րաֆֆի, Սանտալճեան Շանթ, Սանտալճեան Սարօ եւ Վահանեան Նարեկ առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան:
Հուսկ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ձեռնադրեալները եւ յղեց իր պատգամը:
Նիւ Եորքի Հանրային Գրադարանը Յարգեց Յիշատակը Վարդան Գրիգորեանին (1934-2021)
Վերջերս յիշատակելի անուանակոչութիւն մը կատարուեցաւ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին մէջ: Արդարեւ, գրադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշեց ընկերային (humanities) հետազօտութիւններու կեդրոնը կոչել պատմաբան եւ հանրային գործիչ Վարդան Գրիգորեանի (1934-2021) անունով:
Նշենք, որ Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Հանրային գրադարանի վերականգնման ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը: Ան գրադարանի նախագահն էր 1981-1989 թուականներուն, երբ սնանկութեան եզրին գտնուող հաստատութիւնը ենթարկուած էր նիւթական ու կազմակերպչական համապարփակ վերականգնման` վերագտնելով իր երբեմնի դիրքը աշխարհի գրադարանային մեծագոյն համակարգերու շարքին:
Լոյս Տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Զուիցերիացի Ամոլին Յուշագրութիւնը
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն վերջերս լոյս տեսաւ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես զուիցերիացի ամոլ` Քարլա եւ Ֆրից Սիկրից Հիկթիի պահած յուշագրութեան հիման վրայ` ցեղասպանագէտ Տորա Սագայեանի հեղինակած «Death Marches Past the Front Door» անգլերէն հատորը` խմբագրութեամբ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ Զարեհ Ճգնաւորեանի: Սոյն հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն լոյս տեսնող «Հայկական շարք»ին, որուն շնորհիւ ցարդ հրատարակուած են 20 հատորներ` համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին հետ գործակցաբար:
Քանատա
Լոյս Տեսաւ «Հորիզոն»-ի Ամանորի Բացառիկը
«Հորիզոն»-ի 23-րդ բացառիկը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է Արցախին: 1991 թուականի սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք խորտակուած է Հայոց Արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը` Արցախը: Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին: Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումներուն եւ դարաւոր մաքառումներով, պատմական տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին նուաճուած է թշնամիին կողմէ, սակայն ժողովուրդը կառչած մնացած է մայր հողին: Այսօր, պատմական իր սաղմնաւորումէն հազարամեակներ ետք, Արցախը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած է: Արեւելեան ամրոցը խորտակուած է, մեր հայրենիքը վերածուած է միջնաբերդի, որուն անվտանգութիւնը այսօրուան դրութեամբ ճգնաժամային ու խոցելի է: Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ ասպարը` սահմանապահ Արցախը, ա՛յն սահմանը, որ կ՛երկարէր Վարդենիս-Արցախ սահմանախաչման կէտէն մինչեւ Արաքս, աւելի քան 300 քմ սահմանաշերտով:
Բացառիկին կողքի լուսանկարը կը ներկայացնէ Արցախի համար իրենց զօրակցութիւնը յայտնող քանատահայ երիտասարդութիւնը, որ 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ի վեր միշտ գտնուեցաւ պատնէշի վրայ ու լիովին կատարեց հայրենատիրութեան իր ուխտը:
Բացառիկին առաջնորդող յօդուածը յետադարձ ակնարկով կը վերլուծէ արցախեան ազատագրական պայքարի եւ անկախութեան համար գոյապայքարի երեսնամեակը` միաժամանակ արժեւորելով հայոց պատմութեան այդ ժամանակահատուածի ընթացքին սփիւռքի դերակատարութիւնը:
Յատուկ թղթակցութիւններով անդրադարձ կայ Արցախի բռնի տեղահանման ու արցախահայութեան բռնագաղթի տաժանակիր ոդիսականին մասին:
Վերլուծական յօդուածով կը շեշտուի Արցախի հայաթափումէն ետք պայքարի հետագայ ուղիներու ազգային մարտավարական նոր ուղիներ որոնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քաղաքական փորձագէտի հետ հարցազրոյցով քննարկման բովէ կ՛անցնին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններն ու հետագայ հաւանական քաղաքական զարգացումները:
Արցախի մէջ տարիներով գործած հնագէտ պատմաբանին հետ հարցազրոյցը լոյս կը սփռէ Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան սպառնացող հաւանական վտանգներուն մասին:
Անգլերէն բաժնով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպանը կը շեշտէ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Ֆրանսերէն բաժնով կը ներկայացուին արցախցի լուսանկարիչի ոսպնեակով արխիւագրուած Արցախի հայաթափման ու գողգոթայի ճանապարհին նկարուած պատմական դրուագները:
Կողքի Լուսանկարը` Իշխան Ղազարեանի:
Քանատահայ Երիտասարդները Կը Զօրակցին Արցախահայութեան
Քանատայի Երիտասարդական միութեան անդամները, առ ի զօրակցութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուած 120 հազար հայրենակիցներուն, Նոր տարին դիմաւորեցին Օթաուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ` հայապատկան հողաշերտի վրայ:
«Անկարելի է Նոր տարին դիմաւորել մեր աւանդական սովորութեամբ` նկատի առնելով արցախահայութեան ներկայ կացութիւնը, մինչեւ օրս բազմաթիւ գերիներու` թշնամիին բանտերուն մէջ անարդարօրէն գտնուիլն ու Արցախին` թշնամիին տիրապետութեան տակ ըլլալը», յայտարարեցին երիտասարդները:
Թեհրան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Օծման 40-Ամեակի Նշում
22 դեկտեմբերին նշուացաւ Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 40-ամեակը: Արդարեւ, առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ սպասաւորներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Նոյն օրը երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական-գեղարուեստական յայտագիր:
Եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Սեդա Խաչատուրեան շնորհաւորեց ներկաները եկեղեցւոյ տօնին առիթով եւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:
Օրուան բանախօս Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեան անդրադարձաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի, եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան: Ան նաեւ վեր առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման պատմական անցեալը:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան կիրակնօրեայ դպրոցի պատանեկան ու երիտասարդական երգչախումբերը, որոնք մեկնաբանեցին շարականներու եւ ազգային երգերու փունջ մը, ապա հոգեւոր երգերով հանդէս եկաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Գրիգոր Նարեկացի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Ժոզեֆ Տէր Գալստեանի:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց հիւրաբար Թեհրան ժամանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վիգէն վրդ. Տալգլըճեանը: Հայր սուրբը իր ելոյթին ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հաւատքի մասին եւ եկեղեցւոյ բարերար Գրիգոր Մելիքեանի ծառայութեան, որուն բարերարութեամբ եւ ժամանակի առաջնորդ երջանկայիշատակ Արտակ արք. Մանուկեանի ձեռամբ կառուցուեցաւ եւ օծուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ կը ծառայէ Թեհրանի հայկական համայնքին: Վիգէն վրդ. Տալգլըճեանը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ իր կողմէ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ օծման 40-ամեակը` ընդգծելով, որ աշխատանքներու յաջողութիւնը երաշխաւորուած է սիրով, եւ եկեղեցին է, որ մեզի կը փոխանցէ սէրը, եւ շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին եկեղեցին եղած է ազգին, իսկ ազգը` եկեղեցւոյ համար: