Արամ Ա. Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը
Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսը, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին` հայութեան, երիտասարդութեան, սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին: Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ, այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը...




















