Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Պոսթընի «Սարդարապատ» Կոմիտէն Նշեց «Հայրենիք»-ի 125-Ամեակը Եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-Ամեակը
Կազմակերպութեամբ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէին, 21 նոյեմբերին «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ նշուեցան «Հայրենիք»-ի 125-ամեակը եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակը:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ ջութակահար Հայկ Յովսէփեան, որ նուագեց Կոմիտաս վարդապետի մշակումով երեք գործեր:
Օրուան հանդիսավար, «Սարդարապատ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Նազարեան ներկայացուց «Հայրենիք»-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի պատմականը:
Այնուհետեւ «125-ամեակ եւ անդին» նիւթով ելոյթ ունեցաւ «Հայրենիք»-ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան: Ան շեշտեց, որ լուրեր չափազանցելու ստապատիր ոճ չէ, որ կը կատարէ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի օրկան «Հայրենիք»-ը, մանաւանդ երբ դէպի առցանցային եւ ելեկտրոնային դրութիւն կիրարկող աշխարհը, ներառեալ` մեր հայրենիքը, մեծամասնութեամբ նմանօրինակ ոճ կ՛որդեգրէ:
«Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Փոլին Կէցոյեանի կիզակէտը անգլերէն լեզուով հրատարակութեան մասին էր, որ սկսաւ 1934-ին, առաջին տարիներուն «Հայրենիք Ուիքլի» եւ ապա` «Արմինիըն Ուիքլի»: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ առաջին տարիներուն թերթը կը գործածուէր իբրեւ ազգականներ եւ հարազատներ փնտռող հաստատութիւն: Հետզհետէ հեռաւոր թէ մօտակայ գաղութներէ եկած լուրեր եւ վերլուծական գրութիւններ սկսան լոյս տեսնել, եւ այժմ «Արմինիըն Ուիքլի»-ն կը մնայ ամերիկահայ տան մէջ բաղձալի ներկայութիւն մը:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` քանի մը ամիսներէ ի վեր գործող «Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա»-ի մասին, որմէ ետք խօսք առաւ այս նորակառոյց կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ալիսըն Թահմիզեան-Միւզ: Ան խօսեցաւ իր պարտականութեան մասին, թէ որքա՛ն կարեւոր է այս արդի լսատեսողական ճամբով խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, շարունակ արթուն պահել երիտասարդութիւնը եւ անշուշտ` մօտէն հետեւիլ Հայաստանի մէջ տիրող ահաւոր կացութեան:
«Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա»-ի հայերէն բաժնի պատասխանատու եւ «Հայրենիք»-ի օգնական խմբագիր Արմէն Ապտալեան ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ առաջնահերթ ու կարեւոր է այս գաղութէն ներս, հայերէն լեզուին ներկայութիւնը եւ յատկապէս ապագային հետ կապ պահելու համար, այս կեդրոնին հիմնումը, շնորհիւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին: Ան նշեց, որ հակառակ դժուար պայմաններուն, կարելի է ամէն գնով պահպանել մեսրոպաշունչ լեզուն, աւելցնելով, որ արդէն իսկ հազարներով հետեւողներ կան այս կեդրոնի սփռած յայտագիրներուն:
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու Ճորճ Աղճայեան խօսեցաւ «Հայրենիք» հաստատութեան մասին` տեղեկութիւններ տալով շէնքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղաւ «Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը ստեղծել, պատրաստել, սարքաւորել եւ գործի լծել:
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէն, «Սարդարապատ» կոմիտէն եւ «Հայրենիք»-ը յուշանուէր մը յանձնեցին երկար տարիներու սրբագրող Կարպիս Զէրտէլեանին:
Աւարտին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան խօսք առնելով յայտնեց, որ «Հայրենիք»-ը հիմնուած ու ստեղծուած էր, երբ հայրենիք չկար, եւ նոյնիսկ ներկայ դաժան պայմաններուն, երբ հայրենիքի ապագան վտանգուած է, «Հայրենիք» կը շարունակէ իր ուղին:
Դոկտ. Սեդա Տատոյեան Դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի. Սուրբը Եւ Դիւանագէտը» Նիւթով
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին 22 նոյեմբերին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին առիթով կազմակերպուած դասախօսական ձեռնարկ:
Բացման խօսքը արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, որ ներկայացուց դասախօսութեան շարժառիթը, օրուան դասախօս` բազմաբեղուն մտաւորական դոկտ. Սեդա Տատոյեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութեան դաշտերը, նաեւ` անոր պատմական, քննական ու գիտական աշխատութիւններու եւ հրատարակութեանց ցանկը:
Դոկտ. Տատոյեան համադրելով Շնորհալիի բազմամակարդակ անհատականութիւնն ու ասպարէզը «սուրբի եւ դիւանագէտի» երեւութապէս հակասական տարազումին մէջ, յստակ դարձուց, որ իր նպատակն է ստեղծել լայն եւ քննական հորիզոն մը` վերարժեւորելու համար ոչ միայն Շնորհալիի, այլեւ Հայ եկեղեցական հաստատութեան պատմական իւրայատուկ դերն ու ասպարէզը` չորրորդ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած գործերը թիւով շատ չեն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր հայ քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութեանց եւ փորձառութեանց մասին, աւելցնելով, որ այս բնագաւառէն ներս կը դիմագրաւենք պատմական փիլիսոփայութեան եւ համապատասխան մեթոտներու անբաւարարութեան լուրջ հարց: Շնորհալիի ընդմէջէն Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր-դիւանագիտական ասպարէզը առնելով իբրեւ օրինակ, յարացոյց ու նախատիպար` Տատոյեան առաջարկեց նոր մեթոտաբանութեամբ եւ նոր տեսանկիւններու լոյսին տակ վերստին գրել Հայ եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը` ընդգրկելով հայոց ուղղակի փորձառութիւնը, ապրուածն ու իսկականը բոլոր ժամանակներու եւ տեղերու մէջ, առանց կարծրացած կաղապարումներու եւ կիսա-առասպելական պատումներու:
Աւարտին սրբազան հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով: Ան արժեւորեց դոկտ. Տատոյեանի գիտական պատրաստուածութիւնն ու արտադրող մտաւորական ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ քննական մօտեցումը` Հայոց պատմութեան բազմադարեան հոլովոյթին մէջ Հայ եկեղեցւոյ ճամբով հայրապետներու դերակատարութեան եւ ի մասնաւորի Ս. Ներսէս Շնորհալի սուրբին ու դիւանագէտին, որուն դերը մեծ եղաւ 11-12 դարերուն, մանաւանդ` հայոց դիմագրաւած քաղաքա-դիւանագիտական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ ըստ ժամանակներու պահանջներուն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Շնորհալիի օրինակին պէս, հայոց հայրապետներուն հիմնական մտահոգութիւնը եղած է ազգի երկճիւղ հատուածները, յատկապէս` արեւմտեանը, պաշտպանել թշնամիներէ եւ անոնց տիրութիւն ընել, մանաւանդ` այն դարերուն, երբ Հայաստան երկփեղկուած էր եւ կորսնցուցած` իր քաղաքական անկախութիւնն ու պետականութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ս. Ստեփանոս Ամէնօրեայ Վարժարանի 40-Ամեակը Կը Նշուի 500 Հազար Տոլարի Հանգանակութեամբ
16 նոյեմբերին «Հեաթ Ռեժընսի» պանդոկին մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեց) 40-ամեակը, որ Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գտնուող միակ ամէնօրեայ դպրոցն է:
Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի շրջանաւարտ Քրիսթինա Այանեան: Խօսք առաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ եւ վարժարանի նախագահ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան: Գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մերի Փափազեան: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Անճելինա Նազարեան: Ձեռնարկի ընթացքին վարժարանի պատուակալ տնօրէն Հուրի Պոյամեան, որ վերջերս հանգստեան կոչուած էր 35 տարուան նուիրեալ ծառայութենէ ետք, մեծարանքի արժանացաւ: Պոյամեանի վաստակին մասին անդրադարձաւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան: Ցուցադրուեցաւ նաեւ մեծարեալին նուիրուած տեսերիզ մը` պատրաստութեամբ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի:
Հուրի Պոյամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են դպրոցի զարգացման, ընդգծելով մնայուն զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս շրջանաւարտներու կողմէ: Ան նաեւ անդրադարձաւ դպրոցի իրագործումներուն ու հայկական ինքնութիւնը խրախուսելու դերին:
Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքլ Կիւզէլեան պարզեց դպրոցական նոր շէնքի մը հետ կապուած ծրագիրները եւ վարժարանի աճը ապահովելու ուղղուած դրամահաւաքի ընթացքը:
Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան էական դերը` մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ ապագայ ղեկավարներու կազմաւորման մէջ: Ան դրուատեց Հուրի Պոյամեանին բացառիկ վաստակը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ողբացեալ հօր` Գառնիկ Բանեանի նման, որ ո՛չ միայն եղած էր դաստիարակ, այլ աւելի՛ն, հայրական գուրգուրանք ցոյց տուած էր իր աշակերտներուն հանդէպ: Առաջնորդ սրբազանը, բարձրօրէն գնահատելով գաղութէն ներս տիրող համագործակցութիւնը բոլոր յարանուանութեանց եւ կազմակերպութեանց, կոչ ուղղեց, որ ծրագրեն եւ գործադրեն նախակրթարանէն աւելի բարձր մակարդակով կրթական օճախի մը շինութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին 500 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ կատարուեցան:
Կիպրոս
Համազգայինի Լիմասոլի Նորակազմ Մասնաճիւղի Ա. Անդամական Ընդհանուր Ժողովը
Համազգայինի Լիմասոլի նորակազմ մասնաճիւղի Ա. անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 23 նոյեմբերին, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Ժողովը ուրախութեամբ ողջունեց Լիմասոլի մասնաճիւղին կազմութիւնը եւ որոշեց Լիմասոլի մէջ քայլ առ քայլ զարգացնել մշակութային գործունէութիւն` կազմակերպելով երգչախումբ, մշակութային երեկոներ, համերգներ, հասութաբեր ձեռնարկներ, իսկ պատանիներու համար` թատերական աշխատանքներ ու գեղարուեստի դասընթացքներ:
