Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի  Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք

Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայեահ Սուտանին կիրակի, 21 դեմտեմբերին բացումը կատարեց Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ` անոր վերանորոգման աւարտէն ետք, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով: Վարչապետը շրջեցաւ եկեղեցւոյ սրահները եւ միջանցքները` ծանօթանալու այս կարեւոր կրօնական կեդրոնին մէջ իրականացուած համապարփակ վերականգնողական աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց այս սրբազան վայրին մէջ գտնուելու համար եւ յայտարարեց անոր վերաբացումը`...

Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով Հանդիսութիւն Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով Հանդիսութիւն Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2025-ին Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` համագործակցութեամբ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին եւ Մխիթարեան միաբանութեան: Վանահայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, Աննա Սարոյեան (ձախին) եւ Ցօղիկ Նազարեան: Յիշատակի ձեռնարկը սկիզբ առաւ վանահօր` Համազասպ վրդ. Քէշիշեանի բացման խօսքով: Անկէ ետք շահեկան զեկոյցներով հանդէս եկան տուն-թանգարանի աշխատակիցներէն գլխաւոր ֆոնտապահ Ցօղիկ Նազարեանը` «Իսահակեանը...

Սուրբ Ղազարի Մէջ Գիրքի Ներկայացում Եւ Արարողութիւն` Ի Յիշատակ 1975-ի Հրդեհի Յիսնամեակին

Սուրբ Ղազարի Մէջ Գիրքի Ներկայացում Եւ Արարողութիւն` Ի Յիշատակ 1975-ի Հրդեհի Յիսնամեակին

Վենետիկի Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ վերջերս տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ` Վարդան Ճաքոմելլիի «Արծուահրէշի թեւերը» իտալերէն լեզուով վէպին ներկայացումը եւ 1975-ի հրդեհամարութեան մասնակցած հրշէջներու ի պատիւ արարողութիւն մը, միջադէպի յիսնամեակին առթիւ: Շաբաթ, 29 նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Ճաքոմելլիի վէպը` «Արծուահրէշի թեւերը. Անտոն Սուրեանի կեանքն ու սխրանքները, Արեւելքէն եկած հայը, որ նուաճեց Վենետիկը» (Le ali della chimera: Vita e imprese di Andon...

ՀՅԴ Ֆրանսայի Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Կազմերու Սեմինար

ՀՅԴ Ֆրանսայի Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Կազմերու Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆրանսայի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, դեկտեմբեր 6-ին եւ 7-ին Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան` վարիչներ, օգնական վարիչներ եւ վարիչ ըլլալու պատրաստուող երիտասարդներ: Շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին սեմինարի բացումը կատարուեցաւ  «Մշակ, բանուոր» քայլերգով: Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի ԸՎՄ-ի ատենապետ  Սագօ Արապօղլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք  ներկաներուն, ներկայացուց սեմինարի կազմակերպման նպատակը...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի Հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Յիշատակում Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 29 նոյեմբերին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը, որ նուիրուած էր գրականագէտ, քաղաքական ու կրթական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական աւագանիի անդամ, ՀՅԴ-ի նուիրեալ գործիչ եւ Համազգայինի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին՝...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեան Այցելեց ՀԱԵ Ֆրանսայի Հայոց Թեմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի, Շահէ Մատենեանի, Գէորգ Մելիտոնեանի եւ Ռոմիկ Դաւթեանի, այցելեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի հայոց թեմ` յայտնելու համար իրենց զօրակցութիւնը Հայ եկեղեցիին: Անոնք հանդիպում ունեցան առաջնորդին հետ եւ...

ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Մարզամշակութային Համալիրին  Փառաշուք Բացումը Իսի Լէ Մուլինոյի Մէջ

ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Մարզամշակութային Համալիրին Փառաշուք Բացումը Իսի Լէ Մուլինոյի Մէջ

Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի տօնացոյցին մէջ` իբրեւ եւրոպական ցամաքամասի ՀՄԸՄ-ական մեծագոյն կեդրոնի բացման փառաշուք հանդիսութեան թուական: Այդ օր սերունդներու եւ տասնամեակներու երազ մը իրականացաւ ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Իսի լէ Մուլինոյի մարզաշակութային կեդրոնին բացումով: Կեդրոն մը, որուն հողաշերտին ապահովման եւ կառուցման աշխատանքները երկարեցան աւելի քան վեց տարուան վրայ, ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան նախնական համաձայնութենէն`...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Աւանդութիւններու Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ «Բուռ մը աւանդութիւն` մեր հայրենի գաւառներէն» խորագիրով ձեռնարկ մը, որ կը նպատակադրէր հայկական գաւառներու աւանդութիւնները կեանքի կոչել: Օրուան բեմավար Մարալ Գզիրեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ մասնաճիւղի ատենապետ Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայ մշակոյթն ու լեզուն եղած են եւ կը մնան հայ ժողովուրդի...

Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց  Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար

Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Լեւոն ԺԴ. սրբազան քահանայապետը, որ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. ժողովի 1700-ամեակի նշման առիթով Պոլիս այցելած էր, կիրակի, 30 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան այցելեց Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճար: Սրբազան քահանայապետը ժամը 9:15-ին մայր տաճարին առջեւ զանգակներու ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ Սահակ Բ. պատրիարքին կողմէ, որուն կողքին էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Եզնիկ...

Փարիզի Մէջ ՀՄԸՄ- «Ֆրանս»-ի  Մարզահամալիրի Բացում

Փարիզի Մէջ ՀՄԸՄ- «Ֆրանս»-ի Մարզահամալիրի Բացում

Ձախէն աջ` Լեւոն Պաղտասարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Հրաչ Սիսեռեան, անոր ետին`Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը 22 նոյեմբերին Փարիզի հայահոծ արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ, բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մշակութային ու մարզական կեդրոնին: Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են` եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, որպէսզի յաջողի այս ակումբին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Կամաւորներու Յիշատակի Օրուան Նուիրուած Արարողութիւններ` Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Մէջ 11 նոյեմբերին, ՀՅԴ-ի Քանատսյի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Վանքուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները մասնակցեցան կամաւորներու յիշատակի օրուան նուիրուած պետական եւ համայնքային արարողութիւններուն` Վանքուվըր եւ Մէյփլ Ռիտճ քաղաքներուն մէջ: Վանքուվըրի արարողութեան մասնակցեցաւ ՀՕՄ-ի Վանքուվըրի «Արազ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քլարա Գասապեան-Յակոբեան` մաս կազմելով ՆԱԹՕ-ի Քանատայի Ընկերակցութեան պատուիրակութեան...

Մոնրէալի Եւ Լաւալի Քաղաքապետական  Ընտրութիւններուն Երեք Հայազգի Թեկնածուներ  Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն

Վանա Նազարեան Նշանակուած Է Մոնթրէալի Նոր Գործադիր Մարմնի Խորհրդական

Վանայ Նազարեան Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերին, Մոնթրէալի նորընտիր քաղաքապետուհի Սորայա Մարթինէզ Ֆեռատա ներկայացուց իր վարչակազմի գործադիր մարմնի կազմը։ Կարեւոր նշանակումներու շարքին է հայազգի Վանա Նազարեանը, որ կը ստանձնէ քաղաքի տնտեսական զարգացման խորհրդականի պաշտօնը։ Այս պաշտօնով Նազարեան պիտի մասնակցի գործադիր մարմնի աշխատանքներուն եւ պիտի նպաստէ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք միտուած են ուժեղացնել Մոնթրէալի տնտեսական գրավչութիւնն ու զարգացումը։ Քաղաքապետուհին ընդգծած է առաջնահերթութիւններ, ինչպէս անօթեւանութեան...

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

Կազմակերպութեամբ Խրուաթիոյ «Սփլիթ» համալսարանի Կաթողիկէ աստուածաբանական հիմնարկին, հինգշաբթի, 16 եւ ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2025-ին Սփլիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածաբանական դասախօսութիւններու 31-րդ համագումարը, որ նուիրուած էր Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին: Սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերելու համար հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Առ այդ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները

Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ հասաւ Ֆրեզնօ: Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին` Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանը, կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, որոնք անդրադարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու...

