Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի Մահուան 50-Ամեակին Նուիրուած Յարգանքի Եւ Երախտագիտութեան Երեկոյ

December 9, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան, 17 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Մէսճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային հերոս, Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50-ամեակին նուիրուած յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ:

Ձեռնարկին բացման խօսով հանդէս եկաւ Պարոյր Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, թէ Լեւոն փաշա Շաղոյեան բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր կեանքով, անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր ազգին եւ հայրենիքին, աւելցնելով, որ ան կը պատկանի նախավերջին շրջանի մեր պատմութիւնը կերտող այն անկրկնելի սերունդի մարդոց, որոնք շունչ տուին մեր ազգին անոր մէջ արթնցնելով պայքարելու ոգին, կերտեցին հայրենիք եւ ղեկավարեցին ժողովուրդ: Յակոբեան շեշտեց, որ այս օրերուն, երբ ազգովին կ՛ապրինք յուսահատութեան, լքումի ճակատագրական եւ դժուարին ժամանակներ, անոնց յիշատակը մեր սրտերուն ուժ, մեր հոգիներուն կորով, մեր քայլերուն վստահութիւն կը ներշնչէ:

Այնուհետեւ բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ օրուան հանդիսավար Սոնա Մատարեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի խօսքը կարդաց Այտա Յովասափեան, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ատենապետ Յակոբ Մկրտիչեան:

Օրուան բանախօսն էր Թամար Թիւֆենկճեան: Ան նկատել տուաւ, թէ Լեւոն փաշա Շաղոյեան մէկ անդամն է ամբողջ սերունդի մը, որ հսկայական գործ ըրած է անաղմուկ, աւելցնելով, որ այսօր, եթէ անոր վաստակին եւ ժառանգութեան գնահատումի արագ փորձ մը ընենք, հսկայ կառոյցի մը միայն ուրուագիծը պիտի տեսնենք: Ան յայտնեց, որ Շաղոյեան տիտան մըն էր, մէկը` մեր ազգին պանթէոնը կերտած հսկաներէն, որոնք աներեւակայելի ու անգնահատելի աշխատանք տարած են սահմանափակ պայմաններով, իսկ մենք միշտ ալ սքանչացումով դիտած ենք այդ սերունդին գործը` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդքան բան ընել մէկ կեանքի ժամանակամիջոցին:

Թիւֆենկճեան շեշտեց, որ այդ հերոսները ստեղծեցին ու կերտեցին անկարելին եւ դարձան հրաշագործ արարիչները մեր պատմութեան, աւելցնելով, որ հայ ազգը «Փաշա» տիտղոսը տուած է այն հեղինակաւոր եւ արժէքաւոր անձնաւորութիւններուն, որոնք ժողովուրդին յարգանքն ու ակնածանքը վայելած են իրենց կեանքի ընթացքին ազգային անշահախնդիր գործին նուիրուելուն համար, եւ Լեւոն Շաղոյեան արժանաւոր կերպով ստացած էր այդ տիտղոսը իր ժողովուրդէն: Բանախօսը շեշտեց, որ Շաղոյեան իր կեանքով եւ մահով մեր էութեան մէջ արմատացուցած է խոր յարգանք եւ ակնածանք` ամբողջ կեանք մը ազգային անսպառ գործին, բայց մանաւանդ այդ գործին որակին ու բծախնդրութեան նկատմամբ: Ան կը հաւատար, որ ազգային գործը կարելի է իրականացնել միայն հաւատքով, պայծառ տեսլականով եւ ազգային շահ հետապնդելու առաջադրանքով, ըսաւ Թիւֆենկճեան`  աւելցնելով, որ Շաղոյեան իր սեփական օրինակով փաստած է, որ աճիւններէ՛ն անգամ կարելի է յարութիւն առնել` յանուն ազգի եւ հայրենիքի վերակառուցման եւ անոնց խոստմնալից ապագային: Ան ներկայացուցիչն էր այն սերունդին, որ ոչ միայն բեկանուած ազգի մը հատուածները ոչնչացումէ փրկեց իր իմաստութեան եւ քաջութեան շնորհիւ, այլ նոր կեանք պարգեւեց անոնց: Իբրեւ տիպար ու պարկեշտ մարդ` յանձնառու մնաց նախախնամութեան թելադրած առաքելութեան:

Բանախօսը ներկայացուց նաեւ Շաղոյեանի կենսագրական տուեալները եւ անոր ունեցած գործունէութիւնը` շեշտելով, որ ան իր մարտական եւ կուսակցական ղեկավարի կարողութիւններուն կողքին, ունէր քաղաքական եւ ռազմական բացառիկ գիտելիքներ, որոնք ամբարած էր մշտական ընթերցասիրութեան շնորհիւ, իսկ գործնականացուցած էր շատ կանուխ տարիքէն յեղափոխական կուսակցութեան շարքերէն ներս քաղաքականացած ազգին համար գործելով: Ան ըսաւ, որ Շաղոյեան իր գիտակիցութեամբ դարձաւ Իրաքի հայութեան հեղինակաւոր հայրը, բայց նաեւ` բոլորիս հայրը: Եզրափակելով իր խօսքը` Թիւֆենկճեան ըսաւ, որ Լեւոն փաշային ու անոր ժամանակակից տեսլականի տէր ազգային հերոսներու կտակած պատգամները կրնանք ամփոփել հետեւեալ ձեւով. 1) Ինքնազարգացման անհրաժեշտութիւն, 2) Համեստ բնաւորութիւն, բայց` ոչ համեստ արժանիքներ 3) Անդուլ աշխատանք եւ հետեւողական կամք, 4) Հողին կառչիլ` որպէս սրբութեան, 5) Ազգային ոգին վառ պահել եւ անով առաջնորդուիլ, 6) Սփիւռքի գաղութները կազմակերպել ու զարգացնել, 7) Բանակցիլ եւ լեզու գտնել միշտ եւ բոլոր մակարդակներով` յանուն ազգին եւ հայրենիքին:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Վարանդ Աւանէսեան` մեներգ եւ Մարալ Վարժապետեան` ասմունք: Տեղի ունեցաւ նաեւ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի պատկերներու ցուցադրութիւն:

Նախորդը

Վրաստանի Խորհրդարանին Ազրպէյճանի Իրականացրած Ցեղասպանութիւնների Մասին Գիրք Են Նուիրաբերել

Յաջորդը

«Ես Կ՛աշխատիմ Անմեղ Հոգիներու Հետ»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.