Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Նոյեմբեր 4, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսը, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին` հայութեան, երիտասարդութեան, սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին: Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ, այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը արմատաւորէ:

Կաթողիկոսը այցելեց Պոսթընի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարան: Միութեան գործադիր տնօրէն Սիլվա Սեդրակեան ներկայացուց կեդրոնին առաքելութիւնը` պարզելով յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն համար եւ կարեւորեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանին ու այս հաստատութեան միջեւ գործակցութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ միութեան նուիրեց կաթողիկոսարանին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ:

Ապա Արամ Ա. այցելեց Ամերիկայի Հայկական թանգարան, որուն վարչութեան տնօրէնը` Միշել Քոլիկեան եւ վարչութեան անդամները ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին թանգարանն ու անոր առաքելութիւնը: Յայտնենք, որ թանգարանին մէջ կը գտնուին Կիլիկիայէն հասած եկեղեցական ու ազգապատկան իրեր, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասունքը: Վեհափառը գնահատեց տնօրէնութեան բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց բոլոր ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ կաթողիկոսը ուղղուեցաւ Ազգային ծերանոց, ուր  կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Մարի Վարդանեանին, ինչպէս նաեւ  կեդրոնի տարեցներուն, տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն` բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ու ազգային ծառայութիւնը:

Պոսթընի մէջ նաեւ կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան յատուկ երեկոյ մը` ի պատիւ վեհափառ հայրապետին: Նուագախումբը ղեկավարեց Սփրինկֆիլտի հոգեւոր հովիւ Պետրոս Ա. քհնյ. Շիթիլեան: Նուագախումբը մեկնաբանեց միջազգային եւ հայկական դասական կտորներ:

13 հոկտեմբերին Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որուն ընթացքին վեհափառը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Պոսթընի հայութեան: Ան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ու եկեղեցականին առաքելութեան` շեշտելով անոնց ծառայական ներդրումը համայնքի կեանքին մէջ: Անդրադառնալով մեր ազգին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` կաթողիկոսը ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձած է տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքին մէջ, սակայն Քրիստոսի ոտնահետքերուն հետեւելով` մենք կարողացած ենք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարի տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոսով պայծառակերպել: Այսօր եւս նոյն հաւատքով ու գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք մեր կեանքը` զայն շաղախելով Քրիստոսի բերած արժէքներով:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ: Վեհափառը իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը` զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը` ընկերութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Վեհափառը շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը` իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ` ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն` հայ կեանքին մէջ: Ճաշկերոյթի աւարտին վեհափառը «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը, որ խօսք առնելով` յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը` հայ կեանքէն ներս: Յայտնենք, որ Աֆէեան ամոլը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութին մէջ:

Ճաշկերոյթէն ետք վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նպաստելու սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն` կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:

Նոյն օրը երեկոյեան Պոսթընի մէջ համայնքի նուիրեալ ընտանիքներէն Կիւզէլեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետը: Հանդիպման նպատակն էր Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ամէնօրեայ վարժարանին ընդլայնման ու արդիականացման ամբողջական ծրագիրը ներկայացնել ու ստանալ պոսթընահայութեան զօրակցութիւնը: Աւարտին Մայքըլ Կիւզէլեան ներկայացուց վարժարանին յիշեալ ծրագիրը եւ յոյս յայտնեց, որ Պոսթընի հայութիւնը նեցուկ կը կանգնի ծրագրի իրականացման: Նշենք, որ վարժարանի պատասխանատուները առանձին հանդիպում ունեցան կաթողիկոսին հետ` ծրագրին շուրջ անոր տեսակէտը իմանալու համար: Հայրապետը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց` միաժամանակ թելադրելով հանգրուանային կերպով վարժարանը մինչեւ երկրորդական կարգի հասցնելու ծրագիր ունենալ:

15 հոկտեմբերին վեհափառը եւ իր շքախումբը ուղղուեցան Իլինոյ նահանգի Կրանիթ Սիթի, ուր տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տուած իր պատգամին մէջ վեհափառը շեշտեց, որ ժողովուրդը եկեղեցի դառնալով, պէտք է ինքզինք արժեւորէ որպէս եկեղեցի` մասնակցելով եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու վկայութեան: Ան հաստատեց, որ միջեկեղեցական շարժումին շնորհիւ` եկեղեցիներ կը գործակցին թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ, եւ շեշտեց այդ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:

16 հոկտեմբերին կաթողիկոսը ուղղուեցաւ Շիքակօ, ուր այցելեց Ուիսքոնսըն նահանգի Ռէյսին քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ արարողութիւն: Իր պատգամին մէջ ան շեշտեց, որ մենք` իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդը, կոչուած ենք կառչած մնալու մեր եկեղեցիին` միշտ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին պատգամներուն ու արժէքներուն:

18 հոկտեմբեր 2024-ին, ընդառաջելով Շիքակոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանի հրաւէրին, կաթողիկոսը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ  լուսարձակի տակ առաւ հայ ինքնութիւնը հայկական աւանդութիւններով եւ արժէքներով պահելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար` Ամերիկայի մէջ, ուր կ՛ապրի բազմամշակոյթ ու բազմացեղ հասարակութիւն մը, նաեւ` դպրեվանքին մէջ կատարուող կարեւոր առաքելութիւնը:

Նոյն օրը կաթողիկոսը, իր կողքին ունենալով իրեն ընկերակցող շքախումբը, ուղղուեցաւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցի, ուր իր հայրապետական պատգամին մէջ կեդրոնացաւ ընտանիքի հարազատ հասկացողութեան վրայ:

Շաբաթ, 19 հոկտեմբերին կաթողիկոսը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, երիտասարդութեան եւ շաբաթօրեայ հայկական վարժարանի աշակերտութեան հետ:

Կազմակերպութիւններու ու մարմիններու հետ տեսակցութեան ընթացքին իր խօսքին մէջ առաւելաբար շեշտեց համայնքի կեանքին վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման համար համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ապա Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպեցաւ շաբաթօրեայ Դանիէլ Վարուժանի անուան վարժարանի աշակերտներուն հետ եւ առիթ տուաւ, որ անոնք հարցումներ ուղղեն իրեն:

Նոյն սրահին մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ: Պատասխանելով անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին` հայութեան, երիտասարդութեան, սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին, Արամ Ա. ընդգծեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, համայնքի կեանքին մէջ անոնց լայն կարելիութիւններ ու պատասխանատուութիւններ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Կիրակի, 20 հոկտեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս մատուցեց սուրբ պատարագ` Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, ուր իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկաներուն` անդրադառնալով կեանքի հացին, որ Քրիստոսն է, եւ շեշտեց, որ Քրիստոս-հացը մեր կեանքին մէջ կրնանք ունենալ` մասնակցելով սուրբ պատարագին: Ան ընդգծեց բաժնեկցելու կարեւորութիւնը, որ` Քրիստոս-հացը ունենալ կը նշանակէ մեր ունեցածը բաժնել ու կիսել մեր նմանին հետ:

Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, կատարուեցաւ  եկեղեցւոյ 80-ամեակին առիթով բարձրացուած խաչքարի օրհնութեան կարգը, որուն բարերարներն են Տէյվիտ եւ Սիւզի Էրիքսըն ամոլը:

Շաբաթ, 19 հոկտեմբերին, Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին կաթողիկոսը ուղղեց իր պատգամը` շեշտելով, որ կան  համայնքին կեանքը վերաշխուժացնող, վերանորոգող ու հզօրացնող չորս հիմնական գործօններ` ներդաշնակութիւն, գործակցութիւն, ամբողջականութիւն եւ հաշուետուութիւն, աւելցնելով, որ եկեղեցին սոսկ կառոյց մը չէ, այլ` ժողովուրդին կեանքը փոխակերպող ու պայծառակերպող առաքելութիւն:  Ան կարեւորեց նոր սերունդներու դաստիարակութիւնը եւ կազմաւորումը` շեշտելով, գիտութեան եւ ուսման կողքին, հայ արժէքներուն, ոգիին, իտէալներուն, երազներուն ու աւանդութիւններուն փոխանցումն ու պահպանումը:

Երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերին Արամ Ա. ժամանեց Ուաքիկըն, ուր Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառը յղեց իր պատգամը: Ան շեշտեց, որ փոքր կամ մեծ, հարուստ կամ աղքատ եկեղեցի չկայ, այլ կայ մէ՛կ եկեղեցի, Քրիստոսի՛ եկեղեցին, որուն իսկական անդամները կը դառնանք` մասնակցելով անոր առաքելութեան ու սուրբ խորհուրդներուն, շեշտելով Հայ եկեղեցւոյ ու անոր արժէքներուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմին շնորհած իր հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւնը աւարտեց` Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ հաստատուած հայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալով, որ Արեւելեան հայոց թեմի մեծագոյն համայնքներէն մէկն է: Արդարեւ, 22 հոկտեմբերին, Արամ Ա. մեկնեցաւ Տիթրոյիթ, ուր նոյն օրը, նախաձեռնութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, կազմակերպուեցաւ յատուկ հաւաք մը` սատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի առաքելութեան:

Ընթրիքի ընթացքին ներկաները դիտեցին դպրեվանքի առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը: Յաջորդաբար խօսք առին երեկոյի հովանաւոր Րաֆֆի Քիւրէճեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, որոնք ընդգծեցին դպրեվանքին օժանդակելու հրամայականը:

Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ դպրեվանքը սովորական վայր մը չէ, ուր աշակերտներ կը յաճախեն սովորական ուսում ստանալու համար, այլ մարդակերտման, մա՛րդ պատրաստելու դարբնոց է, որուն նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական ոգին դրոշմել մարդուն մէջ:

Հարկ է նշել, որ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին շեշտեց գաղութներուն մէջ կրթական կեանքը վերակազմակերպելու կարեւորութիւնը` հայ դպրոցը նկատելով եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը` հայ կեանքէն ներս հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ամրապնդման նուիրուած:

Չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին Տիթրոյթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, որուն աւարտին Արամ Ա. յղեց իր հայրապետական պատգամը եւ բարձրօրէն գնահատեց առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թեմին մէջ կատարուող տքնաջան աշխատանքը: Ան յիշեցուց, որ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի ուղղուած առաքելութիւն է, աւելցնելով, որ եկեղեցին մեր գաղութներու կեանքին կեդրոնն է, եւ ժողովուրդը դարեր շարունակ իր հաւաքական կեանքը կեդրոնացուցած է եկեղեցւոյ շուրջ` միշտ հաղորդակից մնալով անոր կեանքին: Ան շեշտեց, որ այսօր նո՛յն ոգին ու նո՛յն յանձնառութիւնը կը սպասենք մեր ազգի զաւակներէն: Իր պատգամին երկրորդ հատուածին մէջ կաթողիկոսը խօսեցաւ «Հայր մեր»-ի վերջին բաժինին մասին:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք` ի պատիւ վեհափառ հօր: Հաւաքի ընթացքին եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով վեհափառին նուիրեց անոր դիմապատկերը:

Նոյն օրը Արամ Ա. այցելեց Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարան: Ան բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը` անոնց ազգանուէր գործունէութեան համար: Խօսքը ուղղելով աշակերտութեան` ան շեշտեց, որ հայ դպրոցը, Հայ եկեղեցւոյ կողքին, մեր ազգին ինքնութեան պահպանութեան կռուանը դարձած է, ընդգծելով, որ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է, եւ այս գիտակցութեամբ պէտք է անոր մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն հետ, ապա այցելեց դպրոցի կողքին գտնուող Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, ուր իր աղօթքը բարձրացուց եկեղեցւոյ եւ ազգի բարօրութեան ու բարգաւաճման համար:

Նոյն օրը, Արամ Ա. Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Տիթրոյթի եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախորդը

Կը Սպասենք Լուսաւոր Վաղուան

Յաջորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (10). Ինչո՞ւ Օգնել Գաղթականներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Բեղուն Այցելութիւն Տուաւ Լոս Անճելըս
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Բեղուն Այցելութիւն Տուաւ Լոս Անճելըս

Նոյեմբեր 8, 2025
Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Շքանշանով Մը Պատուեց Հայ Ժողովուրդի Դատին Նեցուկ Կանգնող Թեսա Հոֆմանը
Գաղութէ Գաղութ

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Շքանշանով Մը Պատուեց Հայ Ժողովուրդի Դատին Նեցուկ Կանգնող Թեսա Հոֆմանը

Նոյեմբեր 6, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Նոյեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?