Գէորգ Թամամեան Արժանացաւ Ամերիկայի Քլինիքական Ուռուցքաբանական Միութեան «Ֆասքօ» Կոչումին

Գէորգ Թամամեան Արժանացաւ Ամերիկայի Քլինիքական Ուռուցքաբանական Միութեան «Ֆասքօ» Կոչումին

Վերջերս հայ բժիշկ, մանկական արիւնաբան-ուռուցքաբան Գէորգ Թամամեան արժանացաւ Ամերիկայի քլինիքական ուռուցքաբանական միութեան «ՖԱՍՔՕ» կոչումին: Թամամեան իր էջին մէջ կատարած գրառումով մեծ պատիւ նկատած է արժանանալ աշխարհի մեծագոյն ուռուցքաբանական միութեան` Ամերիկայի քլինիքական ուռուցքաբանական միութեան «ՖԱՍՔՕ» կոչումին, որ կը  շնորհուի միութեան այն անդամներուն, որոնք նշանակալի ներդրում ունեցած են միութեան առաքելութեան իրականացման մէջ, ցուցաբերած  են բացառիկ նուիրուածութիւն` կամաւոր ջանքերու միջոցով նպաստելով միութեան, ուռուցքաբանութիւն...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Գումարում Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը իր 175-րդ նիստը գումարեց ուրբաթ, 31 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս: Ժողովը ընթացք առաւ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» մաղթանքով: Մակար սրբազան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրի ծանր պայմաններուն մէջ ձեռք-ձեռքի տալով` շրջանցեցինք դժուարութիւնները,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Բեղուն Այցելութիւն Տուաւ Լոս Անճելըս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Բեղուն Այցելութիւն Տուաւ Լոս Անճելըս

Քանատա կատարած հովուապետական այցելութենէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս  22 հոկտեմբերին հասաւ Լոս Անճելըս: - Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին Արամ Ա. Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն հետ: Կաթողիկոսը շեշտեց միաբանական կեանքին մէջ եղբայրասիրութեան, համագործակցութեան եւ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ուղղուած ծառայութեան առաւել ծաւալման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի...

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Շքանշանով Մը Պատուեց Հայ Ժողովուրդի Դատին Նեցուկ Կանգնող Թեսա Հոֆմանը

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Շքանշանով Մը Պատուեց Հայ Ժողովուրդի Դատին Նեցուկ Կանգնող Թեսա Հոֆմանը

«Ակօս»-ի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը հաղորդէ, որ գերմանացի յայտնի բանասէր եւ ընկերաբան դոկտ. Թեսա Հոֆման պարգեւատրուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն պետական շքանշանով: Հոֆման երկար տարիներ նշանակալի ներդրում ունեցած է հայոց եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան հետազօտման ու ճանաչման գործին մէջ, մեծապէս նպաստելով Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` 2016-ին: Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հրամանով Հոֆմանին շնորհուած «Դաշնակցային վաստակի խաչ» շքանշանի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան Դերենիկ Մելիքեանի «Հայոց Ազատամարտի Օրրանը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Համագործակցութեամբ Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան,  23 հոկտեմբերին միութեան «Արցախ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ազատամարտի օրրանը. Ատրպատականի հայութիւնը 19-րդ դարավերջին - 20-րդ դարասկզբին» գիրքին շնորհահադէսը, որուն հեղինակն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «ԱԼԻՔ» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան: Հեղինակը գիրքը նուիրած է ազգային-հասարակական գործիչ եւ գաղափարական մտաւորական` հանգուցեալ Խաժակ Տէր...

Մոնրէալի Եւ Լաւալի Քաղաքապետական  Ընտրութիւններուն Երեք Հայազգի Թեկնածուներ  Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն

Մոնրէալի Եւ Լաւալի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Երեք Հայազգի Թեկնածուներ Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն

Քանատայի Քեպեք նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան կիրակի, 2 նոյեմբեր 2025-ին: Անոնց կարգին` Մոնրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին: Մոնրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են` Վանայ Նազարեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Շահէ Տարագճեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Լաւալի...

Page 5 of 47 1 … 4 5 6 … 47

Արխիւներ