Ընդհանուր ժողովը որոշեց նաեւ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը ընծայել Լիմասոլի «Կիլիկիա» պարախումբին, որ մաս կը կազմէ շրջանի Համազգայինի պարի միաւորին:
Ժողովի աւարտին միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն` բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Վարդինէ Էթոյեան` ատենապետ, Անահիտ Սողոմոնեան` ատենադպիր, Թորոս Փիլիպոսեան` գանձապահ, Կարինէ Աբգարեան եւ Սեպուհ Արմենակեան:
Ուրուկուէյ
Երեւանի Հիմնադրութեան Տարեդարձին Նուիրուած Ցուցահանդէս` Ուրուկուէյի «Քարասքօ» Միջազգային Օդակայանին Մէջ
15 նոյեմբերին, Երեւանի հիմնադրութեան 2806-ամեակին առիթով, Ուրուկուէյի միջազգային «Քարասքօ» օդակայանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Երեւան. հինաւուրց եւ ժամանակակից» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Ուրուկուէյի փոխնախագահ Պէաթրիս Արխիմոնի, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անա Օլիվերայի, Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Զունինոյի, Ազգային պաշտպանութեան փոխնախարարին, օտար երկիրներու բազմաթիւ դեսպաններու եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերու: Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Երեւանի հիմնադրութեան պատմութեան ու մայրաքաղաքի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւններուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ օդակայանի տնօրէնութեան` դեսպանութեան կազմակերպած այս նախաձեռնութեան աջակցելուն համար:
Ելոյթներով հանդէս եկան եւ Երեւանի մասին իրենց տպաւորութիւններուն մասին պատմեցին նաեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահը եւ փոխնախագահը, որոնք անցեալ օգոստոսին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէին Հայաստան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 դեկտեմբեր:
Իրաք
Իրաքի Մէջ Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանին Այցելութիւնը
30 նոյեմբերին Զախոյի թաղականութիւնը հիւրընկալեց Իրաքի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Սթիվ Հիչենին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը, որոնք դիմաւորուեցան Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանի, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Դաւիթ Մարտիրոսեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:
Հանդիպման աւարտին իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի անունով թաղականութիւնը դեսպանին նուիրեց հայկական տուֆէ պատրաստուած խաչքար մը:
Ֆրանսա
Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Ֆոնեթոնով Հանգանակուեցաւ 1,7 Միլիոն Եւրօ` Ի Նպաստ Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներուն
Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի տարեկան Ֆոնեթոնը տեղի ունեցաւ 21-24 նոյեմբերի դրամահաւաքի արշաւին` կնքահայրութեամբ ֆրանսացի ծանօթ լրագրող, գրող, Ֆրանց Օլիվիէ-Ժիզպերի: Այս տա րուան Ֆոնեթոնը աւարտեցաւ 1,7 միլիոն եւրո յի նուիրատուութիւններով եւ խոստումներով, որոնք հիմնադրամին թոյլ պիտի տան արագաց նել «Բնակարան-վերականգնում-աշխատանք» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Արցախէն բռնի տեղահանուածները ապահովել գիւղական բնակարանով, ինչպէս նաեւ` սարքաւորումներով, որոնք անոնց կարելիութիւն պիտի ընձեռեն ծաւալելու գիւղատնտեսական գործունէութիւն: Այս ծրագիրը նաեւ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ ընդլայնելու գիւղատնտեսութեան զարգացումը Տաւուշի շրջաններուն մէջ (Հօ-տըՍենի նահանգային խորհուրդի շարունակական աջակցութեամբ), ինչպէս նաեւ` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ:
Իտալիա
Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը» Գիրքի 20-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
19 նոյեմբերին Իտալիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին: Օրուան հանդիսավարն էր լրագրող, «Երթ` առանց վերադարձի. Հայոց ցեղասպանութիւն» հատորի հեղինակ Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի: Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, գիրքին հիման վրայ նկարահանուած ժապաւէնի երաժշտութեան հեղինակ երգահան Ճուլիանօ Թաւիանի, Անթոնիա Արսլան եւ Մանհեթընի համալսարանի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆ. Շոպհան Նաշ-Մարշալ:
Չեխիա
Հարիւրաւոր Հանդիսականներ Յոտնկայս Ողջունեցին Տիգրան Համասեանի Կատարումները
Ներկայութեամբ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, 20 նոյեմբերին, «Փրակ սաունտ» հեղինակաւոր երաժշտական փառատօնի ծիրին մէջ, Փրակայի «Ռուտոլֆինում» համերգասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ ճազ դաշնակահար Տիգրան Համասեան: Հարիւրաւոր հանդիսականներ յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Համասեանի փայլուն կատարումները: