Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Նոյեմբեր 30, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Մակար Եպս. Աշգարեան Լաթաքիա Այցելեց

Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Լաթաքիոյ զոյգ ակումբներ:

ՀԲԸՄ-ի ակումբի մուտքին դիմաւորուեցաւ փողերախումբին կողմէ: Այնուհետեւ ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նիկոլ Մէտէնի բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «Յարգանքի եւ երախտագիտութեան պարտք կը զգանք խոնարհելու դիմացը հայրենիքի ազատամարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան յանուն Արցախի: Հայրենիքը մեր բացակայութիւնը չի ներեր: Մեր նպատակը մեր հայրենիքին, մեր երկիրին զօրավիգ կանգնիլ է. Աստուծոյ երկրին, որուն վրայ սուր քաշողը Աստուծոյ տան վրայ քաշած ու յաւերժ անիծուած պիտի ըլլայ»: Ապա գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուեցաւ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատուիրակութեամբ այցելեց նաեւ ՍՕ Խաչի կեդրոն, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, արի-արենուշները, գայլիկ-արծուիկ միաւորները դիմաւորեցին հիւրերը:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որմէ ետք խօսք առաւ ՍՕ Խաչի վարչութեան ատենապետ Սաթենիկ Պետուրեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ըսաւ. «Ամէն տարի մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք սրբազան հօր այցելութեան մեր կեդրոն` օրհնանքը ստանալու մեր միութիւններու գործունէութեանց բարեյաջող ընթացքին համար: Այս տարի մեր սիրտը խոցուած է` Հայաստանի եւ Արցախի ծանր վիճակին եւ մարդկային կորուստներուն ի տես: Այս դժուարութիւնները մեզ պիտի չընկրկեն սակայն: Մենք մեծ հաւատք ունինք կրկին ու կրկին զօրացնելու եւ կանգուն պահելու սփիւռքը` իր բոլոր կառոյցներով, մեր նայուածքը ուղղելով նոր սերունդին եւ հաւատալով, որ արեւը անպայման օր պիտի շողայ եւ լուսաւորէ մեր հայրենի Արցախը»:

Պատշաճ յայտագիրով բեմ բարձրացան ՍԵՄ-էն եւ պատանեկան միութեան «Արցախ» մասնաճիւղէն պարմանուհիներ: Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբէն փունջ մը աղջիկներ ներկայացուցին նազպար մը:

Աւարտին սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղելով երիտասարդներուն` ասմունքէն երկու գաղափար լուսարձակի տակ առաւ.

Ա.- Մարդը վերադարձնել իր մարդկային կերպարին,

Բ.- Հայրենի հողը միացեալ տեսնել:

Ան հաստատեց, որ Աստուած մարդը կը վերականգնէ, երբ ան քաջութիւն ունենայ ինքնաքննութեան ճամբով իր տկարութիւնը եւ թերութիւնը ընդունելու ու սրբագրելու:

Խօսելով հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան մասին` Մակար սրբազան պատուիրեց դուրս գալ անտարբեր իրավիճակէ եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերել մեր հայրենիքին` մեր կարելի բոլոր միջոցներով:

Ան հրաւիրեց երիտասարդները` գիտակից ըլլալու եւ զոհողութիւն յանձն առնելու, որովհետեւ իրենք են մեր յոյսը եւ մեր գոյերթը շարունակողները:

Սրբազան հայրը այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատուներուն, որոնք իրենց ժամանակէն, հոգիէն եւ լումայէն կը տրամադրեն, որպէսզի մեր արժէքները վառ պահեն եւ զանոնք փոխանցեն նոր սերունդներուն: Ան շնորհաւորեց ձեռնարկը կազմակերպողները եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդի զաւակներուն` հաւատարիմ գտնուելու երկրի ղեկավարութեան, իրենց սլացքը ուղղելու նաեւ դէպի Հայաստան եւ արդարութեան կողմնակից ըլլալու, յատկապէս` ներկայիս պաղեստինցի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն կողքին կենալով:

«Այսօր կոչուած ենք Քրիստոսի` մեզի յայտնած կատարելութեան եւ սրբութեան հասկացողութեամբ մեր արժէքները որդեգրելու եւ անոնց աւիշէն ըմպելով` զօրացած առաջնորդուելու», ըսաւ Մակար սրբազան` մաղթելով, որ միասիրտ եւ միահոգի շարունակենք գործել` ընդհանրական շահը գերադասելով մեր անձնական շահէն, որպէսզի մեր աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուի, եւ աստուածաշնչական հասկացողութեամբ մեր ցանած սերմերը աճին` մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր տալով:

Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան ս. պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Ս. Կոյս Մարիամի եռամեայ տաճար ընծայման: Պատարագը մատուցեց առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան: Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը:

Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահ` աջահամբոյրի: Այնտեղ սրբազան հօր ձեռամբ պարգեւատրուեցան Անժէլ եւ Մարօ Սողոմոնեան` եկեղեցիէն ներս իրենց տարիներու անսակարկ նուիրումին համար:

Անժէլ Նիկողոսեան-Տէյիրմէնճեան երկար տարիներ աշխատած է եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին մէջ` որպէս ատենապետուհի, իսկ Մարօ Սողոմոնեան եղած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ Թաղական խորհուրդի անդամ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը այս առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող ազգայիններու գնահատագիր տալով եւ անոնց ծառայութեան վաստակը վեր առնելով` մեզմէ իւրաքանչիւրին առջեւ մարտահրաւէր մը կը պարզուի, որպէսզի այն ժամանակը, որ մեզի տրուած է, լաւապէս արժեւորենք:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ իւրաքանչիւրիս կեանքը նպատակադրեալ է: Հետեւաբար Աստուած, մեզի շնորհքներ տալով,  առաքած է իր այգիին մէջ գործելու, եւ երբ յարմար ժամանակը գայ, հաշիւ պիտի պահանջէ մեզմէ:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց երկու ծառայակից քոյրերը, որոնք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին գանձանակին մէջ իրենց ծառայական հոգիէն, շունչէն եւ ժամանակէն տուին անձնուրացութեամբ, սիրով եւ յօժարութեամբ:

Այս իմաստով սրբազան հայրը անգամ մը եւս օրհնեց եւ շնորհաւորեց պարգեւատրուողները եւ աղօթեց, որ Աստուած զիրենք եւ բոլոր ծառայողները անխտիր օրհնէ եւ զօրացնէ:

Ան նշեց, որ Աստուծոյ համար մարդոց ունեցած արժանիքները յաւիտենականութեան մէջ պիտի գնահատուին, երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն, սիրով, հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ ի գործ կը դրուին մարդոց բարիքին համար, անհատական շահերէն դուրս եւ վեր, ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մշտապէս կը յիշեցնէ. «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատիւը, մեծութիւնը եւ արժէքը կը գտնուի իր ծառայական մատոյցին մէջ»:

Հետեւաբար սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց կեանքը ծառայութեամբ արժեւորեն, որպէսզի ծառայութեան ընթացքին Աստուած ինք փառաւորուի եւ փառաւորէ մեզ:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ–ի Պրպենքի «Սիփան» Մասնաճիւղը 50 Հազար Տոլար Յանձնեց ՀՕՄ–ի Շրջանային Վարչութեան` Տեղահանուած Արցախահայութեան Օգտին

ՀՄԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Պրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղը միշտ օգտակար հանդիսացած է արցախահայութեան: Առ այդ, 6 նոյեմբերին մասնաճիւղին անունով 50 հազար ամերիկեան տոլար յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան` առ ի զօրակցութիւն տեղահանուած արցախահայութեան:

Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Լուսարձակի Տակ Առաւ Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Հայոց Երկրորդ Ցեղասպանութիւնը

12 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը, որ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ այս տարի տեղի ունեցած հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը եւ անկէ վերապրողներուն զօրակցելու հրամայականը:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին համաատենապետները` իրաւաբաններ Լինա Դաւիթեան եւ Քրիսթին Մակարեան,  արտասանեցին բարի գալուստի իրենց խօսքերը, իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան զոյգ թեմերու եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միասնաբար կատարեցին բացման աղօթքը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Ազատութեան» մրցանակը ստացած, իսկ այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած դոկտ. Դաւիթ Բաբայեանի նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յղեց կազմակերպութեան պատգամը` շեշտելով, որ Հայաստան պիտի կարենայ գոյատեւել միայն խաղաղ պայմաններու շնորհիւ, սակայն խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան վրայ: Ան աւելցուց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան պատասխանատուները պէտք է պատժուին, եւ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունքը ունենայ:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակներու յանձնումը: Կազմակերպութեան «Արդարութեան ջատագով» մրցանակը յանձնուեցաւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փոլ Գրիգորեանին, «Միջազգային արդարութեան ախոյեան» մրցանակը` Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի, «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը` դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեանի, «Ժառանգութիւն» մրցանակը` այս տարի մահացած պատմագէտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դստեր` Անի Յովհաննէսեանին, «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը` վաստակաւոր գործիչ Մայքըլ Մահտեսեանին, որուն յանձնուեցաւ նաեւ Քոնկրեսի շէնքին վրայ ծածանած ամերիկեան դրօշակ մը, «Լրատուական ոլորտի գերազանցութիւն» մրցանակը` լրագրող Էլինա Աբովեանին: Ձեռնարկը նաեւ առիթ եղաւ մեծարելու այս տարի մահացած Հայ դատի երկար տարիներու գործիչ Սթիւ Արթինեանը, որուն անունով հաստատուած «Տեսլական ունեցող գործիչ» նոր մրցանակը յանձնուեցաւ Նեւատայի Հայ դատի յանձնախումբին: Մեծարուեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ամառնային եւ աշնանային վարժողական ծրագիրներու մասնակցողները:

Նշենք, որ ձեռնարկէն առաջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Ուաշինկթընէն անմիջական քայլեր պահանջեց Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնահարումները կասեցնելու նպատակով: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան նաեւ Շըրմըն, Գրիգորեան եւ Օքամփօ:

Յիշեցնենք, որ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի նուիրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն:

Պելճիքա

Հայաստանի Պատմութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէսի Բացում

Վերջերս Պրիւքսելի մշակութային կեդրոններէն «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող «Հայաստան. սրբազանի ժամանակը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացում, որ պիտի երկարի մինչեւ 10 մարտ 2024: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ նմուշներ Ֆրանսայի հայկական թանգարանէն, ինչպէս` մանրանկարներ, ձեռագիրներ, հանրութեան բնաւ չցուցադրուած պատարագի թանկարժէք իրեր, որոնք տեղադրուած էին ժամանակակից արուեստագէտներ` Սարգիսի, Մխիթար Կարապետեանի, Անթուան Ագուճեանի, Ժան Պօղոսեանի, Այտա Ղազարեանի եւ Փասկալ Կոնվերտի գործերու կողքին:

Հիմնադրամի տնօրէն Լաումա Սալամէ յայտնեց, որ սոյն ցուցահանդէսին կազմակերպումը շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական էր, որովհետեւ կը ներկայացնէ ինչպէս կանգուն, այնպէս ալ արդէն անհետացած կամ անհետացման սեմին գտնուող մշակութային կոթողները, աւելցնելով, որ Հայաստանի պատմութիւնը անմիջականօրէն կապուած է նաեւ քրիստոնէութեան պատմութեան հետ:

Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարար Հաճա Լահպիպ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առիթ ունեցած էր սուզուելու հայկական մշակոյթի խորքը եւ նորարարական արհեստագիտութեան շնորհիւ տեսնել մշակութային այնպիսի կոթողներ, որոնք այսօր վերացման սեմին են: Ան ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսը թէ՛ ոգեշնչող է, թէ՛ տխուր` նկատի առնելով հոն տիրող իրավիճակը,  շեշտելով, որ պէտք է պահպանենք այս ամէնը եւ աշխատինք յանուն խաղաղութեան եւ մշակոյթի պահպանման:

Պելճիքացի հայագէտ Պերնարտ Քուլի նկատել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը, ըստ էութեան, ոչ թէ Հայաստանի ողջ պատմութեան կամ ողջ հայկական մշակոյթին հետ կապուած ցուցահանդէսի պատրաստութիւն էր, այլ փորձ մըն էր` ցոյց տալու հայկական մշակոյթի եւ մտածելակերպի կեդրոնական կէտը, որ ժամանակի հետ կապն է: Խօսքը ժողովուրդի մը պատմութեան մասին է,  որ միշտ ունեցած է դժուարութիւններ, որոնց դիմաց պայքարած է գոյատեւելու համար, եւ ցուցահանդէսի ընդմէջէն կ՛արտացոլայ, թէ ինչպէ՛ս ան այս պայքարը գրի  առած է ճարտարապետութեան, եկեղեցիներու, խաչքարերու, գիրի միջոցով:

Կիպրոս

Նիկոսիոյ Մէջ Յուշակոթող Եւ Յուշարձանի Բացում` 1922-ի Փոքր Ասիոյ Աղէտի Յիշատակին

7 նոյեմբերին Նիկոսիոյ Էվելթոնդոս, Էտեսիս եւ Էրմոկլէոս փողոցներու խաչմերուկի պուրակին մէջ բացումը կատարուեցաւ 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտի գաղթականներու յիշատակին նուիրուած արձանին եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու յուշակոթողին:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Սթրովոլոսի քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամպուսի, Փոքր Ասիոյ Յոյներու միութեան ատենապետ Մոնա Սաւիտու Թէոտուլու, Յունաստանի դեսպանի ներկայացուցիչը եւ հանրապետութեան նախագահը:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ յուշակոթողին եւ յուշարձանին պաշտօնական  բացումը, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում:

Յայտնենք, որ յուշարձանը գործն է քանդակագործ Եանիս Եանիսի, իսկ ճարտարապետն է Նիկոս Հածիիորկիու- SPYROUARCHITECTS:

Ֆրանսա

Համազգայինի «Քուրան տ՛Ար»-ի Կազմակերպած «Արցախը Եւ Մենք» Երեկոն

Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի «Քուրան տ՛Ար» (Courants d՛Art: արուեստի հոսանք) գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, 5 նոյեմբերին, «Լ՛աքթ 12» (L՛acte 12) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում-զրոյց մը:

Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ դատի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեան եւ հեռակայ կապով` Արցախի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գեւ Իսկաճեան:

Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացան Համազգայինի «youth links»-ին մասնակցող ուսանողները եւ իրենց պարուսոյցին եւ ներկաներուն հետ ներկայացուցին հայկական շուրջպար մը` փոխանցելով հայուն ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու կամքն ու վճռակամութիւնը:

Նոր Ջուղա

Բողոքի Համահաւաք` Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Կալուածներուն Եւ Ի Պաշտպանութիւն Պաղեստինի

Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, 13 նոյեմբերին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք` իբրեւ դատապարտութիւն Պաղեստինի խաղաղ բնակչութեան վրայ Իսրայէլի զանգուածային եւ ամէնօրեայ յարձակումներուն եւ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայկական համայնքի նկատմամբ կիրարկուած սիոնիստական ոտնձգութիւններուն:

Համահաւաքի ընթացքին սրբազան հայրը կարդաց իր եւ ազգային մարմիններու անունով պատգամը: Ան ըսաւ, որ Կազայի շրջափակումը, սպանութիւնները եւ բռնի տեղահանութիւնը, անհրաժեշտ իրերու հասանելիութեան կանխարգելումը, հիւանդանոցներու ռմբակոծումը, իրագործուող յանցագործութիւններու փոքր մասն է միայն, որուն ականատեսն ենք այսօր Պաղեստինի մէջ,  աւելցնելով, որ արեւմտեան տէրութիւնները` Ամերիկայի գլխաւորութեամբ, տեսնելով այդ ամբողջը, դարձեալ իրենց բոլոր միջոցներով կը շարունակեն պաշտպանել Իսրայէլը: Ան յայտնեց, որ սիոնիստական վարչակարգին զինուած յարձակումը Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ եւ Հայ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածի իւրացումը, բնիկ տեղացիներու դէմ կիրարկուող համակարգուած ոտնձգութիւններու մէկ բաժինն է միայն:

Սրբազանը Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմիններուն, հայ համայնքին եւ իր անունով դատապարտեց Կազայի մէջ տեղի ունեցող ռազմական յանցագործութիւնները եւ ժողովուրդին զանգուածային սպանութիւններն ու ցեղասպանութիւնը` յոյս յայտնելով, որ արդարամիտ ժողովուրդի միասնական ջանքերով պաղեստինցի ժողովուրդը կը վերագտնէ իր ազատութիւնը:

Յայտնենք, որ խօսքին պարսկերէն թարգմանութիւնը կարդաց առաջնորդարանի դիւանապետ Արիս Դաւթեան:

Չեխիա

Արցախահայութեան Ի Նպաստ Համերգ

16 նոյեմբերին Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած արցախահայութեան: Ելոյթ ունեցաւ Կարլի համալսարանի երգչախումբը եւ Տնտեսական բարձրագոյն համալսարանի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Հայկ Ութիճեանի:

Չեխիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան անդրադարձաւ համերգի նպատակին` նշելով, որ ներկայիս միայն Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի մէջ չէ, որ մարդկային աղէտ տեղի կ՛ունենայ, այլեւ` Արցախի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւս, որ հայաթափուած է եւ ողջ բնակչութիւնը` 105 հազարէ աւելի, տեղափոխուած է Հայաստան: Ան նշեց, որ Ազրպէյճանը աշխարհի դիմաց վայրագութիւններ կը կազմակերպէ` առանց խնայելու սպաննելով ոչ միայն խաղաղ բնակիչներ, այլեւ` ոչնչացնելով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ աշխարհը ասոր դիմաց լուռ է:

Այնուհետեւ հնչեցին Կոմիտասի, Ուիլիըմ Թաուսքի, Հայտընի թիւ 92 համանուագի եւ Te Deum-ի փառահեղ կատարումները:

Աւարտին հանգանակուեցաւ արցախահայութեան համար գումար մը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Վերջերս Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ղափամայի Փառատօն

Յաջորդը

Սա Մենք Ե՛նք, Եւ Մենք Չե՛նք

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?