Հաղորդագրութիւն
Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Կիպրոսի համալսարանի աստուածաբանական բաժնի տնօրէն բրօֆէսոր՝ Պրն. Խրիսթոս Իքոնոմուն եւ ընդհանուր քարտուղար՝ Պրն. Լուքաս Բանայօթիսը ու պաշտօնական հանդիպում մը ունեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Աւելի քան մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան համալսարանի գործունէութեան, ուսման ծրագիրներուն, ուսանողներուն եւ կրթաթոշակներուն մասին, որոնցմէ կրնան նաեւ օգտուիլ...