Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհահանդէս` դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն

Նոյեմբեր 18, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի ՍԴՀԿ շրջանի վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կու­սակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ նոյնին անգլերէն թարգմանու­թեան՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ ամբողջ ձեռնարկը վարեց օրդ. Սօսի Լաչինեան, որ նա­խ գրականասէր ներկաներուն ներկայացուց ձեռնարկին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ օրուան բանախօսներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր ելոյթ ունեցողներուն հա­մառօտ կենսագրութիւնները։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց ծանօթ իրաւաբան տիար Ռուբէն Աւշար­եանը, որ ստանձնած էր ներկայացնել առկայ հատորները։

Իրաւաբան Ռուբէն Աւշար­եան արդի արհեստագիտութեան լաւագոյն միջոցներով պաս­տա­ռի վրայ ներկայացուց գիրքերուն բովանդակութիւնը եւ անոնց մասնագիտական առանձ­նայատկութիւնները։ Ան շեշտեց, որ հատորները իրենց պատմագիտական որակով միա­նշանակ կը տարբերին Հնչակեան կուսակցութեան վերաբերեալ ցարդ հրատարա­կուած աշխատութիւններէն, որովհետեւ անոնք ամբողջապէս հիմնուած են Զիուիցերիոյ քանթոնալ զանազան արխիւներուն մէջ պահպանուած ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզու­ներով բազ­մաթիւ փաստաթուղթերու վրայ։ Աշխատասիրութիւնը ոչ միայն կը պարզէ Հնչակեան կու­սակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման ակունքները, կը ճշդէ համապա­տաս­խան իրադար­ձութեանց թուականները, այլեւ մանրամասնութեամբ կը պարզէ յեղափո­խա­կան մայր կու­սակցութեան հիմնադիրներուն ինքնութիւնը։ Հոս կարելի չէ անտեսել այն բոլոր մարտա­հրաւէրները, որոնք դիմագրաւած են այն վեց երիտասարդ հայ յեղափո­խա­կանները,⎯ Աւ­ետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Գէորգ Ղարաջեան եւ Քրիստափոր Օհանեան,⎯ իրագործել կարենալու համար իրենց գերազանց առաջադրանքը՝ Օսմանեան եւ Ցարական կայս­րու­թեանց լուծէն ազա­տագրելու համար հայ ժողովուրդը՝ ստեղծելով ինքնավար Հայաստան մը։ Այս առնչութեամբ կարեւոր էր հետագայ Հնչակեան կուսակցութեան ծրագրին կազ­մու­թիւնն ու հուսկ անոր հրապարակումը կուսակցութեան նորաստեղծ պաշտօնաթերթ «Հնչակ»-ի փետրուար 1888 թիւին մէջ։

Իրաւաբան Ռուբէն Աւշար­եան նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Քսան կախաղաններու տխուր իրադարձութեան, որ լայն արձագանգ գտած էր Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ սոցիալիս­տական մամուլի էջերուն մէջ։ Առկայ հատորները փաստացի տուեալներով եւ գիտական յղումներով ցոյց կու տան երիտթուրքերու իրագործած քաղաքական ոճիրին դէմ բողոքող ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով յօդուածները, որոնց գլխաւոր հեղինակներէն մին եղած էր հայ քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչ Արշակ Զուրաբեանը կամ Զոհրաբեանը։ Ասկէ բացի, հնչակեան Քսան կախաղաններուն վերաբերեալ ոչ-պա­կաս անդրադարձ կատարուած է ուղղակի Կայսերական Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցի­ներու մամուլին մէջ։ Այս բոլոր տուեալներուն առկայութիւնը եւ վերլուծումը մաս­նաւոր կա­րեւորութիւն կը ներկայացնեն ընդհանրապէս հայոց պատմագիտութեան եւ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան հեռանկարով։

Աւշար­եան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ նշեց նաեւ հատորնե­րուն մէկ այլ արժա­նի­քը, որ առաջին անգամ ըլլալով հոն ուսումնասիրուած է դիւանա­գիտական այն կարեւո­րա­գոյն թղթակցութիւնը, որ փոխանակուած է Կայսերական Գեր­մանիոյ Կ.Պոլսոյ այդ ժա­մանակի դեսպան Հանս Ֆոն Վանկենհայմի եւ վարչապետ Թէո­պալտ Ֆոն Պեթման Հոլ­վեկի միջեւ։

Օրուան գլխաւոր բանախօս իրաւաբան Ռուբէն Աւշար­եանի ելոյթը արժանացաւ գրակա­նասէր ներկաներու բարձր գնահատանքին եւ անկեղծ երախտագիտութեան։

Հուսկ բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ յայտնի ասմունքող տիկ. Անի Եփրեմեան, որ Մեծ եղեռնի նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյէն արուեստի ուրոյն մեկնաբանութեամբ եւ ներշնչումով կատարեց «Կախաղաններու կատարէն» խորագրով քերթուածը։

Խօսք առաւ նաեւ գիրքերուն հեղինակը՝ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Հնչակեան կուսակցութեան Ժընեւի մէջ ձեւաւորման պատմութեան ար­խիւային նիւթերու աշխատանքին ձեռնարկելուն դրդապատճառները։ Ան շնորհակալու­թիւն յայտնեց շնորհահանդէսը կազմակերպող բոլոր անձերուն, «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, օրուան հանդիսավարուհի օրդ. Սօսի Լաչինեանին, ընկ. Ռուբէն Մու­ղալ­եանին, հատորները մասնա­գիտական լաւագոյն մակարդակով ներկայացնող իրաւա­բան Ռու­բէն Աւշարեանին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սա­րաֆեանին, բայց մասնաւորա­պէս գրականասէր բոլոր ներկաներուն՝ իրենց ցուցաբե­րած հետաքրքրութեան եւ հոծ ներկա­յութեան համար։ Առաւելագոյն գնահատանքի ար­ժանի են հատորներուն մեկենասները՝ Պաթոն Ռուժ, ԱՄՆ-ի Լուիզիանա նահանգի բնա­կիչներ տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Հայկուհի Գալթաքճեանները, որոնք յօժարակամ հոգացած էին հատորներուն հրատարակութեան բոլոր ծախսերը։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համ­բիկ Սա­րաֆեանը, որ հանդէս եկաւ եզրափակիչ խօսքով։ Ան կարեւորեց Հնչակեան կու­սա­կցու­թեան պատմութիւնը վերարժեւորելու եւ վերագնահատելու անհրաժեշտութիւնը, որուն ձեռնարկած էր հատորներուն հեղինակը դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը։

Շնորհահանդէսը իր աւարտին հասաւ ճոխ հիրասիրութեամբ՝ հայաշունչ եւ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, բարեկամական զրոյցներով, ինչպէս նաեւ հեղինակին կողմէ գիրքերու մակա­գրու­թեամբ։ Հատորներու սպառումին ամբողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնա­կան վարչութեան հայրենական ծրագրերուն։

Հատորները կարելի է ստանալ դիմելով հետեւեալ հասցէներուն՝

abelhratch@gmail.com

cilprint@gmail.com

Ներկայ մը

Սօսի Լաչինեան
Անի Եփրեմեան
Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան
Ռուբէն Մու­ղալ­եան

 

Նախորդը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Նոյեմբեր 2024)

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?