Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

November 8, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջին շարք ձախէն աջ` վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, վեր. դոկտ. Սամուէլ Ալպարեան: Երկրորդ շարք ձախէն աջ` վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. Յովել Միքայելեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. Կալվին Սաղըրեան:
Նկարէն կը բացակային` տիկ. Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան. վեր. Աւետիք Խաչատրեան:

Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր տարեկան ժողովը գումարեց Մոնրէալի Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ, 17-18 հոկտեմբերին: Ժողովը նիստի կոչեց ՀԱՀԽ-ի նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան կարճ պատգամով եւ աղօթքով: Խորհուրդը իր յարգանքի տուրքը ընծայեց նորոգ հանգուցեալ Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանին:

Դիւանի ու խորհուրդի անդամներու բերանացի եւ գրաւոր տեղեկագրութիւններէն ետք քննարկուեցան օրակարգի վրայ գտնուող կէտերը, որոնց համապատասխան որոշումներ տրուեցան:

Մասնաւոր խորհրդածութեան առարկայ դարձան Արցախի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը:

ՀԱՀԽ-ը ցաւով նշեց, որ Արցախի եւ Հայաստանի անկախութեանց հռչակումէն ասդին, այս տարի, 2024 սեպտեմբերին առաջին անգամն է, որ հայութիւնը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը տօնեց, որովհետեւ 2023-ի սեպտեմբերին Ազրպէյճան զէնքի բիրտ ուժով գրաւեց Արցախը:

Սեպտեմբեր 2023 թուականին Արցախ հայաթափուեցաւ, եւ անոր բնակչութիւնը ապաստան գտաւ Հայաստանի մէջ: Հայ աւետարանական եկեղեցիներ եւ եկեղեցապատկան կազմակերպութիւններ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միջոցով, օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախի հայ գաղթականներուն:

Աւելի քան տարի մը անցած է Արցախի արտագաղթէն եւ դեռ անորոշ է գաղթականներու ապագան: Մէկ բան որոշ է, որ շատ արցախահայեր կը բաղձան վերադառնալ իրենց հայրենի տուները` միջազգային ապահովութեան երաշխիքի պայմաններով:

Խորհուրդը նաեւ խօսեցաւ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ գերի առնուած կալանաւորներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ ազերիներու կողմէ Արցախի հայկական մշակոյթին եւ կրօնական վայրերու կործանման մասին:

Խորհուրդը որոշեց կոչ ընել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի ազդեցիկ միջոցներ ձեռք առնեն` ի գործ դնելու հետեւեալները.

Ա.- Երաշխաւորել ապահով վերադարձը արցախահայութեան` իրենց հազարամեայ  հայրենիք Արցախ,

Բ.- Ազատ արձակել Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած պատերազմական եւ քաղաքական գերիները,

Գ.- Արգիլել կործանումը հայկական մշակոյթի կեդրոններուն եւ սրբատեղիներուն,

Դ.- Արգիլել ապագայ կարելիութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմը, յատկապէս` Լիբանանի վրայ կատարուած Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները, որուն պատճառով օրէ օր կ՛աւելնան թիւերը մարդկային զոհերուն, ինչքերու կորուստին եւ անտուն գաղթականներուն: Խորհուրդը կը դատապարտէ այս ամէնը եւ կ՛աղօթէ շուտափոյթ զինադադարի մը հռչակումին համար: Խորհուրդը նաեւ իր գնահատանքը կը յայտնէ տարածաշրջանի հայ աւետարանական ղեկավարութեան ցուցաբերած քաղաքական իմաստութեան, շրջահայացութեան եւ կարեկցութեան ոգիին` տիրող տագնապալի կացութեան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներկայ կացութեան, գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ է եւ արտաքին ու ներքին ճնշումներու ենթակայ: Անտարակոյս Հայաստանի ներկայ վարչակարգի նկատմամբ տեսակէտներու տարբերութիւններ կան: Խորհուրդը կը հաւատայ, որ վարչակարգերը վաղանցուկ են, կու գան ու կ՛երթան, բայց հայրենիքը մնայուն իրականութիւն է: Ամէն հայու սրբազան պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ հայրենիքին եւ պաշտպանել զայն սպառնացող վտանգներու դէմ:

ՀԱՀԽ-ի ժողովը վերջ գտաւ գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի  փակման խօսքով եւ աղօթքով:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը` Ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Յաջորդը

Անտեսուած Կէսը- Հայ Եկեղեցին Եւ Կիները

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.