Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 7, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

 2 նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ անդամ Աւետիս Տերվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան, Լաթաքիոյ յարաբերական յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Լաթաքիոյ անդամ  Յարութ Գաբրիէլեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեան, այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, ուր շրջագայելով` ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ սրբապատկերներուն արժէքին: Այնուհետեւ Յակոբ Խաչերեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ  գտնուեցան նաեւ` Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայակերտումի ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին տարած գործունէութեան, յատկապէս` ներկայ մարտահրաւէրներուն մէջ: Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սերունդներ կերտելու աշխուժ գործունէութեան, գնահատեց միութեան պատասխանատուները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն:

* Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, 2 նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի պարտէզի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Սուրիոյ Շրջանային խորհուրդին կազմակերպած սկաուտական ցուցահանդէսին` ձեռամբ սրբազան հօր եւ Յակոբ Խաչերեանի:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 5 նոյեմբեր:

Կիպրոս

Լիմասոլի Նորանշանակ Հովիւ Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի Այցելութիւնները

Լիմասոլի նորանշանակ հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, իր անդրանիկ պատարագէն ետք, առաջին շաբթուայ ընթացքին ընկերակցութեամբ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Ս. Արմենակեանի պաշտօնական այցելութիւններ կատարեց նախկին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներուն բնակարանները, այդ կարգին այցելեց նաեւ մեզմէ յաւերժ հեռացած նախկին հոգաբարձու ատենապետին կնոջ: Պաշտօնական այցելութիւններու ծիրին մէջ, ընկերակցելով թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, միանաբար այցելեցին Կիպրոսի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիմասոլի մետրոպոլիտ  Աթանասիոս եպիսկոպոսին:

Ընդառաջելով Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Լիմասոլ համայնքի փափաքին` Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան  28 հոկտեմբերին պաշտօնապէս ներկայ գտնուեցաւ յունական «ՕԽԻ» տողանցքին:

Միացեալ Նահանգներ

«Հայաստանն Ու Տարածաշրջանը Վտանգներու Մէջ» Թեմայով Դասախօսութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, 29 հոկտեմբերին Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-զրոյց հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող «Հայկական նախագիծ» կազմակերպութեան համահիմնադիր, քաղաքագէտ Էտկար Էլբակեանի եւ նոյն կազմակերպութեան համահիմնադիր, բազմամեայ փորձառութեամբ անկախ քաղաքագէտ եւ տնտեսագէտ Հրանդ Միքայէլեանի հետ:

Էտկար Էլբակեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայաստանեան ներկայ իրավիճակին մէջ սփիւռքի դերակատարութեան թուելով այդ ուղղութեամբ սփիւռքի կարեւոր ընելիքները եւ շեշտելով սփիւռքի ազգային դիմագիծի պահպանման, Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւուածութեան եւ միասնականութեան նշանակութիւնը:

Հրանդ Միքայէլեան իր ելոյթին մէջ մանրամասնօրէն վերլուծեց Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, անդրադարձաւ համաշխարհային ու տարածաշրջանային գլխաւոր դերակատարներուն եւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ անոնց ազդեցութեան, նաեւ` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն եւ թեկնածուներէն իւրաքանչիւրին ընտրութեան մէջ Հայաստանի պարագային անոր ազդեցութեան:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան Այցելեցին Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

24 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը իր վաղեմի բարեկամներէն` Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնք յատկապէս եկած էին խնդրամատոյց ըլլալու սրբազան հօր, որ իր ներկայութեամբ պատուէ դոկտ. Ճեպէճեանի վերջին «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորի շնորհահանդէսին նուիրուած ձեռնարկը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհի ու հայութեան ներկայ կեանքը յուզող հարցերու մասին: Սրբազանը շնորհաւորեց դոկտ. Ճէպէճեանը ու նորոգ խանդավառութիւն, ուժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն` իրենց առաքելութեան ու ծրագիրներուն մէջ:

Յայտնենք, որ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 25 հոկտեմբերին, եւ սրբազան հայրը ներկայացուց Արսէն քհնյ. Գասապեան եւ արտասանեց անոր խօսքը:

Պոլիս

Կոմիտաս Վարդապետին 155-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

Նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին,  26 հոկտեմբերին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 155-ամեակին: Պատուոյ հիւրն էր Կոմիտասի ազգական, երաժիշտ Թամար Էսքէնեան, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Զուիցերիայէն : Համերգին մասնակցեցաւ նաեւ «Լուսաւորիչ» դպրաց դասի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի:

Ողջոյնի խօսքերէն ետք ներկայացուեցան կոմիտասեան բազմաձայն երգեր: Էսքէնեան, մեներգելու կողքին, նուագեց նաեւ` սրինգ, շուի եւ տուտուկ:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ պատրիարքը, որ խօսեցաւ Կոմիտաս վարդապետին մեծութեան մասին:

Իրան

Սպահանի Քաղաքապետարանի Գերեզմանատուներու Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նոր Ջուղայի Հայոց Գերեզմանատուն

26 հոկտեմբերին Սպահանի քաղաքապետարանի գերեզմանատուներու կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Ալի Հաճիեան եւ յիշեալ կազմակերպութեան այլ պատասխանատուներ, ուղեկցութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, այցելեցին Նոր Ջուղայի հայոց գերեզմանատուն եւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմին թեմի հայ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողի մօտ աղօթք բարձրացուցին նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար, նաեւ ծաղիկներ զետեղեցին: Ներկայացուցիչները խօսքեր արտասանեցին հայ նահատակներու սխրանքներուն եւ  հերոսութիւններուն մասին:   Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը շրջեցաւ գերեզմանատան մէջ:

 

Նախորդը

Ապրելու Երաշխիքը` Յոյսը

Յաջորդը

Արեւային Ուժանիւթը Մարդոց Կեանքը Կը Բարելաւէ. Ինչպէ՞ս Արեւը Լոյս Եւ Հեռատեսիլ Կը Բերէ Ամազոնի Գիւղերուն

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?